ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԱՐՑՈՒՆՔԸ ՏԵՍԱՅ…

Աստուածամօր պատկերին առաջ կ՚աղօթեմ… Արցունքախառն կը խնդրեմ… 

Տոքթորականի վկայականս նոր ստացած Հայաստանէն Երուսաղէմ կը վերադառնամ։ Զոհողութիւնս շատ մեծ էր։

Ինն երկար ամիսներ տղաս ձգած էի մօրս քով, որ իր համբերութեամբ եւ փորձառութեամբ շատ աւելի հոգատար էր ինձմէ։ Հայրս կ՚ըսէր. «Զաւակը դրամագլուխ է, թոռնիկը՝ տոկոս»։ Այո՛, իմ դրամագլուխս եւ ծնողքիս տոկոսը մօրս ձգած՝ իր քաջալերանքով գացեր էի ուսումս աւարտելու։

Յոգնած վերադարձայ… 

Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիներն էին։ Բախտաւորութիւնը ունեցայ ապրելու տունը Յարութիւն եւ Մարի Խաչատրեաններուն, որոնց հոգատարութիւնը շատ դիւրացուցած էր կեցութիւնս։ Բայց…

Հոսանք կայ՝ հոսանք չկայ, ջուր կայ՝ ջուր չկայ… Անկախ հայրենիք մը ունենալու գինն էր անիկա, երբեք չեմ գանգատած, ամբողջ Հայաստան մը ապրեցաւ այդ օրերը, դիմացան՝ դիմացայ…

Սակայն որպէս շաքարախտի անբաժան կողակից, որուն դատապարտուած եմ եւ ամուսնալուծումը անկարելի է՝ փրկարար «insulin»ը չէր դիմացած յաճախակի փոփոխական հոսանքին եւ դաւաճանած էր զիս…

Հայրս նոր մահացած էր, տակաւին գերեզմանաքարը չէինք դրած։ Եղբայրս եկած էր զիս տեսնելու եւ ես նստասենեակը երկարած բազմոցին վրայ՝ կէս քուն-կէս արթուն, աւելի ճիշդը կէս մեռած-կէս ողջ, անկարող հետեւելու խօսակցութեան, հազիւ բառեր կը բռնեմ օդին մէջ։

-Հիմա ժամանակն է գերեզմանաքարը դնելու, անձրեւները դադրած են, հողը հանգչած է… Կ՚ըսէ եղբայրս։

-Բայց ես դեռ ողջ եմ, կը պատասխանեմ, ի՞նչ գերեզմանաքար…

Այդ վիճակի մէջ հասայ հիւանդանոց։ Անմիջապէս առաջքը առնուեցաւ, սակայն, քննութիւններու շարքը երկար էր։

Քանի մը օր ետք պէտք էր երակներու մասնագէտ մը տեսնէի, վստահ ըլլալու համար, որ արեան շրջագայութիւնս լաւ է։

-Տիկին, ըսաւ բժիշկը, կը ցաւիմ ըսելու, որ լաւ չէ ձեր վիճակը, եթէ ձեր երակները այս արագութեամբ գոցուին՝ ուրիշ բարդութիւններ կը յառաջանան եւ ձեր կեանքը շատ կարճ կ՚ըլլայ։

Ի՞նչ…

Ալ չուզեցի շարունակութիւնը լսել, պէտք եղած դեղերը նշանակեց եւ լացս հազիւ զսպած դուրս եկայ բժիշկին սենեակէն մէկ ամիսէն դարձեալ հանդիպելու համար։

Աշխարհը նեղցած էր, ինքնաշարժ կամ հանրակառք չէի կրնար նստիլ՝ աւելի նեղ էին… Թէեւ հեռու էր հիւանդանոցը, բայց մէկ ժամ քսան վայրկեան քալելով եւ լալով հասայ վանք… Աստուած իմ ինչ զոհողութիւններով պաշտպանեցի գիտաթեզս, ա՞յս էր վերջը…

Ժամը երեքը տասը կ՚անցնէր, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին մէջ ժամերգութիւնը դեռ կը շարունակուէր։ Մօտեցայ Աստուածամօր շատ սիրած պատկերիս, որուն դիմացը կը կենամ ամէն պատարագի, ու սիրտս բացի.

-Աստուածամայր, միայն Դուն կրնաս օգնել ինծի, Դուն, որ Որդիիդ խաչուիլը տեսար ու անձայն լացիր, չի բողոքեցիր, չի չարացար, չի դառնացար, որ ինչպէս կրնան Աստուծոյ Որդին խաչել։ Մեր փրկութեան սիրոյն համար Որդւոյդ խաչուիլը լուռ տարիր, Տիրամայր, կ՚աղաչեմ Քեզի որպէս մայր, մի՛ ձգեր, որ որդիս որբ մեծնայ… Մայրս Քու ցաւդ ապրի… Կ՚աղաչեմ, ո՜վ Մայր բոլորին, լսէ մայրական աղօթքս ու խնդրանքս… Որդիս որբ մի ձգեր…

-Տիկին Անուշ, տասը վայրկեան է, որ ձեզի կը սպասենք, ժամերգութիւնը աւարտած է… 

Լուսարարն էր։

Եւ այս բանաստեղծութիւնը գրուեցաւ Աստուածամօր պատկերին առաջ.

ԴՈՒՆ ՄԱՅՐ ԲՈԼՈՐԻՆ

Աստուծոյ ընտրեալ, Դուն կին վեհագոյն,
Դուն Աստուածամայր, եւ մայր բոլորին,
Չկրցայ մօրս իմ ցաւը յայտնել,
Քեզի եկայ ես, պատկերիդ առաջ
Ծնրադրեցի լուռ, աղօթեցի Քեզ,
Քեզի եկայ ես, որ աղօթքիս հետ
Սիրտդ մայրական իմ սիրտը կարդայ…
Դուն, որ վեհօրէն կրցար դիմանալ
Անխօս նայելու Որդւոյդ խաչուելուն,
Արդեօք Դուն որո՞ւն պատկերին առաջ
Պիտ՚ աղօթէիր, երբ Քեզմէ ծնաւ
Փրկիչն աշխարհին, Աստուծոյ Որդին…
Բողոք չունիմ ես, ի՞նչ բողոքեմ Քեզ,
Երբ որ Դուն տեսար անդիմանալին…
Ունիմ լոկ աղօթք եւ ապաշխարանք.
Սակայն երբ Քեզի իմ սիրտը բացի,
Մօրըս արցունքը Քու աչքէդ ինկաւ…

Ամիս մը ետք բժիշկը զարմացած քանի մը անգամ հին ու նոր արդիւնքները բաղդատելէ ետք կանչեց հիւանդապահուհին.

-Շփոթում մը կայ, կարծեմ ուրիշ հիւանդի մը թուղթերը բերած ես, մէկ ամսուայ մէջ այս արդիւնքը անկարելի է…

-Անկարելի չէ բժիշկ, հաւատքը հրաշք կը գործէ…

Աստուածամօր արցունքները տեսած էի ես…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ, 2025

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025