ՄՏՔԻ ԳՈՀԱՐՆԵՐ
Հայաստանի իշխանութիւններու եկեղեցահալած ընթացքի պայմաններուն ներքեւ օրակարգի վրայ կու գան իսկապէս դժուար հաւատալի խօսոյթներ, որոնք ծնունդ կ՚առնեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գիտակցաբար հրահրուած բանավէճերէ։ Ան շաբաթավերջին յայտնած էր, որ հայկական եկեղեցիներու մէջ, Ս. Պատարագներէն առաջ պէտք է երգուի Հայաստանի քայլերգը։ Անշուշտ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «առողջացման» հետամուտ ղեկավարի մը այս մտքի գոհարները շատ յատկանշական են՝ մանաւանդ, որ ան կը յանդգնի ազգընտիր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու եւ անոր կաթողիկոսի հանգամանքը մերժելու։ Փաշինեանի այդ խօսքերը պատճառ դարձան լուրջ հակազդեցութիւններու, որոնք հասարակութեան աչքին առջեւ մերկացուցին, թէ եկեղեցւոյ «առողջացման» հետամուտ վարչապետը ամբողջութեամբ չի գիտակցիր անոր բնոյթին եւ էութեան, նաեւ չի զանազաներ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թէեւ ազգային, սակայն, ո՛չ պետական ըլլալու նրբերանգը։ Վերջին շրջանի ծայրայեղութիւններուն համահունչ՝ ան յամառեցաւ՝ այդ ձաբռտուքներու եզրին հասած արտայայտութիւններուն մէջ։ «Քրիստոնեայ ենք, որովհետեւ Տրդատ թագաւորը առաւօտ մը արթնցած եւ հրովարտակ մը ստորագրած է, ուրիշ պատճառ չկայ», պնդեց Փաշինեան, որ երէկ հրապարակեց նաեւ՝ իր խելապատիկէն դուրս եկած եկեղեցւոյ նորոգման ճանապարհային քարտէս մը։ Վարչապետի ընթացքը այնպիսի հակասութիւններով ծանրաբեռնուած է, որ առհասարակ արժէք տալն ու կարեւորութիւն ընծայելն ալ կը դժուարանայ։
Մինչ այդ, երէկ, Շիրակի թեմի հոգեւորականաց դասը Հայրապետական մաղթանք կատարեց Ս. Աստուածածին (Եօթվէրք) առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր նախօրէին Փաշինեանի մասնակցութեամբ մատուցուած էր ապօրինի Ս. Պատարագ։ Հոգեւորականները այս քայլին դիմեցին՝ վերականգնելու համար կանոնականութիւնը։
Միւս կողմէ, Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ բանտարկուած է, կը դիմագրաւէ առողջական խնդիրներ։ Կը հաղորդուի, որ Նորին Սրբազնութեան պարագային անհրաժեշտ կը համարուի հրատապ վիրահատութիւն մը։
Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի պաշտպան փաստաբանները անհրաժեշտ ընթացակարգին համաձայն կը ջանան կազմակերպել վիրահատութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը յանձն առած է հրաժարիլ անվճար առողջապահութեան ծառայութենէ եւ փափաք յայտնած է բուժուիլ «Իզմիրլեան» բժշկական կոդրոնէն ներս։ Հարկ է նշել, որ այդ հիւանդանոցը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Նորին Սրբազնութիւնը մերժած է այլ վայրի մը մէջ բուժուիլը՝ պատճառաբանելով, որ իրեն ծանօթ ու վստահելի բժիշկը այնտեղ է։ Այժմ այդ պահանջին ուղղութեամբ կը շարունակուի գործընթացը։ Փաստաբանները յայտնած են, որ ընթացակարգերը յառաջ կը տարուին որոշ չափով դանդաղ։