ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թամէն ուխտաւորներու խումբ մը։ Չէլմսֆորտ քաղաքի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն բաղկացեալ ուխտաւորներու խումբ մըն էր այս մէկը, որու գլուխը կը գտնուէր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Խաչատուր Քհնյ. Քեսապլեան։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ տուեալ համայնքի հայրենանուէր ու եկեղեցասէր կեանքին։ Ան աղօթքով վերյիշեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ նուիրեալ հիմնադիրները, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ամուր հաւատքով ու հայրենասիրական ոգիով վերակերտած էին իրենց ազգային կեանքը եւ համախմբուելով եկեղեցւոյ շուրջ՝ պահպանած էին իրենց ինքնութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ արձանագրեց, որ անոնց աւանդը այսօր ալ պտուղ կու տայ նոր սերունդներու կեանքէն ներս։ Արդարեւ, երիտասարդները կը շարունակեն աշխոյժ պահել ազգային-եկեղեցական կեանքը։
Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն պատգամեց հաւատքով զօրացած վերադառնալ իրենց համայնքը եւ ամուր պահել կապը Հայաստանի ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ։