ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Մարդոց փոխյարաբերութիւնները բարդ են, անկանխատեսելի եւ յաճախ խորապէս զգացական։ Մարդը, իբրեւ հասարակական էակ, մշտապէս կը ձգտի կապեր հաստատել, խոհերը, զգացումները եւ վախերը բաժնելու համար։ Սակայն այդ կապերը յաճախ կ՚ընթանան անսպասելի ուղիներով։ Յարաբերութիւն մը կրնայ ծնիլ պատահական ակնարկով մը, ժպիտով մը կամ ընդամէնը ձայնի մը տաքութեամբ։ Բայց այդ նոյն յարաբերութիւնը կրնայ ժամանակի ընթացքին վերածուիլ թշնամութեան, հիասթափութեան կամ լիակատար լռութեան։
Իւրաքանչիւր հայեացք, խօսք կամ լռութիւն կրնայ հիմք դառնալ յարաբերութեան մը՝ մի գուցէ կեանք մը փոխող, մի գուցէ պահ մը տեւող։ Բայց ինչո՞ւ այսքան բարդ են մարդոց յարաբերութիւնները, քան պարզ շփում կամ հաղորդակցութիւն։
Ի՞նչ է պատճառը այս հակասականութեան։ Արդեօք մարդը չի՞ գիտեր ինչ կ՚ուզէ, թէ մենք շատ անգամ սխալ կը մեկնաբանենք դիմացինին մտադրութիւնները։ Շատեր կը կարծեն, թէ անկեղծութիւնը բանալին է ամուր յարաբերութեան մը։ Բայց երբեմն անկեղծ խօսք մը կրնայ աւելի ցաւ պատճառել, քան լուռ պահուող սուտ մը։ Հոս է, որ կը բացուի մարդկային յարաբերութիւններու իրական խառնաշփոթութիւնը։ Ամէն ինչ իր տեղին պէտք է ըլլայ, ճի՛շդ պահուն, ճիշդ ձեւով եւ նոյնիսկ այդ պարագային ալ որեւէ երաշխիք չունինք, թէ յարաբերութիւնը պիտի տոկայ։
Ճիշդ այն պահուն, երբ երկու հոգի կը գտնուին նոյն տարածքին մէջ, կը սկսի անտեսանելի հոլովոյթ մը՝ լի ենթաթեքստերով, ակնկալութիւններով եւ անցեալի դրոշմներով։ Մարդը մուտք չի գործեր յարաբերութեան մը միայն իր ներկայով։ Ան կը բերէ իր մանկութեան յուշերը, իր ցաւերը, իր վաղեմի վախերը…
Անբացատրելի է երբեմն, թէ ինչո՞ւ մեզի սիրելի անձ մը օր մը որոշէ հեռանալ առանց բացատրութեան։ Կամ հակառակը՝ ինչո՞ւ կը շարունակենք մնալ յարաբերութիւններու մէջ, որոնք արդէն մեր հոգին ծածկած են մոխիրով։ Արդեօք այդ կապերը կը սնանին վարժութենէ՞, մեղքէ՞, թէ անկարողութիւն է քանդել կառուցուած պատրանքները։ Այս հարցումներուն պատասխանները կը մնան մշուշի մէջ։
Բայց փոխյարաբերութիւնները միայն ցաւ չեն։ Անոնք նաեւ վեհութեան տեղ են, երբ մարդը կը զգայ հասկցուած, ընդունուած ու արժեւորուած։ Այդ զգացումն է, որ մարդը կը դարձնէ աւելի ամբողջական։ Երբ մարդը կը տեսնէ, որ զինք չեն դատեր իր անցեալով կամ թերութիւններով, այլ կը նային իր աչքերուն մէջ եւ կը խօսին իր հոգիին հետ՝ հոն է, որ կը ծնի իսկական մերձեցումը։
Սակայն, այս մերձեցումը երբեք դիւրին չէ։ Ան կ՚ըլլայ միայն այն ատեն, երբ երկու կողմերն ալ պատրաստ են հանդուրժելու զիրար լեզուները եւ լռութիւնները։ Սա գործակցութիւն մըն է՝ խոցելիութեան եւ վստահութեան միջեւ։ Բայց նաեւ խիզախութիւն է՝ տեսնելու դիմացինը ոչ որպէս իտէալ, այլ որպէս անկատար մարդ մը։ Իսկ այս տեսանկիւնը ունենալ՝ պահանջկոտ է. կը պահանջէ սիրտ մը, որ ապրած է, բայց տակաւին չէ կարծրացած։
Անհատական փորձառութիւնները, ընտանեկան պատումներն ու մշակութային յուշերը մեծ ազդեցութիւն ունին մեր յարաբերութիւններուն վրայ։ Մարդիկ կը տանին իրենց մանկութեան վէրքերը իրենց հետ, զանոնք կը թաքցնեն դիմակներու ետին, կը կառուցեն պատեր, կ՚ընտրեն չխօսիլ։ Իսկ այդ լռութիւնը շատ անգամ կը մեկնաբանուի իբր անտարբերութիւն, երբ իրականութեան մէջ սա ինքնապաշտպանութեան միջոց մըն է։ Այս պատճառով է, որ իւրաքանչիւր յարաբերութիւն կը դառնայ հոլովոյթ, որ կը պահանջէ համբերութիւն, բարի կամք եւ վերարժեւորում։
Ի՞նչ կը պատահի, երբ յարաբերութիւնները կը ձախողին։ Շատեր կը կարծեն, թէ յարաբերութեան մը աւարտը պարտութեան նշան է։ Բայց իրականութեան մէջ, որոշ յարաբերութիւններ միայն ժամանակաւոր կայարաններ են՝ մեր զարգացման ճանապարհին։ Որոշ մարդիկ մեզի սորվեցուցած են մեր սահմանները, որոշներ՝ մեր կարիքները։ Եւ անկէ ետք, ամէն խզում իր մէջ կ՚ունենայ որոշ իմաստութիւն։
Մարդոց փոխյարաբերութիւնները նման են նուրբ երաժշտութեան մը՝ երբեմն ներդաշնակ, երբեմն քաոսային, բայց միշտ բարդ եւ բազմաշերտ։ Անոնք ունին իրենց օրինաչափութիւնները, բայց նաեւ արտակարգութիւնն ու բացառիկութիւնը։ Իւրաքանչիւր մարդ նոր աշխարհ մըն է եւ այդ աշխարհներուն բախումը կրնայ ծնիլ նո՛ր մտերմութիւն, բայց նաեւ քանդել գոյութիւն ունեցող կապերը։
Մարդը առանձին կը ծնի, բայց առանձին չի հասուննար։ Ան իր հոգեւոր աճը կը կատարէ ուրիշներուն միջոցով՝ խօսքերուն, լռութիւններուն, ժպիտներուն եւ նոյնիսկ հրաժեշտներուն մէջ։ Մարդը մարդ կը դառնայ այլ մարդոց հետ շփման հոլովոյթով։ Եւ հոն, այդ բոլոր յարաբերական մութ խաչմերուկներուն մէջ, թաքնուած է ինքնաճանաչման ճամբան։
Եւ վերջապէս, թերեւս կ՚արժէ ընդունիլ, որ մարդկային յարաբերութիւնները չեն պատկանիր միայն տրամաբանութեան կամ կանոններու։ Անոնք սիրտի լեզուով կ՚արտայայտուին եւ այդ լեզուն անյայտ է, անկանոն, երբեմն ալ անդառնալի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ