ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին ձօնուած էքիւմենիք համաժողովի մասնակիցները։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած համաժողովը խորագրուած է՝ «Ապրելով Հաւատամքը այսօր. Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակի յիշատակում»։ Այս շաբաթավերջին կ՚եզրափակուի ձեռնարկը, որու կը մասնակցին քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Համաժողովի մասնակիցները հիւրընկալելու ժամանակ, Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց միջեկեղեցական այս հաւաքի կազմակերպումը, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ քննարկելու եկեղեցիներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, սերտացնելու անոնց միջեւ փոխգործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս, ինչպէս նաեւ քայլերու ձեռնարկել եղբայրական ոգիի ամրապնդման ուղղութեամբ։
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ քոյր եկեղեցիներու, յարանուանութիւններու եւ միջեկեղեցական զանազան կառոյցներու միջեւ ձեւաւորուած են ջերմ յարաբերութիւններ։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւն փոխանցեց զանազան եկեղեցիներու պետերուն ու հոգեւոր առաջնորդներուն՝ դժուարին ժամանակներու մէջ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին ցուցաբերուած աջակցութեան ու զօրակցութեան համար։
Ան հանդիպման ընթացքին պատասխանեց նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վերաբերեալ զանազան հարցումներու։