Ուրբաթ 9, Յունուար 2026
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը Ս. Ծնունդը նշեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որու ձեռամբ կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք։
Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչներն ալ ներկայ էին արարողութեան, որու մասնակիցները բարեմաղթանքներ փոխանակեցին տաղաւարի օրով։
Հինգշաբթի, Յունուար 8, 2026