ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱԾԷՍ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ

Իզմիրի Կէօզթեփէ թաղամասի Սոթրը-Տամ-տը-Լուրտ լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս հայածէս Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ նորաօծ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Ս. Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Իզմիրի լատին կաթոլիկ վիճակաւոր Մարթին Քմեթէք եպիսկոպոսը, այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ դէմքեր։ Իսթանպուլէն մեկնած էին նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Ս. Զատկի շրջանին զուգադիպած արարողութեան ընթացքին պատարագիչ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեան խօսեցաւ խրատական մը՝ փոխանցելով նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնները։

Շաբաթ, Մայիս 3, 2025