ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այն արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, որոնք այս օրերուն ճկուեցան ապազգային իշխանութիւններու ճնշումներու եւ սեփական մաշկը սակարկութիւններէ փրկելու վախի ներքեւ, կատարեցին հոգեւոր անձնտուութիւն: Եւ մենք կ՚անուանենք սա մէկ անունով՝ դաւաճանութիւն:
Այո՛, սա դաւաճանութիւն է: Դաւաճանութիւն՝ ո՛չ միայն եկեղեցւոյ, այլեւ հաւատացեալ ժողովուրդին դէմ, որ տարիներով կը մտնէր այդ հոգեւորականներու ծառայութեան հովանիին տակ եւ կը կարծէր, թէ անոնց ձեռքին պահուած է ո՛չ միայն խունկը, այլեւ խիղճը:
Այս մարդիկ վախով վար դրին իրենց ձեռանդրութիւնը եւ այսօր անոնք կը ծառայեն ո՛չ թէ Աստուծոյ, այլ օրակարգին դաւաճանական իշխանութեան, որ երկար տարիներ զբաղած է ամէն ազգայինի դէմ պայքարելով: Եւ այդ ծրագիրը հիմա կը փորձէ արմատաւորել եկեղեցիէն ներս:
Թող ոեւէ մէկը չփորձէ մեզ վստահեցնել, թէ սա «բարեփոխում» է: Երբ իշխանութիւնը, որ տարիներ շարունակ հալածած է ամէն ազգային արժէք, յանկարծ կը ձեւացնէ, թէ հոգ կը տանի եկեղեցւոյ նկատմամբ, սա պարզապէս ծիծաղելի է եւ պարզ, որ իրական նպատակը եկեղեցին կոտրելն ու այն իրենց վերահսկուող, գրպանային մարմնի վերածելն է, ինչպէս ըրին պետականութեան բոլոր կառոյցներուն հետ՝ ռազմական, իրաւական, դատական, մշակութային, կրթական:
Եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած հարուածը ազգային արժէքներու համակարգուած քանդման վերջին ու ամենակարեւոր քարընթացն է: Սա ո՛չ միայն հոգեւոր կառոյցի, այլ ամբողջ ազգի ինքնութեան հիմքերու խախտումն է, քանզի եկեղեցին դարերով եղած է մեր ազգային ոգիի եւ պայքարի ողնաշարը:
Հայաստանի իշխանութիւններէն այլեւս որեւէ ազգային կամ դրական քայլի պէտք չէ սպասել: Սա արդէն բացարձակապէս անիմաստ է: Մեր մտահոգութիւնը հիմա այն եկեղեցականներն են, որոնք իրենց վարքով կորսնցուցին ամենաթանկը՝ ժողովուրդի վստահութիւնն ու հաւատքը՝ ծախելով հոգին ազգային դաւաճաններուն: Հայ ժողովուրդը կրնայ ներել տկարը, բայց, երբեք չի՛ ներեր սրբութեան դէմ ուղղուած դաւաճանութիւնը:
Մենք՝ որպէս Հայոց Եկեղեցւոյ պահպանութեան համահայկական խորհուրդ, կը յայտարարենք, որ այս սրբազանները փաստացի հրաժարած են իրենց հոգեւոր արժէքներէն: Անոնք թողած են եկեղեցւոյ նաւը ա՛յն իսկ պահուն, երբ այդ փոթորիկի ժամանակ ամենաշատը կը զգացուէր կարիքը անոնց պաշտպանութեան: Եւ այդ քայլէն յետոյ անոնք այլեւս չեն կրնար ներկայացնել եկեղեցին, հաւատացեալ ժողովուրդը եւ առաւել եւս՝ Աստուած:
Եթէ վաղը պատմութիւնը գրէ այս օրերուն մասին՝ պիտի նշէ մէկ բան, թէ եկեղեցիէն ներս յայտնուեցան մարդիկ, որոնք սրբապղծօրէն դարձան դաւաճանական իշխանութեան գործիքը եւ ուրացան Աստուծոյ անունը:
Եւ անոնց անունները պիտի յիշուին՝ որպէս հերթական դաւաճաններ, մեր օրերու վասակութիւններ եւ Մելիք ֆրանկիւլներ, որոնք կ՚որսան ամենաթոյլ կարասը, որպէսզի սողոսկին անոր մէջ եւ ներսէն պայթեցնեն պատերը:
Կը յորդորենք հաւատացեալներուն՝ խուսափիլ շփումներէ այս սրբազաններուն հետ եւ չմասնակցիլ անոնց առաջնորդած արարողութիւններուն, քանի որ անոնք փաստացի դիրքաւորուած են՝ որպէս եկեղեցիին ներսէն վնասող դաւաճանական ուժ: Հայոց եկեղեցին իր 1724 տարուան գոյութեամբ դիմագրաւած է թշնամական պետութիւններու եւ իշխանութիւններու մեծ շքախումբ մը: Անոնք բարձրաձայնած են, յոխորտացած են, մարած ու անհետացած պատմութեան փոշիին մէջ, իսկ եկեղեցին մնացած է՝ ինչպէս լեռ, որուն հարուածող քամիները միշտ կը յիշեցնեն անոր բարձրութեան մասին եւ յատկապէս՝ կ՚ընդգծեն անոր անսասանութիւնը:
Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը այսօր կը պահանջէ վճռական դիրքորոշում՝ հրապարակային, անկեղծ եւ ուղիղ արձագանգով, թոյլ չտալով, որ ոեւէ անձ կամ որեւէ խումբ փորձէ ներսէն թուլացնել Մայր Աթոռի միասնականութիւնն ու հոգեւոր կառոյցի ամրութիւնը:
Կոչ կ՚ուղղենք ամբողջ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ չտրուիլ որեւէ սադրանքի, չխաբուիլ կեղծիքներէ ու ճնշումներու աղմուկին եւ ամէն դժուարութեան մէջէն անցնիլ վստահ ու անսասան՝ հաւատարիմ մնալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին:
ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ