ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՈՊՐԱԿՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ - ԶԱՀՐԱՏԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ՝ «ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՈՊՐԱԿՆԵՐ»
Կաղանդէն օրեր առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ պոլսահայ մեծանուն գրող Զահրատէն նոր գիրք մը՝ «Կաղանդի տոպրակներ» խորագրով, ամբողջութեամբ կազմուած Կաղանդին նուիրուած բանաստեղծութիւններէն։ Գիրքը իր էջերուն մէջ կը համախմբէ տօնական օրերու անխառն ուրախութիւնը, յիշողութեան ջերմ շողերն ու մանուկ օրերու անարատ սպասումը։
Այս նախաձեռնութեան հեղինակը «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի գիտաշխատող, գրականագէտ Գոհար Գալստեանն է։ Ան նաեւ Զահրատի թանգարանային արխիւը գիտականօրէն մշակողն ու հետազօտողն է եւ Զահրատին նուիրուած տասնեակ աշխատութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ: Այս ժողովածուն ալ կազմած է մեծ հոգատարութեամբ եւ բանաստեղծի գրական աշխարհին հանդէպ անհուն սիրով։
Ունենալով աջակիցներ թէ՛ թանգարանին մէջ, թէ՛ անկէ դուրս, Գոհար Գալստեան այս գիրքը ամբողջացուցած է՝ զատ արժեւորումով մը մեր ընթերցասեղաններուն դնելու համար Զահրատի՝ յատկապէս Կաղանդին նուիրուած բանաստեղծութիւնները։ Սակայն այս աշխատանքը զուտ գիրք մը կազմել չէ. զայն նաեւ յուշում մըն է, որ գիրքը կրնայ ըլլալ Կաղանդի աղուոր ու խորհրդանշական նուէր մը՝ ընթերցողի հոգին Կաղանդի օրերուն փառաւորելու Զահրատի ժպիտներով, բառերով․․․ Ի վերջոյ, Կաղանդը միայն զարդարանք չէ, այլ՝ մարդկային հաւատքի բազմապատկման, յոյզեր եւ խորհրդանշական պահեր պարգեւող տօն մը։ Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատն ալ, իր միջավայրէն սնունելով եւ իրեն բնորոշ նուրբ հեգնանքով ու սրտառուչ քնարական շունչով Կաղանդը օրացուցային տօնէն վերածած է ներաշխարհի լուռ տօնախմբութեան մը, ուր բառերը կը դառնան մէկական տոպրակներ, լեցուն՝ յոյսով, կարօտով եւ անանց հաւատքով։
Շնորհանդէսի օրը Գոհար Գալստեան վստահութիւն յայտնեց, որ Զահրատի համեմատաբար լայն ճանաչում ունեցող «Կաղանդ» շարքի բանաստեղծութիւնները նոյնիսկ նոր տպագրութեան ընդմէջէն, գիրքի ամբողջութեան շարադրանքին մէջ, կը ցոլանան ուրիշ կերպով մը՝ ընթերցողին առջեւ բանալով նոր կապեր ու իմաստային շերտեր։ Գիրքին խորագիրը ան ընտրած է ամբողջովին Զահրատի բառերէն։ Զահրատ այս ժողովածուի մէջ ունի «Կաղանդ» շարքի խորագիր մը եւ նաեւ «Տոպրակներ» խորագրով բանաստեղծութիւն մը՝ «Դդումի համ» ժողովածուէն։
Գիրքին շնորհանդէսին ալ տօնական պզտիկ տոպրակներ բաժնուեցան մասնակիցներուն՝ ընկոյզի ու մանտարինի բուրմունքով լեցուն, որոնք Կաղանդի մանկական յիշողութիւններու պարզ ու ջերմ խորհուրդը կը փոխանցէին։
ԶԱՀՐԱՏԷՆ ԻՐ ՄԸ՝ ՊՈԼԻՍԷՆ ԵՐԵՒԱՆ
Զահրատը ներկայ էր նաեւ ընթերցումներու, ցուցահանդէսի նիւթերուն մէջ․ նիւթերը գիրքի լոյս ընծայնման առթիւ թանգարանի աշխատակիցները դուրս բերած էին Զահրատի արխիւէն․ անոնց մէջ Կաղանդի լուսանկարներ են, Զահրատի գրութիւնները, ընտանեկան յուշեր․․․ Զահրատի արխիւը բանաստեղծի կինը 2017 թուականին յանձնած է Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին։ Այդ մէկը կը ներառէ հեղինակի ինքնագրերը, նամակներ, մեքենագիր յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ, անձնական փաստաթուղթեր, կարգ մը պարգեւներ եւ հաւաստագրեր, որոնք կը վկայեն հեղինակի՝ լայն շրջանակներու մէջ ճանչցուած եւ գնահատուած ըլլալու մասին։ Արխիւը հարուստ է նաեւ լուսանկարներով, ժամանակի հայ եւ օտարալեզու մամուլով եւ, անշուշտ, Զահրատի հեղինակած ժողովածուներէն օրինակներով։
Անձնական զրոյցի ժամանակ Գոհար Գալստեան ափսոսանք յայտնեց, որ թանգարանը չունի Զահրատէն որեւէ անձնական իր, տունէն յուշ մը, հագուստ կամ այլ շօշափելի բան մը, որ առիթներու ընթացքին հնարաւոր ըլլայ ցուցադրել։ Ան յոյս յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ Զահրատի ընտանիքի մտերիմներէն մարդիկ կը մտածեն այս ուղղութեամբ եւ բան մը կը ղրկեն թանգարանին, որ հարուստ է միւս հայ գրողներու անձնական իրերով եւ Զահրատն ալ, կ՚արժէ որ այդ թանգարանին մէջ ունենայ յուշային իրեր։
Իսկ Զահրատէն նոր գիրք հրարատակելու գաղափարը Գոհար Գալստեանի մօտ ծնունդ առած է նախորդ տարեմուտին, այն օրերուն, երբ թանգարանին մէջ ամփոփած են Զահրատի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած տարին։ Տարուայ գրեթէ իւրաքանչիւր օրը յագեցած էր Զահրատով եւ «Կաղանդի տոպրակներ» խորագիրը արդէն իսկ ձեւաւորուած էր անոր մտքին մէջ, երբ սկսած է յաջորդաբար վերընթերցել Զահրատի ժողովածուները՝ ընտիր գործերը անմիջապէս մուտքագրելով ու դասաւորելով։
«Կաղանդի տոպրակներ» ժողովածուն կը ներառէ 51 բանաստեղծութիւններ, որոնք ըստ ժամանակագրական կարգի բաժնուած են տասը բաժիններու եւ կը կրեն Զահրատի ժողովածուներուն խորագիրները։ «Մեծ քաղաքէն» մինչեւ «Բարի երկինք», «Մէկ քարով երկու գարուն», «Մաղ մը ջուր», «Ծայրը ծայրին», «Ջուրը պատէն վեր», ապա Զահրատի կազմած վերջին ժողովածուն՝ «Դդումի համը», որ լոյս տեսաւ յետմահու, նաեւ երկու այլ բաժիններ՝ կազմուած իր կնոջ՝ Անայիսի ձեռքով, զանազան տարիներու անտիպ գործերէն՝ «Անտիպ թերթս» եւ «Մշուշէն անդին» խորագրերով։ Գիրքին մէջ կայ նաեւ «Ժողովածուներէն դուրս» բաժին մը։
Գոհար Գալստեան անցնող տարուան սեպտեմբերին արդէն աւարտած էր Զահրատի արխիւին գիտական մշակումը, գիրքին թեքստերը մուտքագրած ու ամբողջովին պատրաստած էր, գրած էր յառաջաբանը, ընտրած էր գիրքի կողքին ըլլալիք Զահրատի լուսանկարը, իսկ բանաստեղծութիւններուն թեքստերը բազմակի վերընթերցած էր եւ պահպանած անոնց տաղաչափական ձեւը․ այս մէկը Զահրատի հեղինակային մօտեցումն էր, որ գրելու ատեն կը համադրէ կարճ ու երկար տողերը եւ թեքստը հիմնականին մէջ էջին ստորին հատուածին կը տեղաբաշխէ՝ էջի վերին մասը պարապ ձգելով։ Այդպէս ալ անոնք տպուած են այս գիրքին մէջ։
Գիրքի տպագրութեան համար անհրաժեշտ միջոցը գտնուած է աւելի ուշ․ պարզ դարձած է, որ զայն պիտի հովանաւորէ ամերիկաբնակ բանաստեղծուհի Սոնա Վան։ Կողքը ձեւաւորած է նկարիչ Սարգիս Յովհաննիսեան, իսկ յառաջաբանի եւ բանաստեղծութիւններու դասական ուղղագրութիւնը վերանայած է Լաուրա Վիրաբեան։
*
ԳՈՀԱՐ ԳԱԼՍՏԵԱՆ․ ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ
(Յառաջաբան «Կաղանդի տոպրակներ»ու)
Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի գրականութիւնը անշփոթելի է՝ ոճի պարզութեամբ, անմիջականութեամբ, բառի ձգողականութեամբ, հումորի նրբերանգներով, գիւտերու առատութեամբ, անակնկալ հանգուցալուծումներով։ Զահրատի գրութիւններու գծանկարչական պատկերը իսկ միանգամայն ինքնատիպ է, եւ կէտադրական նշաններէն միայն գծիկը, հարցումի նշանն ու միջակէտ-բազմակէտը գործածող բանաստեղծը, երկար ու կարճ տողերու համակցութեամբ լիովին կը փոխանցէ իր ըսելիքը՝ չկաշկանդելով բառը իր ազատ տարերքին մէջ...
Բազում արժանիքներուն հետ մէկտեղ, Զահրատի բանաստեղծութիւնը աչքի կը զարնէ կերպարներու ու թեմաներու բազմազանութեամբ, որ մեծ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ թէ՛ ուսումնասիրողներուն, թէ՛ քերթողութեան իսկական սիրահարներուն՝ արուեստի կրքոտ հաւաքորդներու պէս, պատեհ առիթով ի մի բերելու ներքին կապերով իրարու շաղկապուած գանձերը, եւ անոնց ամբողջական պատկերի լիութեան առջեւ զմայլանքի անկրկնելի պահեր ապրելով՝ գիտակցելու, որ ահա այդ հարստութեան տէրն է ինք։
Այդպիսի զգացողութիւն կ՚ունենամ Զահրատի Կիկոյի շարունակական շարքերը ընթերցելու ժամանակ եւ այդ զգացողութիւնը կ՚առարկայանայ յատկապէս «Ծուռ նստինք Կիկօ խօսինք» (1994թ.) ժողովածուն ընթերցելու ատեն, կամ բանաստեղծին սիրելի կատուներու թեմայով՝ իր հեղինակային գծանկարներով, երկլեզու «Կատուներ» (2017թ.) հաւաքածուն ընթերցելու ժամանակ։ Ահա այդպիսին կը յաւակնի դառնալ նաեւ «Կաղանդի տոպրակներ» խորագրուած այս ժողովածուն, որ յատկապէս տարեմուտի օրերուն իւրայատուկ հմայքով, խորհրդածութեան ու բերկրանքի միաժամանակեայ պահեր կ՚ընձեռէ ընթերցողին՝ նոյն թեմայի շուրջ, ատոր հարազատ մթնոլորտին մէջ բանաստեղծին ընդհանրական խոհին ու պատկերին առընչուելով...
Երկրային 83 տարիներու ստեղծագործական զանազան փուլերուն Զահրատը նոր ապրումով ու արծարծումով, զանազան փիլիսոփայական խորքերով պատկերած է Կաղանդի տօնն ու արարողակարգը՝ սպասումներու ու երազանքներու, յաւերժութեան հանդէպ՝ անցողիկի եւ ունայնութեան, ծնծղաներու ու փայլերու խորքին մէջ ամէն անգամ պեղելով տարբերը եւ ուրախութեան զուգադիր՝ փոխանցելով մարդկային հոգիներու թախիծը, անիմանալի հոգսերու ու հնարաւոր փորձութիւններու տագնապը, միաժամանակ՝ տօնական խաղի ու առատութեան, մեծ սպասումներու մէջ հոգեւոր տարածքներ ընդարձակող սիրոյ երգեր հիւսելով...
«Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս»...
Զահրատի ծննդեան օրէն 100-րդ եւ ահաւասիկ՝ նոր ու բոլոր յաջորդ կաղանդներուն համար, անոր բառով ու անսահման բարութեամբ վերստին առնելու համար ի՛ր «եղեւինի» եւ բոլոր եղեւիններու բոյրը՝ բաւարար է, որ բանանք զահրատեան խօսքի պերճանքի եւ ժանեակներու, ձանձրոյթի ու սպասումներու, հաւատի փայլի ու փայլատակումներու այս գանձանակը, որպէսզի ամէն տարեմուտի, գալիքի հաւատով ու սիրով լեցուած՝ բանաստեղծին բառի կախարդանքի տուփէն մէկ գանձ մեզի համար զատելով՝ նուիրենք մէկզմէկու եւ ըսենք․«Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք»...
ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ
ԶԱՀՐԱՏ
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Եթէ գիտնամ
Թէ վերջընթեր Կաղանդին
Պիտի նուէրս ընդունիս
Ժպիտներուն ամենէն կոյս
Ամենէն լոյս
Եւ ամենէն երջանիկովն աղուորցած
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ սիրելիս
Նուէրներուն ամենէն կոյս
Ամենէն լոյս
Եւ ամենէն իշխանականը զատած
Եթէ գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս
Զոյգ ձեռքերըս սրտիս նման քո անունիդ երկարած
Հարիւր Կաղանդ ալ կը մնամ առանց քեզի սիրելիս
Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին
Ժպիտներուն ամենէն կոյս
Ամենէն լոյս
Եւ ամենէն երջանիկովն աղուորցած
Պիտի գաս
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ - սիրելիս
Գիտնամ միայն
Թէ անպայման
Կաղանդներուն ամենէն կոյս
Ամենէն լոյս
Եւ ամենէն երազային հարիւրերորդ Կաղանդին
Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ
Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանանք միասին
Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս
ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ
Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէն սոխակ կախեցէք
Ծառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսեր կախեցէք
Ծառէն ծաղիկ ու խաղալիկ
Ծառէն պերճանք ու զարդարանք
Ծառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ու երազանք կախեցէք
-Կից մը տուէք - թող փլի
Նոր ծառ մ՚առէք - ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
Ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
-Այդքան առատ արդէն ուրիշ ի՞նչ ունիք-
ԱՆՈՒՇԱՊՈՒՐ
Կաղանդ Պապա մը գար
Նուէրներ բերէր
Տար տար չհատնէր
Ծառ մը բարձրանար
Թիզ թիզ -օրէ օր-
Երկինք չհասնէր
Ինչ որ կեանք կ՚ըսենք
Անուշապուր մը ըլլար-ուտէինք-
Կեր կեր- չհատնէր։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան