Երկուշաբթի 16, Յունիս 2025
ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, որ կ՚այցելէ Աթէնք, հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ, որուն փոխանցեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ողջոյնները։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Միջին Արեւելքի առկայ աշխարհաքաղաքական կացութեան վերաբերեալ հարցեր՝ մանաւանդ Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, Արամ Ա. խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալին եւ Յունաստանի վարչապետի տեսակցութեան ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ յուշանուէրներու փոխանակումներ։
Շաբաթ, Մայիս 31, 2025