ԵՐԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑԻ ՇԻՆՈՂԱՑ…
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր ազգայիններէն Էֆրիմ Պաղի նուիրատուութեամբ Հայաստանի մէջ եկեղեցիի մը վերանորոգութեան ծրագիրը ի կատար ածուելու վրայ է։ Այսպէս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արագածոտնի թեմի Ներքին Բազմաբերդ գիւղէն ներս, Էֆրիմ Պաղի ջանքերով ի հիմանէ վերանորոգուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ շուտով օծուելէ վերջ պաշտամունքի պիտի վերաբացուի։ Այսպէսով Էֆրիմ Պաղ կատարած կ՚ըլլայ իր ուխտը՝ նպաստելով սրբատեղիի մը պայծառութեան։
Այժմ վերակառուցեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցին հիմնադրուած է 1990-ական թուականներուն։ Հակառակ խոնարհուած ըլլալուն ան միշտ բարեպաշտ ժողովուրդի եւ ուխտաւորներու համար սրտամօտիկ աղօթավայր մը եղած է։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ 2024 թուականին ձեռնարկուած է այս սրբավայրի բարեկարգման նախագծին։ Ի սկզբանէ նախագիծը գանձատրել որոշած է Էֆրիմ Պաղ։ Լայնածաւալ աշխատանքները ներկայիս գրեթէ աւարտած են։ Այս ընթացքին Էֆրիմ Պաղ յաճախակիօրէն այցելած է եկեղեցի՝ մանաւանդ, որ ձեռներէցութեամբ կը զբաղուի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ։ Ան եղբայրական ջերմ կապեր մշակած է շինարարութեան մասնակից բանուորներուն հետ, որոնք ամբողջական նուիրումով ու եռանդով գործը աւարտին հասցնելու վրայ են։
Կը նախատեսուի, որ շուրջ տասն օր անց Ս. Աստուածածին եկեղեցին օծուի եւ վերաբացուի պաշտամունքի։ Արարողութեան պիտի մասնակցին նաեւ Էֆրիմ Պաղի հարազատները, ընտանիքի անդամները։