ՆՈՐ ՏԱՐԻ… ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ…

Անցնող տարուան մէջ մեր ունեցած բոլոր յաղթանակները, բոլոր ուրախութիւնները, բոլոր պարտութիւնները, բոլոր ձախողումները, բոլոր ցաւերը ետին մնացին։ Եւ, ահաւասիկ, մեր առջեւ ունինք նոր տարի մը եւ նոր կեանք մը։ Ուստի, նոր տարին դիմաւորենք նոր յոյսերով՝ մանաւանդ Տէրոջ վերադարձը դիմաւորելու երջանկաբեր յոյսով։ Լա՛ւ, բայց, երբ ժամանակներ՝ տարիներ կը փոխուին, մարդն ալ կը փոխուի՞։ Ահաւասիկ, հարցը ա՛յս է. ժամանակներու փոփոխումին մէջ մարդուն ալ բարեփոխուիլը…

Արդարեւ, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի հետ երգենք. «Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն, յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց, նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։ Ուստի, երբ ժամանակներ կը փոխուին, տարիներ կը նորոգուին՝ մինչ մարդիկ, երբ չեն նորոգուիր, այլապէս ժամանակներու փոփոխութիւնը եւ տարիներու նորոգումը ոչի՛նչ կ՚արժէ։ Փոփոխութիւնը, բարեփոխութիւնը բնական է եւ անհրաժե՛շտ ու այդ իմաստով մարդ կոչուած է տեւական բարեփոխութեան եւ պէտք է հաւատարիմ մնայ իր կոչումին։

Եւ, սիրելի՜ բարեկամներ, որքա՜ն արագ անցաւ տարին…

Կա՞յ արդեօք ժամանակի չափ արագընթաց երեւոյթ մը մարդկային կեանքի մէջ։ Այս արագ ընթացքին մէջ անցան օրեր երազի մը պէս, ներկան հիմա յիշատակ եղաւ՝ անվերադարձ յիշատա՛կ։ Եւ այդ յիշատակին մէջ ամփոփուեցան ուրախութիւններ եւ տխրութիւններ, հաճելի եւ տհաճ օրեր, գեղեցկութիւններ եւ տգեղութիւններ, յաջողութիւններ եւ ձախողումներ, սէրեր եւ ատելութիւններ… եւ սա պահուս անոնք բոլորը այլեւս ետեւը, հեռո՜ւն մնացին։ Բայց, ահաւասիկ, մենք հոս՝ ներկա՛յ ենք, մեր աչքերը սեւեռած ապագային՝ կը պատրաստուինք վայելել «նոր»ը՝ նոր տարին, նոր ժամանակներ։

Այսօր, սա պահուս հոս ենք, ներկա՛յ, տակաւին կենդանի, տակաւին շնչող եւ ժամանակներու փոփոխութիւններուն մէջ «անփոփոխ» կը մնանք, քանի որ մենք «մա՛րդ» ենք՝ որքան մարմնաւոր, բայց, նաեւ մտաւոր եւ հոգեւոր արարած մը, որ հպատակ ենք տեւական նորոգման եւ բարեփոխման։ Այս ուղղութեամբ պէտք է մենք մեզի հարցնենք, թէ ինչո՞ւ հոս ենք, ինչո՞ւ կ՚ապրինք, ի՞նչ է կեանքը, ի՞նչ կը սպասէ ապագային մեզի եւ ինչպէ՞ս կ՚ընթանայ կեանքը եւ, վերջապէս, երբ դադրինք շնչելէ, կեանքը ապրելէ՝ ո՞ւր պիտի շարունակենք «կեանք»ը։

Երբ կ՚արթննանք «Նոր տարուայ» առաւօտուն, այս առաւօտը տարբեր չէ միւս առաւօտներէն, միայն թուականը տարբեր է, թուանշան մը միա՛յն։

Ապրիլ չի՛ նշանակեր միայն շնչել կամ խորհիլ եւ հոգալ իր բնական եւ սովորական կարիքները։ Ապրիլ կը նշանակէ նաեւ ու յատկապէս անդրադառնալ իր էութեան, իր ինքնութեան։ Մարդ էակը կոչում ունի եւ պարտի հաւատարմութեամբ լեցնել կեանքը։ Կատարեալ կեանքը կ՚ենթադրէ ֆիզիքական մը՝ իր ուժերու բովանդակ կատարելութեան մէջ, միտք մը՝ իր գործելու բոլոր կարողութիւններով եւ կարելիութիւններով եւ մաքուր, հանդարտ խիղճ մը, որ հաշտ է ինքզինքիդ հետ եւ խաղաղ սիրտով կը մօտենայ Աստուծոյ։ Եւ ոչ ոք կրնայ չքմեղել՝ արդարացնել ինքզինք՝ սպասելով, որ ուրիշներ մտածեն իր մասին եւ տնօրինեն իր կեանքը։ Եւ նոր տարւոյ մէջ, նոր կեանքի ապրումներու ընթացքին իւրաքանչիւր անձ պատասխանատո՛ւ է իր արարքէն՝ մտածումէն, խօսքէն եւ գործէն։ Անշուշտ, դժուա՛ր է կեանքը տուեալ արժեչափերով սահմանել։ Ամէն պահ իր պահանջը ունի եւ ատոր համեմատ կ՚արժեւորուին մարդկային կեանքը, մտքի եւ հոգիի արտայայտութիւնները…

Երբ կը խօսինք «նոր տարւոյ» եւ «նոր կեանք»ի մասին, պէտք է նկատի առնենք այն ճշմարտութիւնը, թէ ամէն բան իր չափը, իր կշիռը եւ իր ժամանակը ունի եւ պէտք է գիտնալ, որ ամէն «նոր» անմիջապէս չի զգացներ իր նորութիւնը եւ ժամանակի կը կարօտի։

«Նոր տարի»ն ալ անմիջապէս չի փոխեր «կեանք»ը, մարդ պէտք է ջանք թափէ, աշխատի նոր կեանք մը ունենալու՝ նորոգուելու եւ բարեփոխուելու համար։

Ան, որ կրնայ տոկալ ժամանակի մէջ, կրնայ վայելել կեանքը բոլոր բարիքներով։ Ան՝ որ կեանքը չի ճանչնար, ան չի կրնար օգտագործել «նոր տարւոյ» նորութիւնները եւ նոր կեանքի բարիքները։

Ամէն առաւօտ, երբ մեր աչքերը լոյսին կը բանանք, այն խաբկանքը կ՚ապրինք, թէ մեր օրերը դարերու չափ երկա՜ր են եւ որչա՜փ ծրագիրներ կը մտադրենք մեր երազներուն մէջ, այդ երկա՜ր դարերու մէջ։ Սակայն, դարերը վայրկեանի արագութեամբ կը սահին։ Տարիները եւ ամիսները կը թռչին, կը հեռանան մեզմէ եւ օր մը ապշած՝ սահմանին վրայ կը կանգնինք, ետեւ կը նայինք, կը մտաբերենք այն բոլոր ծրագիրները, փափաքները եւ խոստումները՝ որոնց մասին մտածեցինք, խօսեցանք կամ թուղթի վրայ շարքով գրեցինք եւ որոնք հոն ալ պիտի մնան՝ փաստելու համար, որ ժամանակի մրցումին մէջ միշտ մե՛նք է, որ ետեւ կը մնանք եւ ժամանակը կը սահի, կը հեռանայ։ Ժամանակը հովի պէս կ՚անհետի, տհաճ ծիծաղ մը ձգելով իր ետին… եւ խորհրդաւոր ձայն մը կը փսփսայ. «Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ՛». (ԱՄՈՎՍ. Դ 12) եւ այս խօսքով կ՚ուզէ, որ մենք ամփոփենք մեր կեանքի բոլոր իրադարձութիւնները՝ պայքարները, յաղթանակները, հաճոյքը եւ աշխատանքը, գիտութեան եւ իմացական ծարաւը եւ այդ ծարաւը յագեցնելու համար ձեռք առնուած բոլոր միջոցները…

Ի վերջոյ, այդ ձայնը կ՚ուզէ, որ այդ խորհուրդին մէջ ամփոփենք մեր կեանքի շղթան կազմող իւրաքանչիւր երկվայրկեանը, իւրաքանչիւր աչքի թարթումը, սրտի տրոփը եւ թոքերու շարժումը։

Եթէ մեր միտքը կեդրոնացուցած ենք այդ խորհուրդի իրագործադրութեան վրայ, այսինքն կամք եւ նպատակ ըրած ենք մեր Աստուածը դիմաւորելու պատրաստուելու, ապա կ՚ունենանք բազմաթիւ փորձառութիւններ, որոնք յաճախ կ՚անտեսուին բարոյական անտարբերութեան պատճառով։ Ուստի, հետաքրքիր կամ անտարբեր ըլլալը՝ հոգեվիճակներ են, որոնք մարդուս կեանքին ընթացք կու տան։

Այս փորձառութիւններուն մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ. «հոգիի խաղաղութիւն»ը կամ «ներքին խաղաղութիւն»ը։ Արդարեւ, հոգիի խաղաղութիւնը վիճակ մըն է, որուն ամբողջ մարդկութիւնը կը ցանկայ տիրանալ եւ զայն կարելի դարձնելու համար հազար միջոց եւ դարման կը փնտռէ, սակայն եւ դժբախտաբար, բացակա՛յ է ան մարդոց հոգիներէն, որովհետեւ այդ խաղաղութիւնը երկինքէն է եւ կ՚իջնէ միայն անոնց, որոնք կը հանդիպին եւ կը ճանչնան խաղաղութեան իշխանը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որ օր մը իր աստուածահամ շրթներով՝ իր ներկայութիւնը փնտռողներուն կ՚ըսէ եւ կը խոստանայ. «Իմ Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհ կու տայ՝ Ե՛ս ձեզի կու տամ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 27)։

Ուստի, «նոր տարի» եւ «նոր կեանք» վայելելու միջոցը այս հոգիի խաղաղութիւնն է, որ անիմանալի է աշխարհասիրութեամբ իրականացնել։ Ո՛չ կրօնքի մեկնաբաններ, ո՛չ իմաստասէրներ, ո՛չ գիտուններ կարող եղած են այս խաղաղութեան որակը եւ քանակը հասկնալ եւ մեկնաբանել, քանի որ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Աստուծո՛յ խաղաղութիւնն է, որ ամէն միտքէ վե՛ր է». (ՓԻԼ. Դ 7)։ Բայց, երբ մենք անդրադառնանք անոր եւ փափաքինք մաքուր սրտով եւ անկեղծութեամբ, ապա ան կրնայ մեր «սրտերուն մէջ թագաւորել» (ԿՈՂ. Գ 15)։

Սիրելի՜ բարեկամներ, այս կեանքը իր հակադրութիւններով՝ մութ եւ լուսաւոր օրերով, սեւ եւ ճերմակ օրերով, ուրախութիւններով եւ տխրութիւններով, ժպիտով եւ արցունքով գեղեցիկ է. յաջող գրութեան մը պէս, որ ճերմակ թուղթի վրայ սեւ մելանով կը գրուի…

Շնորհաւոր Նոր տարի ձեր բոլորին, սիրելի՜ներ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025