ԱՐԱՄ Ա.-Ի ԿՈՉԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած հալածանքներուն իրերայաջորդ կ՚արձագանգեն Նուիրապետական աթոռները։ Երէկ, շաբաթավերջին Երուսաղէմէն հնչած յայտարարութենէն վերջ, Անթիլիասէն ալ ողջմտութեան ձայն մը բարձրացաւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի յայտարարութիւնը։

*

Անցնող ամիսներուն, խոր մտահոգութեամբ հետեւեցանք Սուրբ Էջմիածնի շուրջ մտահոգիչ զարգացումներուն։ Զանազան առիթներով ու միջոցներով փորձեցինք հանդարտեցնել փոթորկալից կացութիւնը ու փոխադարձ հասկացողութեան մղել՝ յատկապէս զգուշացնելով եկեղեցին պառակտելու առաջնորդող քայլերու դէմ։

Այսօր, փաստօրէն, կացութիւնը դարձած է աւելի վտանգալից՝ աննախատեսելի հետեւանքներու յղի: Սուրբ Էջմիածնի եւ, ընդհանրապէս, մեր եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու ներքին միութեան ամուր պահպանումը եւ զայն ներքին թէ արտաքին վտանգներէ հեռու պահելը համազգային առաջնահերթութիւն է: Այս խոր գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ առաջնորդուած՝ կոչ կ՚ուղղենք.

- Հայաստանի իշխանութեան՝ հեռու մնալ Սուրբ Էջմիածնի ներքին կեանքին ու խնդիրներուն միջամուխ դառնալու եւ եկեղեցիէն ներս զանազան միջոցներով պառակտումի սերմեր ցանելու հակասահմանադրական եւ, հետեւաբար, անընդունելի ու դատապարտելի քայլերէ, որոնք կրնան մեր եկեղեցին, ազգն ու հայրենիքը առաջնորդել ինքնակործանումի:

- Սուրբ Էջմիածնին՝ կարելի փութով, համբերութեամբ ու խոհեմութեամբ առաջքը առնել միաբանական կեանքէն ներս ճեղքերու յառաջացման վտանգաւոր կացութիւններուն ու համախմբուելու Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ միաբանական ուխտին ու սկզբունքներուն շուրջ եւ եղբայրական ոգիով, կանոնական գործընթացով ու իրապաշտ մօտեցումով քննելու առկայ խնդիրները՝ համապատասխան որոշումներ գոյացնելու վճռակամութեամբ:

Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է ու միաժամանակ՝ ազգին սրբազան տունը: Իւրաքանչիւր հայ պարտաւորութիւն ու իրաւունք ունի մտահոգուելու եւ տեսակէտ յայտնելու եկեղեցին յուզող խնդիրներու շուրջ, սակայն, շինիչ մօտեցումով՝ եկեղեցին վերանորոգելու եւ անոր ծառայական առաքելութիւնը աւելի կենսագործելու նախանձախնդրութեամբ առաջնորդուած:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2025