ԵՐԲ ԵՐԿԻՐԸ ԿԸ ՇՐՋԻ ԱՐԵՒՈՒ ՇՈՒՐՋ ԹՈՂ ՄԱՐԴԸ ՇՐՋԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏ

«Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը ցոյց կու տայ» (Սաղմոս 19:1)

Դեկտեմբեր ամսուան էջատետրը աւարտին կը հասնի եւ արեւմտեան «Քրիսմըս»ի լոյսերուն ընդմէջէն կը շողան Ամանորեայ յոյզերն ու յոյսերը։ Էջատետրը անկ է աշխարհիկին, իսկ էջատետրի հոգին հոգեւորին, քանի ուղղակիօրէն աղերսուած է մարդկային կեանքի հետ։ Ուստի, Ս. Դաւիթ մարգարէի հազարաւոր տարիներ առաջ արտասանած Սաղմոսի նկարագրական տողերուն ընդմէջէն եկէ՛ք թափանցենք հոգեւորի նշանակութեան՝ ամավերջի էջատետրի խորհուրդին ընդմէջէն։

«Երկինքը կը պատմէ Աստուծոյ փառքին մասին»։ Սաղմոսի այս տողերը շատ տեղին պիտի ըլլայ յիշատակել, որովհետեւ Նոր տարին ուղղակիօրէն երկնքի հետ կապ ունի, այսինքն այն աղերսուած է երկնային էութիւններու շարժումներուն հետ։ Ինչպէս գիտենք, երկիր մոլորակը արեւուն շուրջ կը դառնայ եւ, ըստ մեր աշխարհագրական օրացոյցին՝ այս շարժումը կը բոլորէ մէկ տարուայ ընթացքին։ Այս պահուն մենք կը գտնուինք այն հանգրուանին առջեւ, երբ անգամ մը եւս երկիրը կը կատարէ իր շրջանը արեւուն շուրջ՝ սկսելու համար յաջորդ շրջանին։ 

Դաւիթ մարգարէն, անշուշտ, հազարաւոր տարիներ առաջ չէր պատկերացուցած տիեզերքը այնպէս, ինչպէս այսօր մենք կը պատկերացնենք։ Ներկայ դարու թեքնիք զարգացումներու լոյսին տակ թէկուզ աղքատ մօտեցումով մը կը ներկայանայ մարգարէն։ Սակայն, ան հիանալով իր մարգարէական աչքերուն յայտնուած երկինքին՝ արտայայտած է Աստուածային գեղեցկութիւնը. «Երկինքը կը պատմէ Աստուծոյ փառքը»։ 

Եթէ Դաւիթ մարգարէն ապրած ըլլար մեր օրերուն, պատկերացում ունենար անսահման երկինքի մասին, իմանար արեւակեդրոն ինչ-ինչ տիեզերական կանոններն ու հրաշալիքները եւ իմանար, թէ այս ամբողջին մէջ, որ արեւը նոյնիսկ փոքրիկ հետք մըն է հսկայ տիեզերքէն ներս, վստահաբար, առաւել մեծ հիացումով պիտի կրկնէր սաղմոսը. «Երկինքը կը պատմէ Աստուծոյ փառքը»։

Գալով ներկայ դարու գիտութեան, նորանոր գիւտերուն ու յայտնութիւններուն՝ կարծես անոնք առաւել եւս ստոյգ ձեւով կը ներկայացնեն Աստուծոյ փառքը։ Ահա մենք այս գիտակցութեան լոյսին տակ կը դիմաւորենք 2026-ի Ամանորը՝ վստահելով, թէ ապագային տակաւին շատ աւելի մեծ յայտնութիւններ տեղի պիտի ունենան եւ բոլորը առիթ պիտի դառնան, որպէսզի տիեզերքի ստեղծիչը՝ Արարիչը առաւել եւս հիացումով գովաբանենք։ Կ՚արժէ իմանալ անսահմանութեան առջեւ խոնարհիլ եւ փորձել անսահմանութեան մէջ տեսնել ներդաշնակութեան կատարելագործումը, որու ակն ու աղբիւրն է Աստուած։ 

Իր գեղեցիկ պատկերացումներով, սաղմոսերգուն ճիշդ է, որ կը դիտէ երկինքը, բայց, ան կը խօսի նաեւ մարդկային կեանքի տիեզերքի մասին։ Իրականութիւն է, որ եկեղեցին շեշտը կը դնէ աւելի հոգեւոր այս տիեզերքին վրայ։ Այստեղ անմոռանալի բառեր կը մնան՝ գեղեցիկը, ճշմարիտը, արդարութիւնը, ազատութիւնը, լոյսը, յոյսը եւ, անշուշտ, նորոգութիւնը, որոնք կը մարտնչին չարին կիզիչ նետերուն դէմ։ 

Ս. Աւետարանը ահա կը ջանայ դպչիլ մարդկային տիեզերքին իր պատգամներով, որպէսզի մարդու անսահման ներսիդիէն յայտնուին համամարդկային արժէքները եւ մեր պարագային աւելին՝ քրիստոնէական բարոյական հրամայականները։ Նշանաւոր իմաստասէր մը կ՚ըսէ. «Այս աշխարհի մէջ կը հիանամ երկու բանի։ Առաջինը՝ աստղազարդ երկինքին եւ երկրորդը՝ մարդու հոգւոյն մէջ բարոյականի հրամայականին»։

Հետեւաբար, այս հրամայականը լսելի կը դառնայ ամանորեան խորհուրդներուն մէջ։ Բոլորս առօրեայի ընթացքին իրազեկ կը դառնանք բազմաթիւ դէպքերու՝ թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական։ Մեր ներքին էութեան մէջ իւրաքանչիւրը կը թողէ իր հետքը՝ թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական։ Այս մէկը կեանքի շարունակականութեան մէջ իր տեղը գրաւած է։ Բայց, Ամանորի առթիւ բոլոր զգացումներուն գագաթնակէտը պէտք է ըլլայ յոյսը. «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5): Մեր հոգիներուն մէջ բարոյականութիւնը ո՛չ միայն պէտք է դառնայ բառ մը, այլ վերածուի քրիստոնէական արժէքներով նորոգուելու մղիչ ուժը։ 

Եկէ՛ք, փոքր ակնարկ մը նետենք 2025-ին։ Մեր օրերուն աշխարհի ամէն կողմ գիտութիւնը զարգացած ըլլալով հանդերձ, մարդկութիւնը տատամսած է տեւաբար լսելով տարօրինակ ինչ-ինչ տեղեկութիւններ։ Մարդկութիւնը կ՚ապրի ողբերգական օրեր, որովհետեւ աշխարհի վրայ անկումներ եւ պատերազմեր կը խեղդեն բարոյականութիւնը եւ յատկապէս՝ սիրոյ գաղափարը։ Չենք կարող անմասն մնալ այս անկումային փոթորիկէն։ Ժպիտները թառամած, յիշատակները ապստամբած… սակայն, աւետարանական պատգամներն ու քրիստոնէական ուղին միասիրտ կը փորձեն մեր մէջ լսելի եւ տեսանելի ներկայութեան վերածել Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Ահա մենք, մեր տկար մարդկային ուժերով, եկեղեցիով, աւանդութիւններով, անցեալով ու ներկայով՝ որպէս ժողովուրդ կ՚աշխատինք բարոյական գիտակցութիւնը զօրացնել մեր մէջ։ Եւ եթէ չենք աշխատիր, ապա պէտք է աշխատինք…

Ահաւասի՛կ, հասած ենք 2026-ի սեմին եւ մեր աղօթքը միշտ կը մնայ անփոփոխ։ Մեր ամբողջ ժողովուրդի հոգւոյն մէջ առաւել եւս թող ծաղկին քրիստոնէական արժէքները՝ վանելով չարիքը, ատելութիւնը, եղբայրասպանութիւնն ու նախանձը։ Թող որ նոր տարին բերէ բարիք ու օրհնութիւն եւ 2026-ը դառնայ բարեմաղթութեանց իրականացման համար ընտրեալ տարի։ Թող որ կեանքով ու գործով մաս դառնանք այն ընտրեալ պատկերին, որուն մէջ հոգւով ցաւածին հասնի ապաքինում, հիասթափուածին նոր մի հիացում՝ իբրեւ Նոր տարուան բաղձալի նուէր։

Շնորհաւոր Նոր տարի։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025