ԽՐԱԽՈՒՍՈ՞ՒՄ, ԹԷ ՇԱՐԺԱՌԻԹ

Արտաքին խրախուսման եւ ներքին շարժառիթի փոխյարաբերութիւնը ժամանակակից մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ հասարակական մտածողութեան ամենախոր հարցերէն մէկն է։ Մանկապարտէզի մը մէջ կատարուած փորձ մը, որու ընթացքին երեխաներուն նկարչական վարքը ուսումնասիրուած է, պարզ բայց միեւնոյն ժամանակ ցնցիչ կերպով կը բացայայտէ այս յարաբերութեան փխրուն բնոյթը։

Վերոնշեալ փորձի սկզբնական վիճակին մէջ երեխաները կը նկարէին ինքնաբերաբար։ Անոնց համար նկարելը խաղ մըն էր, ազատ ժամանակի հաճելի զբաղում մը, ինքնարտայայտման միջոց մը։ Ո՛չ ոք զանոնք կը ստիպէր, ո՛չ ոք կը վերահսկէր արդիւնքը։ Երեխան չէր մտածեր «լաւ նկարեցի՞», «ուսուցիչը գոհ մնա՞ց», կամ «ի՞նչ պիտի ստանամ փոխարէնը»։ Գործողութիւնը ինքնին ամբողջական էր, փակ շրջան մը, որուն մէջ հաճոյքը անմիջական էր եւ անկեղծ։

Սակայն մեծահասակ միտքը, որ սովոր է ամէն ինչ չափելու, գնահատելու եւ կառավարելու, այս բնական գործընթացը տեսաւ իբրեւ հնարաւորութիւն։ Մտածումը պարզ էր․ «Եթէ երեխաները արդէն կը սիրեն նկարել, ինչո՞ւ այս սէրը չօգտագործել՝ զանոնք աւելի շատ արտադրելու, աւելի կարգապահ դարձնելու համար»։ Այսպէս ծնաւ սոյն մանկապարտէզի մէջ պարգեւատրութեան համակարգը։ Նկարելը այլեւս միայն խաղ չէր, այլ միջոց՝ նկարի վրայ տեղադրուած գունաւոր աստղիկի, շքանշանի կամ նուէրի հասնելու համար։

Առաջին շրջանին արդիւնքները խաբուսիկ կերպով դրական էին։ Երեխաները աւելի արագ կը նստէին, աւելի երկար կը զբաղէին նկարելով, աւելի «ոգեւորուած» կը թուէին։ Մեծահասակներուն համար այս պատկերացումը յաղթանակ մըն էր․ համակարգը կը գործէր, երեխաները կը «խրախուսուէին»։ Սակայն այս յաջողութիւնը մակերեսային էր եւ ժամանակաւոր։

Իրական ճշմարտութիւնը յայտնուեցաւ այն պահուն, երբ պարգեւները վերացուեցան։ Առանց բացատրութեան, առանց պատիժի, պարզապէս խրախուսման համակարգը դադրեցաւ գործելէ։ Այդ պահուն բացայայտուեցաւ ամենախոր փոփոխութիւնը․ երեխաները դադրեցան նկարելէ։ Այն, ինչ որ նախապէս հաճոյք էր, դարձաւ անիմաստ։ Երեխաներուն մէջ հարցում մը ծագեցաւ. «Ինչո՞ւ նկարել, եթէ ոչինչ կը ստանանք»։

Կարեւոր է նկատել, որ նկարելու գործողութիւնը ինքնին չէր փոխուած։ Նոյն թուղթը, նոյն մատիտը, նոյն միջավայրը մնացած էին։ Փոխուած էր միայն գործողութեան իմաստը երեխայի գիտակցութեան մէջ։ Ներքին շարժառիթը՝ հաճոյքը, հետաքրքրութիւնը, խաղը, աստիճանաբար փոխարինուած էր արտաքին շարժառիթով՝ պարգեւ ստանալու ակնկալիքով։ Երբ այդ ակնկալիքը անհետացաւ, գործողութիւնը դատարկուեցաւ։

Այս երեւոյթը հոգեբանութեան մէջ յաճախ կը կոչուի «ներքին շարժառիթի խեղդում»։ Երբ արդէն մեզ սիրելի գործ մը կը կապենք արտաքին պարգեւի հետ, այդ սէրը կը սկսի պայմանաւորուիլ։ Գործողութիւնը այլեւս չի կատարուիր մենք մեզի համար, այլ՝ փոխարէնը բան մը ստանալու համար։ Այսպիսով իմաստը կը տեղափոխուի ներսէն դուրս։

Այս մեքենականութիւնը միայն մանկապարտէզի մէջ չի գործեր։ Սա ներկայ է դպրոցներու մէջ, ուր ուսումը կը վերածուի նիշերու եւ քննութիւններու մրցավազքի։ Երեխան կը սորվի ո՛չ թէ հասկնալու կամ բացայայտելու, այլ՝ բարձր նիշ ստանալու համար։ Աշխատավայրերու մէջ նոյնը կը պատահի, երբ աշխատանքը կը գնահատուի միայն պարգեւավճարներով եւ «պոնուսներով»։ Մարդը կը սկսի աշխատիլ ո՛չ թէ որովհետեւ գործը իմաստ ունի, այլ որովհետեւ փոխարէնը բան մը կը ստանայ։

Նոյն սկզբունքը կը գործէ նաեւ բարոյական դաշտին մէջ։ Երբ ամէն բարիք, ամէն պատասխանատու քայլ, ամէն ազնիւ վարք գին մը կը ստանայ, բարոյականութիւնը կը վերածուի գործարքի։ Մարդը այլեւս ճիշդը ճիշդ ըլլալուն համար չ՚ըներ, այլ շահաւէտ ըլլալուն համար կ՚ընէ։ Իսկ երբ շահը կը կորսուի, բարոյական հիմքը կը քանդուի։

Այս փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ մարդը միայն հաշուող էակ մը չէ։ Ան նաեւ իմաստ ստեղծող էակ մըն է։ Կան գործողութիւններ, որոնք իրենց արժէքը կը ստանան միայն այն ժամանակ, երբ ազատ են արտաքին հաշիւէն։ Սէրը, խաղը, ստեղծագործութիւնը, գիտելիքի որոնումը չեն կրնար ամբողջապէս կառավարուիլ խրախուսման համակարգերով։

Երբեմն ամենաբարի մտադրութեամբ ստեղծուած մեթոտները կրնան հակառակ ազդեցութիւն ունենալ։ Ամէն ինչ խթանել փորձելը կրնայ վերջ ի վերջոյ սպաննել անկեղծ ցանկութիւնը։ Այս փորձառութիւնը մեզ կը հրաւիրէ վերանայելու մեր վերաբերմունքը խրախուսման, գնահատման եւ մարդկային վարքի նկատմամբ։ Որովհետեւ կան բաներ, որոնք միայն այն ատեն կը մնան կենդանի, երբ զանոնք չենք չափեր, չենք գինաւորեր եւ չենք պայմանաւորեր։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 16, 2026