ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ չընդհատուող հալածանքները վերջին օրերուն արտայայտուեցան անօրինակ նոր դրսեւորումներով։ Արագածոտնի թեմի Յովհաննավանքի մէջ Ս. Պատարագի նուիրական անուան ներքեւ իրականացուած սրբապիղծ բեմականցումէն յետոյ, իրաւապահներու անմիջական մասնակցութեամբ եւ խոչընդոտող խումբերու ներգրաւմամբ, բռնագրաւուած է Յովհաննավանքը։ Որպէս հետեւանք՝ կը խաթարուի այնտեղ ծառայութեան նշանակուած Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգսեանի եւ Տ. Մանուկ Քհնյ. Զէյնալեանի հոգեւոր ծառայութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, խոչընդոտող խումբերու կողմէ սպառնալիքներ ու բռնութեան կոչեր կը հնչեն ծառայութեան նշանակուած հոգեւորականներու դէմ։ 

Հարկ կը համարենք արձանագրել, որ իշխանութիւններու հովանաւորմամբ Յովհաննավանքի մէջ ծիսակատարութիւններու անուան տակ կատարուող գործողութիւնները պղծութիւն են, չունին հոգեւոր որեւէ արժէք եւ անվաւեր են, իսկ Յովհաննավանքի եկեղեցին ենթակայ է վերասրբագործման։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հետամուտ պիտի ըլլայ օրինական բոլոր ճանապարհներով Յովհաննավանքին նկատմամբ իր իրաւունքներու վերականգնման, խղճի ազատութեան դէմ ոտնձգութիւններու հետեւանքներու վերացման, հաւատացեալներու հոգեւոր-կանոնական կեանքի պաշտպանութեան եւ եկեղեցականներու բնականոն ծառայութեան ապահովման։

Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը ապահով ու անվտանգ պահէ մեր երկիրը եւ անսասան մեր Սուրբ Եկեղեցին. ամէն։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2025