ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան տուաւ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի պատգամը, զոր արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:

«Խաւարի մէջ նստած ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ. եւ լոյս ծագեցաւ անոնց վրայ, որոնք կը նստէին մահուան երկրի եւ ստուերներու մէջ» (Մատթ. 4.14):

Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ,

Այսօր վերստին Սուրբ Ծնունդի հրեշտակաձայն աւետիսը կը թեւածէ մեր եկեղեցիներուն, մեր ընտանիքներուն մէջ: Միասնաբար կը փառաբանենք մեր Տէրն ու Փրկիչը, որ ծնաւ եւ աշխարհ եկաւ մեր փրկութեան համար:

«Խաւարի մէջ նստած ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ. եւ լոյս ծագեցաւ անոնց վրայ, որոնք կը նստէին մահուան երկրի եւ ստուերներու մէջ»: 

Աւետարանիչը Աստուածորդիի Ծնունդը կը համեմատէ լոյսի ծագման հետ:

Արդարեւ, «խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: Անժամանակն Աստուած անցաւոր աշխարհ եկաւ: Անծայրածիր տիեզերքը ստեղծողը պարփակուեցաւ մարդկային մարմնի մէջ, երկնային գահին բազմողը՝ փոքրիկ ու աղքատիկ քարայրի մէջ: Ազգերը հրաւիրուեցան մեղքը թօթափելու, մահուան խաւարէն ելլելու եւ յաւիտենութեան ժառանգորդը ըլլալու: «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ», կ՚ուսուցանեն Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը: Իրապէս, Աստուծոյ մարդանալը սկիզբն էր մարդու մաքրագործուելուն, սրբագործուելուն եւ աստուածանալուն:

Սիրելիներ, Քրիստոսի ուղենշած այս ճանապարհէն խոտորիլը աշխարհը կը դարձնէ անարդարութեան, թշուառութեան ու դժբախտութիւններու թատերաբեմ, կ՚ընկղմէ մոլորութիւններու խաւարի մէջ, կը յանգեցնէ անձնական ու հասարակական կեանքի խեղման, արժէքներու աղաւաղման ու ոչնչացման: Այս բոլորի դրսեւորումները կը տեսնենք նաեւ մեր իրականութեան մէջ: Այսօր մեր կեանքին մէջ կը տկարանան իրարու հանդէպ հաւատքն ու վստահութիւնը, որպէս քաջութիւն կ՚ընկալուի անյարգալից ու անզուսպ պահուածքը, խօսքի ազատութիւնը կը հակադարձուի այլակարծութեան անհանդուրժողութեամբ, բանավէճը՝ կը վերածուի վիրաւորանքներու ու վարկաբեկումներու, իսկ հանրային օգուտը, հայրենանպաստ եւ ազգանուէր ծառայութիւնը կը ստորադասուին անձնական եւ խմբակային նեղ շահերու: 

Մեր Սուրբ Եկեղեցին կը շարունակէ ենթարկուիլ բռնաճնշումներու: Այս իրավիճակը լուրջ հարուած է մեր ազգի ու պետութեան հեղինակութեան եւ խոր վէրք՝ հասցուած համայնքներուն ու հաւատացեալներուն: Հակառակ ապօրինի ու կանոնախախտ գործողութիւններու՝ մեր Սուրբ Եկեղեցին իր բարեպաշտ ժողովուրդով ամուր ու անսասան է, հաւատարիմ իր տէրունաշնորհ կոչմանն ու առաքելութեան: Հայոց Եկեղեցին սուրբ է ու սրբարար՝ հիմնադրուած մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներու քարոզչութեամբ որպէս «մարդկանց քաւարան, հրեշտակաց բնակարան եւ տուն Աստուծոյ»: Առաքելական մեր Մայր Եկեղեցին պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ ենթարկուած է բազմաթիւ յարձակումներու, անցած է սոսկալի նեղութիւններու ու տառապանքներու մէջէն, մարտիրոսուած ու նահատակուած է, բայց, երբեք յուսահատութեան գերի չէ դարձած, քանզի գիտակցած է, թէ ճշմարիտ ազատութիւնը եւ փրկութիւնը Քրիստոսին հնազանդելու, Անոր ապաւինելու մէջ է:

Քրիստոսով կեանքը կը լեցուի սիրով ու ողորմութեամբ, ազնուութեամբ ու արդարութեամբ: Քրիստոս ճանապարհն է խաւարէն դէպի լոյս, մեղքէն դէպի սրբութիւն: Տէրը միշտ հաւատարիմ է՝ փրկելու խոտորումներէն ու անկումներէն մեղսակորոյս մարդուն, քանզի ինչպէս կը հռչակէ Եզեկիէլ մարգարէն, Աստուած չի տենչար մեղաւորի մահը, այլ անոր դառնալը չար ճանապարհէն եւ ապրիլը (18.23): Քրիստոսով մեր առջեւ կը բացուի վերյառնումի, հաւատքով նորոգութեան ուղին: Ըստ առաքեալներու խօսքին՝ Փրկիչը մեր կենդանի Վէմն է, որ կրնայ մեզ հաստատուն պահել (հմմտ. Ա Պետ. 2.4, Հռ 14.24) խռովայոյզ աշխարհի ալեկոծութիւններուն մէջ: Աստուածորդիի փրկարար զօրութեամբ է, որ կը նահանջեն հեծութիւնը, մահն ու կործանումը, եւ Փրկչի Սուրբ Ծննդեամբ լոյս կը ծագի անոնց վրայ, որոնք կը նստին մահուան երկրի եւ ստուերներու մէջ:

Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ, Սուրբ Ծնունդի հրեշտակաձայն աւետիսը եւ բեթղեհէմեան աստղի լոյսը այսօր ալ բոլոր մարդոց ուղղուած հրաւէր են Աստուծոյ ապաւինութեամբ կեանքը վերափոխելու բարիով ու բարիքով, հաստատելու խաղաղութիւն աշխարհի վրայ եւ հաճութիւն մարդոց մէջ: Երկնառաք այս պատգամին ունկնդիր՝ ապրինք ու գործենք Տիրոջ հետ՝ բոլոր բնագաւառներու մէջ մեր նախանձախնդիր ու ամբողջանուէր ծառայութեամբ, ի խնդիր անձնական, ընտանեկան ու հայրենական կեանքի ապահով ու բարօր ընթացքի: Վճռակամ ըլլանք հաստատուն պահելու օրինայարգութիւնը, մերժելու անիրաւութիւնն ու կամայականութիւնը, ատելութիւնն ու քինախնդրութիւնը, որոնք մեծապէս կը վնասեն ու կը քայքայեն պետական ու ազգային մեր ներուժը: Մեր առջեւ բացուած է ճանապարհը դէպի Տէրը, դէպի երկնառաք պարգեւներ ու յաւիտենութիւն: Այս ուղիով, տէրունական պատգամներու իրագործումով է, որ մեր ժողովուրդը կը յաղթահարէ տառապանքներու խաւարը եւ աւետարանիչի խօսքի համաձայն՝ լոյս կը ծագի մեր կեանքին վրայ, մեր նեղութիւններու ու դժբախտութիւններու յաղթահարման ճանապարհին: Արդ, պարզասիրտ հովիւներու ու իմաստուն մոգերու պէս անվարան երկրպագենք նորամանուկ Յիսուսին եւ մեր սրտերը բանանք մարդացեալ Աստուածորդին ընդունելու համար:

Նախանձախնդիր ըլլանք Փրկչի պարգեւած շնորհներով վերափոխուելու, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս ծնաւ եւ դարձաւ մարդու Որդի, այդպէս ալ մենք ճշմարիտ ընթացքով ըլլանք Աստուծոյ որդիներ՝ ըստ առաքեալի խօսքին. «Երբ ժամանակը իր լրումին հասաւ, Աստուած ուղարկեց Իր Որդին…, որպէսզի մենք որդեգրութիւն ընդունինք» (Գաղ. 4.4-5): 

Հաւատարիմ մնանք Աստուծմէ մեզի ընծայուած այս մեծագոյն շնորհին եւ աստուածահաճոյ նորանոր իրագործումներով կերտենք մեր անվտանգ ու ապահով ներկան եւ սերունդներու լուսաւոր գալիքը: 

Սուրբ Ծնունդի բերկրանքի աւետիսով Մեր ողջոյնը կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանին: Ի Քրիստոս սիրով կ՚ողջունենք քոյր եկեղեցիներու պետերը՝ հայեցելով մարդեղացեալ Փրկչի զօրակցութիւնը իրենց աստուածապատուէր առաքելութեան մէջ: Հայրապետական մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը բերենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջ հոգեւոր դասուն եւ համայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս:

Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան յուսառատ այս օրը աղօթք բարձրացնենք առ Փրկիչ մեր Տէրը՝ խնդրանքով, որ խաղաղութիւնը թեւածէ ողջ աշխարհի մէջ, հայրենի մեր երկրին մէջ եւ ապահովութեան ու շէնութեան մէջ հզօրանայ մեր պետութիւնը, բարօրութեան մէջ յարատեւէ մեր ժողովուրդը: Հայց վերառաքենք հայրենազրկուած արցախահայ մեր զաւակներու տոկունութեան ու ոգիի ամրութեան եւ անոնց ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնման համար: Աղօթենք հայրենեաց պաշտպան զինուորականներու, հայրենիքի համար զոհուած մեր քաջորդիներու հոգիներու հանգստութեան եւ անոնց ծնողներու ու հարազատներու մխիթարութեան համար: Աղօթենք ապօրինաբար ազատազրկուած հոգեւորականներու, ազգային բարերարի ու նուիրեալ հայորդիներու, այլեւ գերութեան մէջ գտնուող եւ անյայտ կորսուած մեր զաւակներու համար: 

Թող Բարձրեալի Սուրբ Աջի պահպանութեան ներքեւ մեր կեանքը լուսաւորեալ մնայ աստուածային ներկայութեամբ, զարդարուի հաւատաւոր բարի գործերով եւ մենք գոհունակութեամբ փառաբանենք մարդեղացեալ Փրկիչ մեր Տէրը այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 7, 2026