ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՊԱՇՏՕՆԸ ԳՐԱՒԱԾ ՀԱՅԸ. ՓՈԼ ԻԿՆԷՅՇԸՍԻ (ԻԳՆԱՏՈՍԵԱՆ) ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ, ՈՐ ՄԱՀԱՑԱՒ 105 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ

Հայկական ծագումով պետական եւ ռազմական գործիչ Փոլ Իկնէյշըս մահացաւ նոյեմբերի 6-ին՝ իր 105-ամեակէն մէկ շաբաթ առաջ՝ հայ-ամերիկեան պատմութեան մէջ ձգելով համբաւ ու հեղինակութիւն։ Ամերիկայի ռազմական եւ պետական պատմութեան էջերուն մէջ անոր անունը մնաց իբրեւ ազնիւ ծառայութեան, ազգային հպարտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան մարմնացում։

Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձր պետական պաշտօնը երբեւէ զբաղեցուցած հայն է: Ութ տարի աշխատած է ԱՄՆ-ի նախագահներ Ճոն Քենետիի եւ Լինտըն Ճոնսընի կառավարութիւններուն մէջ, որպէս պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, 1967 թուականին՝ նաւատորմի նախարար: 

Ի պատիւ Իկնէյշըսի ունեցած ձեռքբերումներուն՝ ԱՄՆ-ի նաւատորմը 2019 թուականին անոր անունով կոչած է իր հրթիռային յածանաւերէն մէկը՝ «USS Paul Ignatius»: Նաւի հովանաւորը եղած է Նենսի Իգնատոսեանը՝ տիկինը Իկնէյշըսի։ Իր անունով կոչուած նաւը օծուած է քրիստոնէական ծէսով։ Այս ռազմանաւը կը պատկանի ԱՄՆ-ի ռազմածովային նաւատորմի ներկայիս ամենատարածուած ու հզօր դասին, ականակիր ու հրթիռային արդիական հածանաւ մըն է, անձնակազմը՝ 380 նաւասպայ եւ նաւաստի։ 

Փոլ Իկնէյշըսի մահը սգացողներու շարքին էր նաեւ ԱՄՆ-ի Ռազմա-ծովային կաճառը, որ անդրադարձաւ անոր կեանքին եւ ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ ձգած հետքին։ 

Անոր մահը սգացին ԱՄՆ-ի կառավարական մարմիններ, Ամերիկայի Հայկական թանգարանը, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ Իկնէյշըսի բազմանդամ ընտանիքը, որ հպարտութեամբ կը կրէ հայ-ամերիկեան արմատները։ Ամերիկեան յառաջատար բոլոր թերթերը յօդուածներ տպագրեցին Իկնէյշըսի մասին։

Փոլ Իվնէյշըս ծնած է 1920 թուականին՝ Կլենտէյլ, բայց անոր արմատները Խարբերդէն են: Իր կեանքի մանրամասնութիւններուն մասին կը կարդանք կենսագրական գիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է նաեւ հայերէն՝ «Հիմա մասամբ գիտեմ» խորագրով:

Գիրքին մէջ Փոլ Իկնէյշըս կը պատմէ իր ընտանիքին պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ընտանիքը փրկուած է անցեալ դարու համիտեան դէպքերէն, հաստատուած Անգլիա, ապա փոխադրուած ԱՄՆ։ Այս գիրքը Փոլ Իկնէյշըս գրած է 2000 թուականին եւ օրին անգլերէնով բնօրինակը մեծ տարածում ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ:

ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԷՆ 

Հայութիւնը, հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը մեծ տեղ կը գրաւեն գիրքին մէջ: Փոլ Իկնէյշըս առանձնակի ջերմութեամբ կը յիշէ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները, երբ Կլենտէյլի իրենց տուն կ՚այցելէին Ուիլիըմ Սարոյեանը, Ռուբէն Մամուլեանը եւ այլ անուանիներ։ Հայութեան վերաբերող նկարագրութիւն մըն է նաեւ պատմական ուղեւորութիւնը, որուն ընթացքին Փոլ Իկնէյշըս այցելած է Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Թուրքիոյ տարածքի երբեմնի հայաբնակ գաւառները։ 

Քաղաքական եւ ռազմական գործիչը կը պատմէ նաեւ Հարուըրտի մէջ ուսանելուն, Երկրորդ աշխարհամարտին իր մասնակցութեան եւ ԱՄՆ-ի կառավարութեան մէջ աշխատելուն մասին:

Փոլ Իկնէյշըս–Իգնատոսեան ունի երկու որդի եւ երկու դուստր՝ Տէյվիտ, Սառա, Էմի եւ Ատի Իկնէյշըսներ։ Չորսն ալ կարեւոր պաշտօններու վրայ եղած են զանազան տարիներու, ինչպէս նաեւ իրենց հօր ինքնակենսագրական գիրքին հայերէն թարգմանութեան յառաջաբանն ալ իրենք գրած են։ 

Զաւակներուն գրած նախաբանէն կը տեղեկանանք, որ Փոլ Իկնէյշըսին մեծ հայրը՝ Աւետիս Մատթէոս Ժամկոչեան, Կլենտէյլի առաջին հայ բնակիչներէն էր այն ժամանակ, երբ Կլենտէյլը տակաւին չէր դարձած այն քաղաքը, ուր հիմա Հայաստանէն դուրս ամենամեծ թիւով հայերը կը բնակին: Թրոփիքոյի մէջ Աւետիս Մատթէոս Ժամկոչեանի գնած հողատարածքը յետագային դարձաւ Կլենտէյլի մաս, ան հոն կառուցեց մեծ տուն մը, որ թենիսի դաշտ ունէր: Աւետիսը բարեկեցիկ կեանքով ապրեցաւ իր կնոջ եւ երեխաներուն հետ, որոնցմէ Էլիզա Ժամկոչեանը յետագային դարձաւ Փոլ Իկնէյշըսի մայրը: Աւետիս Ժամկոչեան աւարտած է Խարբերդի քոլէճը, ուր ալ աւարտելէ ետք մնացած եւ դասաւանդած է. ան բանաստեղծութիւններ կը գրէր, անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ կը կատարէր: Ժամկոչեաններուն հայրենի քաղաքը Ակն (ներկայ Քեմալիէ) քաղաքն է, ուր Ժամկոչեան ընտանիքէն ժառանգած մանուածեղէնի ձեռնարկատիրութեամբ կը զբաղէր: Ձերբակալուած է իր բանաստեղծութիւններուն համար, որոնց մէջ իշխանութիւնները նկատած էին «ազատութիւն» եւ «ազատագրում» բառերը: Հօրեղբօր միջամտութեամբ Աւետիս Ժամկոչեան ազատ արձակուած եւ Անգլիա՝ Մանչեսթըր փոխադրուած է, ուր հիմնած է ընկերութիւն մը, որ անգլիական գործարաններուն արտադրանքը կ՚արտահանէր Մերձաւոր Արեւելք: Ժամկոչեանները տակաւին Ակնէն կապեր հաստատած էին Անգլիոյ հետ: Մանչեսթըրի մէջ տարի մը ետք ընտանիքը վերամիաւորուած է… Անոնք խաղաղ կեանք մը կը վարէին՝ մշակութային անցուդարձին կը հետեւէին եւ այդ կեանքի մասնակիցն էին, գործուն էին հայ համայնքին մէջ:

Երբ Եգիպտոսի մէջ հիմնուեցաւ ՀԲԸՄ-ը, Աւետիս Ժամկոչեան քանի մը հայերու հետ Մանչեսթըրի մէջ հիմնեց ՀԲԸՄ-ի առաջին եւրոպական մասնաճիւղը: Անգլիոյ խոնաւ եղանակին պատճառով Աւետիս Ժամկոչեան 1911 թուականին ընտանիքով կը փոխադրուի Հարաւային Գալիֆորնիա:

Ասիկա Փոլ Իկնէյշըսի մօր կողմի պատմութիւնն է, իսկ հայրը՝ Յովսէփ Իգնատոսեան կամ Իգնացեան ԱՄՆ գացած է իր աւագ եղբօր ընտանիքին հետ, 19 տարեկանին՝ 1904 թուականին: Բնակութիւն հաստատելով Լոս Անճելըս, Յովսէփ Իգնատոսեան դարձած է տեղւոյն հայ համայնքի ազդեցիկ դէմքերէն մին: Իր կնոջ՝ Էլիզային հետ հաւաքոյթներ կը կազմակերպէր, կը հրաւիրէր ազդեցիկ գրողներ եւ օփերայի երգիչներ: Յովսէփն ու Էլիզան, նուիրուելով մշակութային կեանքին, ընտանիքին միւս անդամներուն եւ ընկերներուն հետ օժանդակած են Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայկական միացեալ արուեստներու միութեան հիմնադրման: Փոլ Իկնէյշըսի հայրը նաեւ կ՚աջակցէր Հայագիտական ուսմանց եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան: 1950-ականներուն ան օգնեց դրամահաւաք կազմակերպելու Հարուըրտ համալսարանին մէջ Հայագիտութեան ամպիոն ստեղծելու համար: Աւելի ուշ այս ընկերակցութեան միջոցով էր, որ Փոլ Իկնէյշըս իր երկու զաւակներուն հետ 2006 թուականին շրջագայութիւն կատարեց դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ պատմական Հայաստանի քաղաքներ:

Բոլոր այս պատմութիւնները նկարագրուած են Փոլ Իկնէյշըսի ինքնակենսագրական գիրքին մէջ: Պատմութիւններ կան նաեւ իր պետական դիրքերու վրայ պաշտօնավարման մասին:

«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Իկնէյշըս ԱՄՆ-ի նաւատորմի նախարարը եղած է 1967-1969 թուականներուն, ԱՄՆ-ի 36-րդ նախագահ Լինտըն Ճոնսընի կառավարման տարիներուն (1963-1969թթ.) եղած է ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարի օգնական եւ ամերիկեան ուժեղագոյն զանգուածային լրատուամիջոցներէն մէկուն՝ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի նախագահը։ Յետագային, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի սիւնակագիր դարձաւ անոր որդին՝ վէպերու հեղինակ Տէյվիտ Իկնէյշըս, որ 2019 թուականին Հայաստան այցելած էր՝ իր հօր հայերէնի թարգմանուած գիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու։

Փոլ Իկնէյշըս իր ինքնակենսագրական գիրքը նուիրած է իր չորս զաւակներուն:

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻՆ ՄԷՋ

Զաւակները իրենց հօր մասին կը գրեն.

«Այս գիրքին մէջ մեր հայրը շատ չի խօսիր այն մասին, որ ութ տարի աշխատած է Փենթակոնի մէջ՝ նախագահներ Ճոն Քենետիի եւ Լինտըն Ճոնսընի կառավարման ընթացքին: Այդ տարիները անոր կեանքի ամենանշանաւոր ու ամենածանր շրջանն էին։ Ան ու իր սերունդի առաջնորդները յաջողութիւններու հասան միայն Երկրորդ համաշխարհայինի յաղթանակէն ետք: Բայց Վիեթնամը անոնցմէ խլեց բոլոր պաշարները եւ, ի վերջոյ, Ամերիկայի համբերութիւնը: Փոլը շատ մեծ դեր ունեցած է պատերազմի ժամանակ: Որպէս նախարարի օգնական, ապահոված է աւելի քան 500 հազար զինուորի կարիքները: Ան մշակած է թիկունքային ծառայութեան հիմունքներն ու մեթոտները, զանոնք կեանքի կոչած է՝ ապահովելով աշխարհի միւս կէսին վրայ գտնուող զօրքին թիկունքը։

Փոլը հաւատարիմ մնաց իր արժէքներուն՝ ազնուութեան եւ պարկեշտութեան: Աւելի՛ն, կառավարութենէն ներս Փոլը հանրային ծառայութեան կատարեալ օրինակ էր: Նոյն այդ յատկանիշներուն շնորհիւ ան դարձաւ ԱՄՆ-ի նաւատորմի նախարար եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց 1967-ի սեպտեմբերէն մինչեւ 1969-ի յունուարը:

Ի պատիւ Փոլի ձեռքբերումներուն, ամերիկեան նաւատորմը վերջերս անոր անունով կոչեց հրթիռային յածանաւ մը: «USS Paul Ignatius»ը, յածանաւի հրամանատարին խօսքով, ամերիկեան նաւատորմի ամենաարդիական եւ հզօր նաւն է:

Փոլի հարուստ կենսագրութեան մասին շատերը գիտեն: Սակայն իր այս յուշագրութենէն ակնյայտ է, որ ան ընտանիքին նուիրեալ էր: Այդ նուիրուածութիւնը շարունակեց ամբողջ կեանքին ընթացքին եւ նպաստեց մեր՝ իր երեխաներու դաստիարակութեան:

Մեր ծնողքը գերզբաղած էր, բայց նաեւ՝ մեզի նուիրուած: Անոնք կ՚օգնէին, որ իւրաքանչիւրս գտնէ իր կեանքի ուղին (նոյնիսկ եթէ համաձայն չէին մեր ընտրութեան): Անոնց սատարումին եւ շնորհած ազատութեան շնորհիւ մենք գտանք մեր կոչումը: Տէյվիտն ու Ատին լրագրողներ են: Տէյվիտը սիւնակագիր է «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ եւ տասը վէպի հեղինակ: Ատին «Հարուըրտ Պիզնըս Ռեւիւ»ի գլխաւոր խմբագիրն է: Սառան ու Էմին ընտրեցին իրաւաբանութեան ուղին: Սառան Հայագիտական ուսմանց եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնն է: Էմին Նիւ Հեմշըրի գերագոյն դատարանի դատաւորն է:

Չորսս ալ միշտ հպարտացած ենք մեր ծնողքի ձեռքբերումներով, անոնց սէրն ու աջակցութիւնը աւելի զգացած ենք այն ժամանակ, երբ տատանած ենք կամ սխալած: Մենք հպարտ ենք, որ մեծցած ենք մտաւորական միջավայրի մէջ՝ ազնիւ ու եռանդագին նուիրուածութեամբ հանրային ծառայութեան եւ այս բոլորը համեմուած երաժշտութեան հանդէպ սիրով եւ սուր զուարթամտութեամբ: Յոյսով ենք, որ մեր հօր «Հիմա մասամբ գիտեմ» յուշագրութիւնը բոլորին կ՚օգնէ հասկնալ այն հրաշալի ժամանակները, որոնք մենք տեսած ենք»: 

ՏԷՅՎԻՏ, ՍԱՌԱ, ԷՄԻ ԵՒ ԱՏԻ ԻԿՆԷՅՇԸՍՆԵՐ

ՍՈՒՐԲ ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԵՒ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
ԻԿՆԷՅՇԸՍՆԵՐԸ՝ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԱՅՑԻ ՄԱՍԻՆ
 

«Գոյութեան երկար տարիներու ընթացքին դժուար եւ ծաղկուն ժամանակներուն, Եկեղեցին էր հայկական էութեան պահապանը: Ատոր համար ալ նախ Էջմիածնայ տաճար այցելեցինք, որ կաթողիկոսին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն Պատրիարքին, նստավայրն է: Տաճար տանող ճանապարհին կանգ առինք աւելի փոքր՝ Սուրբ Հռիփիսիմէ եկեղեցւոյ մօտ: Անիկա միջնադարեան եկեղեցաշինութեան գլուխ գործոց է: Հռիփսիմէն քրիստոնեայ միանձնուհի մըն էր, զոր սպաննած են հայ թագաւորին հրամանով: Հռիփսիմէն մերժած է թագաւորին ամուսնութեան առաջարկը, որովհետեւ թագաւորը այն ժամանակ տակաւին քրիստոնէութիւն չէր ընդունած: Եկեղեցւոյ կառուցումը լիովին աւարտած է Քրիստոսէ ետք 618 թուականին: Հռիփսիմէի մասունքները կը պահպանուին ստորգետնեայ դամբարանին մէջ:

Արեւոտ կիրակի մը, առաւօտեան մտանք եկեղեցի, այնտեղ պատարագ կը մատուցուէր: Կիներու երգչախումբը՝ սոփրանօ մեներգչուհիին ձայնակցութեամբ, քաղցրաձայն կ՚երգէր: Քահանայ մը եւ տղամարդ մը հոգեւորական հնադարեան ձեւով ասդին ու անդին կը քալէին: Խորանին մօտ կանգնած տղան պահ մը քաշեց թաւշեայ կարմիր վարագոյրը՝ ծածկելով եւ ներսը ձգելով քահանան ու անոր օգնականները: Ստեղծուեցաւ խորհրդաւոր միջավայր մը: Կը թուէր, որ կատարուող ծէսը այնքան սուրբ էր, որ սովորական հաւատացեալներ պէտք չէ զայն տեսնեն: Մենք քիչ մը լսեցինք երգչախումբին կատարումը, ապա իջանք ներքեւը՝ բակին մէջ գտնուող դամբարանը, յարգանքի տուրք մատուցելու սրբադասուած կնոջ: Ես հիացած էի եկեղեցւոյ գեղեցկութեամբ, քարէ զանգակատունով եւ պատարագի անպաճոյճ անկեղծութեամբ: Սառան խորապէս յուզուած էր:

Ան գրեց. «Ի՞նչ կատարուեցաւ այդ եկեղեցւոյ մէջ: Արդեօք այդ պահո՞ւն կրօնափոխուեցայ: Արդեօք նոյն այդ ժամո՞ւն դարձայ այդ հնադարեան աւանդոյթին կրողը: Աւանդոյթ մը, որ աւելի քան 2000 տարի միաւորած է հայերը: Ես կը զգայի, որ կը հպէի մեծ հօրս ու մեծ մօրս ապրած տարիներուն: Աւելի՛ն, կը զգայի, որ անոնց ինքնութեան մէկ մասն եմ, որ ինծի կը փոխանցուի քարէ փոքրիկ եկեղեցւոյ պարզ, հնամենի գեղեցկութեան, ծէսերուն, թատերային հանդերձանքին, մաքուր ու յստակ հնչող հիասքանչ ձայներուն, ծխացող խունկին, թաւշեայ վարագոյրին եւ խաչին միջոցով»:

Մեր հանրակառքը կարճ տարածութիւն մը անցաւ եւ Սուրբ Հռիփսիմէէն հասաւ Էջմիածնայ տաճար, որ Հայաստանի ամենահին եկեղեցին է: 

Աւանդավէպը կը պատմէ, որ Քրիստոսէ ետք 301 թուականին եկեղեցւոյ առաջին հիմնաքարը դրած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, երբ կրօնափոխած էր Տրդատ Գ. թագաւորն ու ամբողջ հայ ժողովուրդը: Տաճարը շրջապատուած է բարձր պարիսպներով, բազմաթիւ նշանակալի պատմական կոթողներով: Հոս կը գտնուին նաեւ հոգեւոր վարժարանը, եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն կացարանը, նախկին կրօնական առաջնորդներուն գերեզմանները, կրօնական նիւթերով քանդակները՝ խնամքով շրջապատուած ծառերով ու վարդենիներով: Տաճարը շատ աւելի մեծ է, քան՝ Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին. աւելի զարդարուն է, պայծառապէս լուսաւորուած բիւրեղապակեայ ջահերով: Դարերու ընթացքին տաճարին մէջ նոր կառոյցներ աւելցած են: Օրինակ՝ 1962-ին վարդագոյն մարմարով կառուցուած է բարձր խորանը: Ճարտարապետական ապշեցուցիչ կոթողներէն է գլխաւոր մուտքին դիմաց կամարակապ ուղին, որ կառուցուած է 4-րդ դարուն: Հոս նոյնպէս պատարագ կը մատուցուէր: Կիներէ ու տղամարդերէ կազմուած երգչախումբը աւելի մեծ էր: Կը թուէր, որ մարդաշատ ամբոխը բանի մը կը սպասէ: Մարդիկ մէկ կողմ քաշուեցան, միջանցքը բացին, որ կարողանան հետեւիլ բազմագոյն թիկնոցներ հագած վանականներու թափօրին: Յետոյ երեւցաւ կաթողիկոսը: Մարդիկ կ՚երկարէին դէպի կաթողիկոսը, իսկ ան, անցնելու ատէն, աջ ձեռքը կը դնէր անոնց գլուխներուն: Կաթողիկոսը առաջ անցաւ եւ նստաւ ամպհովանիի մը տակ դրուած զարդաքանդակ աթոռին: Երգեցողութիւնը կը շարունակուէր, վանականներն ու հոգեւորականները ներբողներ կը փոխանակէին երգչախումբի անդամներուն հետ: Տաճարը պայծառօրէն կը շողար ջահերուն լուսաւորութենէն եւ լուսամուտներէն թափանցող արեւուն ճառագայթներէն: Կապոյտ եւ ոսկեզօծ որմնանկարները կը փայլփլէին »:

Ինչպէս Սառան կը գրէ.

«Էջմիածինն ուժ ու գեղեցկութիւն կը ճառագէր եւ անոր քարէ հսկայական պարիսպներէն կը յառնէին յարատեւող դարեր: Մենք կը հետեւէինք այն նոյն աւանդական ծիսակարգին, որուն ականատեսն էինք Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ: Պարզապէս հոս ամէն բան հարիւր անգամ աւելի շքեղ էր ու հզօր: Սուրբ Հռիփսիմէին պատարագը կարծես նախնական դիտում մը ըլլար: Այդպէս կ՚ըլլայ, երբ կ՚երթաս մարդու մը փոքր տունը, նախքան անոր մեծ առանձնատունը տեսնելը: Նոյն զգացումն էր նաեւ Արարատի փոքր գագաթին նայելու պահուն, որ կը փայլէր մեծ գագաթին քով: Զարդարանքով ոչ այնքան հարուստ Սուրբ Հռիփսիմէին պարզ պատարագը նոր դուռ բացած էր ինծի համար, ներգրաւուած ծիսական արարողութեան մէջ: Ես կը զգայի, որ իմ սովորական ուղին կանգ առած է, ես այդ ծիսական խորհուրդին մասնակիցը դարձած եմ: Իսկ Էջմիածնի մէջ ինքզինքս կը զգայի պարզապէս հիացած այցելուի մը պէս, ոչ աւելին»:

Փոլ Իկնէյշըս իր ամբողջ կեանքով կը հաստատէր, թէ ազգային ինքնութիւնը երբեք խոչընդոտ մը չէ համամարդկային ծառայութեան։ Ընդհակառակը՝ արմատներն են, որ ուժ կու տան բարձրանալու աշխարհի բեմը՝ ամուր ու խիզախ։ Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ան մնաց օրինակ այն սերունդներուն, որոնք հայ արմատներով ծնունդ առած են սփիւռքի մէջ՝ օտար հասարակութեան մէջ դառնալով առաջնորդներ, բայց միշտ պահպանելով իրենց ինքնութիւնը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025