ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մէջ ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը դատուի Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ցաւով արձագանգեց, որ Նորին Սրբազնութեան բանտարկութեան ժամկէտը դատական իշխանութիւններուն կողմէ վերջին օրերուն երկարաձգուած է եւս մէկ ամիսով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը.

*

Սեպտեմբերի 2-ին, օրէնքի եւ իրաւունքի կոպտագոյն ոտնահարմամբ, անգամ մը եւս երկարաձգուեցաւ Գերշ. Տ. Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի կալանքի ժամկէտը։ Խիստ բացայայտ է, որ դատարանը, արդարադատութիւն իրականցնելու փոխարէն, ակնյայտօրէն միացած է իշխանութիւններու հրահրած հակաեկեղեցական արշաւին՝ ստանձնելով եկեղեցականներու եւ եկեղեցւոյ աջակցող անձերու դէմ հաշուեյարդար կիրառելու անպատուաբեր դերակատարութիւնը։ Հարկ է վերջ տալ ապօրինութիւններուն՝ ներառեալ խտրական մօտեցման եւ անյապաղ ազատ արձակել ինչպէս Գերշ. Տ. Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանը, այնպէս ալ կեղծ մեղադրանքներով կալանաւորուած անձերը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025