ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը ջանայ հաւասարակշռութեամբ ու պաղարիւնութեամբ դիմաւորել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ առկայ հալածանքները, որոնք կ՚ահագնանան՝ խորացնելով մտահոգութիւնները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Մայր Աթոռը խստագոյնս կը դատապարտէ վարչապետի գլխաւորութեամբ իշխանութիւններու կողմէ իրաւապահ մարմիններու ուժային միջամտութիւններով, եկեղեցական կարգ ու կանոններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան կոպիտ խախտումներով, հաւատացեալներու հոգեւոր զգացումները վիրաւորելով ու պառակտում սերմանելով «պատարագ»ի արարողութիւններու կազմակերպումը զանազան թեմերու եկեղեցիներէն ներս։

Թեմակալ առաջնորդի հոգեւոր իշխանութեան շրջանցումով, եկեղեցական ընկալեալ կարգի ու կանոնի անտեսումով ոեւէ եպիսկոպոսի մասնակցութիւնը «պատարագ»ներուն կանոնական կոպտագոյն խախտում է, ինչ որ տեղի ունեցաւ Շիրակի թեմի Սուրբ Աստուածածին (Եօթվէրք) առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Թերեւս զերծ մնալով խիստ միջոցներու կիրառումէ՝ Մայր Աթոռը կանոնախախտ եպիսկոպոսներուն կը յորդորէ դադրեցնել իրենց խոտոր ընթացքը եւ կեղծ ու մտացածին բովանդակութեամբ հրապարակային ելոյթները, վերադառնալ կանոնական դաշտ՝ հետեւելով մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ դարերով նուիրագործուած աւանդութիւններուն, գործել բացառապէս հոգեւոր ասպարէզի մէջ եւ օրինականութեան ու միասնականութեան պահպանման բարձր գիտակցութեամբ, ինչ որ եպիսկոպոսի՝ իբրեւ առաքելական յաջորդականութեամբ օժտուած սպասաւորի պարտականութիւնն է, կոչումն ու առաքելութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2025