ԿՏԱՒՆ ՈՒ ԿԵՐՊԱՍԸ
Երեւանը արդէն դասուած է նորաձեւութեան շաբաթ հիւրընկալող քաղաքներու կարգին։
Երրորդ տարին ըլլալով Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթը այս տարի նոյնպէս համախմբեց հայ եւ օտար նորաձեւագէտներ, ասպարէզի մասնագէտներ, ազդեցիկ հիւրեր եւ արուեստի ու նորաձեւութեան սիրահարներ։
Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ նորաձեւութեան շաբաթը, որ չմնաց միայն ցուցադրութեան սահմաններուն մէջ, այլեւ դարձաւ կամուրջ՝ նորաձեւութեան եւ արուեստի միջեւ, միաժամանակ հայկական ձեռագիրը խառնուեցաւ համաշխարհային շունչին։
Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթը իր բովանդակութեամբ բացայայտեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Հայաստանը ներկայացնել պատմութեան էջերէն դուրս՝ նորարար աշխարհի բեմին վրայ։ Բոլոր մասնակից ձեւագէտները համարձակ կերպով փորձեր կատարած էին, համադրած էին հինն ու նորը։ Արդիւնքը՝ բազմաշերտ պատկեր մը՝ երկար յիշուող եւ տպաւորիչ։
Նորաձեւութեան այս շաբթուայ կազմակերպիչներն ու աջակիցները՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանը, «Մշակոյթի զարգացման» հիմնադրամը եւ Հայաստանի նորաձեւութեան պալատը յաջողած են ստեղծել հարթակ մը, ուր հագուստ ձեւաւորողներու երազանքները կը հիւսուին արարման եւ ոգեշնչման նուրբ թելերով։
Մէկ շաբաթուայ ընթացքին բեմերու կողքին լուսանկարիչներ ու թղթակիցներ կային՝ «Vogue», «Elle», «Harper՚s Bazaar», «White Milano» եւ այլ միջազգային պարբերականներէ, որոնք իրենց ներկայութեամբ վկայեցին, թէ հայկական նորաձեւութիւնը այլեւս տեսանելի է միջազգային քարտէսին վրայ։
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՄԷԿ ԱՄՍՈՒԱՅ ՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Շաբթուայ ընթացքին նորագոյն հաւաքածոներու ցուցադրութիւններու, արուեստի ելոյթներու, մասնագիտական քննարկումներու կողքին ամենայատկանշական ձեռնարկը դարձաւ «Կերպի ձեւը» խորագրեալ ցուցահանդէսը՝ բացուած միաժամանակ Երեւանի չորս զանազան ցուցասրահներու եւ թանգարաններու մէջ․ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական արհեստներու թանգարանին, Սերկէյ Փարաճանովի եւ Ռուսական արուեստի թանգարաններուն մէջ նորաձեւութեան ցուցահանդէսները բաց պիտի մնան ամիս մը՝ մինչեւ նոյեմբերի 24-ը։
Ցուցահանդէսներէն խոշորը եւ յատկանշականը «Կերպի ձեւը. երկխօսութիւն արուեստի եւ նորաձեւութեան միջեւ» խորագրով, կը գործէ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս՝ խորհրդանշական միջավայրի մը մէջ, ուր նորաձեւութիւնը բառացիօրէն ձուլուած է գեղարուեստին հետ։
Շուրջ երեսուն հայ ձեւագէտներ՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, այս անգամ իրենց ներշնչումը գտած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ պահուող կարգ մը գլուխ գործոցներէ։ Անոնք, իբրեւ ժամանակակից արարողներ, ոգեշնչուած են Սարեանի պայծառ գունաշխարհէն, Քոչարի կուռ կառուցուածքային ձեւերէն, Սուրէնեանցի մանրակրկիտ նրբութենէն, Այվազովսքիի գծած ծովու եւ լոյսի խաղերէն, ինչպէս նաեւ ուրիշ մեծ վարպետներու՝ Գառզուի, Ժանսեմի եւ այլոց անմահ գիծերէն։
Ձեւագէտներէն ամէն մէկը փորձած էր հանել կտաւներուն խորքերէն այն թաքնուած երանգը, որ կը միացնէ հին եւ նոր ժամանակները։
Վերցուցած էին գոյներ, ձեւեր, շարժումներ, նոյնիսկ՝ խորհրդանիշներ ու զանոնք վերածած էին հագուստի լեզուի։ Ցուցադրութիւնը Ազգային պատկերասրահի տեսողական ժառանգութեան նորովի մեկնաբանութիւն մըն է, սակայն, ցոյց կու տայ, որ ստեղծագործական աւիւնը յաճախ կրնայ հոսիլ նոյն երակով։
Այս ծրագրի նպատակն է թանգարանային միջավայրին մէջ նորաձեւութեան եւ արուեստի համադրութեան միջոցով ստեղծել նոր գեղարուեստական հարթակ՝ մէկ կողմէ ներկայացնելով թանգարանային հարուստ հաւաքածոն, միւս կողմէ՝ հայ ժամանակակից ձեւագէտները, զանոնք նոյնպէս դիտելով իբրեւ արուեստագէտներ։
Բնորդները՝ մարդակերպ ձեւընկալ մարմինները, զարդարուած այդ եզակի հագուստներով, դրուած են նոյն այն նկարներուն քով, որոնցմէ ծնած է հագուստին գաղափարը։ Այսպիսով, պատկերն ու հագուստը կը զրուցեն միմեանց հետ՝ մէկը որպէս ոգեշնչման աղբիւր, միւսը՝ կենդանի շարունակութիւն։
Այս ցուցահանդէսը իսկապէս շքեղութեան տօն մըն է, որ ամէն օր տասնեակ այցելուներ կը ներգրաւէ։
Պատկերասրահին լուռ սրահները լեցուած են շարժումով, գիւտերով, գիծերն ու գոյները, որոնք առաջ միայն կտաւներու վրայ կ՚ապրէին, այժմ կը խաղան կերպասներուն մէջ։
Նորաձեւութեան լեզուն այս անգամ դարձած էր անսահման մեկնաբանութիւն. իւրաքանչիւր զգեստ պատմութիւն մըն է՝ գեղանկարիչի հոգիէն բխած եւ արտացոլուած ձեւագէտի հայեացքին մէջ։ Այդ փոխազդեցութեան մէջ կը տեսնենք անակնկալներ, պատկերներ, որոնք զարմանալի կերպով աննկատ էին կտաւին վրայ, ձեւագէտները շեշտած էին զանոնք հագուստին վրայ։
Նմանատիպ ցուցադրութիւններ կան նաեւ միւս երեք թանգարաններուն մէջ։ Ժողովրդական արուեստի թանգարանը, օրինակ, իր հաւաքածոյէն հանած է շղարշէ, ձեռագործ հին զգեստներ եւ զանոնք համադրած ժամանակակից ձեւագէտներու նորագոյն հագուստներուն հետ։
Այս երկխօսութիւնը, իր էութեամբ, կը վերարժեւորէ նաեւ թանգարաններուն դերը, զանոնք վերածելով ոչ թէ լռութեան ու պահպանման վայրերու, այլ կենդանի ստեղծագործական միջավայրի։
Այցելուները որոշ պարագաներու տարակուսանքով կը մտնեն ցուցասրահները՝ մտածելով, թէ արդեօք նորաձեւութիւնը այս վայրերուն համահո՞ւնչ է․․․ Պատասխանը անոնց հիացական աչքերուն մէջ կը կարդացուի։
ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ
Ուշագրաւ են արուեստագէտ եւ նորաձեւագէտ Արմէն Երիցեանի աշխատանքները։ Ազգային պատկերասրահին մէջ տաղանդաւոր արուեստագէտը ներկայացուցած է երեք զգեստային պատմութիւն՝ իբրեւ կենդանի մեկնութիւն հայ վարպետներու կտաւներուն։
Անոր առաջին գործը ներշնչուած է հայ մանրանկարիչ Յակոբ Յովնաթանեանի գծած դիմանկարային աշխարհէն, որ Թիֆլիզի հայ տղամարդոց կերպարները կը պատկերէ՝ դասական հագուստով, դարաւոր արժանապատուութեամբ։ 19-րդ դարու գեղագիտութեամբ պարուրուած՝ Արմէն Երիցեան հարազատ կերպով փոխանցած է այդ դարու ոգին։ Մետաքսը, թաւիշը, արծաթեայ զարդերը, փայլուն կոճակները գերիշխող էին այդ ժամանակ, իսկ ան ցոյց տուած է, որ այսօր ալ անոնք կրնան ժամանակակից ըլլալ, քանի որ գեղեցիկը, ընդհանրապէս, միշտ ալ ժամանակակից է։ Ձեւագէտը տղամարդու տարազին վրայ նաեւ արծաթեայ գօտի աւելցուցած է եւ շղթայով կրծքազարդ․ այդ բոլորը այսօր կրկին կը վերադառնան նորաձեւութիւն։
Արմէն Երիցեանի ստեղծած երկրորդ զգեստը՝ սեւ թաւիշով եւ վառ կարմիր-կանաչ շեշտերով, ներշնչուած է նկարիչ Սուրէն Ստեփանեանի «Իմ հեքիաթը» կտաւէն եւ Մարտիրոս Սարեանի ծաղիկներէն։ Զգեստին գլխարկը կազմուած է հին, կլոր ձայնապնակներով, որոնք ճկելով եւ ներկելով՝ կակաչի տեսք ստացած է․ շատ բնութագրական՝ սեւ թաւշեայ զգեստին։
Երիցեանի երրորդ գործը նուիրուած է Նոյեան պատմութեան խորհրդանշական եւ սրբազան լերան՝ Արարատին։ Ձեւագէտը Այվազովսքիի «Նոյը կ՚իջնէ Արարատէն» կտաւը վերածած է զգեստի՝ հնագոյն ձեռնոցներ համադրած է, գօտկատեղը ասեղնագործած է կենդանիներով, իսկ տարազի կուրծքին Նոյեան աղաւնիի տեսքով նախշ դրած է։ Համամարդկային նշանակութեամբ, միաժամանակ հայկական ոգիով այս գործը բազում շնորհաւորանքներ եւ քաջալերանքներ բերաւ արուեստագէտին։ Արմէն Երիցեան երկար տարիներ աշխատած է Մոսկուայի մէջ, բազմաթիւ նշանաւոր մարդոց համար հագուստ, կօշիկ, գլխարկ եւ այլ իրեր ձեւաւորած է, վերջին տարիներուն ան կը բնակի Հայաստան, կը ստեղծագործէ հայրենիքին մէջ եւ Հայաստանի բարձրաշխարհիկ անցուդարձերուն սպասուած անձ մըն է՝ իր վառ կերպարով, ձեռագործ հագուստներով եւ գեղեցիկի հանդէպ սիրով։ Արմէն Երիցեան նաեւ իր ձեռքով ձեւաւորած եւ նկարազարդած է Լոռիի իր հայրենի գիւղական տունն ու բակը, որ զբօսաշրջիկներու սիրելի վայր դարձած է, ինչպէս նաեւ Երեւանի Թումանեան փողոցին վրայ իր բնակած շէնքը նոյնպէս ներկած եւ նկարազարդած է ժամանակակից ոճով՝ կրկին անցորդներու ուշադրութիւնը գրաւելով։
Հայաստանցի երիտասարդ ձեւագէտ Վահան Խաչատրեան «Կերպի ձեւը» ցուցադրութեան ներկայացուցած է աշխատանք մը, որ այցելուները կը փոխադրէ հայկական միջնադար։ Մեկնաբանելով Թորոս Ռոսլինի մանրանկարներուն գունաւոր աշխարհը՝ ան ստեղծած է թիկնոց մը, որուն վրայ միջնադարեան խորհրդապատկերները կը վերապրին նոր ձեւով։ Հագուստը կարուած է Սպանիոյ մէջ, բայց զարդարուած՝ Դիլիջան, հայ արհեստաւոր կիներու ձեռքերով, որոնց աշխատանքին մէջ կը զգացուի ջերմութիւն եւ հոգեհարազատ շունչ։
Վահան Խաչատրեան իր անունով ապրանքանիշը հիմնած է 2013-ին։ Զայն կը նկատուի Հայաստանի բարձր նորաձեւութեան այն հազուագիւտ ապրանքանիշերէն մէկը, որ կը գործակցի Եւրոպայի ամենաբարձրորակ գործուածքներ արտադրող ընկերութիւններու հետ եւ ներկայ է հագուստի բազմաթիւ հեղինակաւոր կրպակներու մէջ։ Վահան Խաչատրեան մեծ տեղ կու տայ ձեռքի աշխատանքին՝ այն նուրբ հպումին, որ մարդկային ջերմութիւնը կը փոխադրէ գործուածքին վրայ՝ տալով անոր ոգի եւ անհատական շունչ։
Նոյն ցուցադրութեան մէջ հայաստանաբնակ Արեւիկ Սիմոնեան իր ստեղծագործած հագուստով շեշտած է քրիստոնէական խորհրդանիշներ՝ ներշնչուելով խաղաղութեան ու ներքին լոյսի գաղափարէն։ Արեւիկ Սիմոնեան իր անուան եւ մականուան տառերը շրջելով հիմնած է KIVERA NAYNOMIS ապրանքանիշը․ 2005-ին ան առաջին անգամ ներկայացուցած է իր հաւաքածոն եւ ատկէ ետք յաճախ կը մասնակցի նորաձեւութեան ցուցադրութիւններու։ Իր ապրանքանիշը ծանօթ է գիծով մը, որ կը շեշտէ կանացի նրբութիւնը, շքեղութիւնը եւ համարձակ արտայայտչականութիւնը։
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթուայ ամենաքննարկուած եւ ուշագրաւ ներկայացումներէն մէկը եղաւ հայրենի ձեւագէտ Մանուկ Ալեքսանեանի հաւաքածոն։ Նորաձեւութեան այսօրուայ յորձանքներու փոփոխութեան մէջ անոր հաւաքածոն առանձնացաւ անսովոր մօտեցումով, հասարակական խնդիրներու հանդէպ զգայունութեամբ եւ համաշխարհային ջերմացման նիւթին ուղղուած խորհրդանշական ուղերձներով։ Ալեքսանեան կրկին յաջողեցաւ գրաւել մասնագիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը՝ իր համարձակ ու ոչ-սովորական ստեղծագործական լուծումներով զատուելով իբրեւ երիտասարդ ձայն մը, որ կը խօսի նորաձեւութեան լեզուով, բայց՝ գաղափարական խորքով։ «Կերպի ձեւը» ցուցահանդէսին Մանուկ Ալեքսանեան նոյնպէս ակնառու գործեր ներկայացուցած էր՝ ոգեշնչուած հայ մեծանուն նկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի գործերէն։
Ձեւագէտ Ռուզաննա Վարդանեան ազդուած էր Ժանսեմի գործերէն, պատրաստելով զգեստներ, որոնցմէ մէկը կերպասի մնացորդ կտորուանքներէ ստեղծուած զգեստ մըն է․ այդ կերպարը ան տեսած է Ժանսեմի գեղանկարչութեան մէջ՝ թախծոտ պատմութիւն մը, որուն ջանացած է գեղեցիկ ու գունեղ շունչ հաղորդել։
ԳՐԻԳՈՐ ՃԱՊՈՏԵԱՆ՝ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՀԻՒՐ
Ցուցահանդէսին սպասուած հիւր էր Գրիգոր Ճապոտեանը՝ լիբանանահայ նշանաւոր ձեւագէտը, որ բարձր նորաձեւութեան (haute couture) աշխարհին մէջ մտցուցած է նոր շունչ՝ միախառնելով հայկական մշակոյթի ոգին՝ ժամանակակից նորաձեւութեան խիստ պահանջներուն հետ:
Գրիգոր Ճապոտեան միայն ձեւագէտ մը չէ․ ան արարող մշակոյթի կրողն է, որ իր ստեղծած զգեստներուն միջոցով կը պատմէ ինքնութեան, գեղեցկութեան եւ հայ մշակոյթի անտեսանելի, բայց շնչաւոր ժառանգութեան մասին: Լիբանանահայ նշանաւոր վարպետը աշխարհին կը ներկայանայ իր մանրակրկիտ, ձեռագործ ստեղծագործութիւններով: Իւրաքանչիւր ծալք, ամէն մէկ կար, մանրուք կամ զարդարանք կը վկայեն այն յարաբերութեան մասին, որ ձեւագէտը կը պահպանէ արեւելեան մշակութային արմատներուն եւ համաշխարհային նորաձեւութեան ճաշակին միջեւ:
Գրիգոր Ճապոտեան ծնած է Պէյրութ։ Վաղ տարիքէն զգացած է արուեստի նկատմամբ անսահման հետաքրքրութիւն։ Նկարչութիւնը, ասեղնագործութիւնը եւ հայկական մշակոյթէն ներշնչուած զարդարանքներ յօրինելը դարձած էին իր մանկութեան առաջին զբաղումները: Ուսանած է հայկական դպրոցի մէջ, հայ լեզուն, պատմութիւնը, եկեղեցին, հայկական արուեստը ոգեշնչած են զինք։ Աւարտելով Պէյրութի Բարձրագոյն արուեստի եւ ձեւաւորումի ուսումնարանը (École Supérieure des Arts et Techniques de la Mode)՝ Գրիգոր Ճապոտեան ընդլայնած է իր հորիզոնները՝ աշխատելով լիբանանցի առասպելական նորաձեւարար Էլի Սաապի արհեստանոցին մէջ։ Սաապի մօտ ձեռք բերած փորձառութիւնը ան համեմած է իր տաղանդաւոր ձեռագրին հետ, որով ան այսօր կ՚օժտէ իր իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը:
2008 թուականին սկիզբ առած է իր անկախ գործունէութիւնը եւ այդ պահէն սկսած, Գրիգոր Ճապոտեան դարձած է անուն մը, որ կապուած է նրբագեղութեան, շքեղ ասեղնագործութիւններու եւ համարձակ լուծումներու հետ։ Քսաներեք տարեկանին ան բացած է առաջին դերձակատունը, ուր ընտանիքը դարձած է իր առաջին եւ մշտական աջակիցը։
Ճապոտեանի ստեղծագործութիւնը միջազգային ճանաչում ստացած է անմիջապէս. համաշխարհային աստղեր, արաբական երկիրներու բարձրախաւէն կիներ, թագաւորական ընտանիքի անդամներ կրած են իր յօրինած զգեստները եւ զարդերը, որոնք ան կը պատրաստէր անոնց անհատական ճաշակով՝ բայց միշտ ներդնելով իր երեւակայական թռիչքը։ Անոնց շարքին են Յորդանանի թագուհի Ռանիա, Հոլիվուտի աստղ Շերըն Սթոն, ամերիկացի երգչուհի Ռեճինա Քինկ, արաբ երգչուհի Ապըր Նահմէ եւ այլք, որոնց համար ան բազմաթիւ անգամներ հագուստ յօրինած է։
Հայաստանեան ցուցադրութեան ան ներկայացուցած է զգեստներ՝ ոգեշնչուած Ազգային պատկերասրահի մշտական ցուցադրութենէն։
ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ
Այս ցուցահանդէսէն պարզ դարձաւ, որ հայ ձեւագէտներու նոր սերունդը խիզախութեան եւ ինքնարտայայտման սուր ծարաւ ունի։ Անոնք կը խզեն կանոններու շղթաներն ու կը կառուցեն իրենց նոր լեզուն։
Մասնագէտներ, նորաձեւութեան տեսաբաններ, արուեստաբաններ բացօրէն խօսեցան նորաձեւութեան արագընթաց աշխարհին մէջ ընդհանրապէս խորքի պակասին մասին եւ հաստատեցին, որ հայկական այս ցուցադրութիւնը իմաստալից է այդ տեսակէտէ։
Այն, ինչ սկիզբ առաւ որպէս ցուցադրութիւն մը, աստիճանաբար կը վերածուի շարժման, որ կը միացնէ հայ ստեղծագործողներու ներուժը, ազգային ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից մտածողութիւնը։
Հայը միշտ ստեղծարար եղած է՝ ըլլայ վրձինով, խեցեգործութեան անիւով, գրականութեամբ կամ մեղեդիով։ Այսօր ան կը խօսի նաեւ գործուածքով ու հագուստով՝ շարունակելով այն գիծը, որ դարեր առաջ գծուած էր մանրանկարիչներու, ոսկերիչներու ու գեղանկարիչներու ձեռքով։ Այդ շարունակութիւնը կենսունակ է, որովհետեւ ստեղծագործութիւնը հայ հոգիին բնական վիճակն է։
Ազգային պատկերասրահի պատերուն մէջ ծնած հանդիպումը՝ արուեստի եւ նորաձեւութեան, կարծես կը շարունակուի քաղաքի փողոցներուն մէջ, նկատելի է, որ երիտասարդներուն հագուկապը օրէ օր աւելի ճաշակով եւ գեղեցիկ կը դառնայ։
Կը փափաքինք, որ Երեւանը դառնայ այն վայրերէն մէկը, ուր արուեստը կը խօսի քաղաքին շունչով, ուր նորաձեւութիւնը կ՚ելլէ արհեստանոցներէն եւ բեմերէն դուրս եւ կը դառնայ քաղաքի կենսակերպ։ Մենք բաւական տեսած ենք պատերազմներ, աղէտներ ու ճնշումներ․ հիմա ժամանակն է խօսելու գեղեցկութեան եւ ճաշակի մասին, որովհետեւ գեղեցկութիւնը ինքնին դիմադրութեան, յամառութեան եւ կեցուածքի ձեւ մըն է՝ մեր հին, բայց երբեք չծերացող քաղաքին մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան