ՄԵՐ ԹԱՆԹԻԿ ԱՆՆԻԿԸ… (2)

Քիթին տակէն առանց ընդմիջումի իր յօրինած օփերան կ՚երգէր եւ մատները թըփ-թըփ սեղանին կը զարնէր։ Մինչեւ այսօր չեմ ազատուած թըփ-թըփի բարդոյթէն։ Ակռաներս կը կրճտէի ջղայնութենէս, մայրս ծուռ-ծուռ եւ յանդիմանական նայուածք մը կը նետէր.

-Մէկը չունի, մենք ենք իր ընտանիքը։

-Ուրեմն ամուսնացնենք…

Ութսուն տարեկանին իրեն ութսունհինգ տարեկան փեսայ մը գտայ, բայց չյաջողեցայ, մարդը «ափալ-թափալ» մեռաւ։ Թըփ-թըփը նորէն մեզի մնաց։

Երբ պզտիկ էինք եւ շաբաթավերջերուն կ՚այցելէր՝ մեր սենեակը կը պառկէր, կը սպասէր մենք քնանանք, որպէսզի գիշերանոցը հագուի։ 

-Սարօ՜, Անո՜ւշ, օ՜ քնացեր են…

Միշտ չէ, որ քնացած կ՚ըլլայինք, վերմակներուն տակէն իրարու կը նայէինք եւ կը փորձէինք անձայն խնդալ։ Երբեմն ալ մասնաւոր բարձր ձայն մը կը հանէինք, որպէսզի իրար անցնէր եւ երբ ստուգէր՝ անմեղ-անմեղ քնացած կը ձեւանայինք։ Լոյսը կը վառէր եւ առաջինը հաստ սեւ գծուած յօնքերը կը մաքրէր, յետոյ ակռաները կը հանէր, տեսարանը սարսափելի էր… Երրորդը՝ ամենասարսափելին էր, չենք գիտեր ինչ երկաթեայ բան մը կը հագուէր եւ շըխ-շըխ քակելու ձայները կը լսէինք։ Չէինք համարձակեր նայիլ։ 

Օր մը քնանալէն ետք արթուն մնացի, որ նայիմ ի՞նչ է այդ շըխ-շըխը, բան չկար մէջտեղը, կարծեմ փոքրիկ ճամպրուկին մէջ կը դնէր, որպէսզիի չտեսնենք։

Բայց մե՞նք… Ի՜նչ հետաքրքրական պատմութիւններ հիւսած էինք մեր ընկերներուն պատմելու համար. «Թանթիկ Աննիկը գիշերները մեր քնանալէն ետք ամբողջ մարմինը կը քակէ եւ առտուն մենք չարթնցած ետ տեղը կը դնէ»։ Մեր շինած պատմութենէն մենք ալ կը սոսկայինք։ Օր մըն ալ չարաճճիութիւն մը մտածեցինք, որ մեր գլխուն պայթեցաւ։

Իր քնանալէն ետք իբր թէ գիշերաշրջիկներ ենք, անկողիններէն ելանք եւ անկապ խօսքերով սկսանք քալել մութին մէջ, աչքերնուս առջեւ չէինք տեսներ, բայց ի՜նչ չար բախտ, իրարու զարնուեցանք եւ երկուքս լեղապատառ մեր անկողինները վազեցինք։

Թանթիկ Աննիկը անուշ-անուշ կը խռկար։

Հասակը կարճ ըլլալուն համար՝ ոտքին չափն ալ պզտիկ էր։ Քանի մը անգամ գաղտնի սենեակին դուռը ետեւէն կղպելով՝ կօշիկները փորձեր էի, յետոյ հասակ նետեցի իմ ոտքս մեծցաւ, իրը՝ նոյնը մնաց, արդէն բնաւ իմ ճաշակիս չէին… 

Մեր թանթիկ Աննիկն էր, ինչ ընենք, հայրս ըսաւ, որ մօրս օժիտին մաս կը կազմէ։

Տասնհինգ տարի մեր ճաշերը առանց աղի եփեցինք, որովհետեւ թանթիկ Աննիկը աղի չէր ուտեր՝ աղը վնասակար է։

-Աղը աւելցուցէք ուտելու ժամանակ, խիստ կ՚ըսէր մայրս յոգնած երկկողմնակի գանգատներէն։

-Բայց մամ, նոյն համը չէ…

Հայրս դարձեալ կը միջամտէր.

-Մաման գիտէ, ինչ կ՚ըսէ։ 

Եւ հետաքրքրականն այն էր, որ թանթիկ Աննիկը ամէն անգամ կը գանգատէր, որ մայրս դարձեալ կարծես իրեն հակառակ ճաշը աղի եփեր է։

Օր մըն ալ փիլաւը ես պատրաստեցի եւ աղուոր մը աղ լեցուցի։

-Թանթիկ Աննիկ, փիլաւը ես պատրաստեր եմ ճիշդ ուզած ձեւովդ։

Ուտելէն ետք.

-Վերջապէս առանց աղի ճաշ մը կերայ, կարծես մայրդ մոռնալ սկսեր է, միշտ աղ կը լեցնէ…

Խե՜ղճ մայրս…

Ի՞նչ ընենք, ընտանիքը մենք էինք։

Ամէն օր պիտի հարցնէր, որ ի՞նչ նորութիւն կայ։ Ի՞նչ նորութիւն պիտի ըլլայ… Իմ նորութիւններս զինք չէին հետաքրքրեր, ամէն օր ինչ նորութիւն պիտի հասցնէի։ Երբեմն կ՚ըսէի աս ծնաւ, ան մեռաւ, երբեմն ալ կը յօրինէի։

Նոր սկսեր էինք «նայլոն գուլպայ» հագուիլ։ Դասընկերուհիս Սօնան հետը անգոյն ձեռնայարդարում (մանիքիւր) բերած էր, որպէսզի գուլպանիս եթէ փախի, որովհետեւ մեր դպրոցի աթոռներուն գամերը թոյլցած էին, անով կեցնենք թելին փախիլը։

Երբ թանթիկ Աննիկը հարցուց նորութեան մասին, վայրկեանին գիւտ մը ըրի.

-Այսօր դասընկերուհիս Սօնան մեզի ըսաւ, որ գուլպաները «մանիքիւր»ի մէջ կը թաթխէկօր, որ թելերը չփախին։ Ահագին գներ է եւ գուլպաները մէջը դրեր է։

-Այդ ինչ ապուշ բան է, ո՞վ ըսեր է իրեն…

Նկատեցի, որ թանթիկ Աննիկը չէ հաւնած.

-Շատ ապուշ բան, իբր թէ կիներու յատուկ ամսաթերթի մը մէջ կարդացեր է…

Կարծեցի, որ մէջէն ելայ։

Շատ ընթերցասէր էր թանթիկ Աննիկը.

-Այդ թերթը ինծի բեր։

Կրակը ինկայ։ Ո՛չ թերթ կայ, ո՛չ ալ այդպիսի ապուշութիւն… Իր «Ինչ կայ-չկային» գոհացում տալու համար վայրկեանին բան մը յօրիներ էի։ Ինչ գիտնամ երեք ամիս մինչեւ տարեշրջանին աւարտիլը ամէն օր երբ դպրոցէն տուն գամ՝ ինծի պիտի սպասէ եւ յամառօրէն թերթը ուզէ այդ «ապուշութիւն»ը ստուգելու համար։

Բարկութեան չարժանանալու համար միայն եղբօրս պատմեր էի եւ ան ալ շատ գոհ էր.

-Այդ մանիքիւրը գլուխէդ վար պիտի թափեմ, որպէսզի հասկնաս «Ինչ կայ-չկայ»։

Ամավերջի հանդէսէն ետք ի՜նչ տեսնեմ, թանթիկ Աննիկը Սօնան բռներ թերթը կ՚ուզէ…

-Այդ ընկերուհիդ տարօրինակ աղջիկ մըն է, զարմացած ինծի նայեցաւ, ձգեց գնաց, կարծես թերթը պիտի ուտէի։

Մեր թանթիկ Աննիկը… 

Նաեւ շատ եկեղեցասէր էր։ Պատարագը գոց գիտէր եւ լաւ «ալթօ» ձայն ունէր, բայց չկրցանք համոզել, որ եկեղեցական երգչախումբին մասնակցի։ 

Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին դռները հաստ վերմականման կաշիով շրջապատուած վարագոյրներ ունին։ Թանթիկ Աննիկը կը նշմարէ, որ հինցած են, կ՚առաջարկէ նորոգել։ Եւ իր պզտիկ ձեռքերով այնքան գեղեցիկ նորոգեց, կաշիները փոխեց, գոհ էր, որ Սուրբ Յակոբին համար բան մը ըրած էր։

Ազնիւ կողմերը շատ էին, բայց իր ձեւով։ Աշխարհը իրեն համար հիւանդանոց էր եւ ինք անոր գլխաւոր հիւանդապահուհին… 

Մեր իւրայատուկ թանթիկ Աննիկը…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

•վերջ

Երուսաղէմ, 2025

Չորեքշաբթի, Յուլիս 23, 2025