ԱՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Անքնութիւնը այսօր աշխարհասփիւռ եւ լուրջ խնդիրներէն մէկն է։ Շատեր կը կարծեն, թէ գիշեր մը լաւ չքնանալը պատահական անհանգստութիւն մըն է, բայց, երբ այդ վիճակը կ՚երկարաձգուի եւ կը վերածուի սովորութեան մը, ան կը դառնայ առողջական, հոգեբանական եւ ընկերային տագնապներու նախանշան։

Քունը մարդուն մարմնական եւ մտային կարիքներէն ամենագլխաւորն է։ Ան միայն հանգիստ չի նշանակեր. ան վերականգնող ու հաւասարակշռող փուլ մըն է, երբ ուղեղը կը մաքրուի օրէ օր գոյացած նիւթափոխականութեան մնացորդներէն, կը կարգաւորուին յիշողութեան շերտերը, իսկ մարմինը կը նորոգէ իր հիւսուածքները։ Երբ այդ բնական գործընթացը կը խախտուի, հետեւանքները չեն ուշանար։

Արձանագրուած է, որ երկարատեւ անքնութենէն տառապող մարդիկ կը դժուարանան կարգաւորել իրենց զգացումները։ Անոնք դիւրաւ կը գրգռուին, կը կորսնցնեն համբերութիւնը եւ կը դառնան դիւրաբորբոք։ Աւելին՝ ժամանակի ընթացքին անոնք կը սկսին ապագան տեսնել աւելի մութ եւ այս խաբկանքը իր հերթին կը խորացնէ անքնութիւնը։

Եւ որքան երկարատեւ ըլլայ անքնութեան փուլը, այնքան աւելի խորքային կը դառնան անոր հետեւանքները։ Գիտական ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ ամիսներով շարունակող անքնութիւնը կը յառաջացնէ յիշողութեան անկում, մտային մշուշ, ստեղծագործական կարողութեան թուլացում եւ նոյնիսկ ծանր մտային խնդիրներ՝ ներառեալ ընկճախտ, անհանգստութեան խանգարումներ եւ յանկարծակի ճգնաժամեր։

Մարդը բնականոն յարգով կ՚աշխատի օրէ օր եւ քունը ուժը վերականգնելու եւ մտային վատուժութիւնը վերացնելու հիմնական աղբիւրներէն մէկն է։ Երբ քունը կը խախտուի, մարմինն ալ չի կրնար ամբողջովին վերականգնուիլ։ Անքնութենէն տարուած անձը աւելի դիւրագրգիռ կը դառնայ, իր միտքը կը դանդաղի, իսկ զգացումները կը բթանան։ Բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններ կը ցուցադրեն, որ երկարատեւ քունի պակասը կը յանգեցնէ յիշողութեան թուլացման, սթրեսի աճին եւ ընդհանրապէս կեանքի որակի անկման։

Անքնութեան պատճառները բազմազան են։ Ընդհանրապէս, ժամանակակից կեանքը՝ իր արագ ընթացքով, մշտական աղմուկով, թուային աշխարհի ճնշումով եւ աշխատանքային մղձաւանջով, մեծ դեր կը խաղայ։ Մարդիկ յաճախ կը շփոթեն հոգեկան յոգնութիւնը ֆիզիքական յոգնութեամբ եւ այս շփոթը անքնութեան թիւ մէկ պատճառը կը դառնայ։ Լարուածութիւնը, անհանգստութիւնները, անաւարտ գործերու ծանրութիւնը եւ անձնական մտահոգութիւնները գիշերային ժամերուն կ՚արթննան մեր մտքին մէջ եւ չեն թողուր, որ հանդարտօրէն մտնենք քունի խաղաղութեան։

Այնուամենայնիւ, անքնութիւնը անյաղթահարելի խնդիր մը չէ։ Բազում դէպքերու պարագային, քունի սովորութիւններու առողջացումով կարելի է զգալի կերպով մեղմացնել կամ նոյնիսկ ամբողջովին վերացնել այդ վիճակը։ Օրինակ, ամէն օր նոյն ժամուն քնանալը եւ արթննալը կը կարգաւորէ մարմնի ներքին ժամացոյցը։ Քունէ առաջ թեթեւ ընթերցանութիւն, մեղմ երաժշտութիւն կամ տաք թէյ կարելի է օգտագործել մարմինը եւ միտքը հանգստացնելու համար։ Իսկ հեռաձայնի եւ համակարգիչի կապոյտ լոյսին երկարատեւ ազդեցութիւնը կարելի է ժամ առաջ սահմանափակել, որպէսզի ուղեղը կարենայ բնական կերպով հանգստանալ։

Ժամանակակից հասարակութիւնը մեզ կը հրաւիրէ արագութեան, սակայն, մարդուն մարմինն ու հոգին ստեղծուած չեն անսահման աշխատելու համար։ Քունը մեր իրաւունքն է։ Երբ մենք կը խնամենք մեր քունը, կը խնամենք նաեւ մեր մտքի խաղաղութիւնը, մեր առողջութիւնը եւ մեր կեանքի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը։

Քունը միայն գիշերային հանգիստ մը չէ։ Ան մանկութեան նման պարզ, բայց ամբողջ կեանքը սնուցող արարք մըն է։ Երբ կը տիրապետենք այդ խաղաղութեան ուժին, ամբողջ կեանքը կը դառնայ աւելի պարզ եւ աւելի ներդաշնակ։

Վերջապէս, մարդկային կեանքը չի կրնար ծաղկիլ առանց հանգչող ու խաղաղ գիշերներու։ Քունը ո՛չ միայն գործնական անհրաժեշտութիւն է, այլեւ՝ հոգեկան եւ հոգեւոր հանգիստ։ Երբ կը պաշտպանենք մեր քունը, իրականութեան մէջ կը պաշտպանենք մեր կեանքի ներդաշնակութիւնը, մեր առողջութիւնը եւ մեր ներքին խաղաղութիւնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025