ՄԵՐՕՐԵԱՅ «ՊԱՏՄԻՉՆԵՐ»
Ի՞նչ է ինքնութիւնը։ Արդեօք ինքնութիւնը միայն լեզո՞ւն է, որով կը խօսինք, թէ հաւատն է, զոր կը դաւանինք։ Գուցէ ինքնութիւնը մեր ժառանգած պատմութի՞ւնն է կամ ալ այն հասարակութիւնը, որուն կը պատկանինք։
Նախօրէին Իսթանպուլի մէջ դիտելով «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը, որ շուրջ մէկ տասնեակ տարուայ բարդ ու պատասխանատու աշխատանքէ յետոյ հանդիսատեսի դատին յանձնած էին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի երկարամեայ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ու վաւերագրող, հրապարակախօս Տիգրան Պասկեւիչեանը, կը հասկնաս, թէ ինքնութիւնը թուարկածս բոլոր գործօններն են եւ աւելին։ Այս փխրուն ու միեւնոյն ժամանակ դիմացկուն թել մըն է, որն ամուր կը կապէ անցեալը ներկայի հետ։
Լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ ցուցադրուած ֆիլմը պարզապէս վաւերագրութիւնը չէր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան շուրջ կէսդարեայ պատմութեան։ Այն մեծ հոգատարութեամբ ստեղծուած պատմութիւն էր այն մասին, թէ ինչպէ՞ս Պոլսոյ աւանդական հայկական համայնքը, ի հեճուկս հարիւրամեակներու ընթացքին հանդիպած վերիվայրումներու, մարտահրաւէրներու միջով պահպանած է իր ինքնութիւնը: Հիմնադրման օրէն ի վեր պատրիարքարանը հանդէս կու գայ ո՛չ միայն որպէս զուտ կրօնական հաստատութիւն, այլեւ որպէս Պոլսոյ հայ համայնքի սրտի բաբախը, անոր հոգեւոր, մշակութային և ընկերային առանցքը: Ըստ էութեան պատրիարքութիւնն իսկ է այն վայրը, ուր հաւաքական յիշողութիւնը, լեզուն, հաւատքը եւ դիմադրողականութիւնը կը միաձուլուին՝ կապելով սերունդները:
Ֆիլմի ստեղծման ակունքներուն կանգնած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը եւ լրագրող, արդէն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան «Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան» շքանշանակիր Տիգրան Պասկեւիչեանը կարեւոր սկզբունք դրած էին ֆիլմի ստեղծման հիմքին. ներկայացնել իրականութիւնը ինչպէս որ է։ Չստել, չկոծկել, չգունաւորել երանգները այնտեղ, ուր պատմութիւնը կը թուէր տհաճ կամ անցանկալի։ Սա դիտողին թոյլ կու տայ առարկայականօրէն գնահատել պատմական դէպքերն ու առանց հեղինակներու ուղղորդման գալ սեփական եզրայանգումներու ու եզրակացութիւններու։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ քանի մը տարիէն պիտի տօնէ հիմնադրման 120-րդ տարեդարձը, ֆիլմի ստեղծման գաղափարով եւ անոր փայլուն իրականացմամբ կրկին կ՚ապացուցանէ, որ ամենօրեայ լուրերու հարթակ մը չէ միայն։ Հիմնադրումէն մինչեւ օրս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ աշխատած են ռահվիրաներ, որոնք նոյնիսկ պատմական ամենադժուար ժամանակներուն շարունակելով հաւատարիմ մնալ սեփական առաքելութեան՝ դարձած են պատմութեան իւրօրինակ վաւերագրողներ՝ մերօրեայ «պատմիչներ»։ Եւ շատ առումներով ֆիլմը, որ կը յուսամ, շատերը կրնան դիտել արդէն Իսթանպուլէ դուրս՝ Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն մէջ, բիւրեղացումն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կարեւոր առաքելութեան. այն է՝ շարունակել պատմել համայնքի պատմութիւնն ու փոխանցել զայն սերունդներուն։
Ֆիլմը ինձ համար պարզապէս փաստագրական պատմութիւն չէր։ Այն զգուշօրէն բացուող դուռ մըն էր, որու ետեւ կանգնած էին սերունդներ՝ իրենց հաւատով, վախերով, լռութիւններով, բայց հայկականութիւնը պահպանելու ու շարունակելու յամառութեամբ եւ հաստատակամութեամբ։
ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ
*«Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան փոխ-տնօրէն
(Արեւմտահայերէնի փոխադրուած)