ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻ 140-ԱՄԵԱԿ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մէջ կը շարունակուին յոբելենական ձեռնարկները՝ նուիրուած արեւմտահայ գրող Ռուբէն Սեւակի 140-ամեակին։ 

Էջմիածնի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանին մէջ տարեսկիզբին ոգեկոչում մը կատարուեցաւ՝ նուիրուած եղեռնազոհ գրողին, 140-ամեակի յիշատակումները շարունակուեցան Կոմիտասի անունը կրող երաժշտանոցին, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ։ Ռուբէն Սեւակին նուիրուած վերջին ձեռնարկը «Աւետիք Իսահակեան» գրադարանին մէջ էր՝ նախաձեռնութեամբ «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին։ 

Միջոցառումը նուիրուած էր Սեւակի գրական վաստակին, կեանքին եւ գործունէութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, որ կարեւորեց Ռուբէն Սեւակ գրողի ստեղծագործական հունձքը, հայոց գրականութեան անդաստանին մէջ:

Գրողի ստեղծագործական կեանքին անդրադարձան գրականագէտներ՝ Քնարիկ Աբրահամեան եւ Նայիրա Սարգսեան, ինչպէս նաեւ` Կիւմրիի «Կենաց ծառ» հիմնարկի նախագահ Լուսինէ Գինոսեան:

Ելոյթ ունեցան Երեւանի «Ռուբէն Սեւակ» դպրոցի սաները՝ երգերով ու թատերական դրուագներով:

Հնչեցին նաեւ հայ մեծ երգահան Կոմիտաս Վարդապետի երգերը՝ մեկնաբանութեամբ երգչուհի Մարիա Խաչատրեանի, որուն կ՚ընկերակցէր դաշնակահար Ռուզաննա Գրիգորեան։

Սեւակի ստեղծագործութիւններէն ասմունքեց Գայանէ Սամուէլեան:

Աւարտին, խօսք առաւ «Համազգային»ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, որ նշեց, թէ Սեւակ իր գործունէութեամբ, երբեք անմասն չմնաց ազգի ճակատագրէն եւ միշտ ալ ապրեցաւ ազգային արժէքներով եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ։

1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծին ստեղծագործական բեղուն տարիները: Բացի քերթուածներէն, Ռուբէն Սեւակ գրած է արձակ էջեր, որոնք նոյնքան արժէքաւոր են՝ որքան քերթուածները: Կը ներկայացնենք իր արձակ գրութիւններէն, որոնցմէ մին նուիրուած է ֆրանսացի մեծ գրող, փիլիսոփայ Վոլթէրին։ Ռուբէն Սեւակ բժիշկի ակնոցով քննած է Վոլթէրի կեանքը։ 

ԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ

1694 փետրուար 20-ին ծնաւ - աւելի վիժեցաւ քան թէ ծնաւ - մանուկ մը, որ երեւութապէս մեռած էր։ Ո՛չ կը տեսնէր, ո՛չ կը ճչար, ո՛չ կը շարժէր, ո՛չ կը շնչէր։

Քանի՞ վայրկեան, քանի՞ ժամ, քանի՞ օր պիտի ապրի… ամբողջ դար մը։

Ու հակառակ իր անվերջ հիւանդութիւններուն՝ մտային ա՛յնպիսի գործունէութիւն մը ցոյց պիտի տայ, որուն նմանը պատմութիւնը չէր արձանագրած դեռ։

Ո՛չ միայն դար մը պիտի ապրի, այլ այդ դարը իր սեփակա՛ն դարը պիտի ըլլայ, Վոլթէրի դարը…։ Որովհետեւ այդ հանճարեղ վիժուկը Վոլթէր ինքն էր։

Կատարեալ կմախք մը։ Իր ժամանակին ամենէն նիհար, ամենէն հիւանդ, ամենէն տգեղ մարդը։

Ու երեւակայել որ երեսուն տարեկան ծաղիկ հասակին, ծաղիկի համաճարակ մը եթէ բոլորովին չմեռցուց զինքը, գոնէ վրայէն վերցուց գեղեցկութեան յետին նշոյլը։

Ո՞ւր երթամ որ զիս ընդունին,
Երբ դէմքիս վրայ ահեղ ախտին
Կնիքն ունիմ սոսկատեսիլ,
Կարելի՞ է սիրոյ մասին խորհիլ…։

Իր մտերմական նամակագրութիւնը բժշկական մանրամասն օրագիր մըն է, ուր Հիփոքրաթ իսկ պիտի շուարէր ախտերու ա՛յսքան այլազան ցուցադրումի մը առջեւ։ Բայց հիւանդը ոչինչ կը փոխէր իր անխարդախ զուարթութենէն.

-Երկու տարի երկու աչերս երկու պալար էին,- կ՚ըսէ,- թարթիչներս ալ երկու պարան էին կարմիր ու սպիտակ…։

Աչացաւին փոխն ի փոխ յաջորդեցին կոկորդացաւը, ձայնարգելութիւնը, խլութիւնը։ Լինտերը կը փտտէին, ակռաները կը թափէին բերնին մէջ։ Յօդացաւ մը ընդհատաբար անկողին կը գամէր, կը հիւծէր, կը սպառէր զայն։ Բայց Վոլթէր՝ միշտ ժպտուն՝

-Քոսոտներուն է՛ն նիհարն եմ…,- կը գրէր։

Յօդացաւէն աւելի՛ ցաւագին ախտ մը երեսունինը տարի սարսափելի կերպով տանջեց զայն՝ միզարգելութիւնը։ Այնպէս որ իւրաքանչիւր անգամ ստիպուած էին զինքը լողցնելու, արիւնելու։ Իսկ ասոր յաջորդեց շատ աւելի վտանգաւոր ախտ մը, սպիտակամիզութիւնը.

-Մատիտի պէս ոտքերս՝ տակառի պէս ուռեցան…։

Յետոյ վրայ հասաւ ծերութեան հիւանդութիւնը, պնդերակութիւնը։ Շնչերակները կարծրացան, կիր կապեցին, քարացան. բազկերակն սկսաւ անկանոն կերպով զարնելու, ուղեղի արիւնախռումներ իրար կը յաջորդէին, եւ իբրեւ հետեւանք՝ անդամալուծութիւնը ու լեզուին կապուիլը…

-Երբ մարդ ինծի չափ նիհար է՝ ծիծաղելի է արիւնախռնում ունենալ, բայց ես ունեցայ այդ ծիծաղելիութիւնը…։

Եւ սակայն Վոլթէր այսքանով յուսահատող մարդ մը չէր։ Իր ծերունի ու կմախացած կուրծքին տակ մի՛շտ երիտասարդ կը մնար սիրտը, մի՛շտ խանդավառ, մի՛շտ ժպտուն։ Ահա թէ այդ հիւանդութեան միջոցին ի՞նչ կը գրէր դերասանուհիի մը.

-Եթէ ունենայի քսան տարի, եթէ ունենայի ձեզի արժանի մարմին մը, հարստութիւն մը ու սիրտ մը, բոլորն ալ ձեզի պիտի նուիրէի։ Բայց ամէն բան կորսնցուցի, ու հազի՜ւ թէ աչք մը ունիմ ձեզ տեսնելու, հոգի մը ձեզ հիանալու, ու ձեռք մը ձեզի գրելու համար…։

Եօթանասունութը տարեկանին Վոլթէր դեռ չէր կորսնցուցած իր սրտին երիտասարդութիւնը…։

Բայց իր գլխաւոր հիւանդութիւնը - ա՛յն որ օրօրոցէն մինչեւ դագաղ ամէն օր տանջեց զինքը - ստամոքսի հիւանդութիւնն էր։ Կարելի է ըսել, որ միւս բոլոր հիւանդութիւնները միա՛յն իր մարմինը տանջեցին՝ առանց կարենալ իր հոգւոյն հասնելու. իսկ այս վերջինը ուղղակի իր ուղեղին, մտածելակերպին վրայ կ՚ազդէր։

Վոլթէր՝ առանց ստամոքսի հիւանդութեան՝ ուրի՛շ Վոլթէր մը պիտի ըլլար, աւելի՛ լաւատես, աւելի՛ վսեմ, աւելի՛ աստուածային Վոլթէր մը։ Մինչդեռ հիմա որքան ալ բարձրանայ, կը զգաս որ մէկ ոտքը հողին է։ Եթէ մէկ ձեռքով հրեշտակ մ՚իսկ թռցնէ, գիտես որ միւսովը սատանայ մ՚է բռնած կռնակին ետեւ…։

Անկարելի է բժիշկ ըլլալ, ու իր ջղուտ ու խայթող, զուարթ ու կծու, անուշ ու դառն լեզուին տակ՝ իսկոյն չգուշակել ստամոքսի լեղիութիւն մը։

Ճաշակեցէք եւ տեսէք սա յատկանշական քառեակը.

Զուարթ եղայ քէներուս մէջ
Ու ախտերու համբերեցի.
Մէկ ոտքս միշտ դագաղին մէջ՝
Միւսով տուի աքացի…։

Հոտուըտացէք նաեւ - չեմ համարձակիր ըսելու ճաշակեցէք - իր Փիլիսոփայական Բառարանէն փրցուած սա պատառը.

-Երբ նախարարէ մը շնորհ մ՚ունիք խնդրելու, նախ տեղեկացէք թէ իր փորն ազա՞տ է։ Մեր նկարագիրն ու հոգին մեր աղբամանէն կախում ունին…։

Արդէն չէ՞ որ Մոնթէնյը իմաստասէրն ալ այդ առօրեայ կանոնաւոր գործողութեան մէջ կը սահմանէր մարդկային ամենէ՛ն իրական երջանկութիւնը։

Հարկ կա՞յ ըսելու որ Վոլթէր այդ յետին երջանկութենէն ալ զրկուած էր։

Պղինիոս պատմաբանը կը հաւաստէ թէ Եգիպտացիք Իպիս թռչունէն սորվեցան փորլուացք ընել. - «Իպիս իր մարմնին ներսը կը լուայ կտուցովը ջուր ներարկելով հո՛ն՝ ուրկէ առողջութիւնը կը պահանջէ որ ստամոքսին աւելորդ սնունդները դուրս գան»։

Պղինիոսը չեմ գիտեր, բայց Վոլթէր անմահացուց այդ ժեսթը…։ Երեւակայեցէք որ ամիսը ութը լուծողական կ՚ընդունէր ու տասներկու փորլուացք։

Երբ Բրուսիոյ թագաւորը Ֆրէտէրիք Մեծ՝ իր հանճարին վրայ զմայլելով՝ զայն իր պալատը պահել ուզեց.

-Խնդրէ ինձմէ ի՛նչ որ կ՚ուզես,- հարցուց։

-Կ՚ուզեմ մինակ անկողին մը, գրեխ մը ու Բրուսիոյ թագաւորը…,- պատասխանեց Վոլթէր։

Ու տարիներ յետոյ երբ հայրենիք վերադառնալով, դարձեալ գերմանական ազդու լուծողականներ կը խնդրէր իրմէ.

 -Ղրկած դեղահատներս բաւական են ամբողջ Ֆրանսան լուծելու…,- կը գրէր Մեծ Թագաւորը։

 Այս պայմաններուն մէջ դիւրին է հետեւցնել թէ ի՜նչ տրամադրութեան տակ կ՚աշխատէր.

-Գրած ատենս երկու ձեռքով փորս կը բռնէի, ու յետոյ գրիչս…։

Դժուար չէ նաեւ կռահել որ հակառակ իր յաւիտենական քմծիծաղին՝ իր կեանքը հեռո՜ւ էր վարդագոյն ըլլալէ.

-Ամբողջ կեանքս ես մեռայ…,- կը գրէ տեղ մը։

Եւ սակայն իր բոլոր ժամանակակիցները մեռան, զինքը պաշտպանող բարեկամները մեռան, զինքը դարմանող բժիշկները մեռան, ու ինք դեռ կ՚ապրէր, կ՚ապրէր ու կ՚աշխատէր։ Եօթանասուն հատոր գիրքեր դեռ չյոգնեցուցին իր գրիչը։ Ութսուն տարեկանին Մենէի աղջիկները գրեց երկու օրուան մէջ։ Երկու տարի յետոյ Իրէնի ողբերգութիւնը յղացաւ…։

Ի՜նչ մոգական գաղտնիք մ՚ունէր ուրեմն այս արտակարգ մարդը, որ ինքն իր բժիշկն ըլլալը կը յայտարարէր ամէնուն.

-Պահպանեցէք ձեր առողջութիւնը,- կը գրէր բարեկամի մը,- ան աւելի ձենէ կախում ունի քան աշխարհի բոլոր բժիշկներէն։ Չափաւոր եղէք։

Ահա իր միակ պատուէրը։

Զարմանալի է դիտել որ այդ որկրամոլութեան դարուն մէջ, Վոլթէր նոյնի՛սկ թագաւորներու սեղանին վրայ երբեք չէր շեղեր իր գիտցած կերակուրներէն։ Կաթ, հաւկիթ, ոսպ, գետնախնձորի ապուր, բրինձ, ու պատառ մը ոչխարի միս. ահա դար մը ապրելու իր ճաշացուցակը։

Ան քիչ կ՚ուտէր, բայց շատ կը ծամէր։ Սկիզբները իր միակ մոլութիւնը սուրճն էր, բայց երբ տեսաւ որ իր ջղայնութիւնը կ՚աւելցնէր՝ սուրճն ալ դադրեցուց։

Ու այս չափաւորութիւնը՝ Սիրոյ մէջ մինչեւ ծոմապահութեան սահմանները կ՚երթար…։

Քիչ մը վերը իր տգեղութիւնը յիշեցինք։ Բայց Վոլթէր իր մասնաւոր գեղեցկութիւնը ունէր՝ մաքրութիւնը։ Իր վտիտ մարմնին վրայ կուսական շնորհ մը, սրբութիւն մը, լոյս մը կար միշտ։ Լոգանքն ամէն օր անպակաս էր։ Ու իր անձին, հագուստին, ուտեստին ծայրայեղ անբծութիւնը կատարեալ կրօնք մը, արարողութիւն մը, պաշտամունք մը եղած էր իրեն համար։

Իր հիւանդութիւնները մոռնալու համար իբրեւ միակ դարման՝ աշխատութեան կը նուիրուէր։ Օրական տասնութէն քսան ժամ կը գրէր ու կը կարդար՝ իր ցաւերուն վրայ խորհելու ժամանակ չունենալու համար…։

Գրասենեակին մէջ հինգ սեղաններ ունէր՝ հինգ երկերու համար։ Հազիւ թէ մէկ գրքին վրայ ձանձրացած, միւսին վրայ կ՚իյնար… հանգչելու համար։

Բայց այդ սո՛սկ ուղեղային կեանքը շատոնց պիտի սպառէր իր կեանքը՝ եթէ մարմնային աշխատութիւններով ան չգիտնար ներդաշնակել իր գործունէութիւնը։ Պարտիզպանութիւն, այգեգործութիւն, ծաղկամշակութիւն, ամէն օր կը ծաղկեցնէին իր ուժերը։

Շատ երկարակեցութեան գաղտնիքը գիւղացիներուն մէջ կը փնտռեն։ Ի՜նչ բան աւելի բնական քան առողջ լեռնցի մը, որ ո՛չ սիրտ կը մաշեցնէ, ո՛չ միտք կը յոգնեցնէ, ծառի մը պէս կ ՚ապրի ու անասունի մը պէս կ՚ուտէ։

Վոլթէր իր անձին օրինակով մեզի ցոյց կու տայ, որ մարդ կրնայ ախտաւոր ծնիլ, կրնայ բոլոր հիւանդութիւններու մաղէն անցնիլ, եւ սակայն ապրիլ, գործել, երջանկանալ ու երջանկացնել…։

Չափաւորութիւն, մաքրութիւն, աշխատութիւն. ահա այն պարզ ու հաստատուն եռոտանին որուն վրայ ամէ՛ն մարդ ամրօրէն կրնայ նստիլ։

Այդ եռոտանիին վրայ կանգնած էր Վոլթէր իր վտիտ հասակին ամբողջ բարձրութիւնովը։ Բայց իր յենարանը չափազանց անկայուն ըլլալուն՝ վայրկեանէ վայրկեան չիյնալու համար մէջքին փաթթած էր պարաններէն է՛ն ամուրը, Ապրելու Կամքը…։

Այո՛. ո՛վ որ Կեանքին հաւատքն ունի՝ երկնքէն բռնուելիք չուան մ՚ունի։ Ո՛վ որ Յաղթութեան յոյսն ու Երջանկութեան սէրն ունի՝ ան իր ուսերուն վրայ երկու թեւեր ունի, ան հողէն չի վախնար…։

Այսպէ՜ս ապրեցաւ Վոլթէր. այսպէ՜ս ապրեցան բոլոր ուժեղ անհատականութիւնները։ Սոփոկլէս, Դիոգինէս, Քսէնոֆոն, Քաթօն, Միքէլ Անճէլօ, Բէթրարք, Ֆրանքլին, Հօպպէս, Ուաթ, Թալէյրան, Հիւկօ, Կէօթէ, Նեւտոն, Վէլինկթօն, Լիթրէ, Պիւֆօն, հակառակ խիստ յոգնեցուցիչ կեանքի մը, դար մը բոլորած են։

Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն օրէնքը որ սովորական կեանքերուն միջինը յիսուն տարիքին կը փակուի, մինչդեռ հանճարներուն միջինը - հակառակ իրենց ախտագին առողջութեան - եօթանասուն տարին ալ կ՚անցնի։ Հիփոքրաթ՝ բժշկութեան հայրը՝ մէկ դարն ալ անցաւ…։

ՏԽՈՒՐ ՐՈՊԷ

1906, հոկտեմբեր 6

Շաբաթ գիշեր է, ու կը գրեմ։

Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, տխուր եմ այս գիշեր։ 

Մարդ որչա՛փ ալ ճգնի մոռնալ իր ցաւերը, որչա՛փ ալ երջանկութիւնը սիրէ, որչա՛փ ալ չանդրադառնայ կեանքին դառնութիւններուն վրայ, դարձեա՛լ սրտին մէջ կա՛յ անկիւն մը, որ երբեմն կը ցաւի, կը մթագնի ու կ՚արտասուէ։ Ինչո՞ւ, ո՜վ գիտէ։

Զարմանալի չէ՞ մարդուս սիրտը։

Շղթայազերծ փոթորիկները անզօր են երբեմն տապալելու ծառ մը։ Փոքրի՛կ, աննշա՛ն, աննշմա՜ր որդ մը կը սպրդի ծառին երակներուն մէջ, ու երէկուան կաղնին այսօրուայ կմախքը կ՚ըլլայ ։

Այսպէ՛ս ալ սիրտը։ Տէգի հարուածներ կան, որոնք հազի՜ւ թէ կը զգաս, անկարեւոր բաներ կան, որոնք հոգիդ կը ճմլեն։

Շարժո՜ւմ մը, խօ՜սք մը, նայուա՜ծք մը, բա՜ռ մը թերեւս. ու սիրտը կը խոցուի արդէն։

Ո՜վ տանջող գործիք, ո՜վ կեանքին յուսահատութիւնը, ո՜վ թունալի ծաղիկ. սի՜րտ։

Ու կը խորհիմ այն խեղճերուն վրայ, որոնք կը տառապին՝ զգալ գիտնալնուն համար։

Քանինե՜ր, որոնք նայուածքէ մը կ՚իյնան շանթահար. քանինե՜ր, որոնք բառէ մը կը խոցուին նետահար. քանինե՜ր, որոնք համբոյրէ մը կը թունաւորուին թշուա՜ռ։

Ու կը խորհիմ անոնց վրայ, որոնք մեռան՝ սիրտ ունենալնուն համար։

Անհասկնալի՜, անիմանալի՜ խորհուրդ, անքակտելի թշուառութեա՜ն հանգոյց, արցունքներու պաշտելի՜ աղբիւր. սիրտ։

Որքա՜ն անուշ է, երբ կը ծաղկի սիրտը. երջանկութիւնը որքան վա՜ռ է իր պատերուն մէջ. որքա՜ն քաղցրիկ իր մրմունջը։

Ահաւասիկ փոքր անկիւնէ մը, ստուերոտ անծանօթ անկիւնէ մը վշտին սեւ ծաղիկը իր կմախքը կը ցցէ։ Հրճուանքին ցոլքերը կը խամրին. խնդութեան երգը կը մեռնի. ու ցա՛ւն է, խորո՛ւնկ, յուսահատական, անհասկնալի՛, որ կը լայննա՜յ, կը լայննա՜յ սրտիդ մէջ, աշնանային տխրամած մշուշներուն պէս։

Ու չես գիտեր, թէ ի՛նչ բան կը տառապեցնէ քեզ. չես գիտեր, թէ ի՛նչ բան կը գալարուի ջիղերուդ մէջ. չես կրնար ըմբռնել այն անհունապէս փոքրերը, որոնք սիրտդ կը կրծեն. գիտես միայն, թէ ծովերուն չափ լա՜յն պարապ մը կայ կուրծքիդ տակ, թէ հոգիդ լքել կ՚ուզէ մարմինդ, թէ աչքերդ ալ լա՜լ կ՚ուզեն։ Ու գիտես, թէ շատ ծա՜նր է այս կեանքը՝ ապրելու համար…

Ո՜վ դառնութեանց մայրը. ո՜վ անիմաստ գործիք. ո՜վ խորհրդալի մսի կոյտ. սիրտ։

Ու դուն, ո՜վ իմ խեղճ սիրտս…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025