Կիրակի 4, Մայիս 2025
ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ նորընտիր նախագահ Կերի Ֆիլիփսի եւ նորընտիր գործադիր տնօրէն Սերժ Պուչակճեանի։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ այս ընկերակցութեան յարաբերութիւններուն։ Հրամայական նկատուեցաւ ազգային միասնութեան զօրացումը՝ յաղթահարելու համար հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։
Շաբաթ, Մայիս 3, 2025