«SEVERANCE» ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷՆ
«Severance» արդի ամերիկեան հեռուստաշար մըն է, որ ստեղծուած է Տեն Էրիքսընի եւ բեմադրուած՝ Պեն Սթիլըրի կողմէ։ Շարքը կը ցուցադրուի «Apple TV+» հարթակին վրայ եւ կեդրոնացած է մարդու ինքնութեան, յիշողութեան եւ աշխատանքային կեանքի օտարացման նիւթերուն շուրջ։ Ան ժամանակակից ընկերութեան մէջ աշխատանքի եւ անձնական կեանքի միջեւ սահմանագծի հարցը կը քննէ խոր փիլիսոփայական շեշտով։
«Severance» միայն խորհրդաւոր գրասենեկային հեռուստաշար մը չէ․ ան խոր փիլիսոփայական խորհրդածութիւն մըն է մարդու ինքնութեան, գիտակցութեան եւ ազատ կամքի մասին։ Այս հեռուստաշարը կը վերածուի ժամանակակից աշխարհի բարոյական եւ գոյաբանական ճգնաժամի պատկերին։
Հեռուստաշարը կը դառնայ «Lumon Industries» անունով հսկայ կազմակերպութեան մը շուրջ, ուր գործադրուած է «severance» կոչուած բժշկական գործընթաց մը։ Այս ընթացքը կ՚առանձնացնէ աշխատողի յիշողութիւնները՝ բաժնելով զանոնք երկու անկախ բաժիններու․ «աշխատանքային ես» եւ «արտաքին ես»։ Աշխատանքի վայրին մէջ գտնուող անձը ո՛չ մէկ յիշողութիւն ունի իր անձնական կեանքէն, մինչդեռ դուրս գտնուողը բնաւ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր աշխատանքային տարբերակը։ Այս երկփեղկուած ինքնութիւնը կը ստեղծէ խոր ներքին լարում եւ բարոյական հարցադրումներ։
Շարքի կեդրոնական գաղափարը՝ յիշողութեան արհեստական բաժանումը, կը դառնայ ինքնութեան հարցադրումը։ Եթէ մարդու յիշողութիւնները բաժնուին, արդեօք ան կը մնա՞յ նոյն անձը։ Արեւմտեան փիլիսոփայութեան մէջ, յատկապէս Ճոն Լոքի մտածողութեան համաձայն, անձնական ինքնութիւնը հիմնուած է յիշողութեան շարունակականութեան վրայ։ «Severance»ի աշխարհին մէջ այս շարունակականութիւնը կտրուած է։ Աշխատանքային «ես»ը եւ արտաքին «ես»ը գոյութիւն ունին իբրեւ երկու անջատ գիտակցութիւններ, որոնք չեն բաժներ փորձառութիւն։ Այսպէս, անձը կը դադրի ամբողջական ենթակայ մը ըլլալէ եւ կը դառնայ համակարգի կողմէ բաժնուած գոյութիւն։
ԱԶԱՏ ԿԱՄՔ ԵՒ ՎԵՐԱՀՍԿՈՒՄ
«Lumon Industries»ի կառուցուածքը կը խորհրդանշէ ծայրայեղ ընկերակցական իշխանութիւնը։ Այստեղ անհատը ո՛չ միայն իր ժամանակը, այլեւ իր գիտակցութիւնն իսկ կը յանձնէ հաստատութեան։ Այս կացութիւնը կը յիշեցնէ Միշել Ֆուկայի նկարագրած վերահսկողական հասարակութիւնը, ուր իշխանութիւնը կը գործէ ո՛չ թէ բացայայտ բռնութեամբ, այլ՝ «ներքին» կարգապահութեամբ։ Աշխատանքային «ես»ը կը ծնի արդէն գերեվարուած վիճակի մէջ․ ան ընտրութիւն չէ կատարած, այլ ստեղծուած է իբրեւ գործառնական գոյութիւն։ Այս պարագային, ազատ կամքը կ՚երեւի իբրեւ պատրանք։
ՏԱՌԱՊԱՆՔ ԵՒ ՓԱԽՈՒՍՏ
Գլխաւոր հերոսը՝ Մարք (մարմնաւորուած՝ Էտըմ Սքաթի կողմէ), կը դիմէ «severance»ին, որպէսզի խուսափի անձնական կորստեան ցաւէն։ Սակայն, այս ընտրութիւնը կը բացայայտէ աւելի խոր հարցում մը․ արդեօք կարելի՞ է տառապանքէն փախչիլ՝ գիտակցութիւնը բաժնելով։ Շարքը կը թելադրէ, թէ տառապանքը մարդկային ամբողջականութեան մաս մըն է եւ զայն բաժնելը կը նշանակէ նաեւ ինքնութիւնը մասնատել։
Գրասենեակը կը ներկայացուի իբրեւ դատարկ, գրեթէ անսահման տարածք մը՝ սպիտակ պատերով եւ կրկնուող միջանցքներով։ Այս մթնոլորտը գոյաբանական անապատ մըն է, ուր ժամանակը կը կորսնցնէ իր իմաստը։ Աշխատանքը հոս այլեւս միջոց մը չէ ապրելու համար, այլ ինքնին փակ աշխարհ մը, որ կ՚արտադրէ նոր «մարդ» մը՝ զուրկ անցեալէն եւ ապագայէն։ Աշխատանքային «ես»ը կ՚ապրի մշտական ներկայութեան մէջ, առանց յիշողութեան արմատներու եւ առանց յոյսի հեռանկարի։
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔ
Եթէ արտաքին «ես»ը կը վայելէ հանգիստ եւ մոռացութիւն, բայց, այդ հանգիստը հիմնուած է ներքին «ես»ի անվերջ աշխատանքի եւ անտեղեակ տառապանքին վրայ, արդեօք այս փոխանակումը բարոյակա՞ն է։ Շարքը հանդիսատեսը կը դնէ պատասխանատուութեան առջեւ․ կրնա՞նք ընդունիլ մեր երջանկութիւնը, երբ ան հիմնուած է ուրիշ «մեր»ի մը շահագործման վրայ։
«Severance»ը կը դառնայ ժամանակակից մարդու հոգեվիճակի հայելին։ Ան կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս աշխատանքը կրնայ վերածուիլ ինքնութեան բաժանման եւ թէ ինչպէս համակարգերը կրնան ձեւաւորել մեր գիտակցութիւնը։ Այս շարքը մեզ կը ստիպէ հարցնել. ո՞վ ենք մենք, երբ մեր յիշողութիւնները, մեր ցաւը եւ մեր ընտրութիւնները այլեւս ամբողջական չեն։ Մարդը հոս ներկայացուած է իբրեւ կիսուած էութիւն մը, որ կը փնտռէ իր ամբողջութիւնը աշխարհի մը մէջ, ուր ամբողջականութիւնը կարծես արգիլուած է։
Ընդհանուր առմամբ, «Severance» ո՛չ միայն առեղծուածային պատմութիւն մըն է, այլեւ ժամանակակից մարդու հոգեբանական վիճակի խոր քննութիւն մը։ Ան կը յաջողի միացնել լարուած տրաման, սեւ հիւմորը եւ փիլիսոփայական խորհրդածութիւնը՝ ստեղծելով ազդեցիկ եւ մտորումի արժանի հեռուստատեսային փորձառութիւն մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ