ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՈՒԽՏ
Հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, շաբաթավերջին, Պատրիարքական Աթոռը հերթական ուխտագնացութիւնը կազմակերպեց՝ դէպի Վան։ Երէկ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Յետ վերանորոգութեան թանգարանի վերածուած այս պատմական կոթողի երդիքին տակ, ամէն տարի յատուկ թոյլտուութեամբ կը մատուցուի Ս. Պատարագ։ Այս տարուանը արդէն 13-րդն էր։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, օրուան պատարագիչն էր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, որու գլխաւորութեամբ ուխտաւորներ ալ մասնակցեցան արարողութեան։ Ս. Պատարագին մասնակցեցան Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Նաիրի Սրկ. Աֆրիկեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Արարողութեան հետեւեցան նաեւ Վանի տեղական իշխանութիւններէն ներկայացուցիչներ։
Ի ժամ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Իրմէ վերջ հաւատացեալներուն խօսք ուղղեց նաեւ պատարագիչ սրբազան հայրը։ Հաւաքական խոստովանանքէ վերջ, ուխտաւորներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որու աւարտին տեղի ունեցաւ բացօթեայ Անդաստան։ Արարողութիւնները աւարտին հասան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արձակման աղօթքով։
Նորին Ամենապատուութիւնը յետմիջօրէին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըին։ Սիրալիր զրոյցէ վերջ, նահանգապետարանի մէջ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները այսօր կը վերադառնան քաղաքս։