ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Մայօղլուն, որ իրեն նուիրեց եզակի հրատարակութիւն մը։ Այսպէս, Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին առթիւ, յիշեալ ընկերութիւնը անցեալ մայիսին կազմակերպած էր գիտաժողով մը, որու ընթացքին ներկայացուած զեկուցումներու հիման վրայ հրատարակուած է թրքերէն գիրք մը։ «Նիկիոյ ժողովի ժառանգը. կը հաւատանք» կը կոչուի այս գիրքը, որու մէկ օրինակը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ տնօրէնուհիին ձեռամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այս հրատարակչական նախաձեռնութիւնը՝ դիտել տալով, որ սա Թուրքիոյ եկեղեցիներու ներդրումը կը համարուի յիշեալ տիեզերաժողովի յոբելենական շրջանին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2025