ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեանը: Կիլիկեան Աթոռի գահակալը եւ մասնագիտութեամբ իրաւաբան՝ Պերճ Սեդրակեան զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձան Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան: Բացի պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեանց ներկայ վիճակին անդրադառնալու, զրուցակիցները կանգ առին նաեւ ընդհանրապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ:

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԷՅՊՆԸՐ

Միւս կողմէ, Քրիստոնէական համերաշխութեան միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Ճոն Էյպնըր յայտարարեց. «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ամուր, հաստատուն կանգնած է՝ պաշտպանելու ազգը, հօտը եւ կատարելու իր պարտականութիւնները»: 

Ճոն Էյպնըր, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ, այս կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Այսօր առաւօտեան կարողացանք նաեւ բանտին մէջ այցելել Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանին: Ան նոյն բանտախուցին մէջ էր, ուր 1937 թուականին սպաննուած է իր իսկ անունը կրող Բագրատ Արք. Վարդազարեանը՝ խորհրդային ուժերու կողմէ»:

Հանդիպման ընթացքին Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան Էյպնըրին տուած է երկու նամակ, որոնցմէ մէկը ուղղուած է Միջազգային կրօնական ազատութեան վեհաժողովին, որ այս պահուն տեղի կ՚ունենայ Ուաշընկթընի մէջ, իսկ միւսը՝ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսին, որ շուտով պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան: 

Հարկ է նշել, որ Ճոն Էյպնըրի կազմակերպութեան՝ Christian Solidarity International-ի պատուիրակութիւնը, անցեալ տարուան նոյեմբերին փաստահաւաք առաքելութեամբ այցելած էր Հայաստան:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, 2026