ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Երէկ, Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Օննիկ Ֆէսթէքեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, տօնական մթնոլորտը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Բոլոր հաւատացեալները զիրար շնորհաւորեցին անկեղծ բարմաղթանքով։ Ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդն ալ ջերմօրէն շրջապատեց բոլորը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 7, 2026