ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) համահայկական 12-րդ մարզախաղերու մասնակից երիտասարդները։ Թիւով շուրջ 850 սկաուտներուն ուղեկցեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ մարզախաղերու մասնակիցներու օրհնութեան կարգ։ Նորին Սրբութիւնը արարողութեան աւարտին իր հայրական պատգամն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց երիտասարդներուն։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, թէ աւանդական դարձած այս մարզախաղերուն առթիւ աշխարհի տարբեր կողմերէ երիտասարդներ Հայաստանի մէջ համախմբուած են՝ մրցապայքարի ժամանակ դրսեւորելու համար իրենց հմտութիւններն ու կարողութիւնները, միեւնոյն ժամանակ, զիրար ճանչնալու եւ իրարու հետ բարեկամանալու համար։
«Խիստ կարեւոր է երիտասարդներուդ մասնակցութիւնը նման վարժանքներու եւ մրցոյթներու, որոնք միջոց են մարմնով զօրանալու եւ հետեւողական աշխատանքով, տոկունութեամբ ու ոգիի ամրութեամբ պատրաստուելու ապագայ յաղթանակներու։ Վարժանքներն ու մրցոյթները միջոց են նաեւ հոգիով զօրանալու՝ Աստուծոյ ապաւինած դիմակայելու բոլոր փորձութիւններուն ու դժուարութիւններուն եւ աննկուն ընթանալու դէպի յաղթութիւն։ Ուստի, պարբերաբար կազմակերպուած այս ձեռնարկները սոսկ մարզական մրցոյթներ ըլլալէ աւելին են՝ իրենց նշանակութեամբ եւ առաքելութեամբ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Պատգամի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի դիմագրաւած լրջագոյն անվտանգային մարտահրաւէրներուն, Արցախէ տեղահանեալ հայութեան կարիքներուն եւ ներքին կեանքի առկայ անհամերաշխութեան ու անհանդուրժողութեան։ Այս բոլորի լոյսին տակ ան մատնանշեց, որ խորապէս կ՚անհանգստացնեն ապագայի անորոշութեան զգացումները։
«Կը հաւատանք, թէ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ համախումբ ջանքերով թոյլ պիտի չտանք, որ մեր կեանքէն ներս գերակայեն եղբայրատեացութիւնը, կեղծիքն ու չարագործութիւնները, խաթարուի ազգային միասնականութիւնը։ Հայրենիքի համար նոյնիսկ այս բարդագոյն իրավիճակին մէջ պէտք չէ յուսահատիլ եւ հիասթափուիլ։ Դուք ծնած ու հասակ առած էք աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, պատասխանատուութիւն ունիք մեր ժողովուրդի լուսեղէն գալիքի կերտման ուղղութեամբ՝ ձեր ուժերն ու կարողութիւնները ծառայեցնելու ի սէր ազգի ու հայրենիքի։ Դուք նաեւ առաքելութիւն ունիք ազգային միաբանութիւնը ամրապնդելու, Հայաստան-սփիւռք կապերը անսասան պահելու եւ նորովի արդիւնաւորելու», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ յորդորելով, որ երիտասարդները անխախտ պահեն իրենց ինքնութիւնը, հպարտանան հայոց պատմութեամբ եւ նախնեաց կերտած ծառանգութեամբ։