«SKINAMARINK». ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԺԱՄԱՆԱԿԻ, ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄՂՁԱՒԱՆՋԻ ՄԱՍԻՆ

Գանատացի երիտասարդ բեմադրիչ Քայլ Էտուարտ Պալլի «Skinamarink» (2022) ժապաւէնը, ժամանակակից սարսափ ժանրի սահմաններէն անդին քալող, գեղարուեստական եւ յուզական խորիմաստ աշխատանք մըն է։ «Skinamarink»ը, ի տարբերութիւն աւանդական սարսափ ժապաւէններու, կեդրոնացած չէ արագ դիպուածներու, գոռացող կերպարներու կամ արիւնալի տեսարաններու վրայ։ Փոխարէնը, ան կը թաթխուի մանկութեան յուշերու, մղձաւանջային երեւոյթներու եւ ժամանակի մթագնումին մէջ։

Ժապաւէնի պատմութիւնը պարզ է իր մակերեսին վրայ՝ երկու փոքրիկ երեխաներ գիշերը կ՚արթննան, երբ իրենց հայրը տունը չէ, իսկ տան դռները եւ պատուհանները կը սկսին անհետանալ։ Սակայն այս պարսպասահման պատումը, խորքին մէջ, իսկապէս ժամանակի եւ իրականութեան խեղաթիւրման պատմութիւն մըն է։ Պալլ, որպէս հանդիսատեսի ուղեցոյց, կը հրաւիրէ մեզ մուտք գործելու մանկական յուզական աշխարհը, ուր ժամանակը թեքուած է, իսկ վախը բացատրութեան ենթակայ չէ։

«Skinamarink» չունի յստակ հոսք մը՝ նախաբան-զարգացում-եզրակացութիւն բաժիններով, այլ կը կեդրոնանայ անհանգստացնող մթնոլորտի եւ պահի վրայ։ Քանի որ ամբողջ ժապաւէնը տեղի կ՚ունենայ մութ, մշուշոտ սենեակներու մէջ եւ երեխաները այս ընթացքին կը մնան շրջանակէն դուրս, իսկ դիտողներուն կը ցուցադրուին տան տարբեր մասերը՝ անկիւնները, պատերը եւ միջանցքները, պատմութեան եւ իրադարձութիւններու մեկնաբանութիւնը որոշ պահէն սկսեալ կը թողուի դիտողներուն։

Սկիզբին ժապաւէնը, կարծես, երկու փոքրիկ երեխաներու մութ տան մէջ լքուելու սարսափի մասին է, բայց ընթացքին պարզ կը դառնայ, որ իրականութիւնը այդպէս չէ։ Տան առարկաները, դռներն ու պատուհանները կը սկսին անհետանալ եւ չար ներկայութիւն մը կը սկսի կանչել երեխաները։ Ժապաւէնի մէջ միահիւսուած են գերբնական եւ գերիրապաշտական տարրեր, դիտողի սահմանները կը հասցուի անհանգստութեան աստիճանի։ Ի հարկէ, այս ոլորտը լիարժէքօրէն որսալու համար մեծ նշանակութիւն ունի ժապաւէնը դիտելը լուռ եւ մութ միջավայրի մէջ։

Պալլ կ՚օգտագործէ ծայրայեղ սահմանափակ ոճ մը՝ նկարահանելով ստուերներ, պատեր եւ առաստաղներ։ Դիմացիններու դէմքերը հազիւ երբեք կ՚երեւին։ Տեսախցիկը իբրեւ թէ մանուկի մը աչքերէն կ՚արձանագրէ միջավայրը՝ ցած մակարդակի, անկիւնային տեսանկիւններէ, երբեմն գլխիվայր պատկերներով։

Սակայն զուտ տեսողական չէ այս ժապաւէնը։ Ձայնային շերտը՝ անդադար խշշոցներով, հեռաւոր ձայներով եւ սաստիկ մղձաւանջային երաժշտութեամբ, կու տայ լարում մը, որ շատ աւելի սարսափազդու է, քան որեւէ տեսանելի հրէշ։ Զգացումներու լեզուն, ձայնն ու լռութիւնը կ՚աշխատին միեւնոյն ժամանակ։

«Skinamarink» չի պատկանիր սովորական սարսափ ժանրին։ Ան կը հրաժարի սարսափի «դիպուած» հասկացութենէն եւ կ՚առաջարկէ բնազանցական մղձաւանջ մը։ Կը հարցնէ՝ ի՞նչ կը նշանակէ առանձին մնալ ամբողջական առարկայական աշխարհի մը կորուստէն ետք։ Ինչպէ՞ս կ՚ազդէ մանուկին վրայ հօր բացակայութիւնը եւ տունին՝ որպէս ապահովութեան վայր փլուզումը։

Շատեր համեմատած են այս ժապաւէնը հոգեբանական պարբերանքներու եւ դանդաղ մահուան այլաբանութեան հետ։ Ժապաւէնին մէջ կրկնուող ժամացոյցի ցուցադրումը, անձնական հեռուստատեսային հաղորդումներու խեղաթիւրեալ ձայները եւ իրականութեան վերաձեւումը կը նշանակեն աւելի խոր՝ թերեւս միտքի քանդում։

Այս ժապաւէնը արձագանգ մըն է նաեւ ժամանակակից անձնական մեկուսացման զգացումներուն։ Յատկապէս քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին եւ անկէ ետք, շատեր զգացած են օտարացում, անորոշութիւն եւ նիւթական իրականութեան փխրունութիւն։ «Skinamarink»ը այդ հաւաքական մղձաւանջը՝ մանկական անզէն աչքերով փոխանցելով, կ՚առթէ զգացումներ, որոնք բառերով անհնար է նկարագրել։

«Skinamarink» իսկապէս անզուգական է։ Ան կը մերժէ յստակ բացատրութիւններ, կ՚ընտրէ անորոշութիւնը որպէս մթնոլորտ։ Բայց անոնց համար, որոնք պատրաստ են մուտք գործելու այս համր ու մղձաւանջային աշխարհը՝ ժապաւէնը կը դառնայ հզօր խորհրդանիշ մը մեր մանկական ժամանակներու վախերուն, կորուստին եւ այն հարցման՝ երբեմն իրապէս ի՞նչ կը մնայ, երբ ամէն բան կը մոռցուի։

Անցեալ, մանուկութիւն եւ անհետացած տուն մը՝ ահա երեք բանալի բառեր «Skinamarink»ը խորապէս հասկնալու համար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025