ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱ (1903 - 1973)
Անցեալ շաբաթ ներկայացուցինք Սիրան Սեզայի կենսագրութիւնը, անոր գործունէութեան անդրադարձանք, ինչպէս նաեւ տարբեր հեղինակներէ մի քանի գրութիւններ ներկայացուցինք: Այսօր, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Սեզայի հրատարակած «Երիտասարդ հայուհի» պարբերաթերթէն հատուածներ, ընդհանուր կարծիք մը տալու համար ընթերցողին անոր գրական վաստակին ու ժառանգութեան մասին:
Այսպէս, «Երիտասարդ հայուհի»ի առաջին շրջանի առաջին թիւի խմբագրականին մէջ կը կարդանք.
* Քմայք մը չէ այս թերթին հրատարակումը, այլ պահանջ մը:
Հոգեբանութեան անժխտելի օրէնքով կենսական պահանջ մը որքան ետ մղուի, այնքան աւելի ուժեղ թափով ան վերջապէս կը պարտադրէ իր կամքը եւ, օր մը, յաղթական կը ցցուի, իր ճամբուն վրայ խորտակելով ամէն խոչընդոտ:
Այդպէս, ետ մղուած ըլլալուն համար իսկ աւելի ուռճացած, պահանջ մըն է այսօր ունենալ թերթ մը, ուր հայ կինը կարենայ վերջապէս երեւնալ որոշ դիմագծով. feminism չէ սա, այլ յառաջխաղացումը մինչեւ հիմա մութին մնացած ուժի մը, որ իր դերը եւ իր կամքը ունի:
Ամէն հայ կին, նուազ կամ առաւել չափով գիտէ, թէ ինչ պէտք է ընել դուրս գալու համար մեր քաոսային վիճակէն, բայց ամէն կին պէտք եղած ուժը չունի, կամ շատ երկչոտ է առաջնորդող դերի մը մէջ մտնելու համար: Այդ մտային եւ բաբոյական անդամալուծութիւնը շատ անգամ արդիւնքն է յստակ միագործակցութեան եւ առողջ սկզբունքի մը պակասին:
Մաշուած մետաքսի նման ծուէն-ծուէն թափելու վրայ մեզմէ հայութիւնը, եւ ո՞վ պիտի կրնայ նոր ու շքեղ պատմուճան մը հագցնել կրկին, ո՞վ պիտի կրնայ յիշեցնել հպարտութիւնը պատմական անցեալին, ո՞վ պիտի կրնայ ուժեղ ձեռքով նոր արժէքներու, նոր յաղթանակներու տանիլ, եթէ ոչ հայ կինը, ինչպէս ան ըրաւ հինգերորդ դարուն, երբ երկրին առաջնորդները աքսորի մէջ էին կամ անտարբեր ու պառակտուած:
Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր ազգին շահերն ու հետաքրքրութիւնը, ձգտումն ու գործը սերտօրէն կապուած են միւս ազգերուն: Ալ կարելի չէ առանձին առաջ երթալ: Եւ եթէ կ՚ուզենք մաս կազմել այդ ամբողջին, շատ աւելին անհրաժեշտ է, քան ինչ որ ունինք: Մեզի, մանաւանդ հա՛յ կիներուս, համագործակցութիւն պէտք է եւ առողջ, առաջնորդող սկզբունք: Զարգանալ եւ զարգացնել, բարձրանալ եւ բարձրացնել, ազնուանալ եւ ազնուացնել՝ ահա մեր դերը:
«Երիտասարդ հայուհի»ն կ՚ուզէ շաղկապել անցեալի մեծ մտքերը, բարձր նկարագիրները, զարթնող մտքերու, կազմուող նկարագիրներու հետ: Առանց տարիքի եւ կրօնքի խտրութեան կ՚ուզէ միացնել բոլոր հայ կիները եւ պարտադրել, որ անոնք հաճոյքով մասնակցին մտքի, հոգիի եւ ցեղի ազնուացման աշխատանքին: Կ՚ուզէ ստեղծել շարժում մը, որ հսկայ ալիքի մը նման երթայ միանալ ընդհանուր մարդկութեան մեծ շարժումին:
Սխալ է դատապարտել լեզուն: Արժէքները առինքնող են եւ շահերն ու փոխադարձ հետաքրքրութիւնը վարակիչ:
Արդ, քեզի՜ է խօսքս հա՛յ երիտասարդուհի: Մէկ կողմ ձգէ տափակ feminismը, իրաւունք մի՛ պահանջեր, այլ պարտադրէ աշխատանքիդ գնով: Բարձրացիր եւ բարձրացուր, քու սեփական տեղդ գրաւէ ազգերու մէջ եւ թող նո՛ր Եղիշէ մը արձանագրէ պատմութիւնը նաեւ քու ստեղծագործող կամքին («Երիտասարդ հայուհի», Ա. տարի, թիւ 1, հոկտեմբեր 1932, Պէյրութ, էջ 1-2):
Իսկ երկրորդ շրջանի առաջին թիւի խմբագրականին մէջ կը կարդանք.
* 1932-ին Պէյրութի մէջ սկսանք հրատարակել հայ կիներու յատուկ պարբերաթերթ մը, որ կամքէ անկախ պատճառներով ստիպուած եղանք դադրեցնել 1934-ին:
1932-ի մեր առաջին խմբագրականով կ՚ըսէինք. «Քմայք մը չէ այս թերթին հրատարակումը այլ պահանջ մը…»:
Այժմ, 1947-ին, ուրեմն տասներեք տարի վերջ, երբ կը վերսկսինք հրատարակութիւնը «Երիտասարդ հայուհի» պարբերաթերթին, խորապէս համոզուած ենք, որ պահանջէ մը աւելի պարտականութեան մը առջեւ կը գտնուինք:
Պոլսոյ մէջ դադրած է Հայկանոյշ Մառքի «Հայ կին» պարբերաթերթը: 1932-էն մինչեւ 1947-ը, ոչ մէկ գաղութ կրցաւ հրատարակութեան տալ հայ կնոջ յատուկ թերթ մը, հակառակ այն քաջալերող իրականութեան, որ գաղութէ գաղութ աւելցած է թիւը համալսարանական կիներու կամ ինքնօգնութեամբ որոշ զարգացումի հասած կիներու:
Բազմաթիւ հայուհիներ այժմ պատրաստ են ստանձնելու այն դերն ու դիրքը, որ յատուկ էր հայոց ազնուազարմ «տիկնայք փափկասունք»ին:
Ըլլալ ուշիմ եւ ըմբռնող ընկեր. ըլլալ օգտակար, ազնուացնող, բարձրացնող տարր. ըլլալ գիտակից անհատ՝ ազգային, ընկերային, կրօնական, քաղաքացիական ու հայրենական պարտականութիւններուն:
1932-էն ի վեր, սակայն, ոչ մէկ հայ կին կրցաւ իր վրայ կեդրոնացնել ազգին ուշադրութիւնը: Օտար լեզուով գրող մէկ քանի երիտասարդուհիներ հազիւ թէ անուն մը բերին մեր մշակոյթին, ընդդէմ խումբ մը իրապէս արժէքաւոր երիտասարդներու:
Ի՞նչ կը պակսէր հայուհիներուն:
Ֆեմինիզմի կատաղի հակառակորդ Ոսկանեանի փափաքը իրականացա՞ծ էր վերջապէս: Կինը քաշուա՞ծ էր տունէն ներս:
Ընդհակառակը:
Ոչ մէկ ժամանակ հայ կինը եղած է ա՛յս համեմատութեամբ տունէն դուրս…:
Բայց տունէն դուրսի ժամերը ո՛չ ընկերային, ո՛չ ազգային, ո՛չ կրօնական, ո՛չ քաղաքացիական եւ ոչ իսկ հայրենական տեսակէտէ օգտակարութիւն ունեցած են:
Հայ կիներու աշխատանքը, նուիրումը, զոհաբերութիւնը եղած է քի՛չ արդիւնքով, որովհետեւ, ցիրուցան, անկազմակերպ վիճակի մէջ մնացած է հայուհին գաղութէ գաղութ:
Մե՛ծ պարապութիւն մը հոն՝ ուրկէ պէտք էր բխէր ինքնավստահ գործունէութեան զուլալ ջուրը: Ո՛չ ինքնաբաւութիւն՝ որ կը տանի սնամէջ գոռոզութեան. ո՛չ ինքնահիացում՝ որ կը հասցնէ մեկուսացումին. ո՛չ ինքնակեդրոնացում՝ որ անխուսափելիօրէն կ՚ենթարկուի նեղմտութեան, այլ, այն յուզիչ վստահութիւնը օգտակար ըլլալու, որ անմահութեան ջուրին նման վերանորոգիչ է հոգեկան ընդարձակ կարելիութիւններով:
«Երիտասարդ» մակդիրը թող չխրտչեցնէ, ուրեմն, տարեց կամ ծեր հայուհիները, որովհետեւ, այս պարբերաթերթը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր հայ կնոջ ինքնավստահութիւն ներշնչող միակամ, անժխտելի եւ առինքնող խորհուրդ խորինը: Այս էջերէն հայ կինը պիտի կարենայ վերագտնել ոգեղէն լինելութեան այն բոլոր տուեալները, որ իրն են եղած անցեալին մէջ: Այս էջերէն հայ կինը նոր արժէքաւորումի եւ հետեւաբար նոր գնահատումի պիտի տանի իր դերն ու դիրքը հայ պատմութեան, հայ մշակոյթին, հայ կրօնքին եւ հայ անունին հետ դէմ առ դէմ:
Ահա թէ ինչու «Երիտասարդ հայուհի»ն պիտի փնտռուի եւ պիտի յանձնարարուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք կը հաւատան թէ՝
Ազգի մը վէմը կինն է:
Ցեղի մը սիրտը կինն է:
Մշտապէս տրամադրելի պիտի ըլլան «Երիտասարդ հայուհի»ի էջերը այն բոլորին, որոնք բարձր, յստակ ու քաղցր ձայնով մը պիտի ոգեկոչեն անցեալի հայ կնոջ եւ ապագան հայ կնոջ:
Մենք անուններու այլազանութեամը չէ, որ պիտի փորձենք համակրութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծել այս թերթին շուրջ, այլ եւ մի միայն, նիւթերու անվիճելի կարեւորութեամբ, գաղափարներու օգտաշատութեամբ, զգացումներու ազնուականութեամբ:
Ինչ որ ճշմարիտ է, վսեմ է, բարի է, օգտակար ու գեղեցիկ, միշտ հարազատօրէն մե՛րը պիտի ըլլայ:
Ոգեղէն լինելութեան հրաշագործ ճանապարհին համար «Երիտասարդ հայուհի»ն նպատակ ընտրած է միացնել բոլոր հայուհիները (ուր ալ ըլլան անոնք, ինչ դաւանանքի ալ ենթարկուած ըլլան անոնք, ինչ հոգեկան անջրպետով ալ բաժնուած ըլլան անոնք):
Երբ իրականանայ այդ միացումը, հայ կնոջ դերը՝ մեր նոր պատմութեան էջերուն՝ նուազ պատուաբեր ու նուազ յիշատակելի պիտի չըլլայ հինգերորդ դարու մեր պատմութեան «փափկասուն» տիկիններու դերէն («Երիտասարդ հայուհի», Ա. տարի, թիւ 1, 1 յունիս 1947, Պէյրութ, էջ 1-2):
Ասթինէ ծածկանունին տակ «Կենցաղ» վերնագիրը կրող գրութեան մէջ կը կարդանք.
* Համեստ ըլլանք եւ ըսենք, որ մենք՝ հայերս հակառակ շատ հիւրասէր ազգ մը ըլլալնուս, քիչ բան գիտենք կենցաղի մասին:
Մեր միշտ համակրելի Պարոնեանը գրած է քաղաքավարութեան վնասներու մասին, բայց կ՚ըսեն, թէ շատ սրամիտ քաշքշուքի համար գրած է եւ թէ իրականին մէջ ան կ՚ուզէր, որ հայերը քիչ մը վնասուէին քաղաքավարութենէն:
Ոչ ոք թող վշտանայ, երբ խօսինք պարզ բաներու մասին:
Գիտցողները կը շնորհաւորենք, իսկ չգիտցողներուն կ՚ըսենք.
Չգիտնալը ամօթ չէ, չսորվիլը ամօթ է:
Ուրեմն:
Այսօր խօսինք հիւր ընդունելու մասին: Լա՞ւ է:
…
Ներելի չէ, որ տիրուհին զբաղի մէկ անձով կամ մտազբաղ ըլլայ: Ան պէտք է հսկէ խօսակցութեանը, թոյլ չտայ, որ վտանգաւոր նիւթերու շուրջ վիճաբանութիւններ սկսին: Ան պէտք է ձգէ, որ ուրիշները խօսին, բայց երբ կը զգայ, թէ խօսակցութիւնը կը դանդաղի կամ մասնաւորներու շուրջ կը դառնայ, պէտք է շատ մեծ նրբութեամբ ընդհանրացնէ, որպսզի բոլորն ալ չկորսնցնեն իրենց հետաքրքրութիւնը: Բացակայ անձի մը մասին աննպաստ խօսակցութիւնը պէտք է վարպետօրէն կեցնէ, իւրաքանչիւր տիրուհի ինքը գիտէ, թէ ինչպէ՞ս:
Երբ հիւր մը կը մեկնի, տիրուհին պէտք է ճամբու դնէ մինչեւ սենեակին դուռը: Եթէ ծեր է կամ շատ հեռուներէն կու գայ կամ խիստ զբաղած մէկն է, պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէ այցին համար: Իսկոյն պէտք է վերադառնայ մնացած հիւրերուն մօտ:
Այցելութեան օրէն դուրս տիրուհի մը չի կրնար իր ամուսնոյն բացակայութեան ամուրի երիտասարդ մը հիւրասիրել: Վայրենիի մը երեւոյթը չառնելու համար, կարելի է հրամցնել, բայց խօսակցութիւնը պէտք է պահել կտրուկ եւ լուրջ, որ այցելութիւնը քառորդ ժամէն աւելի չերկարի, հակառակ պարագային պատրուակ մը պէտք է գտնել ճամբելու:
Ազգականներէ եւ տունին շատ մտերիմ երիտասարդներէ դուրս, ընկերութեան մէջ պէտք չէ ոեւէ անձ անուանել իր առաջին անունով:
…
Երբեք մի՛ խօսիր անձերու թերութեան կամ զանգուածներու տարբերութեան մասին, կրնայ հիւրերէն մէկը վիրաւորուիլ քու անփափկանկատութենէդ: Խուսափէ վիճաբանութիւններէ քաղաքական տեսակէտներու, կրօնական ըմբռնումներու եւ մանաւանդ հայ անունին կցուած զանազան օտար վայրերու եւ ազգերու տարբերութենէն ու թոյլ մի՛ տար, որ հիւրերէդ ոեւէ մէկը ընէ այդ խիստ տգեղ բանը:
…
(«Երիտասարդ հայուհի», Ա. տարի, թիւ 1, հոկտեմբեր 1932, Պէյրութ, էջ 19-20):
Դարձեալ Ասթինէ ծածկանուան տակ, Սիրան Սեզա կը խօսի հաճելի խօսող մը ըլլալու նուրբ արուեստի մասին, թուարկելով տասը կէտեր եւ ամփոփ բացատրութիւններ տալով: Թուե՛նք այդ տասը կէտերը.
* 1. Խուսափիլ զուտ անձնական հարցերէ:
2. Չհամագրաւել խօսակցութիւնը:
3. Չհակաճառել:
4. Չընդմիջել մէկը, երբ ան կը խօսի:
5. Չփոխել յանկարծ խօսակցութեան նիւթը:
6. Ուշադրութեամբ մտիկ ընել ինչ որ կ՚ըսուի:
7. Զառածումէ մը ետքը խօսակցութեան տալ նոյն նիւթը:
8. Չպարտադրել իր տեսակէտը:
9. Խօսիլ յստակօրէն:
10. Խուսափիլ անբարոյացնող խօսակցութիւններէ:
Սերան այսպէս կ՚աւարտէ իր այս գրութիւնը.
* Ասոնք խօսակցութեան օրէնքներուն բացասական կողմերն են: Ինչո՞վ կրնանք սակայն խօսակցութիւն մը հաճելի դարձնել:
Գաղտնիքը պարզ է: Լաւ արտայայտուելու համար պէտք է ճիշդ մտածել:
Ձեր պզտիկ գործերուն մասին չխօսելու համար զարգացուցէք ձեր ծանօթութիւնները, յաճախելով անձերու, որոնց զբաղումները ձերինէն տարբեր են: Գործածեցէ՛ք ձեր հետաքրքրութիւնը նիւթերու շուրջ, որոնք անծանօթ մնացեր են ձեզի եւ զարգացուցէք յատուկ ընթերցանութիւններով այն բաները, ինչ որ ձեզ կը հետաքրքրեն, բայց դուրս մնացեր են ձեր գործունէութեան դաշտէն:
Այսպէս, եթէ դուք սնուցանէք ու հարստացնէք ձեր միտքը, մի՛ վախնաք, անպատճառ պիտի ըլլաք հաճելի խօսող մը, որովհետեւ, իւրաքանչիւր նոր փորձ ձեր խօսակցութիւնը պիտի դարձնէ աւելի հետաքրքրական ու աւելի գնահատուած («Երիտասարդ հայուհի», թիւ 18, փետրուար 1948, Պէյրութ, էջ 18-20):
«Վարդանանցի հետքերով» վերանգիրը կրող խմբագրականին մէջ կը կարդանք.
* Մեր պատմութեան ընթացքին բիւրաւոր ճակատամարտներ ունեցեր ենք: Յաղթեր ենք ու պարտուէր, բայց ՎԱՐԴԱՆԱՆՑը միակն է, որ կը յիշատակենք ազգային շուքով. երգեր ու բանաստեղծութիւններ կը նուիրենք անոր, թատերգութիւններ կը մշակենք, ճառեր կ՚արտասանենք, նորանոր ձեւերով կը պատմագրենք, թէ ամբողջ ժողովուրդ մը իր մանուկներով, կիներով, կրօնականներով, զինուորներով ու նախարարական տուներով դէմ ելաւ հզօր բանակի մը ու մահուամբ կոխոտելով մահը արժանացաւ յաւերժութեան:
Թէեւ առաջին քրիստոնեայ պատերազմն էր, բայց ազգերու պատմութեան մէջ չենք գտներ անոր յիշատակումը, ոչ ալ սպարապետ Վարդանի ու Ղեւոնդ Երէցի անունները: Մենք հպարտօրէն ճիգ չենք ըրած պարտադրելու պատմութիւնը երկրի մը ու ազգի մը. գոհացած ենք անով, որ միլիոնաւոր դարերու համար առաջին մարդուն եւ առաջին կնոջ ծննդավայր դրախտը ըլլայ մեր երկրին մէջ ու հեղեղագոռ ջուրերուն վրայ տատանող Նոյեան տապանը գայ վերջապէս հանգչիլ մեր սրբազան լերան Արարատի վրայ:
Ուրիշ որեւէ ազգ այդ տուեալներով գոռոզավիզ պիտի անվերջ ուշադրութիւն պահանջէր, բայց մենք լուռ ու խոնարհ մեր բոլոր աստուածատուր շնորհները բաշխեր ենք հեթանոս թէ քրիստոնեայ մեր շրջապատին՝ առանց փոխարինութիւն ակնկալելու: Մեր այդ ազնուական կեցուածքէն օգտուեր են բոլորը եւ նոյնիսկ շահագործեր են մեզ սեփականացնելով եւ իւրացնելով մեր բազմաթիւ գանձերը: Բարեկամութեան դիմակին տակ մօտենալով, մեզ հարուածեր են պարսիկն ու յոյնը եւ հռոմէացին, մինչեւ որ մեր կործանումով կործանուեր են նաեւ իրենց բիւրապատիկ աւելի հզօր պետութիւնները, ու Ասիոյ խորերէն եկող վաչկատու ցեղեր մեր եւ անոնց քաղաքակրթութեան կոթողներէն իրենց համար պալատներ են կառուցեր եւ եաթաղաններով տիրակալեր:
Այժմ կրկին օրն է օրերուն: Վարդանանց: Հիմա սակայն ճակատամարտ չունինք փիղերով զօրացած բանակի մը դէմ: Կորսուած են հետքերը դրախտին եւ գերի տարած են լեռը սրբազան: Ան մեր սահմանին կեցած, իր ձիւնափայլ ճակատը մեզի դարձուցած, ամէն արեւածագին կը յուսադրէ մեզ, թէ երկար պիտի չըլլայ վերադարձը իր սեփական ազգին. բայց այնքան ատեն որ խոնարհ լռութիւն պահենք, դժուար թէ հզօրներու ուշադրութիւնը դառնայ մեր կողմը, յիշէ՛ դրախտն ու Նոյեան տապանը… յիշէ ազգը, բոլոր ազգերուն մէջ ամենէն աւելի արժէքաւոր ու ամենէն աւելի անիրաւուած:
…
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑը որեւէ ազգի համար հպարտութեան եւ գերագոյն արժանապատուութեան պարծանք մը պիտի ըլլար եւ է մեր ազգին համար:
…
Երբ բանաստեղծ պատմագիրը Ե. դարուն գրեց իր դիւցազնավէպը, ան նկատի չունէր իր բարերար Մամիկոնեան նախարարաց տունը անմահացնելու շարժառիթը լոկ: Որպէս գերազանցօրէն զգայուն մարդ, ան Ս. Մեսրոպի նման հաւանաբար դարերու տեսիլքը ունեցաւ եւ իր ազգին տուաւ բոլոր ճգնաժամերուն համար ալ օրինակելի աւանդ մը:
Երբ բարձր զինուորական եւ քաջ հայրենասէր ու մտաւորական Վասակը անուանեց դաւաճան, իսկ նո՛յն յատկութիւններով օժտուած այլ ազգային արժանապատուութիւնը քաղաքականութենէ գերադասող Վարդանը պատկերացուց որպէս տիպար հերոս, ան գծած եղաւ ճանապարհ խաչինը անդարձ, ուրկէ անցնող ազգը միայն կ՚երթայ անմահութեան:
Վարդանանց պատերազմը իր ամէն փետրուարի յիշատակումովը եթէ չունենայինք, դժուար թէ ժողովուրդ մը ամբողջ հեւիհեւ, տքալով, ամէն վայրկեան մահանալով հասնէր Տէր Զօր: Իսկ մնացորդացըը այդ սրբազան նահատակներուն պիտի չըլլար հայ, քրիստոնեայ ու իրենց երկիրը պիտի չկոչուէր Հայաստան:
Ս. Լուսաւորիչ տուաւ մեր հաւատքը. Ս. Մեսրոպ մեր գիրը, Ս. Եղիշէ մեր ապրելու իրաւունքը («Երիտասարդ հայուհի», ԺԴ. տարի, թիւ 2, փետրուար 1965, Պէյրութ, էջ 1-3):
Անդրադառնալով Վահան Մալէզեանի յառաջացած տարիքին պատճառով չկարենալ եւ չուզել գրել ու կարդալ, հետեւեալ ակնարկը արձանագրած է Սեզան.
* Անձնական նամակէ մը տխրութեամբ կը տեղեկանանք, թէ Բարեգործականի անփոխարինելի գարիչ-տնօրէն, բանաստեղծ Մալէզեան այլեւս չ՚ուզեր ո՛չ գրել եւ ոչ ալ կարդալ «խոր ծերութեան մահամերձ վայրէջքին վրայ»: Իրապէս յուսահատական է դիտել դէզը գիրքերու եւ թերթերու առանց կարենալ գէթ թղթատելու զանոնք: Իրաւ մտաւորականի տարօրէն սրտառուչ րոպէներ, զոր երբեք ապրելու քաղցրութիւնը պիտի չունենան անոնք, որոնք ընթերցանութիւն եւ խօսակցութիւն չունին: Որքան մեծ տրտմութեամբ կը պատկերացնենք այս ծերունին՝ դիզուած գիրքերու եւ թերթերու խորքով: Ի՜նչ նիւթ իրա՛ւ նկարիչի մը համար, եթէ միայն կարենայ պատկերացնել նայուածքի մը թախիծը՝ մահուան վայրէջքին մեծագոյն զրկանքը ապրող մտաւորականին («Երիտասարդ հայուհի», ԺԳ. տարի, թիւ 72, յուլիս 1964, Պէյրութ, էջ 19):
1968-ի վերջին թիւին մէջ, դեկտեմբերին (ԺԷ. տարի), անդրադառնալով Ամերիկայի մէջ լոյս տեսնող «Կոչնակ»ի հրատարակուելէ դադրելուն, Սիրան Սեզա կը յայտնէ նաեւ իր խմբագրած պարբերականին դադրեցումը, գրելով.
* …Նոյն որոշումին յանգած է «Երիտասարդ հայուհի» ամսաթերթին խմբագրապետուհին: Ան տարիներով նուիրուեցաւ հրապարակագրութեան, լքելով իր կիսաւարտ գրական գործերը, ալ ո՜ւր նորեր ստեղծագործելու պատեհութիւնը…:
Մինակը տարաւ ան այդ ծանր աշխատանքը: Հասցէներն իսկ ինք անձամբ գրելու պայմանաւ: Հարիւրաւոր թերթերու մէջէն ընտրեց լուրեր, աշխարհի անցուդարձին գէթ մասամբ տեղեակ պահելու համար իր ընթերցողուհիները:
Անոր յայտնի կամ անյայտ զոհաբերումները, անքուն գիշերները լոկ սպասումն էին զարգացումի եւ ձիրքի տէր հայուհիի մը, որուն կարելի պիտի ըլլար ըսել.- Շարունակէ՛. հայ ըլլալու հպարտութիւնը ներշնչէ քո՛ւ սերունդիդ…:
Սփիւռքի տարածքին կին հրապարակագիր չկրցանք ունենալ սակայն: Հայ եւ օտար վարժարանէ վկայեալ նոյնիսկ համալսարաններէ, ոչ ոք յաջորդողի դերը կրցաւ ստանձնել:
Քանի մը հայուհիներ սիրտ ըրին վերջապէս իրենց նախընտրած նիւթերուն շուրջ պարբերաբար յօդուածներ գրել: Համեստ ու խոնարհ հոգիով անձեր էին անոնք, որոնք փորձեցին երկարել իրենց սիրած «Երիտասարդ հայուհի»ին գոյատեւումը: Անոնք մեծ նուիրումով նոյնիսկ ապահովեցին Լիբանանի Կրթական նախարարութեան պաշտօնական գնահատանքը եւ օրինակելի ճաշակով սարքեցին յոբելենական հանդիսութիւն:
Բայց… անոնցմէ ոչ մէկը սիրտ ըրաւ «Ես պիտի շարունակեմ…» ըսելու, որովհետեւ, գրական ամբարտաւանութիւն չունէին եւ իրենց մտքին մէջ շփոթ չկար. յստակ էր իրենց զարգացումին եւ կարողութեան չափանիշը:
Ցաւալի է այս, որովհետեւ, Լիբանանը, մանաւանդ Պէյրութը պէտք ունի մէկուն, որ առաջնորդէ, գաղափարական անաչառութեամբ, հայ կիներու գրական, հրապարակագրական, կրօնական, հայրենասիրական, ազգային գործունէութիւնը, ուղի՛ղ, ոչ շփոթ եւ պառակտում յառաջացնող կածաններէ, հասնելու համար մեծ ճանապարհին՝ հայրենիքին:
Հարկ է, որ հայ կինը ցոյց տայ մեր մշակոյթն իսկ հալածող թշնամիին, թէ հայ հոգին անպարտելի կը մնայ այնքան ատեն, որ հայ կինը պատնէշին վրայ է…:
…
Հայկանոյշ Մառք ակամայ վար դրաւ գրիչը: Մենք, սակայն, կամովին կը հրաժարինք ու կ՚ըսենք՝
Մնա՛ք բարեա՜ւ…:
…
Մենք մերժեցինք ընդունիլ որպէս գրագիտուհի կամ քերթողուհի անոնք, որոնք չէին գիտեր, թէ ի՜նչ կը յօրինէին: Մեր գնահատանքը ձրի չեղաւ ի շահ մեր թերթին: Սպասեցինք յայտնութեան մը եւ իսկոյն հրապուրուեցանք, երբ նոր մը կրցաւ ինքզինքը պարտադրել, տալով իրապէս գնահատելի գործ: Մնացեալները կեղծ գարունէն խաբուող ծլարձակումներ են, անխուսափելի ծաղկաթափով:
Մենք մերժեցինք սինեմայի աստղերը, որոնք կին էին եւ ոչ արուեստագէտ:
Չուզեցինք խոհանոցով եւ նորաձեւութեամբ զբաղիլ, այդ երկուքն ալ ձգելով անձնական ճաշակին մեր ընթերցողուհիներուն:
«Երիտասարդ հայուհի»ն նպատակադրեց գործի մղել հայ կինը, աշխատանքի սրբազան քրտինքը ունենալ ճակտին, ըլլալով հանդերձ մայր եւ ընկերուհի կեանքի, լաւ թէ վատ օրերու համար:
Յաջողեցա՞նք…: Այդ պիտի ըսեն անոնք, որոնք մեզմէ վերջ ձեռք պիտի առնեն գրիչը:
Անշուշտ, հետզհետէ աւելի լուրջ ուշադրութեան արժանացաւ կիներու յատուկ այս միակ հայ պարբերաթերթը սփիւռքի… բայց ալ ո՜ւշ էր…:
Կը վերադառնանք գրականութեան, որ մտահոգութիւններ չունի, այլ՝ հոգեկան վայելքի պահեր:
Թախիծով կ՚ըսենք՝
Մնա՛ք բարեա՜ւ…
ՍԵԶԱ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ