ՏՕՆ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ

Քահանայք պատուեալք օծմամբ Սուրբ Հոգւոյն,
նախակարգեալք յառաջնորդութիւն փափաքողաց
վերնոց յարկին եւ անպատում պատրաստեալ բարեացն,
այսօր փութացան ելանել ի նոյն։

(Ճաշու Շարական Սրբոց Ղեւոնդեանց)

Սուրբ Հոգիին օծմամբ պատուուած քահանաներ,
երկնային յարկին եւ պատրաստուած անպատում
բարիքներուն փափաքողներու առաջնորդութեան
նախակարգուածներ, փութացին նոյն տեղը ելլել։ 

Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս առիթը կ՚ունենանք տօնելու Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակը։ Վանանդեցի Ղեւոնդ Քահանայի անունով մկրտուած յիշատակութիւնը իր մէջ կը պարունակէ եկեղեցւոյ նռւիրապետութիւնը՝ սկսեալ Յովսէփ Հողոցմեցի Ամենայն Հայոց Հայրապետէն։ Այս օրհնեալ խումբին մաս կը կազմէին Սահակ Ռշտունեաց եւ Բասենի Թաթիկ եպիսկոպոսները, Մուշէ, Արշէն եւ Սամուէլ քահանաները, Աբրահամ եւ Քաջաջ սարկաւագները։ Եկեղեցին այս բոլորը համախմբած է Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետի բառերով, որպէս «Քահանայք պատուեալք օծմամբ Սուրբ Հոգւոյն»։

Երբ կը կարդանք Ղեւոնդեանց քահանաներու վարքը, ինքնին կը յայտնուի, թէ բոլորը ունէին հասարակաց մասնայատկութիւն մը, որ էր իրենց լոյս հաւատքի զօրութիւնը։ Անոնք բոլորը «զԱստուած սիրեցին իրենց ամբողջ սրտով, բոլոր հոգիով եւ բոլոր մտքով», ապա սիրեցին իրենց նմանները իրենց անձին պէս» (Մատթէոս, 22.36-39)։ Այս հաւատքով գործեցին գիտակցութեամբ, զգացած էին, թէ Աստուած զիրենք կանչած էր հովուական առաքելութեան եւ իրենց առաքելութեան նշանաբանն էր յետ յարութեան Քրիստոսի երիցս կրկնած բառերը առ Պետրոս առաքեալ. «Արածէ ոչխարներս» (Յովհաննէս, 21.15)։ Անոնք ո՛չ միայն արածեցին իրենց յանձնուած բանաւոր հօտը, այլ նաեւ որպէս «Բարի հովիւներ իրենց անձը դրին ոչխարներուն համար» (Յովհաննէս, 10.11) որպէսզի անոնք, որոնք Աստուծոյ Խօսքին զօրութեամբ առաջնորդուած էին «խաւարէն դէպի լոյս, մահէն՝ կեանք, ապականութենէն՝ անապականութիւն, անգիտութենէն՝ գիտութիւն», մնային իրենց լոյս հաւատքին մէջ աներեր։ 

Սուրբերու վկայական նահատակութիւնը համայն աշխարհի կը յայտարարէ, թէ անոնք դրօշակիրը եղած են խղճի ազատութեան վսեմ գաղափարականին։ Ներկայ ժամանակներուն կարելի չէ չզարմանալ ցուցաբերուած հաւատքի արիութեան վրայ, որ այդ օրուան պայմաններուն մէջ զօրաւոր Յազկերտի պետական դրութեան առջեւ կրցած էին իրենց հաւատքը խոստովանիլ արիաբար։ Զրադաշտականին քարոզած էին Կեանքի Խօսքը՝ յայտարարելով, թէ կը հաւատային ու կը ծառայէին միակ ճշմարիտ Աստուծոյ, որ արարիչն էր երկրի եւ երկնի, երեւելիներուն եւ աներեւոյթներուն եւ այս հաւատքի սկզբունքները իրենց համար անփոխարինելի սրբութիւն էր։

Ղեւոնդեանց քահանաներ հաւատաւոր կեցուածքով մերժեցին Զրադաշտական վարդապետութեան յարելու հրաւէրը, որ հրաւէրէ աւելի հրամայականի բնոյթը կը կրէր։ Հայ հոգեւորականութիւնը քաջ գիտէր, թէ իրենց մերժողական պատասխանը ի՞նչ կը նշանակէր յաչս Պարսկական արքունիքի զօրաւոր գահակալին։ Անոնք իրենց միաբանութեամբ կրցին միասնաբար յայտարարել Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանի ճշմարտութիւնը։ Անոնց համար ո՛չ արքունական սպառնալից հրովարտակը, ո՛չ արքունական բանակի զօրութիւնը, ոչ այդ շրջանի համար հրասայլերու համազօր փիղերով զօրացած նշանաւոր Մատեան գունդը անիմաստ էր իրենց համար։ Բոլորը միասնական ոգիով յիշեցին անջնջելիօրէն իրենց մտքերուն մէջ դրոշմուած Քրիստոսի Խօսքը, թէ «Ով որ իր խաչը չ՚առներ եւ ետեւէս չի գար արժանի չէ ինծի» (Մատթէոս, 10.38)։ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաները իրենց դէմ յանդիման մնացած երկընտրանքին առջեւ նախընտրեցին խաչը, որ էր հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի եւ քալել այդ խաչով դէպի հաւատքի վկայութիւն։ Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետի բառերով «անոնք որ երկնային յարկին եւ պատրաստուած անպատում բարիքներուն փափաքողները առաջնորդելու նախասահմանուած էին, այսօր իրենք փութացին նոյն տեղը ելլել»։

Քրիստոս զինքը խաչ հանողներուն համար կ՚աղօթէր ըսելով, «Հայր ներէ անոնց. որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն» (Ղուկաս, 23.34)։ Սուրբ Ստեփանոս եւս զինքը քարկոծողներուն համար աղօթեց. «Տէր ասիկա մեղք մի՛ համարեր զանոնք» ըսելով (Գործք, 7.39)։ Ղեւոնդեանք եւս եղան կեանքի կոչողներ Քրիստոսի պատուիրանը «սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար» (Մատթէոս, 5.44)։ Սուրբ Գիրքը քրիստոնեայ հաւատացեալին կը հրամայէ. «Ծառաներ, հնազանդ եղէք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ահով եւ դողով եւ ձեր սրտերուն միամտութեամբ, ինչպէս որ հնազանդ էք Քրիստոսի» (Եփեսացիս, 6.5)։ Ղեւոնդեանք լաւ ըմբռնած էին այս խրատը եւ ըստ պատմիչ Եղիշէի, խմբագրուած պատասխանագրին մէջ գրեցին, թէ «իրենց նախնիներէն սովորութիւն ունին աստուածատուր պատուիրանին համաձայն աղօթել թագաւորի կեանքին համար եւ անդադար խնդրել Աստուծմէ անոր համար երկար կեանք, որպէսզի խաղաղութեամբ վարէ այն տիեզերական իշխանութիւնը, որ Աստուած յանձնած է անոր, որպէսզի անոր երկարատեւ խաղաղ կառավարութեան ժամանակ մենք ալ առողջութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ անցկացնենք մեր կեանքը»։

Ղազար Փարպեցին եւս թարգման կը հանդիսանայ նոյնիմաստ արտայայտութեան. «Մեր լուսաւոր ու ճշմարիտ կրօնը՝ որ ձեզի ունայնութիւն ու բարբաջանք կը թուի՝ մեզ կը պատուիրէ «Ծառաներ հնազանդեցէք ձեր տէրերուն՝ իբրեւ Աստուծոյ»։ Պատկառ մնալու համար այս պատուէրին եւ ձեր մեծ թագաւորութեան հանդէպ ակնածու՝ մենք մտադրած ենք մեր կարողութեան չափով, եւ ոչ թէ մարդկային երկիւղով ու բարեպաշտութեամբ՝ որ յատուկ է չար ծառաներու, այլ յօժարակամութեամբ կատարել ամէն կերպով Ձեր հրամանը եւ ծառայել ձեզի ոչ միայն նիւթական զոհողութիւններով այլ մեր եւ մեր զաւակներուն արեան գնով»։

Արքունիքին ուղղեալ այս բառերը ցուցիչ են աշխարհական սահմաններուն մէջ ենթակայութիւն մը, որ նշան է քրիստոնէական պարկեշտութեան։ Սակայն երբ արքունական հրովարտակ մը անդրանցելով սահմանները կը ձգտի հաւատքի սահմաններէն ներս սպրդելու, նոյն բառերը արտասանողներ այս անգամ կը վերածուին արծիւներու։ Կ՚ունենան յանդգնութիւնը ըսելու. «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ մեզ խախտել. ոչ հրեշտակները եւ ոչ մարդիկ, ոչ սուրը, ոչ կրակը, ոչ ջուրը, եւ ոչ ալ ամէն տեսակի դառն հարուածներ։ Մեր ամբողջ ունեցածը եւ հարստութիւնը քու ձեռքերուդ մէջ են եւ մեր մարմինները քու առջեւ կը գտնուին։ Քու կամքիդ համաձայն ըրէ ինչ որ կ՚ուզես։ Եթէ այս հաւատքի մէջ թողուս, երկրի վրայ քեզ չենք փոխանակեր ուրիշ տիրոջ հետ եւ ոչ ալ երկնքի մէջ Յիսուս Քրիստոսի փոխարէն ուրիշ աստուած կ՚ընդունինք, բացի անկէ՝ ուրիշ Աստուած չկայ»։

Ղեւոնդեանց շարժման հերոսները յայտնեցին նաեւ, թէ իրենք պատրաստ էին Քրիստոսի սիրոյն մեռնելու, քանի որ բոլորով սրտիւ հաւատացած էին, թէ Քրիստոս սիրած էր զիրենք, այն աստիճան որ յանձն առած էր մահը, որպէսզի անոր մահով փրկուէին յաւիտենական մահէն։ Եւ վերջապէս խիզախ արտայայտութեամբ մը դրոշմեցին իրենց հաւատքի խոստովանութիւնը, ըսելով. «Մեր հաւատքի ուխտը ոչ թէ մարդու հետ է, որ երախայի նման խաբուինք, այլ Աստուծոյ հետ է անլուծելի կերպով, որ անհնար է քանդել ու հեռանալ, ոչ հիմա եւ ոչ յետոյ, ոչ յաւիտեանս եւ ոչ ալ յաւիտեանս յաւիտենից»։

Երբ կը յիշենք Ղեւոնդեանց քահանաները, ցաւով կ՚անդրադառնանք մերօրեայ պայմաններու մէջ ակնբախ կերպով տեսանելի դարձած համաշխարհային չափանիշով հակակրօն դիրքաւորումները, նիւթականի նկատմամբ պաշտամունքի համազօր հոսանքները եւ իրենց ուղեկիցները, որոնք անտեսանելի Յազկերտներ եւ Միհրներսեհներ են։ Անոնք իրենց որպէս թէ քարոզութիւններով կը փորձեն գայթակղութեան քար դառնալ հաւատացեալներու համար. այն հաւատացեալներուն, որոնք Քրիստոսի Մարմնին՝ ապրող եկեղեցիին բաղկացուցիչ աղիւսներն են։ Հակաեկեղեցական ամէն հոսանքի դէմ որպէս եկեղեցւոյ կենսունակութեան համար ծառայութեան կանչուածներ կը դիմենք Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից բարեխօսութեան, որպէսզի անոնք յաղթական եկեղեցւոյ անդամներուն հետ աղօթեն երկրի վրայ մարտնչող եկեղեցւոյ անդամներուն համար։ Թող Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից բարեխօսութեամբ բոլորիս տրուի շնորհքը՝ մեր հաւատքը ապրելու ո՛չ միայն խօսքով, այլ՝ կեանքով։ Թող մեր ընտանիքները, եւ մեր Եկեղեցին դառնան կենդանի վկայութիւն այն հաւատքին, զոր սուրբերը իրենց արիւնով կնքեցին։

Օրուան տօնին առթիւ որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, մեր հոգեւոր տետը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Սրբազան Գերշ. Տ. Տ. Եզնիկ եւ Արամ Սրբազան Արքեպիսկոպոսները, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններն ու քահանայ հայրերը, բոլորին մաղթելով քաջառողջ կեանք եւ յաջողութեամբ պսակուած հոգեւոր ծառայութիւն Տիրոջ Անդաստանէն ներս։

Շնորհք սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026