ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԲԱՐՍԵՂ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԼԷՄՏԷՐԵԱՆԻՆ, ՈՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
Երէկ, Հայ Երուսաղէմը հրաժեշտ տուաւ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան ծառայասէր, ազնիւ, նուիրեալ ու բարի միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետ Գալէմտէրեանին, որու կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած էր։ Երուսաղէմի հայոց վանքէն ներս ստեղծուած սուգի մթնոլորտին մէջ Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ լուսահոգի հայր սուրբի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման կարգը։ Նախախնամական զուգադիպութեամբ՝ իր վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ այն մայր տաճարին մէջ, ուր տասնամեակներէ ի վեր կը ծառայէր՝ որպէս աւագ լուսարար։
Դագաղը զետեղուած էր խորանին վրայ։ Պատարագիչն էր Տ. Թէոդորոս եպսկ. Զաքարեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Յընթացս Ս. Պատարագի, հոգելոյս հայր սուրբի վերջին օծումը կատարեց Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան արք. Ղարիպեանի՝ առընթերակայութեամբ Տ. Ներսեհ վրդ. Ալոյեանի եւ Տ. Աղան վրդ. Գոգճեանի։ Դագաղին առջեւ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամները խոր յուզումով բերին իրենց վերջին խոնարհումը՝ գլխաւորութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեանի։
Հուսկ, թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ վանքին մէջ, ուր լուսահոգի հայր սուրբի մարմինը ամփոփուեցաւ միաբանական գերեզմանատան մէջ։