ՀԱՅ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԻ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ - ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՐԵՒՈՎ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ

Լիբանանահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Հրայր Տիարպէքիրեան, արուեստի աշխարհին մէջ ճանչցուած՝ «Հրայր» գեղանկարչական անունով, կը վերադառնայ արմատներուն։ Երկար սպասուած այս վերադարձը գրեթէ անխուսափելի էր՝ հոգեւոր եւ մշակութային իմաստով։

Ութսուն տարեկանին, վեց տասնամեակէ աւելի ժամանակի ընթացքին կերտած միջազգային ճանաչումէն ետք, Հրայր առաջին անգամ անհատական ցուցահանդէսով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ՝ հայրենի հողին վրայ, ուր իր արուեստի ներշնչումներն ու տեսլականը վաղուց արմատ նետած էին, սակայն, մինչեւ այսօր չէին բացայայտուած ա՛յս ձեւով։ Թէեւ Հրայրի գործերէն կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ (տակաւին 1960-ականներէն ի վեր) այս ցուցահանդէսը առաջին անգամ ամբողջական կերպով բացայայտեց անոր ներկայութիւնը հայրենի մշակութային տարածքին մէջ։

Ցուցահանդէսը շուտով իրադարձութիւն դարձաւ եւ միաժամանակ խորհրդանշական հանգրուան մը՝ սփիւռքահայ արուեստի պատմութեան մէջ։ Զայն կը մարմնաւորէ վերադարձի, ինքնաճանաչման եւ մշակութային շարունակականութեան այն ուղին, որուն վրայ սփիւռքահայ արուեստը երկար ժամանակ քայլած է՝ երբեմն հեռուէն, երբեմն շատ մօտէն, բոլոր պարագաներու միշտ ձգտելով դէպի հայրենիք։

«Արեւ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը բացուեցաւ Երեւանի «Latitude Art Space» («Լաթիթուդ») ցուցասրահին մէջ՝ «Երեւան Պիէնալէ արուեստի հիմնարկ»ի (YBAF) նախաձեռնութեամբ։ 

Այս ցուցադրութիւնը կազմակերպիչներուն կողմէ յստակ ուղերձ մը կը փոխանցէ՝ Հրայր կը պատկանի ո՛չ միայն միջազգային արուեստի դաշտին, այլ նաեւ հայ մշակոյթին եւ յիշողութեան։ 

ՍԿԻԶԲԸ ԵՒ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ

Հրայր Տիարպէքիրեան ծնած է Պէյրութ՝ 1946 թուականին։ Սակայն անոր ստեղծագործական ճանապարհը շատ կանուխ անցած է քաղաքի սահմաններէն դուրս եւ տարածուած՝ արաբական աշխարհէն մինչեւ Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Լատինական Ամերիկա, Ճաբոն․․․ 

Փարիզ, Մոսկուա, Ապու Տապի, Սան Փաուլօ, Պուէնոս Այրէս, Լոս Անճելըս եւ բազմաթիւ այլ քաղաքներ եղած են անոր արուեստի կանգառները։ Այս աշխարհագրական լայն տարածումը երբեք չէ ջնջած արուեստագէտին ինքնութիւնը։ Ընդհակառակը՝ բազմաշերտ փորձառութիւնը հարստացուցած է անոր տեսողական լեզուն՝ դարձնելով զայն աւելի խոր եւ բազմաձայն։

Հրայրի ստեղծագործութիւնները կը պահուին ինչպէս պատկերասրահներու, այնպէս ալ՝ մասնաւոր հեղինակաւոր հաւաքածոներու մէջ. ինչպէս՝ Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի, Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Ֆահտ պին Ապտիւլազիզի, Ժագլին Քենետի Օնասիսի, Քըրք Տուկլասի եւ բազմաթիւ այլ նշանաւոր անձերու հաւաքածոներուն մէջ։ Այս փաստը ինքնին կը վկայէ Հրայրի արուեստի միջազգային արժէքի, ճանաչման եւ ժամանակի սահմաններէն վեր կանգնած ազդեցութեան մասին։

Հրայրի բացառիկ տաղանդը վաղ տարիքէն նկատուած է։ Դեռ պատանի հասակին ան իր տեղը հաստատած է Լիբանանի ժամանակակից արուեստի դաշտին մէջ։ 

Պէյրութի «Սըրսոք» ժամանակակից արուեստի թանգարանի «Աշնանային սրահ»ին մասնակցութիւնը վճռորոշ եղած է․ արուեստաբանները այդ ժամանակ զայն բնորոշած են որպէս «յայտնութիւն»։ 

Տասնութ տարեկանին Հրայր արժանացած է շարք մը բարձր պարգեւներու, ներառեալ «Ոսկէ շքանշան»ը՝ Լիբանանի նախագահական պալատի որմնագորգերու նախնական գծագիրներուն համար։ Անոր գծած երեք գորգանկարներն ալ առաջին երեք մրցանակները առած են եւ մէկ անգամէն Հրայրը յայտնի դարձուցած Լիբանանի մէջ։ Ան տակաւին ուսանող էր այդ ժամանակ։ 

Այս վաղ յաջողութիւններն ու մրցանակները եղած են ընտրուած ուղիին ճշգրտութեան առաջին հաստատումները։

Տասնամեակներու ընթացքին Հրայրը ձեւաւորած է տեսողական լեզու մը, որ կը միաւորէ բազմաթիւ մշակութային շերտեր։ Ինք խոստովանած է, որ հայկական միջնադարեան ձեռագիրներու լուսանցքազարդերը, բիւզանդական սրբապատկերներու խստութիւնը, փիւնիկեան պատկերագրութեան առասպելական ուժը եւ եւրոպական ժամանակակից արուեստի շարժունութիւնը իր գործերուն մէջ կը ձուլուին մէկ ամբողջութեան տակ։ Այս ազդեցութիւնները չեն կորսուիր իրարու մէջ, այլ կը վերածուին ինքնուրոյն ոճի մը, որ անշփոթելի է։ Հրայր կը գծէ կիներ, բնութեան տեսարաններ, վերացական պատկերներ։ Իր աշխարհին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ ձին։ Արուեստի տեսաբանները բազմակի շեշտած են, որ ձին անոր համար ամբողջական կեանքի խորհրդանիշն է, միաժամանակ՝ վեհութեան, վարպետութեան եւ ազատութեան նշան։ Ձին կը յայտնուի Հրայրի գծանկարչութեան զանազան շրջաններու մէջ՝ երբեմն յստակ պատկերով, երբեմն վերացական ձեւով, բայց միշտ առանցքին է։ Ձին, ինչպէս Հրայրը, չի համակերպիր սահմաններու, կը շարժի լայն տարածքներու մէջ եւ կը պատկանի բաց հորիզոններուն։

Հրայրի կերպարը ինքնին արուեստ մըն է։ Տարբերող հագուկապով եւ զարդերով, արուեստագիտական շարժումներով, խօսքի ազատ ու անկաշկանդ ձեւով, անկեղծութեամբ Հրայր կը մարմնաւորէ այն ոգին, որ կը բնորոշէ նաեւ իր կտաւները։ Երբ մօտէն կը ծանօթանաս Հրայրին, չես կրնար չնկատել, որ ան արուեստագէտ է ո՛չ միայն այն պահուն, երբ գիծ կը քաշէ կամ գոյն կը դնէ, այլ ամբողջ իր ապրած կեանքով։ Կը բնակի Լիբանանի գողտրիկ մէկ անկիւնը, ուր իր առանձնատունը կահաւորած է արեւելեան շքեղ եւ դասական ընտրապաշտութեան ոճով։ Կովկասեան գորգերու եւ հազուագիւտ իրերու սիրահար է։ Կը սիրէ առանձնութիւնը եւ խոշոր շիկակարմիր իր շունը, որ կողքն է միշտ՝ նկարած պահուն կամ հանգիստի ատեն։ Ժամանակը, ինչպէս Հրայր կը նշէ, կ՚անցնի իր վրայով, սակայն չի յաղթահարեր զինք։ Ահա թէ ինչո՛ւ ութսուն տարեկանին ալ ան կը պահէ երիտասարդի առոյգութիւնը, շարժման եռանդը եւ ստեղծագործելու անսպառ ցանկութիւնը։

«Արեւ» խորագիրը ցուցահանդէսին համար պատահական ընտրութիւն մը չէ։ Արեւն ալ Հրայրի գործերուն մէջ մշտական ներկայութիւն մըն է։ Նոյնիսկ անոր գործածած լրջաներկ (փասթել) գոյներուն մէջ արեւը նկատելի է։ Նկարչին համար զայն կեանքի, շարժումի, ջերմութեան եւ վերածնունդի խորհրդանիշ է։ Հայաստանի մէջ բացուած այս առաջին անհատական ցուցահանդէսին արեւը կարծես կրկնակի իմաստ կ՚առնէ․ կը ջերմացնէ ձմրան պաղ օրերը եւ միաժամանակ կը դառնայ հայրենի հողին վրայ արուեստագէտի ներկայութեան գեղարուեստական ջերմ նշանը։

Ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ քսանչորս նոր ստեղծագործութիւններ, որոնք կը բացայայտեն Հրայրի արուեստի ամբողջական տիրոյթը՝ խիտ զարդական լեզուէն մինչեւ ազատ եւ հաղորդակցական արտայայտութիւններ։

Կազմակերպիչներուն խօսքով, Հրայրին բնորոշ ոճը՝ ուժի եւ վսեմութեան լեզուն, զինք դարձուցած է իր սերունդին ամենաճանչցուած արուեստագէտներէն մէկը։

Ցուցահանդէսի բացման օրը յատուկ բեմադրութիւն կազմակերպուած էր․ Հրայրը տեղւոյն վրայ նկարեց՝ դասական երաժշտութեան հնչիւններուն ներքոյ։ Ներկաները եզակի առիթ ունեցան մօտիկէն դիտելու անոր ստեղծագործական գործընթացը՝ շարժման սրընթացութիւնը, ներքին կենսուժը եւ զգացմունքային լարուածութիւնը։ Այդ երեկոյեան ստեղծուած գործը նոյն պահուն ներկայացուեցաւ աճուրդի՝ համեմատաբար մատչելի արժէքով՝ ի տարբերութիւն Հրայրի՝ սովորաբար բարձր գնահատուած աշխատանքներուն։

Երաժշտութիւնը Հրայրի ստեղծագործական աշխարհին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ։ Ան խոր սէր ունի երաժշտութեան հանդէպ, եւ այդ ներշնչումը յստակօրէն զգալի է իր արուեստին մէջ․ գիծերուն եւ գոյներուն մէջ կը յայտնուի երաժշտական համաչափութիւնը, իսկ որոշ պահերու կ՚երեւին անսպասելի պոռթկումներու նման ուժգին արտայայտութիւններ, որոնք կտաւը կը դարձնեն հարուստ։ 

Իբրեւ սփիւռքի մէջ ծնած, գործած արուեստագէտ մը, Հրայր երբեք չէ ընդունած այն կարծիքը, թէ սփիւռքահայ արուեստագէտը դատապարտուած է տեղքայլի մէջ մնալու։ Իր ապրած կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին այդ գաղափարին բացարձակ հակասութիւնն են։ Ան ընդարձակած է արտայայտութեան սահմանները, իր գործերուն մէջ մշտական երկխօսութիւն մը կը ձեւաւորէ մարդուն հետ՝ անկախ ազգէն, կրօնէն կամ մշակութային պատկանելիութենէն։

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉԸ

Հայաստանի մէջ այս առաջին ցուցադրութիւնը կարելի դարձաւ արուեստագէտի երկարամեայ ընկեր Լիւսի Թոփալեանի նախաձեռնութեամբ։ Անոր ջանքերով եւ հետեւողական աշխատանքով Հրայրի գործերը վերջապէս ներկայացուեցան պատմական հայրենիքի մէջ, եւ այս գործակցութիւնը դարձաւ ընկերութեան, վստահութեան եւ մշակութային կամուրջներու օրինակ մը։

Լիւսի Թոփալեան սփիւռքահայ մշակութային գործիչ մըն է եւ արուեստի նուիրեալ, որուն կենսագրութեան մէջ միաձուլուած են սփիւռքահայ փորձառութիւնը, միջազգային մշակութային աշխոյժ գործունէութիւնը եւ ուշագրաւ հայրենադարձութիւնը։ Ան ծնունդով լիբանանահայ է․ հայրական արմատները կը հասնին Ատըեաման, իսկ մայրական կողմինը՝ Մալաթիա։ Ընտանիքը անցեալ դարասկիզբին գաղթած է Հալէպ, ապա հաստատուած՝ Լիբանան, ուր կազմաւորուած է յաջորդ սերունդներու կեանքը։

Լիւսի Թոփալեան զբաղած է մանկավարժութեամբ եւ մանկական հոգեբանութեամբ՝ ուսուցիչ դառնալու նպատակով, ուսանած է Դանիոյ մէջ։ Լիբանանի մէջ աշխատած է որպէս մարզական ուսուցիչ հայկական եւ բրիտանական վարժարաններու, ինչպէս նաեւ համալսարանի մէջ։ 1976 թուականին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, ան տեղափոխուած է Քուէյթ՝ նախատեսելով կարճատեւ մնալ, սակայն, այնտեղ ապրած է շուրջ քառասուներկու տարի։

Քուէյթի մէջ Լիւսի Թոփալեան երկար տարիներ գործունէութիւն ծաւալած է զանազան ոլորտներէ ներս՝ սկսեալ վարչական եւ առեւտրական աշխատանքներէն մինչեւ բարձր ղեկավար պաշտօններ։ Ինքնուսոյց կերպով ներգրաւուած է համակարգչային եւ համացանցային միջավայրին մէջ, սակայն, իր իսկական կոչումը աստիճանաբար յայտնաբերած է արուեստի աշխարհէն ներս։ Ժամանակակից արուեստին հանդէպ ունեցած սուր զգայնութիւնը զինք առաջնորդած է պատկերասրահի հիմնադրման։

Հիմնած եւ վարած է «Տար ալ Ֆունուն» (արաբերէն՝ «Արուեստի տուն») պատկերասրահը, որ Քուէյթի մշակութային կեանքին մէջ դարձած է ժամանակակից արուեստի կարեւոր կեդրոն մը։ Պատկերասրահին մէջ հիւրընկալած է ցուցահանդէսներ աշխարհի զանազան երկիրներէ՝ Հայաստանէն, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ասիայէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն եւ արաբական աշխարհէն։ Ան սերտ կապեր ունեցած է միջազգային թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքորդներու հետ, ներկայացուցած է ժամանակակից արաբ արուեստի ամենահռչակաւոր անունները։

Լիւսի Թոփալեան յատուկ դեր ունեցած է նաեւ հայ արուեստի միջազգային ներկայացման մէջ։ Ան համագործակցած է նշանաւոր նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանին հետ, զոր անձնապէս ճանչցած է, ինչպէս նաեւ այլ լիբանանահայ եւ հայաստանաբնակ արուեստագէտներու հետ՝ կազմակերպելով յաջող ցուցահանդէսներ, որոնք լայն հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են Քուէյթի մշակութային շրջանակներուն մէջ։

2000-ականներու սկիզբը ան ներգրաւուած է նաեւ խոշոր հանրային եւ հաստատութեանական արուեստի ծրագիրներու մէջ, մասնակցած է քաղաքային, պանդոկային եւ պաշտօնական տարածքներու արուեստային ձեւաւորման աշխատանքներուն եւ համագործակցած է արաբական արուեստի հիմնադրամներու հետ։

Գործունէութեան այս հարուստ շրջաններէն ետք, Լիւսի Թոփալեան որոշած է հանգիստի կոչուիլ եւ ի վերջոյ հաստատուած է Հայաստան՝ իր հայրենիքը, որուն հետ կապը սկսած էր տակաւին 1990-ականներուն։ Ան ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ բնակութիւն հաստատած Երեւանի մէջ, ուր այսօր կը վարէ մշակութային կեանքով լեցուն առօրեայ մը՝ մասնիկը ըլլալով այն նոր արուեստի միջավայրին, որ Հայաստանի մէջ կը ձեւաւորուի սփիւռքահայերու միջոցով։ 

ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ինչքան տպաւորիչ է Հրայրի ցուցահանդէսը, նոյնքան տպաւորիչ է նաեւ զայն հիւրընկալած ցուցասրահը՝ «Լաթիթուդ» անունով։ Ան կը գտնուի Երեւանի կեդրոնէն քիչ մը դուրս՝ նորակառոյց շէնքի մը առաջին յարկը՝ ժամանակակից պոհեմական շունչով ձեւաւորուած։ Պահ մը կը կտրուիս քաղաքէն, կը յայտնուիս նոր միջավայրի մը մէջ։ Ցուցահանդէսներուն հոս չես տեսներ նոյն դէմքերը, որոնք սովորաբար ներկայ են քաղաքի կեդրոնական ցուցասրահներուն մէջ՝ միշտ նոյն չափուած բառերով եւ հագուստով։ «Լաթիթուդ» ցուցասրահը բացուած է Վահագնի թաղամասին կից՝ Շանթ Յովնանեանի եւ քրոջ՝ Նինայի ձեռքով։ Եղբայրն ու քոյրը միասին կը ղեկավարեն այս նորարար արուեստի տարածքը՝ ձեւաւորելով զայն իբրեւ ժամանակակից, բաց եւ կենդանի մշակութային հանգոյց։ Շանթ Յովնանեան, բացի ցուցասրահի ղեկավարումէն, շարունակողն է նաեւ իրենց ընտանեկան գործը Վահագնի թաղամասին մէջ եւ միաժամանակ կը զբաղի գեղանկարչութեամբ՝ ստեղծագործական ուղին զուգորդելով կազմակերպչական գործին հետ։

«Լաթիթուդ» եզրը բազմիմաստ հասկացութիւն մըն է։ Ան կը յիշեցնէ թէ՛ գործողութեան եւ մտածողութեան ազատութեան շրջանակը եւ թէ աշխարհագրական առումով՝ երկրագունդի վրայ ճշգրիտ կէտ մը սահմանող լայնութեան գիծը, որ կ՚որոշէ հիւսիսէն հարաւ հեռաւորութիւնը։ Լաթիթուդի հաստատուն գիծերը, զուգահեռ շրջանակներու տեսքով, կը ձգուին արեւելքէն դէպի արեւմուտք, միացնելով զանազան կէտեր եւ խորհրդանշելով կապ եւ համաչափութիւն։ Եւ այս անուանումով արուեստի տարածքը նպատակ ունի մարմնաւորելու այս բոլոր բնութագրերը՝ դառնալով միացման, բացութեան եւ երկխօսութեան վայր։

400 քառակուսի մեթր նոր տարածքի ձեւաւորումը մշակած է իտալացի ճարտարապետ եւ ներքին տարածքներու նկարիչ Մարինա Ռանիէրի, որ տարածքին հաղորդած է ժամանակակից, պարզ, բայց միաժամանակ ջերմ եւ շնչող տեսք։ 

Ցուցասրահը երկարատեւ ցուցադրութիւններ հիւրընկալելէ զատ, նախատեսուած է նաեւ յատուկ միջոցառումներու, կրթական ծրագիրներու, ժողովներու, մասնագիտական վերապատրաստման դասընթացքներու եւ դասախօսութիւններու համար։ Հրայրի ցուցահանդէսը այսպիսի միջավայրի մը մէջ ճիշդ որոշուած ընտրութիւն մըն էր, կը տեսնես, որ գեղանկարչութիւնը չի սահմանափակուիր միայն կտաւի սահմաններով, այլ կը տարածուի ամբողջ տարածքին վրայ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 15, 2026