ՎՐԱՆ ՄԸ՝ ԲԱՑՈՒԱԾ ՍՐՏԵՐՈՒ ՄԷՋ
«Եւ արասցես ինձ սրբութիւն, եւ երեւեցայց ի ձեզ» (Ելք, ԻԵ.8)
Երկրամասի հեռաւոր անկիւններուն մէջ, անապատներու եւ լեռնային դարձդարձիկ ճամբաներու վրայ, մարդկութիւնը դարեր շարունակ փնտռած է Աստուծոյ հետ հանդիպման տեղ մը․ վայր մը, ուր երկինքը համբուրէ երկիրը։ Մարդը միշտ զգացած է, որ միայնակ չէ, բայց նաեւ զգացած է, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը իրմէ հեռու դարձած է։ Այդ փափաքն ու այդ կարօտը կը բացուին Հին Ուխտի էջերուն մէջ, երբ Տէրը Մովսէսին կ՚ըսէ.
«Ինծի համար սրբարան պիտի կառուցես, եւ ես պիտի երեւամ ձեզի»։
Այս խօսքը պարզ հրահանգ մը չէ միայն, այլ՝ սրտի բացում մը։ Աստուած չի բաւարարուիր վերէն իշխելով․ Ան կը փափաքի բնակիլ մարդու մէջ, մօտ ըլլալ անոր, առաջնորդ ըլլալ, մխիթարել եւ բժշկել։ Եւ Իսրայէլի ժողովուրդը կերտեց Վկայութեան Վրանը՝ այն վայրը, ուր շօշափելի էր Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Ով ինչ որ հայցէր Տիրոջմէ՝ դէպի Վրանն էր որ կ՚երթար (Ելք, ԼԳ.7)։
Այս Վրանը խորհրդանշան չէր միայն, այլ մարգարէութիւն՝ ապագայի մեծ իրականութեան։ Աստուած պիտի կառուցէր Իր իսկ վրանը՝ ո՛չ թէ փայտէ սիւներով, այլ մարդկային մարմնով։
Այդ սպասուած պահը կը յայտնէ Յովհաննէս աւետարանիչը.
«Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ» (Յովհ., Ա.14)։
Հին Ուխտի Վրանը կը բացուի Բեթղեհէմի անշուք այրին մէջ։ Այս անգամ ան կը պարփակէ ո՛չ միայն ժողովուրդ մը, այլ ամբողջ մարդկութիւնը։ Աստուած այլեւս վրանի մէջ բնակող չէ, այլ մանուկ՝ շնչող, աճող եւ ապրող իրականութիւն։ Մարմնացումը կը դառնայ այն պահը, ուր Աստուած կը մտնէ մարդկային պատմութեան մէջ ո՛չ որպէս դիտորդ, այլ որպէս մասնակից։
Վրանը Իսրայէլի ճամբորդութեան կեդրոնն էր․ ո՛ւր որ ժողովուրդը շարժէր՝ Վրանն ալ կը շարժէր, եւ ո՛ւր որ ան կանգ առնէր՝ Վրանն ալ հետը կը կանգնէր։ Աստուծոյ ներկայութիւնը կապուած էր Իր ժողովուրդին հետ։ Սակայն այդ Վրանը նաեւ նախատիպ մըն էր՝ աւելի խոր ճշմարտութեան մը, զոր պիտի իրականացնէր Մարմնացումը։
Անապատը չորութիւն էր, վտանգ եւ անորոշութիւն։ Բայց երբ Վրանը իրենց հետ էր, ժողովուրդը կ՚ունենար լոյս, ապահովութիւն եւ ուղղութիւն։ Այս ամբողջ խորհրդաբանութիւնը կը հասնի իր լրումին Բեթղեհէմի մանուկին մէջ, որ կը դառնայ աշխարհի ճշմարիտ լոյսը, աննահանջ առաջնորդը եւ անսպառ մխիթարութիւնը։
Ս. Պօղոսը Մարմնացման այս խորհուրդը կը բացատրէ նաեւ Հին Ադամ-Նոր Ադամ համեմատութեամբ. «Ինչպէս որ Ադամով բոլորը կը մեռնին, նոյնպէս եւ Քրիստոսով ամէնքը պիտի կենդանանան» (Ա Կորնթ., ԺԵ.22)։
Հին Ադամը մարդկութեան մէջ ներմուծեց մեղքը, խաւարն ու մահը։ Մարդը կորսնցուց իր ազատութիւնը եւ դարձաւ գերի՝ մեղքի իշխանութեան տակ։ Սակայն Քրիստոս՝ Նոր Ադամը, Իր Ծնունդով կը սկսի մարդկային բնութեան նորոգումը։ Ան կու գայ ո՛չ միայն մեր կողքը կանգնելու, այլ մեր կոտրուած վրանը վերաշինելու, որպէսզի մարդը դարձեալ կարենայ ըլլալ Աստուծոյ բնակարանը։
Ս. Պօղոս Հին Ադամ-Նոր Ադամ համեմատութիւնը կը տանի մինչեւ ազատագրութեան խորքը։ Հին Ադամով մարդը դարձաւ գերի մեղքին, իսկ Նոր Ադամով՝ Քրիստոսով, մարդը կը դառնայ ազատ։ Բայց այս ազատութիւնը ինքնանպատակ չէ եւ առանց գինի չի տրուիր։
«Մեծ գնով գնուած էք,- կը գրէ Պօղոս,- մի՛ ըլլաք մարդոց ծառայ» (Ա Կորնթ., Է.23)։ Մարդը ազատ է, որովհետեւ այլեւս մեղքին չի պատկանիր։ Ան Քրիստոսին կը պատկանի։ Իսկ Քրիստոսին պատկանիլը գերութիւն չէ, այլ իսկական ազատութիւն։
Հին Ադամ մարդը վաճառեց մահուան, Նոր Ադամ մարդը գնեց կեանքի համար։ Հին Ադամով մարդը կորսնցուց իր արժանապատւութիւնը, Նոր Ադամով մարդը կը վերագտնէ զայն։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի ծնունդը ազատագրութեան սկիզբն է․ ան կը նշանաւորէ այն պահը, երբ մարդը կը դադրի ըլլալ մեղքի գերին եւ կը սկսի ապրիլ որպէս Աստուծոյ զաւակ։
Քրիստոսի ծնունդով կը սկսի մարդու ազատագրումը մեղքէն։ Մեղքը մարդը դարձուց գերի՝ ո՛չ միայն բարոյական, այլ գոյաբանական իմաստով։ Սակայն Մարմնացեալ Քրիստոս կը մտնէ մարդկային կեանքի խորքը, որպէսզի ներսէն քանդէ մեղքի իշխանութիւնը։ Ան չի գար միայն ուսուցանելու, այլ բուժելու, ազատագրելու եւ վերականգնելու։
Այսպէս, Բեթղեհէմի այրը կը դառնայ ազատութեան սկիզբը։ Այն Մանուկը, որ կը պառկի մսուրի մէջ, կը դնէ այն սերմը, որ պիտի ծաղկի Խաչի վրայ եւ պիտի ամբողջանայ Յարութեամբ։ Ծնունդը սկիզբն է, ո՛չ վերջը։ Ազատագրութիւնը կը սկսի մանուկի լացով եւ կը լրանայ թափուր գերեզմանով։
Մարմնացումը նաեւ ամենէն ուժեղ հաստատումն է, որ մարդը՝ իր փխրունութեամբ հանդերձ, արժանի կը նկատուի Աստուծոյ բնակութեան։ Աստուած չի բնակիր հոն, ուր արժէք մը չկայ։ Քրիստոսի ծնունդը կը հռչակէ, որ մեր բնութիւնը սուրբ է իր կոչումով։
Աստուած մարդ եղաւ՝ մեծարելով մեր արժանապատուութիւնը։ Այս ճշմարտութիւնը այսօր մեզի մեծ հոգեւոր ուժ կը հաղորդէ։ Աշխարհ մը, որ կը փորձէ մարդու արժէքը չափել օգտակարութեամբ կամ յաջողութեամբ, Ս. Ծնունդով կը լսէ այլ ձայն մը՝ մարդը արժէք ունի, որովհետեւ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ անոր մէջ։
Աստուած մէկ անգամ մարմին առաւ, բայց Իր ներկայութիւնը կը շարունակէ Եկեղեցւոյ միջոցով։ Եկեղեցին կենդանի Վրանն է, ուր Աստուած կը բնակի Ս. Հաղորդութեամբ։ Ինչպէս կը վկայէ Ս. Իգնատիոս Անտիոքացի, «ո՛ւր որ Քրիստոս է, հո՛ն է Եկեղեցին»։ Եկեղեցին այն վայրն է, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը կը շարունակուի պատմութեան մէջ։
Հայ Եկեղեցին դարերու ընթացքին դարձած է այդ կենդանի Վրանը՝ պահելով հաւատքը, լեզուն, հոգին եւ մշակոյթը մեր ժողովուրդին։ Հայութիւնը իր ամբողջ ինքնութիւնը հիմնեց այս ճշմարտութեան վրայ՝ Աստուած մեզի հետ է։ Մեր տաճարները, անոնց երկնասլաց գմբէթները, խաչքարերը եւ մեր սրբազան լեզուի աղօթական գեղեցկութիւնը կը վկայեն այս բնակութեան մասին։
Մենք մեր տաճարները գեղեցկացուցած ենք, մեր հոգիներու ամենաթանկ զգացումները դրած ենք հոն, մեր հանճարի նուրբ արտայայտութիւններով զարդարած ենք զանոնք, որովհետեւ հաւատացած ենք՝ եթէ Աստուած պիտի բնակի հոս, ուրեմն այդ տունը պէտք է արժանի ըլլայ Իրեն։
Այսօր Ս. Ծննդեան լոյսը մեզի նոյն կոչը կը կրկնէ։ Տէրը մեզմէ չի պահանջեր քարեղէն տաճարներ, այլ՝ խաղաղութիւն մտքի մէջ, մեղմութիւն բերանի մէջ, բարութիւն ձեռքերու վրայ եւ մաքրութիւն սրտի մէջ։ Երբ սիրտը բացուի՝ Աստուած կը մտնէ։ Երբ Աստուած մտնէ՝ խաւարը կը փարատի։
Հայկական Ս. Ծնունդը այս ճշմարտութեան կենդանի վկայութիւնն է։ Մեր ընտանիքները փոքրիկ եկեղեցիներ են։ Վառուած մոմերը, աղուհացն ու գինին, տօնական սեղաններն ու շարականները ո՛չ միայն աւանդութիւն են, այլ Աստուծոյ ներկայութեան նշաններ։
Հին Ուխտի Վրանէն մինչեւ Բեթղեհէմի այրը, եւ հոնկէ մինչեւ այսօրուան Հայ Եկեղեցին, Աստուծոյ կամքը մնացած է նոյնը՝ բնակիլ Իր ժողովուրդին մէջ։ Ս. Ծնունդը յիշատակ չէ միայն, այլ կենդանի փաստ, որ երկինքը բացուեցաւ երկրի վրայ, եւ Աստուած դարձաւ մեզմէ մէկը։
Եւ մենք կոչուած ենք դառնալու այն վրանները, ուր կը բնակի Աստուած։
Այս օրերուն, երբ Հայ Եկեղեցին կրկին կը զգայ աշխարհի ալեկոծումները եւ մարդկային խօսքերու ծանրութիւնը, մեր առաջին պատասխանը ո՛չ թէ աղմուկը պիտի ըլլայ, այլ աղօթքը։ Մենք հաւատացած ենք, որ Եկեղեցին մարդու գործ չէ միայն, այլ Քրիստոսի կենդանի մարմինը, եւ ան կը մնայ կանգուն ո՛չ թէ մարդկային հնարամտութեամբ, այլ Աստուծոյ շնորհքով։
Ուստի Ս. Ծննդեան այս լոյսին տակ կոչ կ՚ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին՝ աղօթելու Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ անսասանութեան համար, որպէսզի շարունակէ մնալ կենդանի վրանը Աստուծոյ ներկայութեան եւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր ինքնութեան։
Միաժամանակ աղօթենք Վեհափառ Հայրապետի համար, որպէսզի Մարմնացեալ Տէրը իրեն պարգեւէ արեւշատութիւն, կարողութիւն եւ հոգեւոր ուժ՝ իր իմաստուն փորձառութեամբ խաղաղաբար առաջնորդելու Եկեղեցին այս բարդ եւ ալեկոծ ժամանակներու մէջ։
Վերջապէս, Ս. Ծնունդը մեզի կը վերադարձնէ աւետարանական պարզ ճշմարտութեան մը․ «Լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէ, եւ խաւարը զայն չնուաճեց» (Յովհ., Ա.5)։ Որքան ալ ժամանակները խռովք բերեն, որքան ալ խօսքերը ծանր ըլլան, Քրիստոսի լոյսը կը մնայ անխափան։ Ան կը ծնի ամէն անգամ, երբ սիրտ մը բացուի, երբ Եկեղեցին մնայ կանգուն աղօթքով, եւ երբ ժողովուրդ մը իր յոյսը պահէ Աստուծոյ մէջ։ Այս լոյսին մէջ մնա՛լն է մեր կոչումը, եւ այս լոյսին մասին վկայե՛լն է մեր պատասխանատուութիւնը՝ այսօր եւ միշտ։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ․ մեզի եւ ձեզի մեծ աւետիս։
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ