ՎԱԽԵՐԷ ՀԵՌՈՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Քրիստոսի անունով դրոշմուած նոր տարիի մը սեմին անգամ մը եւս կանգ կ՚առնենք՝ որքան ալ մեր մաղթանքն ու փափաքները լաւատես ըլլան, ինչպէս միշտ, այս տարին եւս բոլոր մարտահրաւէրներով մեր դիմաց պիտի կենայ։ Բոլոր այս մարտահրաւէրները մեզ վախու ու մտահոգութեան պիտի մատնեն, երբեմն ալ մեզ պիտի տանին ձախողման կամ այլ վիճակներու։ Բայց, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ․ 16։33)։

Ին՞չ է, ուրեմն, վախը, եթէ ոչ զգացում մը, որ ապրող բոլոր արարածները ունին իրենց սրտին մէջ եւ կարելի չէ այդ զգացումէն ձերբազատուիլ կամ հեռանալ եւ կամ բոլորովին ազատիլ, ինչ որ շատ ատեն կ՚ապրինք զանազան առիթներով եւ անճար վիճակի կը մատնէ մեզ։ Կեանքի տեւողութեամբ իւրաքանչիւրս ունինք վախեր, որոնք, ընդհանրապէս, արկածի, հիւանդութեան, երկրաշարժի, անգործութեան, ձախորդութեան, աղքատութեան եւ նմաններու հետեւանքներն են։ Կը վախնանք նաեւ մարդկայնօրէն եւ բնականաբար, որպէսզի որոշ բաներ պատահին կամ չպատահին։ Իսկ մեր աղօթքները, անշուշտ, կ՚ըլլան, որպէսզի համայն մարդիկ հեռու մնան անպատեհութիւններէ։

Շատ ատեն՝ որքան որ ալ ըսենք, թէ անվախ ենք, քաջ ձեւանանք, ապա բոլորս ալ քիչ թէ շատ ունինք վախեր։ Կայ նաեւ վախու հիւանդագին արտայայտութեան վիճակ մը, որ բնական չէ եւ մարդս աւելի կը տանջէ։

Վախը, այլ խօսքով, մարդուս անապահով զգալու վիճակն է։ Վախէն կը տարուինք, որովհետեւ մենք ինքնագոյ չենք եւ կը կարօտինք մեր Արարչին։ Երբ մեր Արարչին մօտենալու փոխարէն՝ կը փորձենք այլ միջոցներով ապահովութիւն կերտել, ապա կը սխալինք, մեր ակնկալած ապահովութեան մթնոլորտը չենք ունենար, որովհետեւ երկնային օգնութիւն չենք կրնար ստանալ։

Երբ մարդ արարածը ստեղծուեցաւ, իր Արարչին հետ սերտ կապ մը ունէր, երջանիկ էր, ապահով, իսկ երբ մեղանչեց ու Աստուծմէ հեռացաւ, ապա զրկուելով Աստուծոյ խնամատարութենէն՝ մատնուեցաւ անորոշութեան ու վախու գիրկը ինկաւ։ Այս անորոշութիւնն ու աւելին՝ մահու երկիղը մարդուս վախ կը պատճառեն։ Մարդ արարածի մեղանչելու առաջին հետեւանքը եղաւ սափական մերկութեան անդրադառնալը։ Մահը Աստուծմէ հեռանալու վիճակն է եւ վախ կը պատճառէ մարդու։ Այսօր սխալ մը գործելու ժամանակ կ՚ենթարկուինք նոյն վախու զգացման։

Քրիստոս այս անապահով ու անորոշ վիճակէն մեզ փրկելու եւ դարմանումի միակ ճամբան բանալու համար աշխարհ եկաւ։ Արդարեւ, այդ բանը կարելի էր միայն մեզի վերստին կեանք շնորհելով. կեանք, որմէ զրկուած էինք մեղանչած ըլլալու պատճառով։ Իր փրկարար ու կենսատու մարմինը եւ արիւնը մարդկութեան իբրեւ փրկութիւն ընծայելով՝ ան հաւաստիացուց. «Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար» (Յովհ. 6։52)։

Պօղոս առաքեալն ալ կ՚ըսէ․ «Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը» (Հռոմ. 8։35)։

Սիրելի՛ ընթերցողներ, ձեր բոլորին Քրիստոսի սիրով լեցուն, վախու զգացումէն հեռու, քաջասի՛րտ ու քաջարողջ երջանիկ Նոր տարի կը մաղթեմ։

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025