ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱ (1903 - 1973)

Սիրան Սեզա, բուն անունով Սիրան Զարիֆեան-Քիւփէլեան, ծնած է 9 փետրուար 1903-ին, Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ: Հայ արձակագիր, հրապարակախօս եւ խմբագիր:

Ծնած է ուսումնասէր ընտանիքի մը մէջ: Ծնողները, հայրը՝ Տաճատ Զարիֆեան Կովկասէն գաղթած ընտանիքի մը զաւակը, որ զբաղած է վաճառականութեամբ, իսկ մայրը՝ Հռիփսիմէն, Վենտիկէն գաղթած ընտանիքի մը զաւակը եղած է: Ունեցած է հինգ քոյր եւ եղբայրներ, Մատթէոս (նշանաւոր բանաստեղծը), Վահագն (երիտասարդ հասակին մահացած է եւ յետագային երբ Սեզա զաւակ ունեցած է, զայն կոչած է իր վաղամեռիկ եղբօր անունով), Պերճուհի (գործարար Կիւլպէնկ Կիւլպէնկեանի հետ ամուսնացած), Նուարդ, Լիւսի (ամուսնացած բժիշկ Վահրամ Փոթուքեանի հետ, իսկ անոր մահէն ետք Տիգրան Թոսպաթի հետ, որոնք միասին խմբագրած են ֆրանսերէն «Le Soire» թերթը):

1909-1913 թուականներուն նախակրթութիւնը ստացած է պոլսոյ Մուսալլա թաղամասին մէջ գտնուող աղջիկներու անգլիական վարժարանէն ներս: 

1913-1917 թուականներուն երկրորդական ուսումը ստացած է Ատափազարի օրիորդաց Գալֆայեան բարձրագոյն վարժարանէն ներս:

Իսկ 1918-1921 թուականներուն իր ուսումը շարունակած է ամերիկեան միսիոնարներու Պոլսոյ մէջ հիմնած Քր. Ռոպերթ քոլէճին մէջ: 

Քեմալականներու Պոլիս մտնելէն ետք, 1922-ին անցած է Պէյրութ, ուրկէ Եգիպտոս եւ ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր՝ Նիւ Եորքի մէջ՝ 1930-1932 թուականներուն հետեւած է բարձրագոյն ուսման Քոլոմպիա համալսարանէն ներս, հետեւելով լրագրութեան եւ գրականութեան ճիւղին ու տիրացած է Արուեստից մագիստրոս (M.A.) աստիճանին, որպէս աւարտաճառ ունենալով Աւետիս Ահարոնեանի «Հայ հին հաւատալիքները» աշխատութիւնը: 

Ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Պէյրութ:

Սիրան Սեզա երկու անգամ ամուսնացած է: Առաջին ամուսնութիւնը՝ 1926-1929 թուականներուն, դաշնակցական գործիչ, գանձակեցի՝ Ալեքսանտր Մարգարեանի հետ: Իսկ երկրորդ ամուսնութիւնը՝ 1930-ականներու երկրորդ կէսին՝ 1938-ին, Լիբանանի մէջ՝ բժիշկ Ներսէս Քիւփէլեանի հետ: Սեզա իր երկրորդ ամուսնութենէն ունեցած է մանչ զաւակ մը՝ Վահագն:

1932-ին հիմնած եւ 15 տարի խմբագրած է «Երիտասարդ հայուհին» պարբերաթերթը: Այս մէկը երկու հանգրուաններով հրատարակուած է: Առաջին հանգրուանը 1932-1934 տարիներուն, որմէ ետք դադրած է լոյս տեսնելէ: Երկրորդ հանգրուանը սկսած է 1947-ին եւ կանոնաւորութեամբ լոյս տեսած է մինչեւ 1968-ը, շնորհիւ իր ամուսինին՝ բժիշկ Քիւփէլեանի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան ու նեցուկին: Այս պարբերականը «կը նկատուի կանանց ուղղուած եւ կանանց հարցերուն նուիրուած լիբանանեան եւ լիբանանահայ առաջին պարբերաթերթը եւ առաջիններէն մէկը ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ: Թերթին չյայտարարուած նշանաբանը եղած է՝ «ծառայե՛լ կ՚ուզենք»: Այս բառազոյգը ոչ քիչ անգամ կը պատահի Սեզայի հրապարակագրութեան եւ հրապարակախօսութեան, մանաւանդ կանանց վերաբերող գրութեանց մէջ: Այս նշանաբանը «Երիտասարդ հայուհի» թիւ 4 (22), 15 յուլիս 1947-ի եւ թիւ 5 (23), 1 օգոստոս 1947-ի համարներու խմբագրականներու վերնագիրն է» («Նամականի Ա. հատոր», Սիրան Սեզա, Երեւան, 2023, էջ 17. կազմող, ծանօթագրող եւ թարգմանող՝ Գէորգ Եազըճեան):

Սիրան Սեզա իր հրատարակած պարբերականին մէջ՝ Սիրան Սեզա եւ պարզապէս Սեզա անուններու կողքին, օգտագործած է հետեւեալ ծածկանունները. «Ասթինէ», «Ե. Հ.» «Երիտասարդ հայուհի», «Հետաքրքիր», «Ս.», «Տանտիկին», «***» եւ թերեւս ալ՝ «Անահիտ» եւ «Բ. Ծովեան»:

«1969-ի աշնան Սեզա «Երիտասարդ հայուհի»ի հրատարակութեան արտօնագիրը սիրով նուիրեց խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներու (Հայր Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պետրոս Թէրզեան, Յովսէփ Մելքոնեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Լութֆիկ Թապագեան եւ ուրիշներ), որոնք թերթին արտօնագիրով 1969-ի դեկտեմբերէն 1975-ի յունուարը հրատարակեցին սեզայաշունչ, յեղափոխական գաղափարներով «Երիտասարդ հայ.» անկախ ամսաթերթը: Թերթին անունը կը նշուէր «Երիտասարդ հայ.»՝ «հայ» բառէն ետք յապաւման կէտով՝ այն պատրանքն ստեղծելով, թէ թերթին անունը… «Երիտասարդ հայուհի» է: Այդուհանդերձ, պահպանելու համար պարբերական հրատարակութեան վրեաբերեալ Լիբանանի օրէնսդրութեան պահանջները, թերթի հրատարակչական արաբերէն տուելաներուն մէջ պատասխանատու տնօրէնի անուն կը շարունակուէր նշուիլ Սեզան, թերթին անունն ալ՝ “Երիտասարդ հայուհի”» («Նամականի Ա. հատոր», Սիրան Սեզա, Երեւան, 2023, էջ 18. կազմող, ծանօթագրող եւ թարգմանող՝ Գէորգ Եազըճեան):

1950-1957 թուականներուն ամուսինին աշխատանքին բերումով՝ ապրած է Լիբանանի հիւսիսային Թրիփոլի քաղաքին մէջ, միաժամանակ շարունակելով «Երիտասարդ հայուհի»ի հրատարակութիւնը՝ յաճախակիօրէն Պէյրութ երթալով այդ նպատակին համար, միաժամանակ Թրիփոլիի մէջ գործուն մասնակցութիւն ուենցած է հասարակական եւ մշակութային կեանքին:

Սիրան Սեզան գրական մամուլին աշխատակցած է պատմուածքներով, վիպակներով, հրապարակախօսական եւ արձակ գրութիւններով: 

1950-60-ական թուականներուն առանձինն հատորներով լոյս տեսած են անոր գործերը, ինչպէս՝ 

«Պատնէշ» Պէյրութ 1959 եւ Երեւան 1967: 

«Մեղաւորուհին» Պէյրութ 1960 եւ Երեւան 1967:

«Հեքիաթներու աշխարհէն» Պէյրութ 1973, որ հեքիաթներու շարք մըն է՝ փորք երեխաներու համար մշակուած: 

1956-ին, Վահէ Վահեանին հետ կազմած ու խըմ-բագրած է Մատէթոս Զարիֆեանի «Ամբողջական գործեր» ստուարածաւալ հատորը: 

«Գիրք Ծննդոց»ը, տպուած 2014-ին Լոս Անճելըսի մէջ, Սեզայի արժէքաւոր ստեղծագործութիւններէն է, որ ինքնակենսագրական բնոյթ ունի եւ կ՚ընդգրկէ 1900-ականներէն մինչեւ 1918-ը երկարող տարիներու դէպքերն ու արձագանգները պոլսահայ եւ յատկապէս իր շրջանակի մարդոց կեանքէն ներս: Գիրքի նախաբանը գրած է Մինաս Գոճայեան, ուր ի միջի այլոց կը գրէ. «Սիրան Սեզա հայ լուսամիտ կանանց ոսկէ շղթային ամենէն վաւերական դէմքերէն մէկը եղաւ՝ շարունակելով Սրբուհի Տիւսաբի, Սիպիլի (Զապէլ Ասատուր), Զապէլ Եսայեանի, Արշակուհի Թէոդիկի այն ազնիւ առաքելութիւնը, զոր իր մայրը շատ պարզ խօսքերով պարմանուհի Սիրանին ըսած էր. «Որքան շատ աղջիկներ կրթենք, այնքան բարձր ազգ կ՚ըլլանք»:

Ան մեր մշակոյթի պատմութեան մէջ անմահացաւ «Երիտասարդ հայուհի» ամսագրով (Պէյրութ), ուր լոյսին եկան իր հրապարակախօսական յօդուածները՝ ընդգծելով հայ իգական սեռին դերին անհրաժեշտութիւնը՝ առողջ, զարգացած ու հայրենասէր հայ ընտանիքներ կազմելու ազգային առաքելութեան մէջ:

Ներկայացուող հրատարակութիւնը օրինական ամուր կապ մը ունի Սեզայի առաքելութեան հետ: Ուշ տարիքին հապճեպով թուղթին յանձնուած «Գիրք Ծննդոց»ի դէպքերն ու դէմքերը ունենալով հանդերձ ինքնակենսագրական շատ ընդհանրութիւններ, այնուամենայնիւ զուտ ինքնակենսագրական կարելի չէ որակել այն պարզ պատճառով, որ հեղինակը գեղար-ւեստական հնարանքներու միջոցով ստեղծած է գրական կերպարներ, որոնք եթէ երբեմն նմանութիւններ ունին Սիրան Զարիֆեան անձին, հարազատներուն եւ կամ շրջապատին մէջ ապրած անձերու հետ, յաճախ նաեւ անոնք որպէս կերպար այն չեն, ինչ էին իրական կեանքին մէջ: Այսպէս՝ վէպին կեդրոնական դէմքը՝ Ասթինէն ի՛նքն է եւ երբեմն ինքը չէ: Այս ձեւով Սեզա ազատութիւնը ունեցած է կերտելու ինքնատիպ կերպար մը, որ 1900-ականներու սկիզբի ծնունդ ըլլալով կարենայ ցոլացնել պոլսահայ կեանքը իր հարազատութեամբ, ապրումներով, խոհերով, դասակարգային շերտաւորումներով, ազգային-մտաւորական հակումներով ու տեսիլքով:

Ուշագրաւ է եւ պատմաճանաչողական՝ հայ, յոյն, հրեայ, թուրք ու եւրոպացի համայնքներու յարաբերութեանց արտացոլացումը բազմաքաղաքացիական կեանքով ապրող Պոլսոյ մէջ. յատկապէս արժէքաւոր է Սկիւտարի, հա՛յ Սկիւտարի դպրոցական ու մշակութային եռուն կեանքի ընկալումն ու պատկերումը՝ դիտուած արուեստներու հանդէպ լուրջ հետաքրքրութիւններ ունեցող պարմանուհիի աչքերով» («Գիրք Ծննդոց» (Յուշագրական վէպ), հրատարակութիւն՝ Վահագն Քիւփէլեանն, Լոս Անճելըս, 2014, էջ 1-2):

«Խորտակուած կեանքեր», տպուած 2015-ին Լոս Անճելըսի մէջ, սիրային վէպն մըն է, որ գրագիտուհին հեղինակած է քսանմէկ տարեկան հասակին: Ազատուհի Սիմոնեան այս հրատարակութեան մասին անդրադառնալով, կը գրէ, թէ այս վէպը «Սեզա ստեղծագործած է 1924 թուականին, տակաւին 21 տարեկան հասակին: Վէպի գլխաւոր հերոսուհին Ալենուշն է կամ Ալինան: Ալինայի կերպարը ներկայացուած է մանկութենէն սկսեալ անոր յաճախած ուսումնական հաստատութիւններուն եւ իր ժամանակի ընկերային, ազգային ու քաղաքական իրադարձութիւններու հետ ունեցած շփումներու ընդմէջէն: Փոքրիկ Ալինան կը կազմաւորուի տարիներու ընթացքին եւ ընթերցողը կը նկատէ ուսեալ, հայրենասէր ու ազգասէր հայուհիի մը գործուն մասնակցութիւնը պոլսահայ իրականութեան մէջ, 1900-ական թուականներու առաջին քսանամեակին ընթացքին: Սեզա կը ներկայացնէ իր հերոսուհիին փորձառութիւնները հեզասահ եւ գրաւիչ արձակով մը եւ օգտագործելով նաեւ օրագրութիւններու փոխանցած անձնական յոյզերն ու տպաւորութիւնները: Գրագիտուհիի ներաշխարհին ճշմարիտ հայելին ու անկեղծ վերարտադրութիւնն է Սեզայի այս արձակ հատորը, որ միեւնոյն ատեն արտացոլումն է նոյն ժամանակաշրջանի պոլսահայ կեանքի վերիվայրումներուն եւ փոթորկումներուն» («Արարատ» օրաթերթ, 19 ապրիլ 2023):

1967-ին Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը պարգեւատրած է Սիրան Սեզան «Արժանեաց կարգ»ի շքանշանով: Սեզա արժանացած է նաեւ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի Հայրապետական կոնդակին, անոր հրատարակած «Երիտասարդ հայուհի» պարբերականի 15-ամեակին առիթով:

Ստորեւ այդ կոնդակը.

«ԱԶՆՈԻԱՓԱՅԼ ՏԻԿԻՆ ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻՆ, ՀԱՐԱԶԱՏ ԴՍՏԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՈՅ ՍՐԲՈՅ ԿԱԹՈԻՂԻԿԷ ԷՋՄԻԱԾՆԻ, ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԵԻ ՕՐՀՆՈԻԹԻԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ

Հայ հոգիի լուսարար Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնէն ձեզի կը բերենք յարգալից ողջոյն եւ օրհնութիւն՝ Ձեր գրական-հրատարակչական բազում տարիներու վաստակը տօնախմբելու երջանիկ աոթիւ: 

Յայտնի է Մեզի Զեր գրական-հասարակական գործունէութիւնը, յատկապէս վերջին տասնհինգ տարիներու շրջանին Ձեր հրատարակած «Երիտասարդ հայուհի» ամսագիրը, որ եղած է լուսաւոր արտայայտութիւնը Ձեր արուեստագէտի անձնաւորութեան, Ձեր պարկեշտ դաստիարակի շունչին, Ձեր մաքուր ու համարձակ հայրենասիրութեան: Այսպիսով Դուք գրաւեցիք պատուաբեր տեղ մը հայ սփիւոքի մեր ժամանակաշրջանի պատմութեան մէջ:

Հետեւաբար խղճի պարտք է նաեւ Մեզի համար ջերմապէս շնորհաւորել եւ օրհնել Ձեր վաստակը անկեղծ գնահատանքով:

Կը խորհինք սակայն, թէ դուք կը գտնուիք տակաւին Ձեր իմացական ու ոգեկան ուժերու լիութեան մէջ եւ սպասելի է, որ Ձեր յոբելենական հանդիսութիւնը նկատէք հանգրուան մը միայն՝ շարունակելու համար Ձեր հանրօգուտ գործը եւս երկար տարիներ, միշտ շրջապատուած մեր ժողովուրդի համակրանքով եւ գուրգուրանքով:

Վարձքերնիդ կատար, յարգարժան Տիկին, ազնիւ մշակ եւ հաւատարիմ ծառայ հայ ժողովրդեան:

Ձեզի արեւշատ կեանք՝ քաջառողջութեամբ, խաղաղութեամբ եւ բեղուն գործունէութեամբ:

Ողջ լերուք, զօրացեալ Սուրբ Հոգւով եւ յաւէտ օրհնեալ ի Տեառնէ եւ ի Մէնջ: Ամէն:

ՎԱԶ­ԳԷՆ Ա.
ԾԱՅ­ՐԱ­ԳՈՅՆ ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ ԵՒ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ
Ա­ՄԵ­ՆԱՅՆ ՀԱ­ՅՈՑ

Տուաւ կոնդակս ի 20-ն յունուարի

1968 փրկչական ամի, եւ ի տումարիս հայոց ՌՆԺԷ,

ի մայրավանս սրբոյ Էջմիածնի

ՀՄՐ. 631»

(«Էջմիածին» պաշտօնական ամսագիր Հայրապետական Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի, ԻԴ. տարի, փետրուար, 1968, էջ 5):

Սիրան Սեզա երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է 8 սեպտեմբեր 1973-ին եւ թաղուած Պէյրութի Ֆրըն Շըպպեք թաղամասի հայոց ազգային գերեզմանատան Քիւփէլեաններու ընտանեկան դամբարանին մէջ:

Լիբանան հրատարակուող «Այգ» օրաթերթը այսպէս գուժած է Սիրան Սեզայի մահը:

«Գրագիտուհի Սեզա ոչ եւս է

Այդքան խանդավառ, այդքան եռանդուն, ազգային տագնապներով ապրող գրագիտուհին, Սիրան Սեզա, փակեց իր աչքերը, երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք, որ զգետնեց զինք ընդմիշտ:

Զարիֆեաններու ազնուական ընտանիքին այս շնորհալի դուստրը, քոյրը՝ բանաստեղծ Մ. Զարիֆեանի, ապրեցաւ հայ գրականութեան համար միայն կարծես, եւ ուր որ ալ գնաց իր հետ պտտցուց հայ գրականութիւնը, անոր մէջ խտացնելով հայրենիք, ժողովուրդի սէր, համամարդկային զգացումներ:

Պոլսէն մինչեւ Ամերիկա, մինչեւ Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Եգիպտոս եւ Հայաստան, Սեզա եղաւ շրջուն պատգամաւոր մը, որ ուզեց տարածել սէրը սեփական լեզուի ու մշակոյթին, մնալու համար ամուր, սփիւռք կոչուած այս ափերուն, կառչած հայրենի աւանդութիւններուն եւ մշակոյթին, որպէսզի չկորսուինք:

Ունի անհատնում օրագիրներ, «Կեանքի էջեր»էն քաղուած «Ապրումներ», որոնցմէ շատեր տպուեցան մամուլին մէջ, մասնաւորաբար «Նայիրի» շաբաթաթերթին մէջ, ու շատեր կը մնան անտիպ: Նամակագրական կապ պահած է վերջին 50 տարիներու ընթացքին սփիւռքի եւ հայրենիքի մեր մտաւորական դասուն հետ:

Իր դասախօսութիւնները, բանախօսութիւնները տարբեր երանգ մը տուին այս տինամիք կնոջ գործունէութեան: Պերճախօս բանախօսն էր, մասնաւորաբար երբ սկսէր խօսիլ կանանց իրաւունքներուն, սերունդներու դաստիարակութեան հարցերուն շուրջ:

Հայրենիքը եղաւ երախտագէտ հանդէպ Սեզայի, հրատարակելով իր գործերէն առանձին հատոր մը. «Մեղաւորուհին», 1907-ին:

Իր գրական գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր քանի մը հատորներով: Ան երկար տարիներ լոյս ընծայեց իր «Երիտասարդ հայուհի» ամսաթերթը, որ եղաւ իր ազատ բեմը, եւ ուրկէ խօսեցաւ, բարկացաւ, պոռաց, փսփսաց եւ երբեմն՝ կսմթեց, որպէսզի իր շուրջը տիրէր արդարութիւն, որպէսզի մարդիկ ըլլային քիչ մը պարկեշտ, անկեղծ եւ գործօն:

Սեզա պարգեւատրուեցու Լիբանանեան Արժանեաց Կարգի շքանշանով, Կրթական նախարարութեան կողմէ, 1967 թուին, իր թերթին՝ «Երիտասարդ հայուհի»ին 15-ամեակին եւ գրական-հասարակական 40-ամեակին առթիւ:

Այս նոյն առիթներով է, որ 1968 յունուար 20-ին, Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Սեզային շնորհեց Հայրապետական կոնդակ մը:

Ու այս պայքարող կինը, որ մնաց միշտ պատնէշի վրայ, կ՚անհետանայ այսօր սփիւռքահայ գրականութենէն:

Սեզայի մահով Արեւմտեան գրականութիւնը կը կորսնցնէ իր արժանաւոր կին ներկայացուցիչը:

Յարգա՜նք իր վաստակին եւ յիշատակին» («Այգ» օրաթերթ, 11 սեպտեմբեր 1973, Պէյրութ, էջ 1): 

Իսկ Տիգրան Թոսպաթ, Սեզայի քրոջ՝ Լիւսիի ամուսինը «Սիրան Սեզա կամ չսիրուած սիրուածը (La Male-Aimee)» վերնագրին տակ անոր մահուան առիթով հետեւեալը կը գրէ.

«Ինչո՞ւ չսիրուած սիրուածը: Նոյնիսկ անոնց կողմէ, որոնք անկեղծօրէն կը սիրէին զինք եւ անվերապահօրէն կը հիանային իր վրայ: Որովհետեւ ան միշտ ներկայ էր, կենդանի պատկերը արդարադատի իր կիրքով, որ յաճախ կը կուրցնէր զինք, բայց որ հաղորդական էր, իր ուժեղ եւ անկեղծ խօսակցութեամբ, իր աւելի բիրտ քան ռոքոքօ գրիչով, իր եռանդով, իր զեղումով, կացութիւնները եւ դիրքաւորումները մրրկող իր գաղափարներով, մարդոց եւ իրերու հանդէպ առանց բարդոյթի իր մօտեցումով, իր վճռական բանաձեւերով, իր խայթող արտայայտութիւններով, եւ մանաւանդ, հակառակ իրական կանացիութեան մը, իր ներկայութեամբ, որ նեղացուցիչ էր, այնքան որ իր անհատականութիւնը շեշտուած էր:

Ընդհանուր գիծերով կու տանք պատկերը կնոջ մը, զոր մենք ալ չսիրեցինք եւ սիրեցինք, բայց շատ գնահատեցինք, լրագրողի մը, որ սրբազան հուրը ունէր, հազուագիւտ ուժգնութեամբ վիճաբանողի մը, պերճախօս հրապարակախօսի մը, երեւակայութեամբ եւ քաղցրութեամբ լեցուն նովելիսթի մը, ամենէն նուիրական, ինչպէս ամենէն անսովոր դատելու գործիչի մը, իսկական մտաւորականի մը, ունենալով ընդարձակ մշակոյթ, զոր յաջողած էր հաղորդական դարձնել, առանց հմտութիւն ծախելու, ոճաբանի մը, որ մտահոգութիւնը ունէր քանդակազարդ նախադասութիւններու, եւ բառը ճիշղ իր տեղը դնելու, ռոմանթիքի մը, որ սխալմամբ «աւանկարտներու» շարքերը անցած էր, այս բացատրութիւնը իր նուիրագործումը ստանալէն ալ առաջ: 

Սիրան Սեզա, որ մեռաւ շարաթ օր, երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք, հայ գրագէտներու ընտանիքին մէջ դէմք մըն էր, սփիւռքի մէջ իր օրինակով միակն էր, եւ իր տեղը ունէր նաեւ Հայաստանի մէջ:

Ծնած Պոլիս, իր ուսումը ստացած մինչեւ В. A. տիտղոսով, շարունակած էր Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ, P. Н. D. աստիճանով: Ան հիմնեց 1932-ին, Պէյրութի մէջ, «Երիտասարդ հայուհի» ամսաթերթը, որուն նուիրեց իր կեանքը, փափաքելով որ «Ուիմեն լիպ» շարժումէն քառասուն տարի առաջ, ապահովէ հայ կնոջ վերելքը, որոշէ անոր դերը ընկերութեան մէջ, անոր առջեւ բանալով նոր եւ լայն հորիզոններ: 

Ան մասնակցեցաւ ազգային, քաղաքական եւ գրական ամէն պայքարներու, իր գործօն աջակցութիւնը բերելով լիբանանեան բոլոր շարժումներուն:

Գործը, զոր կը ձգէ, կը պարփակուի մանաւանդ իր ամսաթերթերուն մէջ: Բայց ան ամփոփած եւ ներկայացուցած է իր եղբօր Մատթէոս Զարիֆեանի բանաստեղծական գործերը եւ արձակները, վերամշակած է հայկական հէքիաթներ, 1973-ին: Բացի իր երկու գործերէն, «Պատնէշը» եւ «Մեղաւորուհին», գրած է վէպ մը «Զենոպի» (անաւարտ): Ունի օրագրութեան էջեր, եւ պահած է ընդարձակ թղթակցութիւն մը, աշխարհի չորս կողմը ցրուած, բանաստեղծներու, գրագէտներու, լրագրողներու եւ մտաւորականներու հետ:

Իր մահը պակաս մը կը ձգէ, որ շուտով պիտի չգոցուի, եւ պիտի զգացուի զանազան աստիճանաւորումներով, բոլոր անոնց կողմէ, որոնք ճանչցան զինք, եւ որոնք չէին կրնար չհիանալ եւ չընդունիլ մանաւանդ անոր տուրքը, հայ գրականութեան հարստացման եւ զարգացումին մէջ: Մամուլը իրմով կը կորսնցնէ իր ամենէն հին եւ ամենէն մոլեռանդօրէն հաւատարիմ անդամներէն մէկը:

Ան որ չդադրեցաւ պայքարելէ եւ որ վերջապէս իր անձին հետ խաղաղութիւն կնքեց, գտաւ շաբաթ օր այն հանգիստը, որուն կը ցանկար» («Այգ» օրաթերթ, 12 սեպտեմբեր 1973, Պէյրութ, էջ 1):

***

Մինաս Գոճայեան այսպէս կը գնահատէ Սեզայի սփիւռքի մէջ ծաւալած գործունէութիւնը. «Սիրան Զարիֆեան (Սէ-Զա) կը հաւատար, թէ առաքելութիւն մը ունէր հայրենամերձ գաղութներու մէջ, հետեւաբար՝ ԱՄՆ-ի հռչակուած Քոլոմպիա համալսարանը աւարտելէ ետք իր «փայլուն ասպարէզը» թողած երիտասարդ Սեզա վերադարձաւ Միջին Արեւելք եւ հաստատուեցաւ Լիբանան, ուր կ՚ապրէին քոյրերը եւ բուժուող բանաստեղծ եղբայրը՝ Մատթէոս Զարիֆեան։ Հրապարակագիր Սեզան գործուն կերպով նուիրուեցաւ ընդհանրապէս կանանց, բայց յատկապէս հայ իգական սեռի մտաւոր եւ հասարակական կեանքի դերի բարձրացման։ Այս առումով ան արժանի կերպով կը դասուի Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Արշակուհի Թէոդիկ, Զապէլ Եսայեան, Հայկանոյշ Մառք, Արփի Միսաքեան վեցեակի շարքին, դառնալով եօթներորդ աստղը այս համաստեղութեան։ Սեզայի մօտ յատկապէս կը շեշտուի մարտունակութիւն մը, որ սիրտ ու համարձակութիւն ներշնչեց նոր սերունդի իգական սեռին։ Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են այն պահերը, երբ մեր երկրորդական դպրոցներու բարձր կարգերու եւ համալսարաններու ուսանողուհիները իրարու կը փոխանցէին «Երիտասարդ հայուհի» ամսագիրը, որուն խմբագրականներն ու իգական սեռի իրաւունքները պաշտպանող Սեզայի եւ այլոց հրապարակախօսական գրութիւնները կը դառնային քննարկման առարկայ։

Կարելի է անվարան ըսել, թէ Սեզան կրթեց հայ կանանց սերունդ մը, որուն կոչումը միայն զաւակներ դաստիարակել, ամուսնոյն սպասարկել եւ խոհանոցին տիրակալը դառնալը չէր, այլ գործուն կերպով մասնակցիլ ազգային-հասարակական կեանքին, ինքնազարգացման եւ հոգեբանական ազատագրման» («Ակօս», 15 մարտ 2024, Պոլիս):

Իսկ Գէորգ Եազըճեանը, 2023-ին Երեւանի մէջ հրատարակութեան պատրաստած Սիրան Սեզայի «Նամականի» Ա. հատորին մէջ այսպէս կը գրէ Սեզայի մասին. «Սեզա եղաւ հայ լուսամիտ կանանց ոսկէ շղթային ամենէն վաւերական դէմքերէն մէկը՝ շարունակելով Սրբուհի Տիւսաբի, Սիպիլի (Զապէլ Ասատուր), Հայկանոյշ Մառքի, Արշակուհի Թէոդիկի եւ Զապէլ Եսայեանի առաքելութիւնը: Ան կը հաւատար մօրը խօսքին, որուն հաւատարիմ մնաց մինչեւ վերջ. «Որքան շատ աղջիկներ կրթենք, այնքան բարձր ազգ կ՚ըլլանք»: Իր նպատակն էր կիները ճանչցնել իրենց բարդ եւ զգայուն հոգեկան աշխարհով, ապահովել հայ իգական սեռի գործուն մասնակցութիւնը հասարակական կեանքին:

Իր յախուռն խառնուածքին, սխալները մատնանշելու ու անոնց հեղինակները խստօրէն քննադատելու իր քաջութեան պատճառով, Սեզա շատ-շատերու աչքին փուշը դարձաւ: Սակայն բոլորը կը յարգէին զայն՝ անոր սկզբունքայնութեան եւ անկեղծութեան համար: Ինչպէս Վահէ-Վահեան կը գրէ Սեզային ուղղած իր մէկ նամակին մէջ, Սեզա անկեղծ էր թէ՛ իր սէրերուն եւ թէ իր ատելութեանց մէջ: Այս տեսակէտէն շատ բնութագրական է Սեզայի Լիւսի քրոջ երկրորդ ամուսին, Պէյրութ հրատարակուող ֆրանսերէն «Լը Սուար» եւ հայերէն «Այգ» օրաթերթերու հրատարակիչ Տիգրան Թոսպաթի գրութեան վերանգիրը Սեզայի մահէն ետք՝ «Սիրան Սեզա կամ չսիրուած սիրուածը (La mal aimée)», «Այգ», ԻԱ. տարի, թիւ 6201, 12 սեպտեմբեր 1973, էջ 1» («Նամականի Ա. հատոր», Սիրան Սեզա, Երեւան, 2023, էջ 17-18. կազմող, ծանօթագրող եւ թարգմանող՝ Գէորգ Եազըճեան):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2025