«ԶԻՍ ՄԻ ՄՈՌՆԱՐ». ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՓԱԿՈՒՄ
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հիւսուող յիշողութիւններ․ ընտանեկան ժառանգութիւն» ժամանակաւոր ցուցադրութեան ամփոփումն ու փակումը, որուն շրջանակին մէջ կազմակերպուած էր ցուցահանդէսի հեղինակներէն Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեանի «Փոքր պատմութիւնները՝ մեծ պատմութեան համար» խորագրով բանախօսութիւնը։ Այդ մէկը անդրադարձ էր ընտանեկան ոչ-նիւթական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան։ Բանախօսը պատմեց, թէ ինչպէ՛ս իրենց տունին մէջ երկար տարիներու ընթացքին հաւաքուած եւ պահպանուած են իրապէս գանձերու արժէք ներկայացնող իրերը, յուշերը։ Անոնց գուրգուրանքի հիմնական դրդապատճառը այն եղած է, որ իր ծնողքը գիտական ոլորտի մարդիկ էին եւ լաւ կը գիտակցէին, որ եթէ փաստերը չարձանագրուին ու չպահպանուին, ժամանակի ընթացքին անոնց գոյութեան իսկ ապացոյցը կրնայ կորսուիլ։
«Հիւսուող յիշողութիւններ․ ընտանեկան ժառանգութիւն» ցուցահանդէսին ցուցադրուած էին ծագումով արեւմտահայ Տէր-Ղեւոնդեան-Չորպաճեան եւ Խաչատուրեան-Տեւեճեան չորս մեծ ընտանիքներու ժառանգութենէն պահպանուած բացառիկ նմոյշներ՝ լուսանկարներ, պատմական վկայութիւններ, նամակներ, ձեռագործ առարկաներ եւ ընտանեկան կենցաղի այլ մասունքներ։
Ցուցահանդէսի փակումի ձեռնարկի ընթացքին Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեան Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին նուիրեց իր անուանակից մեծ մայրիկին՝ Արմինէ Խաչատուրեանի կողմէ ստեղծուած Այնթապի ասեղնագործութեան բացառիկ նմոյշ մը։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ ցուցադրութեան շրջանակին մէջ նկարահանուած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեամբ։ Շարժանկարին հեղինակը վաւերագրող Տիգրան Պասկեւիչեանն է, որ իր աշխատանքը խորագրած է Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեանի ընտանեկան արխիւին մէջ պահուող «Զիս մի մոռնար» գրքոյկին անունով։
1912 թուականին Աղեքսանդրիա տպագրուած գիրքը նոյնպէս մաս կը կազմէ այս ընտանիքէն ներս պահուած իրերուն։ «Զիս մի մոռնար» գրքոյկը ընտանեկան-բարեկամական յուշարան մըն է։ Անոր հեղինակն է Յովհաննէս Գայայեան, որ գիրքը կազմած է այնպիսի ձեւով, որ անոր տէրը կարողանայ էջերուն մէջ արձանագրել մօտ մարդոց ծննդեան օրերը, բնակութեան վայրերը, անուններն ու մականունները, ինչպէս նաեւ կեանքի այլ նշանակալից դրուագներ։ Գիրքին մէջ հեղինակը ընդգրկած է նաեւ տարուան օրերու թիւով քառեակներ, որոնք յուշարանին կը հաղորդեն գրական եւ զգացական յատուկ երանգ։
Շարժանկարին մէջ Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեան իր մեծ մայրիկին կազմած ասեղնագործութեան գրքոյկէն աշխատանք մը զատելով ասեղով կը բանի կտորին վրայ եւ կը պատմէ իր ընտանիքի պատմութիւնը։ Շարժանկարի վերջաւորութեան ձեռագործը արդէն պատրաստ կ՚ըլլայ՝ այսպիսով խորհրդանշական ձեւով կապելով ներկան անցեալի հետ։
ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՆԵՐԳԱՂԹԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔ
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ պատմաբան, «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի նախկին տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։ Ան նոյնպէս անդամ է այն ընտանիքին, որու պատմութիւնը երկու ամիս շարունակ ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։ Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի կարեւոր մէկ դիտարկումը, թէ արդի Հայաստանը մեծ չափով ներգաղթերու արդիւնք է, կը մղէ վերանայելու մեր պատկերացումը երկրի հասարակական կազմաւորման մասին։ Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի բնակչութեան զգալի մասը գաղթի փորձառութեան ժառանգորդ է, հետեւաբար «տեղացի» եւ «եկած» բաժանումները ո՛չ միայն պատմական հիմք չունին, այլ նաեւ կը բացայայտեն մտածողութեան նեղ սահմաններ։ Այս իրողութիւնը կը բարձրացնէ կարեւոր հարց մը․ ինչպէ՞ս կարելի է ազգային ինքնութեան մէջ ներառել այդ բազմազան փորձառութիւնը եւ զայն վերածել հասարակական համերաշխութեան հիմքի։
Կը ներկայացնենք Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի խօսքը։
*
Արդէն 200 տարի կ՚ըլլայ, ինչ Հայաստանի մէջ անընդհատ ներգաղթ կայ, իսկ վերջին յիսուն տարին նաեւ՝ զանգուածային արտագաղթ, որը, անկասկած, գերազանցած է ներգաղթը։ Մենք ասկէ 200 տարի առաջ ունեցած ենք վիճակ մը, երբ Հայաստանի միջնաշխարհը գոյութիւն չունէր իբրեւ հայկական տարածք եւ կը գոյատեւէին միայն ծայրամասերը, այսինքն ծայր Արեւմուտքին մէջ՝ Սասուն, Զէյթուն, ծայր Արեւելքին մէջ՝ Արցախ, մասամբ՝ Սիւնիք։ Ասիկա Հայաստանի համար, որպէս երկիր, որպէս (ապագային) պետութիւն, որեւէ հեռանկար չէր ստեղծեր։ Հանգամանքներու բերումով, 1828 թուականէն ետք սկսան ներգաղթերը։ Այդ ներգաղթերը ունեցած են քանի մը խոշոր բարձրակէտեր․ առաջինը՝ ներքին ներգաղթի տեսքով, Պարսկահայքէն, Էրզրումէն, Բասենի դաշտէն, Կարսէն 130 հազարնոց ներգաղթն էր։ Երկրորդ բարձրակէտը արդէն Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներու դէպքերէն բխած շուրջ 300 հազար հոգինոց ներգաղթն էր, հիմնականը՝ վասպուրականցիներ, տարօնցիներ։ Եւ յետոյ կը սկսի խորհրդային շրջանը, որուն մասին մենք ամփոփիչ կերպով կ՚ըսենք, թէ այդ եօթանասուն տարուան մէջ եկած է 200 հազար հայ, որոնցմէ 100 հազարը՝ Մեծ ներգաղթի երեք տարիներու ընթացքին՝ 1946-1948 թուականներուն։ Յետոյ եղան նաեւ քանի մը ներգաղթի բարձրակէտեր, որոնցմէ մէկը կարելի է նկատել ատրպէյճանահայութեան ներգաղթը՝ 1988 թուականի նոյեմբերին։ Եւ վերջինը, ցաւօք, 2020-2023 թուականներուն արցախահայութեան գալն էր՝ շուրջ 120 հազար հոգի։ Ցաւօք, այս թիւերէն դուրս ձգած ենք, այսպէս ըսած ներքին սփիւռք կոչուածը, ուրկէ հարիւր-հազարաւորներու հսկայ զանգուած ներգաղթած է՝ Թիֆլիզէն, Պաքուէն, Սուխումիէն, Կիրովապատէն, Ռոսթովէն, Կեդրոնական Ասիայէն եւ այլն։
Այնուհետեւ, անշուշտ, մարդաքանակի թիւերու հսկայական կորուստներ ունեցած ենք արտագաղթի տեսքով։ Երկիրէն արտագաղթը սկսաւ 1975-ին՝ Հելսինքիի նշանաւոր համաձայնութենէն ետք, որու սահմանած սկզբունքներէն ելլելով մարդիկ արտօնութիւն ստացան դուրս գալ Խորհրդային Միութենէն, եւ ուղիղ յիսուն տարիէ ի վեր՝ մենք այդ արտագաղթի մէջ ենք։ Բնականաբար, 1990-ականները այդ առումով արտագաղթի բարձրակէտ էր։ Այսօր արդէն մէկ-մէկուկէս միլիոն հայաստանցի արտագաղթողի մասին է խօսքը։ Կարճ ըսած, եթէ այսօր այդ բոլոր արտագաղթերը չըլլային, ապա մօտաւորապէս, 4,5-5 միլիոննոց Հայաստան պիտի ունենայիք։ Բայց եւ այնպէս, եղած երեք միլիոնի առնուազն եօթանասուն տոկոսը ինչ-որ ժամանակ, ինչ-որ տեղէ եկածներ են կամ անոնց ժառանգները։ Ուր կ՚ուզէք նայեցէք՝ այդ պատկերն է՝ ամբողջ Շիրակը, Գեղարքունիքը, Սեւանայ ողջ աւազանը, Արարատեան դաշտի մեծ մասը, Երեւանի բնակչութեան մեծ մասը, Վայոց ձորը մասամբ, Սիւնիքը մասամբ եւ Լոռին որոշ չափով…
Այս ամբողջը յայտնի տեղեկութիւններ են, ես չէ, որ առաջին անգամ կը յայտարարեմ ասոր մասին, բայց մէկ անգամ եւս կը յիշեցնեմ, որ զարմանալի կերպով, մինչեւ օրս, Հայաստանի մէջ չկայ հիմնարկ մը կամ հետազօտական կեդրոն մը, որ կը զբաղի այս հարցերով, իսկ հարցերը ահռելի շատ են։ Տիգրան Պասկեւիչեանը եւ ուրիշ մարդիկ կը զբաղին ներգաղթի, արտագաղթի վաւերագրութեան հարցերով, բայց իրենց անձնական նախաձեռնութիւններն են ատոնք, մինչդեռ, պիտի ըլլար հզօր գիտական կեդրոն մը, կաճառ մը։ Զայն պիտի կոչուէր ո՛չ թէ միայն Ներգաղթի հարցերու հիմնարկ, այլ՝ Ներգաղթի եւ ազգային համակեցութեան հարցերու։ Այս վերջինն ալ շատ կարեւոր է, որովհետեւ համակեցութեան գաղափարի բացակայութեան պատճառով մենք, ձեռքբերումներուն հետ մէկտեղ, ահռելի կորուստներ ունեցած ենք այդ ընթացքին։ Այդ կորուստները եղած են սուտ, տգէտ, տեղային «հայրենասիրութեան», մէկը միւսին չհասկնալու, մէկը միւսին ծաղրելու, տեղայնամոլական հարցեր մէջտեղ բերելու պատճառով, երբ որ կ՚ըսուի՝ ասիկա հոնտեղէն է, անիկա հոստէղէն է… Ազգ մը, որ 2700 տարի առաջ արդէն դուրս ելած է տոհմա-ցեղային վիճակէն եւ ստեղծած է իր պետութիւնը, թագաւորութիւնը, (Երուանդունիներու թագաւորութիւնը նկատի ունիմ), մինչեւ այսօր տակաւին ցեղային մտածելակերպ ունի։ Ատոր լաւագոյն ապացոյցը, ցաւօք սրտի, մեր հասարակութեան խոշոր հատուածի մը վերաբերմունքն է տասնեամեակներով պայքարած, իրենց հողը պաշտպանած եւ վերջաւորութեան իրենց տունը ձգած, վերջին շապիկով փախած արցախցիներուն հանդէպ․ ստորագոյն, բացասական վերաբերմունք մը, որ ստորութենէն բացի ուրիշ բառով արտայայտել հնարաւոր չէ, ցեղային մակարդակի հասարակութեան ապացոյցն է ատիկա։ Եւ չմոռնանք, որ ցաւօք սրտի, եղած է նաեւ նմանատիպ անցեալ, երբ որ գաղթականներուն մէկ կտոր հաց իսկ չեն տուած, ըսելով՝ «թող սատկի», նոյն սասունցի մշեցիներուն հետ այդպէ՛ս վարուած են, նոյն 1946-48 թուականներու եկածներուն «ախպար» պիտակը փակցուցած են եւ զանազան այլ բաներ։ Այս բոլորը կու գայ այն բանէն, որ եկողներու այդ բոլոր հոսքերը եղած են կա՛մ տարերային կա՛մ ինչ-որ կիսատ-պռատ, այդ պահին եղած ինչ-որ նախաձեռնութիւններով, թերի։ Պարոյր Սեւակը կ՚ըսէ՝ հայոց լեզու գիտնալ, կը նշանակէ գիտնալ գրաբար, արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ ատոր աւելցուցած՝ վաթսուն հատ ալ բարբառ։ Ան պատահական չըսէր այս մէկը, ան չըսէր, թէ բոլորը պիտի կատարեալ գիտնան ատոնք, այլ անոր համար կ՚ըսէ, որ գիտնան՝ ա՛յդ է հայերէնը, պէտք է գիտնալ, պարտադիր չէ, որ ամէն մարդ խօսի Սուխումի կամ Համշէնի բարբառով, բայց կարեւոր է գիտնալ, որ ան նոյնպիսի հայ է, ինչպիսին երեւանցի կամ մէկ այլ տեղացի հայն է։ Ասիկա հոգեբանական պահ մըն է, բայց ատոր ետին պէտք է ըլլայ գիտական հսկայական աշխատանք, որ պէտք է ընէ ինչ-որ մէկ հիմնարկ, հաստատութիւն։
Ես նաեւ յոյս ունիմ, որ մեր ընտանիքին նուիրուած այս ցուցադրութիւնը եւ ասոր նման ուրիշ ցուցադրութիւններ ալ, անուղղակի կերպով կը բերեն այն գաղափարին, որ մենք պէտք է ունենանք այդպիսի կեդրոն մը, որը նաեւ ինչ-որ առաջարկներ պէտք է ներկայացնէ կառավարութեան։ Իսկ թէ կառավարութիւնը ի՛նչ կ՚ընէ, ատիկա արդէն տուեալ պահի կառավարութեան աշխարհայեացքէն, ծրագիրէն կախեալ է։ Ի վերջոյ, ասոնք ըսելով, ինչ-որ նոր բաներ չենք յայտնագործեր, Իսրայէլը, ուրիշ երկիրներ, ունին նման կառոյցներ, մենք անընդհատ Իսրայէլի փորձը կը մէջբերենք, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկ լաւ բան սորվեցանք տասնեամեակներու ընթացքին, կամ ալ ճիշդ ձեւով չսորվեցանք։ Այսինքն, եթէ բան մըն ալ կատարուած է, կատարուած է անձնական նախաձեռնութիւններով, մեծ կորուստներու գինով, բայց եւ այնպէս, այդքանէն ետք ունինք այս փոքրիկ երկիրը։ Մէկ վայրկեան միայն պատկերացուցէք, որ այսօր Հայաստանը ըլլար 4-5 միլիոննոց երկիր… Կարող էք ըսել, թէ՝ միեւնոյն է՝ քովերնիս հսկայական երկիրներ են, բայց շատ մեծ տարբերութիւն կայ, երբ քովդ ինն միլիոննոց երկիր է, դուն ալ ո՛չ թէ երեք ես, այլ՝ հինգ։ Հինգ միլիոննոց Հայաստան կը նշանակէ աշխարհի հայութեան կէսէն աւելին ներսն է եւ ոչ թէ՝ դուրսը, եւ երկրորդ, այդ թիւով արդէն կը հաւասարուէր եւ փոքր ինչ ալ կ՚անցնէր դրացի Վրաստանէն եւ արդէն չէր ըլլար ամենախղճուկը այս տարածքին։
Այս ամբողջը մեր ձեռքերուն մէջ է, մեր ձեռքերուն մէջ է այս ամէն ինչը իրականացնելը, օրինակ, կարող էինք չարտօնել, որ ատրպէյճանահայերը ձգէին հեռանային, իրաքահայերը ինչպէս եկան, անանկ ալ գացին, կարող էինք թոյլ չտալ, որ արցախահութիւնը հեռանայ… Այսօր արցախահայութեան քսան տոկոսը արդէն Ռուսաստանի Սթաւրափոլի եւ Քրասնոտարի փողոցները կը չափչփէ… ինչի՞ համար։ Ասոնց մէջ մեր հասարակութիւնը շատ մեծ մեղք ունի եւ առաջինը՝ պետութիւնը, կառավարութիւնը։ Ինչ-որ բան պիտի կատարուի՝ այս ամէն ինչը շրջենք, փոխենք։ Եւ, ինչպէս ըսի առաջին քայլը՝ ներգաղթերու, արտագաղթերու, մարդոց համակեցեութեան հարցերու հիմնարկի հիմնումը պիտի ըլլայ։
ՆԺԴԵՀ ԵՐԱՆԵԱՆ. «ՏԵՂԵԱԿ ԵՆՔ, ՈՐ ՆԱԵՒ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՀՈՒԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՆՄՈՅՇՆԵՐ»
«Հիւսուող յիշողութիւններ․ ընտանեկան ժառանգութիւն» ցուցադրութիւնը, ըստ կազմակերպիչներուն, լայնածաւալ ծրագիրի սկիզբն է, որ ապագային պիտի ներառէ բազմաթիւ այլ ընտանեկան արխիւներ ու ժառանգութիւններ՝ նպաստելով անհատական յիշողութիւններու պահպանման եւ անոնց միջոցով ազգային պատմութեան ամբողջացման։
Այդ նիւթով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն պատասխանեց Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի գիտահետազօտական աշխատանքի ուղղութեամբ տնօրէնի տեղակալ Նժդեհ Երանեան։ Հարցազրոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Ի՞նչ նշանակութիւն ունի հայ ընտանիքներուն նուիրուած ցուցահանդէսը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին համար, ի՞նչ պատգամ փոխանցեց զայն։
-Վերջին տարիներուն թանգարանին մէջ ցուցադրուած են ո՛չ միայն մեր թանգարանի, այլ նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներ, այսինքն՝ մասնաւորի հետ համագործակցութեան փորձը կար։ Սակայն ասիկա առաջին դէպքն էր, երբ ներկայացուած էր մէկ ընտանիքի ամբողջական պատմութիւն։ Ցուցադրուածը միաժամանակ թէ՛ բոլորինս է եւ թէ մասնաւոր։
Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած ընտանիքը հազարաւոր հայ ընտանիքներէն մէկն էր, որուն նախնիները ունեցած են բարեկեցիկ կեանք, տուն, առօրեայ, բայց զանազան հանգամանքներու՝պատերազմի, անոր նախորդող կամ յաջորդող իրադարձութիւններու պատճառով, արտագաղթած են պատմական Հայաստանի զանազան քաղաքներէն՝ սկիզբը Մերձաւոր Արեւելք, ապա մեծ հայրենադարձութեան տարիներուն՝ Հայաստան։
Սակայն ասիկա ո՛չ միայն գաղթի կամ հայրենադարձութեան պատմութիւն է։ Ասիկա ընտանիքի պատմութիւն է՝ շերտերով․ տուն, մանկապարտէզ, կրթութիւն, հագուստ, առօրեայ։ Այդ պատճառով ալ կ՚ըսեմ՝ ասիկա բոլորիս պատմութիւնն է։ Մենք բոլորս ունինք ընտանիքներուն մէջ պահուած յիշողութիւններ, յուշեր, նիւթական առարկաներ, որոնք ունին պատմութիւն։ Իսկ մեր հաւաքական պատմութիւնը արդէն այդ «փոքր» պատմութիւններու համախումբն է։ Մենք երբեմն քաղաքական պատմութեան վրայ կեդրոնանալով՝ բաց կը թողունք այս կարեւոր շերտը։ Թանգարանը ճիշդ այն վայրն է, ուր կարելի է եւ պէտք է խօսիլ բոլոր շերտերէն։
-Ի՞նչ շարունակութիւն պիտի ունենայ նախագիծը։
-Շատ կարեւոր շարունակութիւն էր Արմինէ Տէր-Ղեւոնդեանի կողմէ իր մեծ մայրիկին պատրաստած ժանեակներէն մէկը թանգարանին նուիրաբերելը, որու համար խորապէս երախտապարտ ենք։ Ասիկա վստահութեան յստակ ցուցիչ է, երբ ընտանիքը իր արժէքաւոր ժառանգութեան մէկ մասը կը յանձնէ թանգարանին։ Միեւնոյն ժամանակ ասիկա ցոյց կու տայ, որ թանգարանները քարացած տարածքներ չեն, այլ կենդանի կառոյցներ են։
Եւ ի հարկէ, ամենակարեւոր շարունակութիւնը նման պատմութիւնները գտնել, զանոնք հաւաքել, անոնց անդրադառնալը եւ պահելն է։ Նման ընտանիքներու, նման մարդկային պատմութիւններու հետ աշխատանքը պէտք է շարունակական ըլլայ։
-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ցուցահանդէսին արձագանգները։
-Ցուցահանդէսը երկու ամսուան ընթացքին ունեցած է հազարաւոր այցելուներ։ Սակայն միայն քանակական ցուցանիշը չէ, որ կը կարեւորեմ։ Ամենակարեւորը այցելուներու արձագանգներն ու զգացումներն էին։
Ոմանք յիշած են իրենց ընտանիքի ժառանգութիւնը, ոմանք՝ կորսուած կամ նոր կառուցուող տունը, ոմանք ալ՝ պահարանին մէջ պահուած մէկ առարկայ, որուն արժէքը գուցէ մինչ այդ լիարժէք չէին գիտակցած եւ հիմա վերարժեւորած են։ Վստահ եմ՝ իւրաքանչիւր այցելու իր հետ ինչ-որ բան տարած է։
Յատկապէս կը կարեւորեմ ո՛չ միայն ընտանիքներով այցելութիւնները, այլ նաեւ խմբային այցելութիւնները՝ դպրոցականներ, ուսանողներ, կարեւոր էին դասերու անցկացումը ցուցադրութեան շրջագծին մէջ։ Այսինքն՝ ցուցահանդէսը եւ թանգարանը լիարժէք իրականացուցին իրենց կրթական գործառոյթը։
-Սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Պոլիս, կան նմանատիպ ժառանգութիւն պահպանող բազմաթիւ ընտանիքներ․ կա՞ն արդեօք ծրագիրներ՝ զանոնք ներգրաւելու նման նախագիծերու մէջ։
-Շատ ճիշդ նկատեցիք․ սփիւռքի մէջ այսօր ալ կը պահպանուին մեր ժառանգութեան կարեւոր բեկորներ։ Խորհրդային վերջին տարիներուն թանգարանին եւ սփիւռքի կապերը բաւական աշխոյժ էին, եւ այդ շրջանին եղան մեծ թիւով նուիրատուութիւններ։ Յետագային այդ կապերը որոշ ժամանակ թուլցած էին, սակայն վերջին տարիներուն կրկին աշխուժացած են։
Այսօր Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը սփիւռքէն կը ստանայ բազմաթիւ նուիրատուութիւններ՝ նկարներ, գորգեր, փաստաթուղթեր։ Վերջին տարիներու կարեւոր օրինակներէն է զօրավար Անդրանիկին վերաբերող փաստաթուղթերու, լուսանկարներու եւ անձնական իրերու նուիրատուութիւնը անոր ժառանգներ Գրիգոր եւ Սեդա Տիգրանեաններու կողմէ, ինչպէս նաեւ Արտեմ Փաթափութեանին կողմէ իր Նոպէլեան մրցանակին նուիրաբերումը թանգարանին։
Մենք մշտապէս կը հետեւինք նաեւ զանազան աճուրդներու, այդ կարգին՝ Պոլսոյ մէջ կատարուողներուն, եւ տեղեակ ենք, որ այնտեղ զանազան մասնաւոր հաւաքածոներու եւ ընտանեկան արխիւներու մէջ կը պահուին հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերող արժէքաւոր նմոյշներ։ Մեծապէս կը կարեւորենք այդ ժառանգութեան պահպանումը եւ անոր հանգրուանելը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ՝ որպէս մեր ընդհանուր յիշողութեան եւ պատմութեան մէկ մաս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան