ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՄԱՐԴԸ - ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ՅՈՒՇ-ՔԱՆԴԱԿԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԸ
Հայ գրող, բանաստեղծ, արձակագիր, արուեստաբան, գրականագէտ Կոստան Զարեանի (Կոստանդին Եղիազարեանց) անունը Հայաստանի մէջ կրկին կը լսուի։
Ընթացիկ շաբաթը զարեանական շաբաթ յայտարարուած է։ «Արարատեան մարդը» խորագրով ցուցահանդէսով բացուեցաւ հայ ամենաբեղուն գրողներէն մէկուն նուիրուած շաբաթը եւ կատարուեցաւ անոր յուշ-քանդակի քաղաքային ցուցադրութիւնը՝ Երեւանի սիրտին վրայ։
«Արարատեան մարդը» խորագիրը շրջանառութեան դրուեցաւ տակաւին անցեալ տարի՝ Կոստան Զարեանի ծննդեան 140-ամեակնի առթիւ, եւ մէկ տարուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներով (տեսաժապաւէնի ցուցադրութիւն, երաժշտական երեկոյ, բանախօսութիւն եւ այլն) ոգեկոչուեցաւ գրողը, յիշուեցան անոր գիրքերը, անցած ճանապարհը, արժեւորուեցաւ հայ գրականութեան մէջ ունեցած դերը։
Յատկանշական է, որ Երեւանի մեթրոյին մէջ յոբելենական տարուան ընթացքին նկարազարդումներու միջոցով ցուցադրուած է նաեւ Կոստան Զարեանի կեանքը։ այդ նկարազարդումները ներկայացուած են նաեւ զանազան դպրոցներէ ներս։ «Արարատեան մարդը» խորագիրը առնուած է Կոստան Զարեանի գրական բնորոշումներէն․ անոր համար կային մարդու տեսակներ՝ Միջերկրականեան, Արարատեան եւ այլն։ Զարեան, վստահաբար, նախընտրած էր Արարատեա՛ն մարդու տեսակը։
Զարեանին նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպումը ստանձնած է «Կողբ» հիմնադրամը, որու հովանաւորութեամբ ալ նկարահանուած է «Արարատեան մարդը» տասը մասէ կազմուած ժապաւէններուն շարքը՝ Կոստան Զարեանի կերպարը ամբողջովին այդ տեսաշարին մէջ ամփոփուած։
Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ապրած, ստեղծագործած, կեանքի եւ արուեստի հարուստ եւ հետաքրքրական ճանապարհ անցած Զարեան տակաւին ամբողջապէս բացայայտուած չէ, իսկ «Կողբ» հիմնադրամը, վերջին տարիներուն ստանձնելով գրողին հանրահռչակումը, կը շարունակէ ձեռնարկները։
Զարեանի տարեդարձը սովորաբար միշտ նշուած է փետրուարի 2-ին, սակայն «Կողբ» հիմնադրամը եւ իր շուրջ հաւաքուած մասնագէտները զանազան փաստերու հիման վրայ քննած են այդ թուականը եւ պարզած, որ գրողի տարեդարձին օրը փետրուարի 8-ն է։
Այս տարի՝ փետրուարի 8-ին «Հենրիկ Իգիթեան» կեդրոնին մէջ բացուած «Արարատեան մարդը» ցուցահանդէսով արուեստասէրները բացայայտեցին Կոստան Զարեանը, իբրեւ նկարիչ, նաեւ զարմանալով, որ մեր ամենաշատ գրած գրողներէն մէկը նաեւ նկարած է։ Զարեանի կատարած գծանկարներուն, ճեպանկարներուն կողքին ցուցադրուած է նաեւ իր դիմանկարը՝ ստեղծուած Մինասի վրձինով, ինչպէս նաեւ՝ Սարեանի աշխատանքը, ցուցասրահի մէջ են Կոստան Զարեանի գրամեքենան, այլ վաւերագիրներ։
Նոյն կեդրոնին առջեւ է դրուած Զարեանի արձանը, որուն տեղադրումը առայժմ ժամանակաւոր բնոյթ ունի․ հեղինակներն ու քաղաքային իշխանութիւնները այս նախնական զետեղումով պիտի փորձեն հասկնալ՝ արձանը պիտի դառնա՞յ տարածքի եւ առհասարակ՝ Երեւանի «բնակիչ», քաղաքացիներն ու անցորդները պիտի սիրե՞ն զայն․․․ Եթէ այո՛, ապա Երեւանը կը հարստանայ եւս մէկ քանդակով։ Առայժմ քանդակը քննադատութեան չէ արժանացած եւ նկատի ունենալով, որ հեղինակն ալ տաղանդաւոր արձանագործ Մկրտիչ Մազմանեանն է, ապա Զարեանի այս քարէ յուշը՝ կը սպասուի, որ դառնայ Աբովեան փողոցի մէկ մասը։ Ի դէպ, իր կենդանութեան օրօք Աբովեանի վրայ ալ բնակած է գրողը, անշուշտ, բաւական դեգերումներէ ետք։ Յուսանք, որ անոր արձանը չ՚արժանանար նոյն ճակատագրին․․․
Արձանագործ Մկրտիչ Մազմանեան ինքզինք երջանիկ կը զգայ, որ տեսած է Կոստան Զարեանը Երեւանի մէջ, 1960-ականներուն շփուած է անոր հետ՝ մեր միւս մեծերու կարգին, եւ առաւել երջանիկ է, որ ի՛նքն է անոր քաղաքային քանդակին հեղինակը։ Մազմանեան կը խնդրէ իր ստեղծագործութիւնը չդիտել իբրեւ քանդակ, այլ՝ իբրեւ յուշ՝ նուիրուած տաղանդաւոր գրողին։
Զարեանական առաջին օրը նաեւ համերգ մը տեղի ունեցաւ․ «Հովեր» երգչախումբը հայ հեղինակներու աշխատանքներէն երգեց, այդ կարգին՝ Տիգրան Մանսուրեանի այն ստեղծագործութիւնները, որոնք գրուած են Կոստան Զարեանի քերթուածներու հիման վրայ։
Յառաջիկայ օրերուն սփիւռքագէտ, արուեստաբան Արծուի Բախչինեան պիտի ներկայացնէ Կոստան Զարեանի օտարալեզու ժառանգութիւնը, իսկ գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան՝ «Կոստան Զարեանի քերթողութեան մենութիւնը» նիւթով բանախօսութիւնը։
Այս շաբթուան ընթացքին տեղի կ՚ունենայ նաեւ «Կոստան Զարեանը՝ երեխաներու աչքերով» աշխատարանը։ Երեխաներ, «Արարատեան մարդը» ցուցահանդէսէն ներշնչուած, կը փորագրեն եւ կը տպագրեն պատկերներ՝ տուն տանելով իրենց ստեղծած աշխատանքները։ Աշխատարանը պիտի վարէ նկարիչ Սարգիս Յովհաննիսեան, որն ալ «Արարատեան մարդը» ցուցահանդէսի համադրողն է։ Յատկանշական է, որ «Արարատեան մարդը» ցուցահանդէսին ձեւով մը ներկայացուած է նաեւ Կոստան Զարեանի ընտանիքը։ Բացի բազմազան լուսանկարներէն, ցուցադրուած են Կոստան Զարեանի դստեր՝ Նուարդ Զարեանի աշխատանքներէն։
Նուարդ միակ դուստրն է գրող Կոստան Զարեանի եւ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանի: Երիտասարդ տարիքին ան արդէն ունեցած էր նկարչական ցայտուն ընդունակութիւններ. նկարչական հետաքրքրութիւնները սկիզբ առած են տասնեօթ տարեկանին։ Ան ստացած է եւրոպական տարրական կրթութիւն, ուսանած է Միլանօ, Վենետիկ։ Քանդակագործ Ատոլֆ Վիլթի խորհուրդով ձգած է նկարչութիւնը եւ զբաղած՝ քանդակագործութեամբ։ Ուսանած է Հռոմի Գեղարուեստից ակադեմիոյ մէջ, ուր աշակերտած է քանդակագործ Անճելօ Սանելլիին։ 1935-1940 թուականներուն ուսանած է Վենետիկի Գեղարուեստից ակադեմիոյ մէջ, ուր ալ աշակերտած է նկարիչ Պրունօ Սայերիին։ Սնած արուեստասէր շրջանակի մէջ, յաճախ ընկերացած է դաշնակահարուհի մօր եւ գրագէտ հօր անոնց ճամբորդութիւններուն՝ դէպի Եւրոպայի բազմաթիւ մայրաքաղաքներ։
1936 թուականին իտալական կառավարութիւնը Նուարդ Զարեանին կը յատկացնէ օտարազգի ուսանողներուն համար սահմանուած կրթաթոշակ։ 1965 թուականէն սկսեալ ան դասաւանդած է Հռոմի Գեղարուեստից լիսէին մէջ։ Մասնակցած է նշանաւոր ցուցահանդէսներու, արժանանալով ջերմ գնահատանքի ու խլելով մրցանակներ՝ որպէս յառաջատար կին քանդակագործ։
Իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը Նուարդ Զարեան բացած է 1946 թուականին՝ «Cortile» պատկերասրահին մէջ, երկրորդը՝ 1950 թուականին «Galleria dello Zodiaco» ցուցասրահէն ներս, ուր ներկայացուած էին տասնութ քանդակ, փայտագրութիւն եւ գծանկար։ Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Քոփենհակի, Հռոմի, Վիեննայի, Օսլոյի, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ։
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Նուարդ Զարեան գործուն մասնակցութիւն ունեցած է իտալական Դիմադրութեան շարժումին։ Իր ամուսինը, որ նոյնպէս քանդակագործ էր, զինուորագրուած ու պատերազմի մեկնած է։
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք անոր գործերը կ՚ընդունուին «Accademia di Belle Arti»ի մէջ, ուր միեւնոյն ժամանակ ան կը հրաւիրուի դասախօսական աշխատանքի։
1950 թուականին Իտալիոյ կառավարութիւնը մեծ մրցոյթ մը յայտարարած է Հռոմի Նոր կայարանի գեղարուեստական ձեւաւորման համար։
Իտալացի խումբ մը նշանաւոր արուեստագէտներու կարգին այդ մրցոյթին մասնակցած է նաեւ Նուարդ Զարեան ու շահած է առաջին մրցանակը՝ կայարանի պատերուն խճանկար կատարելու համար։
Խորհրդային տարիներուն Նուարդ Զարեան կապ ունեցած է Հայաստանի հետ։ 1964 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է անոր անհատական ցուցահանդէսը եւ ան քսանհինգ գործ նուիրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին։ Իտալաբնակ քանդակագործուհիի երկրորդ ցուցահանդէսը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է 1970 թուականին։ Տարիներ անց ան հրաւիրուած է հայրենիք՝ աշխատելու Հայաստանը ներկայացնող «Մայրութիւն» մեծածաւալ ստեղծագործութեան վրայ։ Գլխաւոր պողոտային վրայ տեղադրուելիք քանդակի քարը ինք ընտրած է, բայց տեղադրման ներկայ չէ եղած։ Յետագային տեղեկացած է, որ քանդակը չէ զետեղուած։ Իր եղբօր՝ Արմէն Զարեանի մտայղացմամբ Երեւանի Գլխաւոր պողոտային վրայ տեղադրուած պէտք է ըլլային Նուարդ Զարեան-Չիմարայի քանդակագործի արձանները։ Սակայն այդ մէկը իրականութիւն չդարձաւ։
«Արարատեան մարդը» ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ Կոստան Զարեանի որդիին՝ ճարտարապետ Արմէն Զարեանի ճարտարապետական նախագիծերէն։
Կոստան Զարեանի վերադարձը Երեւանի կեդրոն՝ ցուցահանդէսով, երաժշտութեամբ եւ յուշ-քանդակով, յիշեցում մըն է, որ նաեւ մեր մեծերով քաղաքը պիտի սկսի վերջապէս վերագտնել իր յիշողութիւնը։ Իսկ հայ մշակոյթը կը շարունակէ շնչել, երբ կը համարձակինք մեր մեծերը նորովի ընթերցել եւ ընդունիլ։
ՀԱՅՈՒՆ ՅՒՍՈՒՍԸ
․․․Ցաւով ըսենք՝ Հայ Հոգւոյն մէջ տուայտանք չկայ:
Այս ժողովուրդը, որ ապրած է հարիւր հազար Գողգոթաներ հարիւր հազար Յիսուսներու, այս ժողովուրդը ապրած չէ երբեք ներքին, բարոյական Գողգոթա մը: Ուշագրաւ է կրօնական տագնապներու փնտռումներու պակասը մեր մէջ. ուշագրաւ է նաեւ պակասը առաքելութեան եւ արիականութեան գիտակցութեան:
Հոն, ուր չկայ հոգեկան խորին կեանք, մտածումներ ու բուռն պայքար, անիծեալ հարցերու անխուսափելի մրճահարումը՝ հոն արուեստ չի կրնար ըլլալ:
Արուեստը միսթիք արիւնի հրճուանքն է. հրճուանքն է նաեւ բախտաւոր տեսիլքներու (Gaudium felicissimoe visionis):
Վէրքերուն սրտին մէջ անհրաժեշտօրէն պիտի ծնի նշանաբանը, թէ չէ՝ անէութիւնը կը կլանէ զմեզ:
Ձիւնը եւ Արիւնը ստեղծագործութեան կեդրոնն իսկ են, վասնզի առաջինը՝ նշանաբանն է անարատութեան, իսկ երկրորդը՝ նշանաբանն է զգայավառութեան գինիին:
Յիսուս մանուկ էր եւ ձիւն, եւ զգայավառութիւն (extase) էր ան, վասնզի կը թրթռար հրկիզուած ծաղիկի թերթի մը նման:
Եւ ահա ինչո՛ւ համար զայն պէտք է դասաւորել ամենամեծ արուեստագէտներու շարքին մէջ:
Բարոյագէտները, փիլիսոփաները, ընկերաբանները դիւրին կերպով կարող են ըմբռնել Սուրբ Պօղոսը, օրինակի համար, բայց Յիսուսը՝ երբեք: Զայն կարելի է հասկնալ միմիայն գեղագիտական համակրանքով, արուեստագէտին յատուկ թափանցումով: Անոր յղացումը բանաստեղծական է. ան գոյն է, երաժշտութիւն, գիծեր:
Արուեստ է ան:
Ուշագրաւ է, որ այն ժողովուրդները, որ կը սիրեն եւ կը տեսնեն Յիսուսը, կը զարդարեն զայն: Անոր վէրքերը թանկագին քարերով կը փայլեցնեն եւ իր չարչարուած մարմինը կը փաթթեն ոսկեզօծ նկարներով յեռուած, գոյնզգոյն կտաւներու մէջ:
Եւ Յիսուս, հակառակ տաժանակիր չարչարանքներուն, զորս ապրած է, կը ներկայանայ այս ժողովուրդներուն իբրեւ բերկրանք, ոչ թէ իբրեւ մարտիրոս, այլ իբրեւ ստեղծագործ եւ արուեստագէտ:
***
Յիսուսի հարցը մտերմօրէն կապուած է հայազգի մտաւորական եւ հոգեկան ապագայ կեանքի բախտին հետ:
Համարը տանք այն արժէքներուն, զորս ունինք եւ միեւնոյն ժամանակ առանց նկատի առնելով խղճուկ խորհրդածութիւնները, դիւցազնական ճիգով մը գիտակցութիւնը ունենանք այն դատարկութեանը, որ կը շրջապատէ զմեզ եւ կը լեցնէ մեր հոգիները:
Արդարեւ, ստրկացած, մեռած բան մը կայ Հայ Հոգւոյն մէջ, որուն դէմ պարտաւոր ենք պայքարիլ:
Յիսուսը զոր դարերէ ի վեր ընդունած ենք կարծես ձեւի համար՝ գոյութիւն չունի ո՛չ մեր արուեստի մէջ, ո՛չ մեր գրականութեան, ո՛չ ժողովուրդին հաւատքին մէջ: Յիսուսը իբրեւ հայ՝ իբրեւ պատկեր, իբրեւ աստուած, որ կ՚ապրի, գոյութիւն չունի:
Ուստի, որպէսզի ապրինք կենդանի կեանքով, հարկ է կա՛մ վերաստեղծել զայն՝ նորէն ապրելով իր անձնական, ներքին պայքարը՝ արիական իտէալին հասնելու համար, կա՛մ պէտք է մարտնչիլ անոր դէմ, տապալել զայն, ստեղծելու համար նոր պատկերը մեր նոր հոգիին:
Վերադառնալ «հին աստուածներուն», ինչպէս ոմանք տգիտօրէն կը խորհին, ըսել է մնալ առանց ոչինչի, վասնզի անոնք իրաւամբ հին են եւ մեռած: «Վերադառնալ» բառն իսկ մտային ծուլութեան նշան է:
Ապրիլ այն հոգեկան աղքատութեան մէջ ինչպէս մենք կ՚ապրինք, կը նշանակէ ոճրագործել մեզի դէմ, եւ տիեզերական խորհուրդին դէմ: Ժողովուրդ մը, որ բարոյապէս չի նորոգուիր, նոր արժէքներ չի ստեղծեր, դատապարտուած է եթէ ոչ մեռնելու, գոնէ ապրելու ամօթալի, դիակի կեանքով մը:
Ես կը հաւատամ, որ այն մտաւորական ազնուականութիւնը, որ նոր կը ծնի, հայկական նոր արիւն մը ունի իր մէջ՝ հրդեհաշունչ եւ զգայավառ:
Կը հաւատամ, որ շատ շուտով, նոր արուեստ որոնելու ուղիին մէջ, ան պիտի հանդիպի կնճռոտ, բայց անհրաժեշտ կրօնական հարցերուն եւ իր վերածնութեան տաճարի մէջ պիտի ընդունի աստուած մը, որ կ՚ապրի եւ կը մղէ ստեղծելու:
Յիսուսը զոր կը սիրեմ, թող ներէ ինծի: Չէի ուզեր զայն տեսնել գունատ եւ աղքատ, ինչպէս կը ներկայնայ մեզի: Գիտեմ, որ ան պիտի նախընտրէր երկրորդ Գողգոթա մը, քան թէ այն անգոյն կեանքը, զոր կը վարէ Հայ հոգւոյն մէջ:
Ես կը զգամ՝ Յիսուս Նազովրեցին կ՚արդարացնէ զիս:
ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ
(Հատուած)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան