ՍՐԲԱԶԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ՝ ԼՈՒՎՐԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ - ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՕՐ. ՓԱՐԻԶԷՆ ԵՐԵՒԱՆ

Լուվրը՝ Փարիզի հին թագաւորական ամրոցը, որ դարեր շարունակ թագաւորներու կայք եղաւ եւ այսօր աշխարհի մշակութային տուներէն մէկն է, իր բազում ճամբորդութիւններէն մէկուն սկսած է, այս անգամ՝ դէպի Երեւան։ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը՝ մեր ինքնութեան եւ յիշողութեան անփոխարինելի վկայատունը, հիւրընկալած է Լուվրէն Հայաստան հասած պատմական ձայնը։ Այս հանդիպումը դարձաւ աւելին, քան՝ ցուցահանդէսն էր․ զայն վերածուեցաւ սրբազան երկխօսութեան մը, որու ընդմէջէն Արեւելքն ու Արեւմուտքը, հնութիւնն ու արդիականութիւնը, քարացած յիշողութիւնն ու կենդանի ներկան արտայայտուեցան մէկ ձայնով՝ մշակոյթի եւ հոգեւոր ժառանգութեան լեզուով։

Դէպի Երեւանի սիրտ երկարած այս կամուրջը կ՚արձանագրէ անցեալի փառքը, նոր հեռանկարներ կը բերէ ապագայի համար։ 

Սեպտեմբերի 21-ին, Հայաստանի անկախութեան տօնի խորհրդանշական օրը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը բացաւ իր դռները պատմական ցուցահանդէսին համար։ Հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Սրբազան երկխօսութիւն․ Լուվրէն Հայաստանի Պատմութեան թանգարան» խորագրով միջազգային ցուցահանդէսը։ Այսպիսի ցուցահանդէսներու ընթացքին ժամանակը կարծես կը խոնարհի եւ կը ջնջուին երկիրներուն միջեւ սահմանները։ Փարիզի Լուվրը՝ համաշխարհային մշակոյթի դարաւոր գանձարաններէն մին, առաջին անգամ իր պահոցէն Հայաստան փոխադրեց տասնվեց գլուխ գործոց։

Լուվրը դարերէ ի վեր եղած է աշխարհի մշակութային խաչմերուկներէն մին։ Իր սրահներուն եւ դահլիճներուն մէջ կողք կողքի շնչառութիւն առած են Հելլէնական քաղաքակրթութիւնը, Վերածնունդի գեղարուեստը, Միջին Արեւելքի փայլուն յուշարձանները եւ բազում գանձեր։ Այդ գանձերէն զատուած եւ իրարու կապակցուած հաւաքածոն այժմ Հայաստանի մէջ է։ 

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, որ արդէն շուրջ մէկ դարէ ի վեր կը փայփայէ մեր պատմական յիշողութիւնն ու ազգային ինքնութիւնը, իր սրահները նուիրած է այդ աննախադէպ համադրութեան։ Ան դիմաւորած է Լուվրէն բերուած գոհարները՝ ատոնց կողքին դնելով իր սեփական գանձերը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն փոխառուած Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալի մասունքարանը։ Դարերու խորքէն եկած առարկաներ այժմ կողք-կողքի դրուած են՝ դառնալով զուգահեռներու եւ ընդհանրութիւններու մասնակից։

Լուվրէն Հայաստան բերուած են Յովնան մարգարէի պատկերով գործուածքը (4-5-րդ դարեր, Եգիպտոս), խաչի եւ ձկան քանդակը (5-7-րդ դարեր, Եգիպտոս), մասանց պահարանը (5-րդ դար, Իտալիա), Գանէի սկիհը (6-7-րդ դարեր, Բիւզանդական կայսրութիւն), Գանէի արծաթեայ դրուագազարդ ապարանջանը (12-13-րդ դարեր, Բիւզանդական կայսրութիւն), բիւզանդական Աստուածամօր սրբապատկերը (15-րդ դար, Կրետէ), խաչելութեան տեսարանով սրբապատկերը (19-րդ դար, Երուսաղէմ) եւ այլ նմոյշներ, որոնք Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ համադրուած են հոս պահուող՝ Դուինի թեւաւոր խաչին (7-րդ դար), Սեւանի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ փայտեայ խոյակներուն (9-րդ դար), շքեղ փորագրութիւններով դրան (15-րդ դար), Անիի բուրվառներէն մէկուն (13-րդ դար), Բաղէշի Սուրբ Յովհաննէս վանքի խորանախաչին (1770 թուական), Գաւառի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ վարագոյրին (19-րդ դար) եւ այլ արժէքաւոր ցուցանմոյշներու հետ։ Գանձերու այս հանդիպումը այլեւս պարզ ցուցադրութիւն մը չէ․ զայն վերածուած է կենդանի երկխօսութեան՝ դարերու եւ աշխարհներու միջեւ։

ՄԱՍՈՒՆՔ ՄԸ՝ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԴԱՐԱՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ

«Սրբազան երկխօսութիւն» ցուցահանդէսին յատուկ պատուով ցուցադրուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն փոխառուած Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալի մասունքարանը։ Ծանօթ է, որ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն Բարթուղիմէոս առաքեալն է Հայաստան բերած Տիրամօր պատկերը եւ Անձեւացեաց գաւառի Դարբնաց քար կոչուած տեղը կառուցած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։

Անոր մասունքարանի ներկայութիւնը այս ցուցահանդէսին մէջ դարձաւ վկայութիւն այն անխախտ թելի, որ կը կապէ հայ ժողովուրդը՝ համաքրիստոնէական ժառանգութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն։

Այս բացառիկ ծրագիրը կը բացայայտէ թէ՛ գեղարուեստական հրաշալիքներ, թէ՛ այն ճանապարհները, ուր դարերու ընթացքին իրարու հանդիպած էին Եգիպտոսը, Սուրիան, Կրետէն, Պուլկարիան, Բիւզանդական կայսրութիւնը։ Ցուցադրութեան խորքին մէջ կը փայլին տեղական ինքնատիպութիւններու դրոշմը, այն խաչաձեւումներու եւ փոխառութիւններու վկայութիւնը, որոնք Արեւելքը եւ Արեւմուտքը մղած էին՝ միասին կերտելու համընդհանուր կերպարանք մը։ Այդ շփումները սահմանափակուած չէին միայն քրիստոնէական աշխարհով․ անոնք կը դպչին նաեւ նախաքրիստոնէական ժառանգութեան եւ իսլամական արուեստի ընդարձակ երկնակամարին։

«Սրբազան երկխօսութիւն» ցուցահանդէս-նախագիծը Հայաստանի մէջ բաց կը մնայ մինչեւ 2026 թուականի մարտի 21-ը։ Այդ ընթացքին տեղի կ՚ունենան քննարկումներ, արուեստի դասեր, կրթական ծրագիրներ։ Այս նախագիծը արդիւնքն է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Լուվրի միջեւ նոր գործընկերութեան, որուն հիմքը դրուեցաւ անցեալ տարի ստորագրուած յուշագրով մը։ Այդ համաձայնագիրը խոստացաւ նոր ճանապարհներ գիտական փոխանակման, թանգարանային փորձառութեան եւ մշակութային հաղորդակցութեան համար։ Ցուցահանդէսը այս համագործակցութեան առաջին պտուղն է, բայց ոչ վերջինը, ինչպէս վկայեցին ցուցահանդէսին ելոյթ ունեցողները։ Մեծ մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը։ 

ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Խորհրդաւոր էր, որ ցուցահանդէսը բացուեցաւ Հայաստանի անկախութեան օրը։ Այն երկիրը, որ առաջինը պետականօրէն ընդունեց քրիստոնէութիւնը, այսպէսով դարձաւ հարթակ մը՝ համաշխարհային երկխօսութեան։ Արդարեւ, հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը դարեր շարունակ կերտուած է երկու առանցքներու վրայ՝ իր ազգային յատկանիշներով եւ իր քրիստոնէական արժէքներով։ «Սրբազան երկխօսութիւն»ը եղաւ այդ երկու առանցքներուն հանդիպման վերանորոգ յայտարարութիւն մը՝ ուղղուած ապագային։

Իւրայատուկ ցուցադրական միջավայրի մէջ, Լուվրի եւ Հայաստանի թանգարանային գանձերը նախ պատմեցին իրենց փառքին մասին, ապա շեշտեցին համամարդկային մշակոյթի յաւերժական խորհուրդը։ Ցուցադրութիւնը իր հնչերանգով վերածուեցաւ կամուրջի մը, որ մեր քաղաքակրթական յիշողութիւնը կը տանի դէպի ապագայ։ Այդ կամուրջին վրայ Հայաստանն ու Փարիզը, հինն ու նորը հանդիպեցան՝ միացնելու համար իրենց ձայները եւ վերակերտելու համար համաշխարհային յիշողութեան նուագը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ. ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱԿԸ

Երեւանի սիրտին մէջ կը բարձրանայ այն հաստատութիւնը, որուն գմբէթներուն տակ կը խտանան մեր ժողովուրդի գոյամարտին, ստեղծագործական միտքին ու հոգեւոր որոնումներուն հազարամեակները։ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը միայն շէնք մը չէ՝ այլ ազգային յիշողութեան անփոխարինելի պահոց, ուր ամէն մէկ նմոյշ հատորի հաւասար խօսք ունի։ 

Թանգարանը հիմնադրուած է 1919 թուականին՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրով, Ազգագրական-մարդաբանական թանգարան-գրադարան անուամբ։ Առաջին տնօրէնը եղած է ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեան՝ երազող ու նուիրեալ անձնաւորութիւն մը, որուն շնորհիւ 1921 թուականի օգոստոս 20-ին թանգարանը դռները բացած է այցելուներուն առջեւ։ Դար մը անց՝ թանգարանը կը մնայ ազգային գիտութեան ու մշակոյթի հիմնական տաճարներէն մէկը։

Ժամանակի ընթացքին ան բազմիցս անուանափոխուեցաւ՝ կեդրոնական, կուլտուր-պատմական, ապա Պատմական թանգարան, մինչեւ որ 2003 թուականէն ի վեր ստացաւ իր այժմեան անունը։ Իբրեւ հիմք ունենալով՝ Կովկասի Հայոց ազգագրական ընկերութեան, Նոր Նախիջեւանի հայկական հնութիւններու թանգարաններու, Անիի Հնադարանի եւ Վաղարշապատի Մատենադարանի հաւաքածոները՝ թանգարանը առաջին իսկ օրէն դարձաւ ազգային ժառանգութեան մեծ պահոց։

Այսօր, թանգարանի պատերուն մէջ կը պահպանուին շուրջ 400 հազար առարկաներ, որոնք կը վերաբերին հնագիտութեան, ազգագրութեան, դրամագիտութեան, գոյապայքարի։ Ասոնք քարացած յիշատակներ չեն, այլ կենդանի էջեր՝ մեր պատմութեան, որ կը ծաւալուի նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։

Այստեղ կարելի է տեսնել Ք.Ա. երրորդ-երկրորդ հազարամեակներու բացառիկ պրոնզէ իրեր, որոնք մտած են համաշխարհային արուեստի գանձարան։ Հոս է նաեւ Ուրարտուի թագաւորութեան հարուստ ժառանգութիւնը՝ սեպագիր արձանագրութիւններ, որմնանկարներ, գունազարդ խեցեղէն եւ քանդակազարդ զէնքեր։ Մեծարժէք նմոյշ մըն է Արգիշտի Ա. արքայի արձանագրութիւնը (Ք.Ա. 782), որ կը վկայէ Երեւանի հիմնադրութիւնը։ Իսկ Լճաշէնէն գտնուած փայտեայ կառքերն ու անոնց մանրակերտերը կը խօսին փոխադրամիջոցներու պատմութեան հազարամեակներուն մասին։

Թանգարանը նաեւ եզակի դրամագիտական հաւաքածոյ ունի՝ ընդգրկելով Ծոփքի, Արտաշէսեան եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեանց դրամները, ինչպէս նաեւ Դուին, Անի եւ Երեւան քաղաքներու դրամահատարաններու թողարկումները։ Այդ խունացած մետաղները կը պատմեն առեւտուրի ու տնտեսական կեանքի վերելքներն ու անկումները։

Ազգագրական բաժինը կ՚ամբողջացնէ պատկերը․ այստեղ պահպանուած են հայ կենցաղի եւ արուեստի հարուստ նմոյշներ՝ գորգեր, ասեղնագործութիւններ, եկեղեցական հանդերձներ, փայտափորագիր ու պղնձաձուլական աշխատանքներ։ Ամէն առարկայ կը բացայայտէ հայոց կեանքի նրբութիւնը եւ առօրեայ կեանքի ճոխ գեղագիտական զգացումը։

Նորագոյն պատմութեան բաժինը հաւաքած է փաստաթուղթեր, լուսանկարներ ու անձնական իրեր, որոնք կը վկայեն 17-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը՝ ազգային-ազատագրական շարժումներու, քաղաքական զարգացումներու եւ գաղթօճախներու կեանքի մասին։ 

Բացի պահպանումէն, թանգարանը գիտական կեդրոն մըն է․ 1948 թուականէն ի վեր ան կը հրատարակէ աշխատութիւններ հայկական հնագիտութեան, ճարտարապետութեան ու ազգագրութեան մասին։ Վերականգնման բաժինը կը հոգայ, որ մաշած ձեռագործները, փշրուած խեցեղէնը եւ ժանգոտած զէնքերը վերականգնուին ու նոր շունչ ստանան։

Առաջին ցուցադրութիւնը հոն կազմակերպուած է 1925 թուականին։ Յաջորդած տասնամեակներուն թանգարանը բացած է իր դռները բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յիշեցում մըն է, որ մեր անցեալը կենդանի է միայն այն ատեն, երբ զայն կը ներկայացնենք ու կը բաժնենք։

Այսօր Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը կը մնայ թէ՛ գիտական կեդրոն, թէ՛ ազգային ինքնութեան յենարան։ 

ԼՈՒՎՐ․ ԱՄՐՈՑԷ ՄԸ ԴԷՊԻ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐ

Սենի աջ ափին կը բարձրանայ փառապանծ Լուվրի պալատը՝ Փարիզի սիրտը դարերով զարդարած հին թագաւորական ամրոց մը, որուն ճակատագիրը պատմութեան ընթացքին վերածուեցաւ աշխարհի ամենահարուստ ու ամենականչող թանգարաններէն մէկուն։

Լուվրի ներկայ շէնքը այսօր անբաժանելի է ո՛չ միայն Փարիզի, այլեւ՝ Ֆրանսայի պատմութենէն։ Այն ծնած է որպէս պաշտպանական ամրութիւն Ֆիլիփ Օգոստոսի օրերուն, երբ միջնադարեան թագաւորութիւնը կը պատրաստուէր խաչակրաց արշաւանքներու եւ գահի յաւակնորդներու վտանգներուն։ Այդ օրերուն բարձրացուած աշտարակները՝ կանգուն Սենի ափին, կը մարմնաւորէին քաղաքի ամրութիւնը եւ թագաւորական իշխանութեան վստահութիւնը։

Բառին ծագումը իսկ՝ «Լուվր», առեղծուածային է։ Ոմանք կը կապեն զայն լատիներէն «lupus» բառին՝ «գայլ» իմաստով, ուրիշներ կը վերագրեն ֆրանկական «lower»ին՝ «պահակաշէնք» նշանակութեամբ։ Այս տարբերակները կը վկայեն, թէ ամրոցը սկզբնապէս երեւցած է որպէս վայր մը՝ զօրաւոր պաշտպանութեան եւ հսկողութեան։

Ժամանակի ընթացքին, միջնադարեան ամրոցը կորսնցուց իր ռազմական նշանակութիւնը եւ Քարլոս Ե.ի օրով դարձաւ թագաւորական պալատ։ Ներքին բակին շուրջ բացուեցան բնակելի սրահներ, մեծ գրադարան մը տեղափոխուեցաւ հոն, եւ Լուվրը սկսաւ շնչել արքունիքի շքեղութեամբ։ Բայց մեծ շրջադարձը տեղի ունեցաւ Վերածնունդի դարաշրջանին, երբ Ֆրանսիսք Ա. հրամայեց քանդել հին աշտարակն ու կառուցել արդիական պալատ մը՝ Փիէռ Լեսքոյի եւ Ժան Կուժոնի ճարտարապետական տեսիլքով։ Այդ աւանդը շարունակուեցաւ դարեր շարունակ՝ իւրաքանչիւր թագաւոր կամ թագուհի իր դրոշմը ձգեց Լուվրի բեմին վրայ։

Հենրի Դ.-ի «Մեծ նախագիծը» փորձեց միացնել Լուվրը եւ Թիւլըրիի պալատը, իսկ Լուի ԺԳ.-ի ու Լուի ԺԴ.-ի օրով կառուցուեցան նոր թեւեր, սրահներ ու շինութիւններ, ուր վարպետներ ու գեղանկարիչներ կը ստեղծէին արքունական ճաշակին յարմար արուեստ։ 

Լուվրի պատմութիւնը, սակայն, չէ սահմանափակուած պալատական շքեղութեամբ։ Ան նաեւ կեդրոն դարձաւ արուեստի եւ գիտութեան։ Այստեղ ծնունդ առաւ բացառիկ ստեղծագործական միջավայր մը, ուր ոսկերիչները, գորգագործները, քանդակագործները եւ գեղանկարիչները աշխատեցան թագաւորին հովանաւորութեամբ։

Այսօր Լուվրը դարձած է ամբողջ մարդկութեան սեփականութիւն՝ թանգարան մը, որուն դահլիճներուն մէջ պահուած են աշխարհի գանձերը, հնագոյն Եգիպտոսի արձանները, Վերածնունդի նկարիչներու գործերը եւ համաշխարհային արուեստի անգին գործեր։ Այստեղ անցեալի ամրոցը վերածուած է յիշողութեան եւ գեղեցկութեան տաճարի։

Լուվրը այսօր կը շնչէ իր բազմաշերտ պատմութեամբ․ ամրոցէ մը դարձած է արուեստի իւրայատուկ մայրաքաղաք։ 

Լուվրէն Հայաստան բերուած ցուցահանդէսը նաեւ երկու հնագոյն երկիրներու՝ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դարաւոր կապերու ամրացումն է, բայց, զայն պարզ բարեկամական քայլ մը չէ, այլ նոր ուղի մըն է՝ մշակութային երկխօսութեան, որ կը միացնէ հին աշխարհներու վերածնունդի հոգին։

«Սրբազան երկխօսութիւն»ը նաեւ հայ ժողովուրդին եւ աշխարհի մշակութային ընտանիքին միջեւ բացուած նոր էջ մըն է։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2025