ՆՈԱՄ ՉՈՄՍՔԻԻ ԼԵԶՈՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՄՈՒՆՔՆԵՐԸ

Նոամ Չոմսքի, որու անուան կը միաձուլուին քաղաքական վերլուծութիւնը, փիլիսոփայութիւնը եւ յատկապէս լեզուաբանութիւնը, արդի ժամանակներու ամենաազդեցիկ մտածողներէն մէկն է։ Իր նորարարական ուսմունքներով ան հիմնականօրէն փոխեց լեզուի ուսումնասիրութեան ուղղութիւնները։ Մինչեւ Չոմսքիի ուսումնասիրութիւններուն՝ լեզուաբանութիւնը մասնաւորապէս կը հիմնուէր դիտարկումի, նկարագրութեան եւ վարքաբանութեան մօտեցումներու վրայ, իսկ անոր աշխատանքի շնորհիւ լեզուն սկսաւ դիտուիլ որպէս մարդու մտաւոր կարողութիւններէն մին, բնածին համակարգ մը։

Չոմսքիի ամենաառանցքային հասկացողութիւններէն մէկը լեզուական կարողութեան «բնածին» ըլլալու գաղափարն է։ Ան կը պնդէ, որ մանկան մը լեզու սորվիլը պարզօրէն ընդօրինակութեան արդիւնք չէ, այլ՝ մարդկային ուղեղին մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող կառուցուածքային կարողութիւն մը։

Ըստ Չոմսքիի, այս կարողութիւնը յայտնի է որպէս «Universal Grammar»՝ ընդհանուր սկզբունքներու եւ կառուցուածքներու համակարգ մը, որ յատուկ է ամբողջ մարդկային ցեղին։ Եթէ այլ ժողովուրդներու լեզուները շատ տարբեր ալ թուին, անոնց բոլորը խորքին մէջ ունին ընդգծուած նմանութիւններ, ինչ որ կը մատնանշէ միասնական մտաւոր հիմք։

Չոմսքիի ձեւակերպած «բազմածնունդ քերականութիւն»ը լեզուի համակարգն է, որ կը բացատրէ, թէ մարդիկ ինչպէս կրնան անսահման թիւով նախադասութիւններ ստեղծել կարճ ու սահմանափակ կանոններու օգնութեամբ։ Ան կը շեշտէ, որ լեզուն ո՛չ թէ բառերու փունջ մըն է, այլ ստեղծագործական հսկայական ուժ մը, ուր մարդը կրնայ նոյն հիմքերը օգտագործելով մշտապէս նոր իմաստներ արտայայտել։

Այս տեսանկիւնը յեղափոխական էր, որովհետեւ մինչ այդ՝ լեզուն կը դիտուէր իբրեւ սովորութիւններու շարք մը, ո՛չ թէ մտածողութեան ստեղծարար արտայայտութիւն։

ԼԵԶՈՒ ԵՒ ՄԻՏՔ՝ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ԿԱՊ

Ըստ Չոմսքիի, լեզուն կը ներկայացնէ մարդու ներքեւ կառուցուած մտաւոր կարողութիւնները հասկնալու բանալին։ Լեզուն ո՛չ թէ դուրսէն պարտադրուած իրողութիւն մըն է, այլ մեծապէս արտացոլումը մեր ներաշխարհին։ Այս պատճառով, Չոմսքիի աշխատանքները մեծ ազդեցութիւն ունեցան ո՛չ միայն լեզուաբանութեան, այլեւ հոգեբանութեան, գիտակցութեան ուսումնասիրութեան, հաշուային լեզուաբանութեան եւ արհեստական բանականութեան զարգացման վրայ։

ԽՈՐՔԱՅԻՆ ԵՒ ՄԱԿԵՐԵՍԱՅԻՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐ
(DEEP VS. SURFACE STRUCTURE)

Չոմսքի կը տարբերակէ «մակերեսային» եւ «խորքային» կառուցուածքները։

•Մակերեսային կառուցուածքը նախադասութեան արտաքին ձեւն է։

•Խորքային կառուցուածքը՝ նախադասութեան խորքի տրամաբանական իմաստը կամ մտային պատկերացումը։

Օրինակ՝ տարբեր նախադասութիւններ կրնան ունենալ տարբեր ձեւ՝ բայց նոյն խորքային իմաստը, կամ փոխարէնը՝ նոյն ձեւը կրնայ արտայայտել տարբեր իմաստներ։

Այս ըմբռնումը կարեւոր դեր ունեցաւ հասկնալու համար, թէ ինչպէս մարդը իրական ժամանակի մէջ կը մեկնաբանէ լեզուն եւ կը կապէ բառերը մտաւոր ներկայացումներուն հետ։

ՈՒՍՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Չոմսքիի տեսութիւնները սերունդներու լեզուաբաններու համար հիմք դարձան։ Անոր աշխատանքները նպաստեցին՝ ժամանակակից հոգեբանական լեզուաբանութեան ստեղծման, երեխաներու լեզուի զարգացման ուսումնասիրութեան խորացման, լեզուի նկարագրական ձեւերէն տեղափոխուելու դէպի բացատրական ու կաղապարային տեսութիւններ, արհեստական բանականութեան ընդլայնման, ուր լեզուն սկսաւ դիտուիլ որպէս խորհրդանշական մշակման համակարգ։

Չոմսքիի գաղափարները միշտ չեն ընդունուած առանց բանավէճի։ Բազում գիտնականներ կասկածի տակ դրին լեզուական ունակութեան ամբողջովին բնածին ըլլալու միտքը կամ լեզուախումբի համընդհանուր գոյութիւնը։ Սակայն ինչպէս ընդունողները, այնպէս ալ ընդդիմողները կը հաստատեն, որ Չոմսքիի ուսմունքները առանցքային բեկում մը ստեղծեցին՝ լեզուաբանութիւնը վերածելով բարձրակարգ օրինաչափ գիտութեան։

Նոամ Չոմսքիի լեզուաբանական ուսմունքները կը շարունակեն ուղղորդել գիտական մտքի բազմաթիւ ուղղութիւններ։ Ան լեզուն հաստատեց ո՛չ միայն հաղորդակցութեան գործիք, այլ որպէս մարդկային մտքի խորքային արտայայտութիւն։ Անոր գաղափարները կը բանան դռներ՝ հասկնալու համար, թէ ինչպէս կը մտածենք, կը հասկնանք, կը ստեղծենք եւ կը հաղորդակցինք։ Չոմսքին, անկասկած, արդի դարու մեծ մտաւոր տիպարներէն մէկն է եւ իր լեզուաբանական ժառանգութիւնը դեռ երկար պիտի պահէ իր ազդեցութիւնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2025