ՆԵՐՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ
Ներելը երբեմն կը թուի ամենադժուարը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ ամենահզօրը․ որովհետեւ ներման ճանապարհը կը սկսի այնտեղէն, ուր մեր սիրտը կը համարձակի ընդունիլ, որ անցեալը այլեւս չի փոխուիր, բայց մենք՝ կրնանք։
Ներելը չի նշանակեր մոռնալ։ Ո՛չ ալ անարդարութիւնը արդարացնել։ Ներելը աւելի խոր երեւոյթ մըն է՝ մեր ներաշխարհի ծանրութիւնը դանդաղօրէն մարել, մեր հոգիին մէջ անընդհատ կրկնուող աղմուկը լռեցնել եւ մենք մեզի վերադարձնել։ Երբ կ՚ըսենք «կը ներեմ», այդ բառերը չեն ուղղուիր միայն ուրիշին. յաճախ, նախ եւ առաջ մեր սեփական ցաւին կ՚ուղղուին՝ զայն հանդարտեցնելու, ընդունելու եւ բուժելու համար։
Կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ ներողութիւնը կորուստի նշան է։ Կը կարծեն, թէ ներելը համարձակութեան պակաս է, թուլութիւն է, զիջում է։ Բայց տարիներու փորձառութիւնը մեզ կը սորվեցնէ, թէ երբ կը ներենք, իրականութիւնը այն է, որ վերջապէս կը դադրինք մեր ներսի վէրքը կրկին կրկին բանալէ։ Ներելը սիրտին դէմ դուռ մը փակել չէ, այլ բանալ նոր լուսամուտ մը՝ լոյս լեցուելու համար։
Եւ երբ կը լսեմ սրտիս խորերէն փսփսող ձայնը՝ «թողէ, հանգիստ ըրէ», կը գիտնամ, որ ներումը ուրիշներուն համար տրուած ընծայ մը չէ միայն։ Այն առաջին հերթին՝ ինծի համար է։ Իմ խաղաղութեան, իմ վերակառուցման, իմ ապագայ օրերուս։ Որովհետեւ երբ կ՚արձակենք միտքի ու սրտի մէջ պահուած ծանր գանգատները, երբ կը թողունք, որ անցեալին լարերը այլեւս չեն մաշեցներ մեզ՝ նոր տագնապներ ստեղծելով, մենք վերջապէս նիւթական ու աննիւթական շղթաներ կը կտրենք։
Կան ցաւեր, որոնց անուններն իսկ դժուար է կրկնել։ Ցաւեր, որոնք տարիներու ընթացքին լուռ կերպով նստած կը մնան հոգիին անկիւններուն մէջ, կը խաւարեն մեր աչքի լոյսը, կը ծանրացնեն մեր շնչառութիւնը։ Երբեմն այդ ցաւերը կը տանին մեզ տեղեր, ուր մենք տակաւին պատրաստ չենք մտնելու․ տեղեր, ուր լռութիւնը ամենաբարձր աղմուկն է, ուր առանց բառի կը լսենք մեր սրտէն ճաքած ձայնը։ Բայց որքան ալ սարսափելի թուին այդ վայրերը, այս ճշմարտութիւնը տարիներու ընթացքին քաղցրօրէն բացուեցաւ դիմացս․ ներման ճանապարհը միշտ այդ լռութենէն կը սկսի։
Ներելը չի ծնիր մէկ օրուան մէջ։ Ան դանդաղ, համբերատար ընթացք մըն է, ինչպէս ձիւնահալը, որ կը սկսի կաթիլներով, բայց վերջաւորութեան կը բանայ ամբողջ գարունը։ Այդ պատճառով է, որ ներումը գիտակցութիւն կը պահանջէ, ոչ թէ մոռացութիւն։ Երբ մենք կը փորձենք մոռնալ, սիրտը կը փորձէ խաբել ինքզինք, բայց երբ կը ներենք, կը դադրինք մենք մեզ խարդախեցնելէ։ Ներել՝ կը նշանակէ այլեւս չխաբել, այլ՝ ընդունիլ, որ ցաւը եղած է, բայց այլեւս պիտի չղեկավարէ մեր երթը։
Կան մարդիկ, որոնց բառերը կը խոցեն աւելի խոր՝ քան դանակը․ եւ կան մարդիկ, որոնց լռութիւնը աւելի ծանր է, քան հրահանգը։ Երբեմն մարդիկ մեզ կը վիճարկեն, կը դատեն, կը վիրաւորեն, որովհետեւ իրենք ալ իրենց ներսիդին անկումի եզրին կը կանգնին։ Ներումը ուրիշը արդարացնելու փորձ մը չէ, այլ՝ մարդկային խոցելիութեան ընդունում։ Ան մեր իսկ հոգեկան հասունութեան նշանն է։
Տարիներ առաջ ես կը գրէի օրագրիս մէջ․
«Ինչպէս ներման դուռը բանանք, երբ սիրտը փակ պատուհան ունի»։
Այսօր աւելի լաւ կը հասկնամ, որ սիրտը միշտ ալ պատուհան մը ունի, բայց երբ մենք ցաւին կը նայինք աչքէ մը, կը կարծենք այդ պատուհանը պատ է։ Ներողները անպայման պատուհան մը կը գտնեն՝ նոյնիսկ ամայութեան ու կործանման մէջ։
Եւ ինչո՞ւ։
Որովհետեւ ներողները գիտեն, որ սրտին մէջ փակուած ցասումը մեզ կ՚ուտէ աւելի արագ, քան որեւէ վիրաւորանք։ Ոեւէ մէկը կրնանք ներել վայրկեանի մը ընթացքին, բայց մենք մեզ կը նեղենք նոյնիսկ տարիներ վերջ, եթէ այդ վայրկեանին կապուած կը մնանք։ Սա հասկնալը լոյս է։ Այդ գիտակցութիւնը կտրիչ է, որ կը բաժնէ մեզ անցեալի վիշտէն։
Կը տեսնեմ հիմա, որ ներումը կեանքի ամենազօր ուժերէն մէկն է. այնպիսի ուժ, որ ո՛չ մէկ բանակ, ո՛չ մէկ իշխանութիւն, ո՛չ մէկ թշնամութիւն կրնայ կոտրել։ Որովհետեւ ներող մարդը ազատ է։ Ան չի քաշեր ետի՝ անցեալի ծանր պարկերը։ Չի խեղդուիր վրիժառութեան մառախուղին մէջ։ Չի գոհանար ուրիշին վիշտէն։
Ներող մարդը կը քալէ՝ թեթեւ, բայց աւելի մեծ։
Կ՚արթննայ առաւօտներուն՝ աւելի պարզ, բայց աւելի խորունկ։
Կ՚ըսէ «լաւ եմ» եւ իսկապէս լաւ է։
Ներումը յուսալքուած հոգիին մէջ բոյս մը է. փոքր կը ծլի, բայց ժամանակի ընթացքին կը ծաղկի ու կը դառնայ խաղաղութեան ծառ։ Եւ այդ ծառին տակ մենք կը կարողանանք նստիլ առանց վախի, առանց ցաւի, առանց երկմտանքի։ Կը նստինք եւ կը գիտակցինք, որ մենք ապրիլ սորվեցանք։
Ապրիլ՝ առանց ծանրութեան, առանց թշնամանքի, առանց անցեալի մշուշին մէջ պտտելու։
Եւ այն է ամենէն գեղեցիկ պահը, երբ կը հասկնանք, որ ներելը երբեք չէր նշանակեր ուրիշը ազատել… այլ՝ կը նշանակէր ազատել մենք մեզ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ