«ՊԱՐԱՊ ՄԻՏՔԸ ՍԱՏԱՆԱՅԻ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆ Է»
«Պարապ միտքը սատանայի աշխատանոցն է» խօսքը շատերու կողմէ Պղատոնի կը վերագրուի, էապէս խորիմաստ արտայայտութիւն մըն է մարդու հոգեկան ու բարոյական կեանքին մասին։ Ան կը հրաւիրէ մեզ խորհելու այն մասին, թէ ինչ կը պատահի, երբ մարդու միտքը անգործ կը մնայ, առանց նպատակի, առանց իմաստալից զբաղումի ու առանց ճշմարտութեան որոնումի։
Պղատոն կը հաւատար, թէ մարդու հոգին բաղկացած է տարբեր մասերէ։ Բանական մասը կոչուած է առաջնորդելու մարդուն կեանքը, զսպելու անխոհեմ ցանկութիւնները եւ ուղղութիւն տալու վարքագիծին։ Երբ այս բանական մասը գործուն է, երբ միտքը մշտապէս զբաղուած է ճշմարտութեան, արդարութեան եւ բարոյական կատարելութեան որոնումով, մարդը կը մօտենայ իր իսկական կոչումին։ Սակայն երբ միտքը կը դառնայ պարապ, երբ բանականութիւնը կը նահանջէ, այլ ուժեր կը սկսին իշխել մարդու ներսը։ Այդ պարապութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ բնութիւնը չի համակերպիր դատարկութեան։ Միտքը, որ չի լեցուիր գիտակցուած, դրական եւ ստեղծագործ մտածումով, ինքնաբերաբար կը լեցուի պատահական, երբեմն ալ կործանարար մտքերով։ Այստեղ «սատանան» պէտք է հասկնալ որպէս մարդկային թուլութիւններու, մոլորութիւններու եւ ներքին խաւարի խորհրդանիշ։ Սա այն վիճակն է, ուր մարդը կը դառնայ իր սեփական կիրքերու ու վախերու գերին։
Պղատոնի «Հանրապետութիւն» երկին մէջ դաստիարակութիւնը կեդրոնական դեր ունի։ Ան կը շեշտէ, որ քաղաքացիի եւ փիլիսոփայի դաստիարակութիւնը պէտք է սկսի վաղ տարիքէն, որպէսզի միտքը սորվի կարգապահութիւն, տրամաբանութիւն եւ զգացում։ Երաժշտութիւնը, մարմնամարզութիւնը, թուաբանութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը Պղատոնի համար միջոցներ են միտքը լեցնելու, զայն մարզելու եւ անոր մէջ ներդաշնակութիւն ստեղծելու համար։ Պարապ միտքը, հակառակ այս բոլորին, կը մնայ անպաշտպան եւ անկազմակերպ։
Պղատոնի մտածողութեան մէջ միտքը մարդու ամենաբարձր կարողութիւնն է։ Միտքը պէտք է մշտապէս ուղղուած ըլլայ դէպի բարին, գեղեցիկը եւ ճշմարիտը։ Երբ միտքը կը սնուի գիտութեամբ, փիլիսոփայութեամբ եւ բարոյական արժէքներով, մարդը կը դառնայ ներդաշնակ, ինքն իր հետ խաղաղ եւ օգտակար համայնքին։ Սակայն երբ միտքը դատարկ կը մնայ, երբ մարդը չի ջանար լեցնել զայն իմաստալից մտքերով ու գործերով, այդ դատարկութիւնը կը դառնայ վտանգաւոր տարածք մը։
«Սատանայի աշխատանոց» արտայայտութիւնը խորհրդանշական է։ Ան չի նշանակեր միայն կրօնական կամ մեթաֆիզիքական չարը, այլ ընդհանրապէս այն բոլոր վնասակար միտումները, որոնք կրնան ծնիլ պարապութեան մէջ՝ անտարբերութիւն, նախանձ, չար մտքեր, կեղծ հաճոյքներ եւ ինքնակործան վարքագիծ։ Երբ մարդը չունի ներքին կարգապահութիւն եւ մտաւոր զբաղում, ան դիւրութեամբ կ՚ենթարկուի արտաքին գրգիռներու եւ սխալ ուղղութիւններու։
Պղատոնի գաղափարներուն համաձայն՝ դաստիարակութիւնը եւ ինքնակրթութիւնը կենսական դեր ունին մարդու կեանքին մէջ։ Միտքը պէտք է մարզուի, ինչպէս մարմինը։ Ինչպէս մարմնական պարապութիւնը կը բերէ թուլութիւն, նոյնպէս ալ մտաւոր պարապութիւնը կը բերէ հոգեկան խեղում։ Ընթերցանութիւնը, մտածումը, հարցադրումը եւ ճշմարտութեան որոնումը միջոցներ են, որոնցմով մարդ կը լեցնէ իր միտքը լոյսով եւ կը փակէ դռները խաւարին առջեւ։ Այս խօսքը նաեւ ժամանակակից կեանքին մէջ մեծ նշանակութիւն ունի։ Այսօր, երբ մարդը շրջապատուած է անընդհատ շեղող միջոցներով, արտաքին աղմուկով եւ մակերեսային զբաղումներու առատութեամբ, վտանգը աւելի մեծ է, որ միտքը դատարկ մնայ խորքէն։
Մարդիկ այսօր մշտապէս զբաղուած են, տեղեկատուութեան հեղեղի մէջ կ՚ապրին, սակայն այդ զբաղուածութիւնը միշտ իմաստալից չէ։ Շատերու միտքը ծանրաբեռնուած է մակերեսային պատկերներով, արագ մոռցուող լուրերով եւ անընդհատ շեղող ազդակներով։ Այս վիճակը արտաքին շարժում է, բայց ներքին պարապութիւն։ Միտքը չի խորանար, չի խորհիր, չի հարցադրեր եւ այսպէս կը կորսնցնէ իր ստեղծագործ ուժը։ Արտաքնապէս զբաղուած ըլլալը միշտ չի նշանակեր մտաւոր լեցունութիւն։ Իրական զբաղումը այն է, որ մարդը գիտակցաբար ընտրէ, թէ ինչով կը լեցնէ իր միտքը եւ հոգին։
Հուսկ, «պարապ միտքը սատանայի աշխատանոցն է» խօսքը մեզի կը յիշեցնէ պատասխանատուութիւնը, զոր ունինք մեր սեփական մտքի նկատմամբ։ Այս արտայայտութիւնը կարելի է հասկնալ որպէս կոչ՝ մշտական մտաւոր արթնութեան։ Պղատոնի փիլիսոփայութեան լոյսին տակ այս խօսքը կը դառնայ յիշեցում, որ մարդու արժանապատուութիւնը եւ բարոյական բարձրութիւնը կախուած են իր մտածողութենէն։ Միտքը պէտք է մշտապէս լեցուն ըլլայ լոյսով, ճշմարտութեան ձգտումով եւ իմաստալից նպատակներով, որպէսզի մարդը չմոլորուի խաւարին մէջ, այլ քալէ դէպի իմաստութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն։ Միտքը թանկ պարգեւ մըն է, որ պէտք է խնամքով պահել եւ սնուցանել։ Երբ ան լեցուն է իմաստով, բարոյականութեամբ եւ ճշմարտութեան ձգտումով, մարդը կը հեռանայ չարէն եւ կը մօտենայ այն իտէալին, զոր Պղատոն կը պատկերացնէր՝ բանական, արդար եւ լուսաւոր մարդ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ