2026 ԹՈՒԱԿԱՆԸ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ
Ինչպէս կեանքի բոլոր ուրախ եւ տխուր առիթներուն, այնպէս ալ տօնական օրերուն համայն հայութեան հայեացքը կ՚ուղղուի դէպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ լուսաբեւեռ ընդհանրական կեդրոնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 2026-ի տարեմուտին ալ աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ բարեմաղթանքներու եւ աղօթքներու առանցքը դարձուցած է Սուրբ Էջմիածնի լոյսը եւ անկէ սփռուած բի՜ւր օրհնութիւնները։ Այս բոլորը կ՚արտայայտուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամով։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այսօր կէսգիշերին, Նորին Սրբութիւնը կու տայ՝ իր աշխարհասփիւռ հօտին ուղղեալ Ամանորի պատգամը։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հաւատարիմ ու հաւատացեալ հօտը մէկ կողմէ կը ստանայ օրհնութիւնը, իսկ միւս կողմէ կ՚աղօթէ անոր կենաց արեւշատութեան եւ երկար գահակալութեան համար։
Ի դէպ, 2026 թուականը յոբելենական է Վեհափառ Հայրապետին համար։ Արդարեւ, Բարձրեալի կամքով, օգոստոսի 21-ին ան պիտի թեւակոխէ իր ծննդեան 75-ամեակը։
Տօնական լաւատեսութեան եւ դրական մաղթանքներու մթնոլորտին մէջ, հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալները այս տարեմուտին կ՚աղօթեն, որպէսզի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ վերջին շրջանի հալածանքները այլեւս դադրին։ Անցեալ ամիսներու տխուր փորձառութիւնները բաւարար եղած են հասկնալու համար, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան թիրախաւորումը անհեռանկար է եւ որեւէ օգուտ չի խոստանար։ Երբ Հայաստան մուտք կը գործէ ընտրութեան տարի, ընդհանուր համոզումն է, թէ Վեհափառ Հայրապետի աղօթքը երկրի կայունութեան ու ներքին համերաշխութեան հիմնական գրաւականներէն մին է։