ԱՃԱՌԵԱՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ. ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ, ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ - ՄԵԾ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀՆՉՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Հայաստանի մէջ սկիզբ առին մեծանուն գիտնական, լեզուաբան, բառարանագիր Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները։ Հին տոմարով այս շաբաթավերջին՝ մարտի 8-ին (նոր տոմարով՝ 20-ին) ծնած է անմահ լեզուաբանը, որուն յոբելենական 150-ամեակը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի 2026-2027-ի օրացոյցին մէջ։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի մէջ այս օրերուն բացուեցաւ ցուցադրութիւն մը՝ նուիրուած հայ լեզուաբանութեան հսկային, մեծ պոլսեցիին, ակադեմիկոսին, համաշխարհային մակարդակի գիտնականին։
Այս ձեռնարկը սովորական գեղարուեստական ցուցահանդէս մը չէ. խոնարհումի հանդիսաւոր ձեռնարկ մըն է՝ ի յիշատակ այն մարդուն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայոց լեզուի ամբողջական հետազօտութեան։
Աճառեանի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի աւագ գիտաշխատող, լեզուագէտ Ճեմմա Պառնասեան։ Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Աճառեանի բարբառագիտական գործունէութեան՝ ցոյց տալով, թէ բարբառագիտութիւնը պարզապէս տեղական խօսուածքներու արձանագրում չէ, այլ հայոց լեզուի պատմական զարգացման ուսումնասիրութեան հիմնական բանալիներէն մէկը։
Բանախօսը խօսեցաւ նաեւ մայրենի լեզուի արդի խնդիրներուն մասին՝ շեշտելով լեզուամշակութային պատասխանատուութեան, լեզուական ինքնութեան պահպանման եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն գիտակցաբար դիմագրաւելու հրամայականը։ Այս խօսքերը առանձնայատուկ կշիռ ունէին՝ հնչելով այն գիտնականի յոբելեանին առիթով, որ իր կեանքով իսկ ապացուցանեց, թէ լեզուն պաշտպանելու լաւագոյն ձեւը զայն գիտականօրէն ճանչնալն ու արժեւորելն է։
Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են Հրաչեայ Աճառեանի հիմնարար աշխատութիւնները՝ բառարաններ, բարբառագիտական եւ պատմալեզուաբանական ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ իր մասին հրատարակուած գիտական յօդուածներ, յուշագրութիւններ եւ կենսագրական նիւթեր։ Զատ բաժինով ցուցադրուած են անոր բարբառագիտական աշխատութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր կը մնան անփոխարինելի աղբիւր՝ հայերէնի տարածքային տարբերակներու ուսումնասիրութեան, պահպանման եւ գիտական համակարգման համար։ Հայաստանի Ազգային գրադարանը, իբրեւ հայերէն տպագիր գիրքի՝ աշխարհի մէջ ամենամեծ պահոցը, առանց բացառութեան ունի Աճառեանէն բոլոր հրատարակութիւնները, անոր մասին գիրքերը, ուսումնասիրութիւնները։
Մեծարելով մեծ պոլսեցին՝ այս ձեռնարկով անգամ մը եւս հաստատուեցաւ այն համոզումը, որ գիտութիւնը, երբ միախառնուած է ազգային նուիրումին հետ, կը դառնայ անմահ ծառայութիւն։
Հայ գրականագէտ, գրող, բառարանագիր, թատերագէտ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Գառնիկ Ստեփանեան (ծնած՝ 1909-ին՝ Թերճան, մահացած Երեւան՝ 1989-ին) եղած է Աճառեանի աշակերտներէն, ապա՝ գործակիցնէրէն եւ ընկերներէն մէկը։ Իր «Աճառեանի հետ» գիրքը (Երեւան, 1976) Աճառեանը ա՛լ աւելի լաւ ծանօթացնելու տեսակէտէ անփոխարինելի աղբիւր մըն է։ Կը ներկայացնենք այդ գիրքէն Աճառեանի բնաւորութեան մասին պատմող հատուած մը։
ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇ ԳԻԾԵՐ
ԳԱՌՆԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
ա)Աշխատասիրութիւն, աշխատանքային դրութիւն
Առաջին յատկութիւնը, որ աչքի կը զարնէր Աճառեանի մօտ, անոր զարմանալի աշխատասիրութիւնն էր։ Անոր հրատարակուած ու անտիպ երկերուն թիւը կ՚անցնի քանի մը հարիւրը, իսկ ընդհանուր ծաւալով կրնայ կազմել աւելի քան 10 հազար տպագիր էջ։ Այս բոլորը ինք գրած է, մաքրագրած, արտագրած ապակետիպ տպագրութեան համար։
Գրադարան չունէր. անոր գրադարանը կը բաղկանար իր տպագիր եւ անտիպ գիրքերէն։ Յաճախ ականատես եղած եմ, երբ կանգնած անոնց առջեւ, ինքն ալ զարմացած ըսած է.
-Այս բոլորը մէկ մարդ է գրած, այն ալ՝ մէկ աչքով։
Իսկ որքան գիրքեր ու թերթեր կարդացած էր այդ աշխատութիւնները ստեղծելու համար։ Կարդացած էր հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, յունարէն՝ հազարէ աւելի գիրքեր, դիտած հայ ճոխ մամուլը, հարիւրաւոր օրաթերթեր, ամսագիրներ, հանդէսներ։ Փոքր տարիքէն չէր գիտցած, թէ ի՛նչ է յոգնութիւնը․ աշխատած էր մինչեւ աչքերու փակուիլը՝ յաճախ իր նիւթին հետ շարունակ զբաղելով նաեւ քունին մէջ։
Ան իր ստեղծագործական բեղմնաւորութիւնը կը բացատրէր ո՛չ միայն աշխատասիրութեամբ, այլեւ աշխատանքային դրութեան խիստ պահպանմամբ։ Կ՚ըսէր՝ եթէ մարդ օրական 2-3 էջ գրէ, տարեկան կ՚ըլլայ 1000 էջ, այսինքն՝ 40 մամուլանոց գիրք մը, իսկ յիսուն տարի աշխատողը իր դարակին մէջ պիտի ունենայ յիսուն հատոր աշխատութիւն։
-Կան մարդիկ,- կ՚ըսէր,- որոնք մէկ օրուան մէջ կը գրեն 10-15 էջ, բայց քանի մը շաբաթ, յաճախ քանի մը ամիս ալ ոչինչ չեն գրեր։ Անոնք չեն կրնար արդիւնքի հասնիլ։
Ինք խստագոյն կերպով կը հետեւէր օրուան ռեժիմին։ Անոր աշխատանքային ժամերը չէին կրնար խլել նոյնիսկ ամենամօտիկ մարդիկը։ Երկար տարիներ անոր բնակարանին մէջ հեռաձայն չկար։ Միայն վերջին բնակարանին մէջ ունեցաւ, եւ մանկական ի՜նչ ուրախութեամբ կ՚օրհնէր հեռաձայնի գիւտ ընողը, որովհետեւ կը կասեցնէր առանց պայմանաւորուելու կատարուող այցելութիւնները։
Կը զայրանար, երբ մարդիկ կու գային առանց զանգահարելու։ Ժամանակի արժէքը չգիտցող այդ մարդիկը կը պատժէր շատ իւրայատուկ կերպով.
-Քիչ մը նստեցէք, հիմա պիտի վերջացնեմ,- կ՚ըսէր ու կը շարունակէր աշխատիլ։
Յաճախ ներկայ եղած եմ նման դէպքերու եւ նոյնիսկ մեղքացած՝ կէս ժամէն աւելի սպասող մարդոց, միաժամանակ արդարացնելով ուսուցիչիս վարուելակերպը։ Բայց չէ՞ որ այդ ո՛չ նամակ էր եւ ո՛չ ալ արագութիւն պահանջող դիմում, որ անմիջապէս վերջացնէր. իր գիտական ընթացիկ զբաղումն էր, որ սկիզբ առած էր իննսունական թուականներէն եւ պիտի աւարտէր կեանքի վերջին օրը։
Երբեմն աւելի խիստ ալ պատժած է։ Օր մը, առանց զանգահարելու, անոր տուն կու գայ կին մը։ Աշխատանքը ընդհատելով՝ դուռը կը բանայ Աճառեանը։ Կինը կ՚ըսէ, թէ ուղիղ հինգ վայրկեան կ՚ուզէ խլել իր ժամանակէն՝ բան մը հարցնելու համար։ Ան, ծեքծեքումներով, այդ հինգ վայրկեանին մէջ հազիւ կը հանէ վերարկուն, հայելիին առջեւ կը յարդարուի, մազերը կը դասաւորէ։ Աճառեանը այդ ընթացքին ժամացոյցը ձեռքին կը կանգնի անոր քով եւ, ժամանակը լրանալուն պէս, կ՚ըսէ.
-Է՜, տիկին, ձեր խնդրած հինգ վայրկեանը լրացաւ, ես պէտք է աշխատիմ։
Կ՚ըսէ ու սուս-փուս կը նստի գրասեղանին առջեւ։
Իրակա՞ն է այս դէպքը, թէ յօրինուած։ Նոյնիսկ եթէ յօրինուած է, Աճառեանը ճանչցող բոլոր մարդիկը կրնան վկայել, որ շատ բնորոշ է իրեն։
Կը յիշեմ արդէն իրական դէպք մը՝ կարծեմ 1947 թուականն էր։ Հազիւ վերջացուցած էինք մեր զրոյցը․ ես պիտի մեկնէի, իսկ ինք պիտի սկսէր աշխատիլ, երբ դրան զանգը տուին։ Եգիպտոսէն ներգաղթած երիտասարդ մըն էր։ Ըսաւ անուն-ազգանունը, արաբերէնի մասնագէտ ըլլալը, թէ գիտէ նաեւ ֆրանսերէն ու անգլերէն։ Մինչ մարդը միջանցքին մէջ կը ներկայանար, Աճառեանը լուռ կը լսէր՝ առանց զինք ներս հրաւիրելու։ Ապա յանկարծ հարցուց.
-Իսկ ի՞նչ կ՚ուզէք։
-Ինծի ղրկած են, որպէսզի ծանօթանաք արաբերէնի իմ գիտելիքներուս եւ յայտնէք ձեր կարծիքը, որպէսզի զիս աշխատանքի ընդունին։
-Անշուշտ դուք ինձմէ լաւ արաբերէն պէտք է գիտնաք, քանի որ Եգիպտոսի մէջ արաբական կրթութիւն ստացած էք, ապրած էք տասնեակ տարիներ։ Ես ի՞նչ իրաւունք ունիմ ձեզի ստուգելու։
Եգիպտահայը, զրոյցը սպառած համարելով, հրաժեշտ տուաւ ու գնաց, իսկ ինք նստաւ գրասեղանին առջեւ։
Ժամանակի մէկ միաւորի անօգուտ վատնումը աւելի մեծ վնաս կը համարէր, քան՝ նիւթական կորուստը։ Բայց կը սիրէր լսել լաւ մարդիկը՝ արդէն զուտ գործնական նկատառումով։ Բանաւոր խօսքը անոր մեծ ատաղձ կու տար, մանաւանդ՝ բարբառներու ուսումնասիրութեան համար։ Կը ձգտէր մասնաւորապէս աշխատաւոր, անգրագէտ կամ կիսագրագէտ մարդոց հետ զրոյցի բռնուիլ, առիթ տալ, որ անոնք իրենց բարբառով խօսին։
-Գրական լեզուով խօսողներէն ինծի համար օգուտ չկայ,- կ՚ըսէր։
Օր մը Աբովեան փողոցով իջնելու ատեն կը նկատէ դասախօսներու խումբ մը, բոլորը զանազան գաւառներու ծնունդ։ Անոնց մէջ էին Հայկ Գիւլիքեւխեանը, Ցոլակ Խանզատեանը, Յակոբ Մանանդեանը, Աշխարհբէկ Քալանթարը եւ ուրիշներ։ Կը մօտենայ, կը բարեւէ ու կը լսէ անոնց զրոյցը։ Աւելի քան մէկ ժամ անոնք կը խօսին, կը վիճին, իսկ ինք միայն լուռ կը լսէ։ Յանկարծ կ՚ըսէ.
-Էհ, ես գնացի․ մէկ ժամ խօսեցաք, ինծի անծանօթ մէկ բառ չլսեցի։ Ափսոս ժամանակիս։
Ահա ամբողջովին իրական ուրիշ դէպք մը։ Օր մը, երբ անոնց տունը գացած էի, Սոֆիկը մինակ էր, շատ յուզուած։ Հարցուցի՝ ինչ պատահած է։
-Խենթ է, խենթ, քու այդ ուսուցիչդ,- ըսաւ, փորձելով կատակով ներկայացնել եւ պատմեց հետեւեալը, որ արտաքուստ ծիծաղելի էր, բայց բաւական յուզած էր զինք։
Այդ օրը առաւօտեան յանկարծ կը բարկանայ Աճառեանը, վիճաբանութեան կը բռնուի կնոջ հետ, կը փորձէ բորբոքել վէճը բոլորովին անտեղի։ Այնքան բարձր կը գոռայ, որ Սոֆիկը յուսահատ կը սկսի լալ։ Ատոր ալ ուշադրութիւն չի դարձներ, կը շարունակէ գոռալ։ Յանկարծ կը դադրի, կը փափկի եւ գորովանքով կ՚ըսէ.
-Կատակ էր, Սոֆիկ, կ՚ուզէի, որ ջղայնացած խօսէիր եւ տեսնէի, թէ Ախտայի բարբառին մէջ ինծի համար ի՞նչ անծանօթ բառեր կան։
-Դէ ըսէիր, ինչո՞ւ կռիւ պիտի սարքէիր։
-Չ՚ըլլար, դուն պիտի խօսէիր գրական լեզուով։ Մարդիկ զայրացած ժամանակ կը դիմեն բարբառին եւ իրենց բերնէն կը փախցնեն բառեր, որոնք կրնան պէտք գալ լեզուաբանին։ Ի զուր ալ բարկացուցի․ ոչ մէկ նոր բառ ըսիր…
Աճառեանը աշխատասիրութիւնը կը հասկնար բառին՝ լեզուաբանական, ուղղակի ընկալումով։ Կ՚ըսէր, թէ աշխատասիրութիւն նախ եւ առաջ կը նշանակէ աշխատանքը սիրել, զայն կատարել հաճոյքով, գոհունակութեամբ։ Եթէ աշխատանքը լաւ չէ, կարելի է փոխել, բայց կատարել հաճոյքով ու առանց տրտունջի՝ գտնելով թարմացման միջոցներ։
Ինք, երբ քանի մը ամիս լարուած կ՚աշխատէր որեւէ գիրքի վրայ եւ կը յոգնէր, անմիջապէս կը դադրեցնէր զայն ու կը շարունակէր ուրիշ կիսատ գործ մը։ Մերթ կ՚աշխատէր որեւէ բարբառի վրայ, մերթ՝ «Լիակատար քերականութիւն»ի կամ «Անձնանուններու բառարան»ին վրայ։
Մարդուն ամենամեծ դժբախտութիւնը ծուլութիւնն ու տգիտութիւնը համարող լեզուաբանը փոքր չարիք չէր համարեր նաեւ հոռետեսութիւնը, կեանքի դժուարութիւններէն ընկճուիլը։ Կ՚ըսէր, թէ ամէն բանէն դժգոհ մարդը ամենափարթամ կեանքին մէջ ալ պիտի գտնէ դժգոհելու, տրտնջալու, նվնվալու առիթներ, իսկ լաւատես մարդը ամենաանպաստ պայմաններուն մէջ ալ պիտի չկորսնցնէ իր հոգիի արիութիւնը եւ պիտի յաղթահարէ ամէն դժուարութիւն։
Անշուշտ ճիշդ էին անոր ըսածները։ Բայց Աճառեանի լաւատեսութիւնը կը գերազանցէր ամէն բան։
Օր մը Կեդրոնական գործադիր կոմիտէի նախագահ Անանեանը, լսելով անոր «Արմատական բառարանի»ին մասին, կ՚ուզէ մէկ օրինակ ունենալ։ Իրաւաբան Չուբարին կը խնդրէ օգնել այդ հարցին մէջ։ Վերջինս կը ճարէ բառարանին վեց մեծադիր հատորները, կու տայ բեռնակիրին եւ կը տանի Կեդրոնական կոմիտէ։
-Այս ի՞նչ է,- կ՚ըսէ Անանեանը,- ես խնդրած էի մէկ օրինակ։
-Ճիշդ այս բոլորը մէկ օրինակ է,- կը պատասխանէ Չուբարը,- վեց հատոր, ամէն մէկ հատորը 6-7 հարիւր էջ։ Անանեանը, ծանօթանալով վիթխարի գործին ու լսելով Չուբարի դրական կարծիքը անոր մասին, կ՚ուզէ հեղինակը մօտէն ճանչնալ։
Աճառեանը Չուբարին հետ կը ներկայանայ Անանեանին։ Ան արժանի յարգանքով կ՚ընդունի լեզուաբանը, կը զրուցէ անոր հետ, կը յայտնէ իր հիացմունքը բառարանին մասին, ապա կը հարցնէ, թէ ինչո՞վ կրնայ օգտակար ըլլալ իրեն, ինչի՞ կարիք ունի։
-Ոչ մէկ բանի,- կը պատասխանէ Աճառեանը։
-Յարմար բնակարան ունի՞ք,- կը հարցնէ։
-Ունիմ, շատ ալ գոհ եմ իմ սենեակէս։ Իմ բնակարանս ձեր այս սենեակէն աւելի լուսաւոր է։
-Մթերքի՞ ալ կարիք չունիք։
-Չունիմ, որոշ բան ինքս կը ճարեմ, որոշ բան ալ դրամ կու տամ, աշակերտներս կը բերեն։ Սնունդս քիչ մըն ալ կ՚աւելնայ։
-Առողջարան երթալ չէ՞ք ուզեր։
-Հիւանդ չեմ, որ առողջարան երթամ։ Առողջ մարդուն համար այդ ժամավաճառութիւն է։
-Հանգստեան տուն ալ չէ՞ք ուզեր երթալ, Ծաղկաձոր կամ Ախթալա։
-Ըրածս ի՞նչ է, որ հանգստանալու կարիք ունենամ. երբ կը յոգնիմ, թախտին վրայ քիչ մը կը պառկիմ, կը հանգստանամ, ապա դարձեալ կը շարունակեմ աշխատանքը։
-Վերջապէս մէկ բանի կարիք չունի՞ք։
-Ոչ մէկ բանի։
Աճառեանը այս կ՚ըսէր անկեղծօրէն, առանց ցուցադրական ձեւի։ Կ՚ըսէր մարդ մը, որ նոյն օրը հարկադրուած էր բակին մէջ փայտ կոտրել, զանոնք վեր բարձրացնել, վառարան վառել, «Արմատական բառարան»ին տպագրուած մամուլները թեւին տակ տանիլ բանուորներուն։ Բայց այդ բոլորէն ետք, երբ թիթեղեայ վառարանին ճարճատիւնին առջեւ նստած կը հանգստանար, իրեն կը թուէր, թէ իսկապէս իրմէ աւելի երջանիկ մարդ չի կրնար ըլլալ։
բ) Ճշտապահութիւն
Աճառեանը ճշտապահութիւնը մարդուն նկարագրին ամենաէական յատկանիշներէն մէկը կը համարէր՝ անոր յաջողութեան գրաւականը, աշխատասիրութեան ուղեցոյցը։
Ան ճշտապահ էր տունը, հասարակական կեանքին մէջ, համալսարանին մէջ։
Սովորաբար կ՚արթննար առաւօտեան ժամը 6:30-7:00-ի միջեւ։ Կ՚աշխատէր մօտ մէկ ժամ, քիչ մը հանգստանալէ ետք կը նախաճաշէր՝ 10:00-11:00-ի մօտ, ապա դարձեալ կը շարունակէր աշխատանքը։ Երիտասարդ տարիներուն՝ յոգնութեան մասին գաղափար չունեցող գիտնականը կեանքի վերջին տարիներուն յաճախ կ՚ընդմիջէր աշխատանքը՝ 10-15 վայրկեան երկննալով։
Ճշտապահ էր մանաւանդ համալսարանական պարապմունքներուն ընթացքին։ Կու գար ճիշդ նոյն վայրկեանին, կ՚երթար նոյն վայրկեանին, դասաժամը կը գործածէր ամբողջութեամբ՝ առանց կողմնակի հարցերով ուսանողները զբաղեցնելու։ Եթէ մերթ ընդ մերթ որոշ բան կը պատմէր, ապա՝ բացառապէս՝ նիւթին առընչուող պիտի ըլլար։ Երբ մէկը կ՚ուզէր հարցում մը տալ, կրնար զինք ուղեկցել մինչեւ տուն։ Փոխադրամիջոց չէր սիրեր․ ոտքով կ՚երթար թէ՛ համալսարան, թէ՛ Ակադեմիա։
Բարեբախտաբար, Երեւանի մէջ ապրած իր 30 տարիներուն ընթացքին իր զբաղեցուցած երեք բնակարաններն ալ քաղաքին կեդրոնը կը գտնուէին, ինչ որ դժուարութիւն չէր ստեղծեր։ Ոտքով գալը կը նպաստէր ճշտապահութեան․ գիտէր, թէ քանի վայրկեանէն տունէն պիտի հասնի համալսարան կամ որեւէ նշանակուած վայր։ Ճամբուն վրայ երբեք որեւէ մէկուն հետ խօսելու համար կանգ չէր առներ։ Անբաժանելի ձեռնափայտը ձեռքին, թուղթերը թեւին տակ, հանդարտ կը քալէր ու կը զրուցէր։ Հանդիպակաց կողմէ եկողներուն ընդհանրապէս չէր ճանչնար՝ աչքի տկարութեան պատճառով։ Ով որ կը բարեւէր զինք, գլուխը խոնարհելով կը պատասխանէր, իսկ եթէ ուղեկից ունէր, կը հարցնէր՝ ո՞վ է։ Իմանալէ ետք առանց վերաբերմունքի կը շարունակէր ճանապարհը։
Կը պատմեն այսպիսի իրական դէպք մը․ անոր ուսանողներէն մէկը փողոցին մէջ հանդիպելով ուսուցիչին՝ կը մտնէ անոր թեւը եւ միասին կը քալեն։ Ճամբուն բազմաթիւ հարցեր կու տայ, որոնց Աճառեանը ոչ մէկուն կը պատասխանէ։ Երբ կը մօտենան համալսարանին, նոր միայն կը պատասխանէ։ Ուսանողը կը հարցնէ՝ ինչո՞ւ մինչ այդ անուշադրութեան կու տար իր հարցերը։
-Միտքիս մէջ դասի ծրագիրը կը կազմէի, զբաղած էի, հիմա միայն ազատ եմ,- կը պատասխանէ ան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ