«HAMNET». ՄԱՀԸ ՈՐՊԷՍ ՎԵ՞ՐՋ
«Hamnet» ժապաւէնը, որ ներշնչուած է Մեկի Օֆարելի հեղինակած նոյնանուն վէպէն եւ բեմադրուած է Քլոի Զաոյի կողմէ, միայն պատմական ողբերգութեան վերարտադրութիւն մը չէ։ Ան խորապէս փիլիսոփայական խորհրդածութիւն մըն է կեանքի անցողիկութեան, յիշողութեան խորհրդաւոր ուժին եւ արուեստի ծնունդին մասին։ Ան նաեւ գոյաբանական խորհրդածութիւն մըն է, որ կը փորձէ հասկնալ մարդկային կեանքը ո՛չ թէ իր մեծ դէպքերուն մէջ, այլ իր անտեսանելի ճեղքերուն, լռութիւններուն եւ չարտասանուած աղաղակներուն մէջ։
Այս գործը կը խորանայ կորստեան փորձառութեան մէջ՝ որպէս այն առանցք, որ կը վերաձեւէ իրականութիւնը։ Երեխայի մը մահը այստեղ միայն ընտանեկան ողբերգութիւն մը չէ. ան ժամանակի բնական ընթացքին դէմ ուղղուած յանկարծական ընդհատում մըն է։ Երբ կեանքը կը կտրուի իր ամենանուրբ հանգոյցին մէջ, աշխարհը կը դադրի ըլլալ պարզ ու ընթեռնելի։ Ժամանակը կը դառնայ ծանր, տարածութիւնը՝ օտար եւ նոյնիսկ լեզուն կը կորսնցնէ իր յստակութիւնը։
Այս ժապաւէնի կեդրոնը մահն է, բայց ոչ որպէս աւարտ․այլ որպէս անցում, որպէս ձայն մը, որ կը թնդայ մարդկային հոգիին խորքը եւ կը փոխէ անոր ընկալումը աշխարհի նկատմամբ։ Երեխայի մը կորուստը այստեղ կը դառնայ այն կէտը, ուր անցեալն ու ապագան կը խառնուին, ուր մարդկային ինքնութիւնը կը վերաձեւուի իր իսկ վէրքին մէջ։
Ժապաւէնը մահը չի ներկայացներ որպէս փակ դուռ, այլ որպէս բաց հարցում։ Ի՞նչ կը նշանակէ անհետանալ։ Ի՞նչ կը դառնայ այն սէրը, որ ուղղուած էր այդ կորսուած էակին։ Արդեօք սէրը կը մեռնի՞ իր առարկային հետ, թէ կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ՝ փոխուած ձեւով։
«Hamnet» մեզ կը մղէ խորհելու՝ ի՞նչ է յիշողութիւնը։ Յիշողութիւնը պարզապէս անցեալի պատկերներու պահո՞ց մըն է, թէ ան ստեղծագործական ուժ մըն է, որ կը վերակերտէ կորսուածը նոր ձեւով։ Այստեղ յիշողութիւնը կը ներկայանայ որպէս արուեստի արմատ։ Կորսուած որդին կը վերածուի լեզուի, պատումի, թատրոնի եւ բառի։ Ցաւը չի վերանար, բայց կը փոխակերպուի։ Ահա այս փոխակերպումն է, որ ժապաւէնի փիլիսոփայական առանցքը կը կազմէ։
Կին կերպարը՝ որպէս մայր, բնութեան եւ ներհայեցողութեան խորհրդանիշն է։ Ան կը զգայ աշխարհի անտեսանելի թրթիռները, կը լսէ այն, ինչ որ ուրիշներու համար լուռ է։ Իր ներաշխարհը ժամանակի ուղիղ գիծին չի հետեւիր․ ան շրջանաձեւ է, հեւքոտ, յիշողութիւններով լեցուն։ Այս առումով, ժապաւէնը կը հակադրէ երկու աշխարհներու. ներքին եւ արտաքին, զգայական եւ բանական, բնութիւն եւ մշակոյթ։ Բայց հակադրութիւնը ի վերջոյ կը միաձուլուի, որովհետեւ կեանքը չի բաժնուիր կտրուկ սահմաններով։
Փիլիսոփայական առումով, ժարաւէնը կը դնէ հիմնական հարցում մը՝ արդեօք կարելի՞ է արուեստով յաղթահարել մահը։ Պատասխանը պարզ «այո» կամ «ոչ» չէ։ Արուեստը չի վերադարձներ մեռեալը, բայց կը շնորհէ անոր ներկայութիւն մը, որ կը շարունակէ ապրիլ ժամանակի հոլովոյթին մէջ։ Ան կը ստեղծէ խորհրդանշական անմահութիւն մը։ Մարդկային էակը, որ գիտէ իր մահկանացու ըլլալը, կը փնտռէ այս անմահութիւնը բառի, պատկերի եւ յիշողութեան մէջ։
Ժապաւէնի մէջ բնութիւնը եւս կենդանի ներկայութիւն մըն է։ Ծառերը, հողը, քամին՝ բոլորը կը շնչեն, կը շարժին, կը դառնան մարդկային ողբերգութեան վկաներ։ Բնութիւնը անտարբեր չէ, բայց նաեւ չի խանգարեր։ Ան կը շարունակէ իր ընթացքը՝ յիշեցնելով, որ անհատական ցաւը մաս մըն է համընդհանուր գոյութեան։ Այս կէտին վրայ ժապաւէնը կը դառնայ գրեթէ հին ողբերգութիւն մը, ուր մարդը կը կանգնի անխուսափելի ճակատագրին դիմաց, բայց իր արժանապատուութիւնը կը գտնէ ընդունման մէջ։
Ժամանակի գաղափարը այստեղ առանձնայատուկ խորութիւն ունի։ Ժամանակը միայն յառաջ չ՚ընթանար․ ան կը ծալուի, կը կրկնուի, կը յուշէ։ Անցեալը չի մնար ետին, այլ կը թափանցէ ներկայութեան։ Այս ժամանակային ծալքերուն մէջ մարդը կը փորձէ հասկնալ իր ինքնութիւնը։ Ո՞վ ենք մենք առանց մեր կորստեան։ Ի՞նչ կը դառնանք, երբ մեր սիրած էակ մը կը բացակայի։ Ժապաւէնը կը թելադրէ, որ բացակայութիւնը եւս ներկայութեան ձեւ մըն է։
Արդիւնքին, այս գործը մեզ կը հրաւիրէ լուռ խորհրդածութեան։ Ան չի ճչար, տրամայի չի վերածեր աւելորդ ձեւով։ Իր ուժը լռութեան մէջ է, հայեացքներու մէջ, դանդաղ շարժումներու մէջ։ Այդ լռութիւնը փիլիսոփայական է, որովհետեւ ան կը ստիպէ հանդիսատեսը ներհայեցողութեան։ Մարդ կը վերադառնայ իր սեփական վէրքերուն, իր կորսուած անուններուն, իր յիշողութեան անտեսանելի պարտէզներուն։
Այսպիսով, «Hamnet»ը կը դառնայ գոյութեան մասին մեներգ մը՝ մեղմ, բայց խորունկ։ Ան կը վկայէ, որ մահը վերջնական խաւար մը չէ, այլ հարցադրում մը։ Իսկ մարդը, իր բառերով ու պատկերներով, կը շարունակէ պատասխանել այդ հարցումին՝ սերունդէ սերունդ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ