ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ (1890-1962)

Գուրգէն Մխիթարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնելէ ետք, այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Մխիթարեանի գրական վաստակէն նշմարներ:

Կը սկսինք, 1936-ին, Գահիրէի մէջ լոյս տեսած «Համզգային տարեգիք. Ա.»ի մէջ Ինտրայի՝ Տիրան Չրաքեանի մասին անոր ընդարձակ գրութենէն ներկայացնելով հատուածներ, ուր ընթերցողը պիտի նկատէ Մխիթարեանի ունեցած խո՜ր հայեացքը ճանչնալու մարդը, անոր ներաշխարհը, արուեստը եւ լաւագոյն ներկայացնելու զայն: Կը կարդանք.

* Երկարատեւ ու թանձր լռութիւն մը կը պատէ դեռ Չրաքեանի գործն ու յիշատակը:

Իր եղերական մահն իսկ անզօր եղաւ իր գործը լոյսին հանելու, կամ, գոնէ, լայն քննութեան մը առարկայ դարձնելու:

Հիները, անոնք՝ որ 908-էն առաջ ապրած ու գործած են հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, ճանչցած են զայն. շփոթ ու կիսատ կարծիք մը կազմած, ու անցած. քիչեր՝ գնահատական խօսքեր գտած են անոր գործին համար. քանի մը հոգի՝ հիացումի սրտայոյզ բառեր աւելցուցած են. իսկ բազմութիւն մը գրողնելու եւ գրչակներու՝ յարձակած է անոր գործին ու անձին վրայ, հեգնելով կամ հայհոյելով: Ոչ մէկ վերջնական, պայծառ ու պարկեշտ փորձ՝ Չրաքեանի կեանքին ու գործին թափանցելու:

Մեղաւոր եղան նոյնիսկ մարդիկ, որոնք կոչուած էին վերջնական, առնուազն արժանավայել գնահատումներ ընելու:

Վրթանէս Փափազեան, որ իր «Պատմութիւն հայ գրականութեան» Բ. գիրքին մէջ էջեր կրցած է շարադրել միջակութիւններու համար, ջրոտ գովասանքներով, ութը տող միայն բարեհաճած է յատկացնել Չրաքեանի, ծանօթագրութեւանց բաժինին մէջ, «խորունկ այլ ճապաղ» նկարագրութեանց հեղինակ միայն համարելով զայն: Օշական, որ -ի՜նչ դժբախտութիւն-պատերազմէն շատ ետքը միայն լրջօրէն ճանչցաւ անոր գործը, 1912-ին («Շանթ»), «անիմաստ, ալապուճիկ, պոռոտ ու յիմարական ըսուելու չափ խայտաբղէտ տարօրինակութիւններ» կը գտնէ անոր ալ մօտ, յիշատակելով Չրաքեանը՝ Էսաճանեաններու, Գոլանճեաններու եւ Նազարեանցներու շարքին, այդ խումբը հալածելու ատեն: Աղբալեան դեռ քանի մը տարի առաջ ճանչցաւ զայն, Աղեքսանդրիա, պատահաբար ձեռք անցընելով Ներաշխարհը, որ յուզումի ու հիացումի պահեր տուած է իրեն եւ որու մասին իր  տպաւորութիւնները կը մնան դեռ չգրուած:

Այսպէս, անգիտութեան, ուրացումի, հիացումի եւ թանձր անտարբերութեան այս մթնոլորտը կը շարունակուի դեռ. եւ կը թուի, թէ պիտի շարունակուի ասկէ ետքն ալ: Վերջին տասնամեակին մեր երիտասարդ գրականութիւնն իսկ զերծ չմնաց այս մեղքէն: Տարուած նոր հոսանքներէ, ըսենք՝ հովերէ, կամ լեցուած ինքն իրմով, հազիւ առիթը ունեցաւ անդրադառնալու Չրաքեաններու գործին ու կեանքին, գրականութեան ու արուեստի ճշմարիտ մտահոգութիւններով: 

Քանի մը տարի է միայն, որ հոս հոն յօդուածներ լոյս կը տեսնեն, ու փորձը կ՚ըլլայ պատռելու ծանրացող լռութիւնը:

Անկարելի է սակայն լուռ տալ այս մահաշուք լռութեան առջեւ, եւ չլեցուիլ դառն թախիծով, որ մեր գրականութեան ճակատագրէն կը բխի. ճակատագիր՝ որ եթէ չափով մը արդիւնք է մեզի պարտադրուած կեանքին, բայց խոշոր չափով մըն ալ մե՛ր իսկ ձեռակերտն է:

Չրաքեանը, մոռցուածներէն, առնուազն անտես-ւածներէն մեր գրականութեան մէջ, թէեւ փառքերէն անոր… ի՜նչ հեգնութիւն: 

Իր գո՞րծը,- պատկերը իր կեանքին. հոգեկան, թաքուն այն կեանքին, որ իրը եղաւ, կարճ, խորունկ, անիրական, այսինքն՝ գերիրական: Շատ բան չենք գիտեր այս կեանքէն: Օր մը, անշուշտ, պիտի գրուի ան մանրամասնութեամբ, քանի որ հարազատ ցոլքն է միւսին, իր գործին, որ իր գրուած կեանքն է: 

Գիտենք միայն, -ըսենք գոնէ քանի մը գիծեր- որ ծնած է 1875-ին, գրել սկսած իր լիաշունչ գործը՝ Ներաշխարհը՝ 1898-ին, եւ աւարտած՝ 1900-ին. սկսած՝ 23 տարեկանին եւ աւարտած 25-ին, այսինքն այնպիսի տարիքի մը, ուր սովորական մահկանացուները, գոնէ մեր կեանքին մէջ, գրական անդաստանին շուրջ նոր կը սկսին դեգերումներու:

Չրաքեւան, առաջին իսկ բխումով, կու տայ իր խառնուածքին բարձրագոյն արտայայտութիւնը. այսինքն՝ մէկը հայ գրականութեան թանկագին ու յաւերժական կոթողներէն:

Չրաքեանի յաղթանակը արուեստի սահմաններէն ներս, եղած էր արագ ու մէկ անգամէն: Եւ կեանքի ի՜նչ համեստ շրջանակի մէջ: 

Ուսած Պէրպէրեանի մէջ, յետոյ ուսուցիչ դարձած, մէկ երկու ճամբորդութիւն դէպի Սեւ ծովի ափերը ուսուցչական պաշտօնով. յետոյ կարճ ատեն մը Եւրոպա եւ Եգիպտոս:

Կը բաւէ՞ այսքանը, եթէ աւելցնենք նաեւ, թէ ունեցած է անհանդարտ պատանի կեանք մը, այն աստիճան որ հայրը, Գասպար Չրաքեան, ալքոլիկ բայց խստաբարոյ մէկը: Պէրպէրեան, դիմած է գանգատելու: Պէրպէրեան, հանդարտեցնելու համար վրդովուած հայրը, պայծառատես պատասխան մը տուած է, ինչպէս ինք կը պատմէ Ներաշխարհի յառաջաբանին մէջ. «Օր մը քեզ համար լաւագոյն գովեստը պիտի ընեն որդւոյդ հայրը կոչելով զքեզ»:

«Մեծապայծառ» գուշակութիւն եթէ ոչ «իմացականութիւն», ինչպէս Չրաքեան կոչած է Պէրպէրեանը, իր «Ձօն»ին մէջ:

Իր ժամանակը չենք կրնար ուրանալ, եթէ ոչ իր գործը բացատրելու համար անպատճառ, այլ աւելի լաւապէս հասկնալու համար զայն, լաւապէս նշմարելու համար իր գործին ոգեղէն բարձունքը շրջակայ հարթավայրին մէջ. ըսելու համար թէ գրական գործերը, երբեմն, կը նուաճեն ժամանակը, կը բաժնուին անկէ յաճախ անջրպետով մը, որ ապագայ յաղթանակներու դոփիւններովը լեցուած, գոց կը մնայ ժամանակակիցներու սրտին ու ականջներուն առջեւ:

Իր գործին ու գրականութեան տէրը՝ ոչ իր ժամանակն է, ոչ իր ստացած կրթութիւնը, ոչ իր գրական մշակումը: Իր գործին գերիշխան տէրը՝ եղած է ու կը մնայ միշտ իր խառնուա՛ծքը: Ըսել կ՚ուզեմ, թէ իր գործը ստացական, արտաքին տպաւորութեանց արդիւնք մը կամ գումար չէ, այլ՝ էապէս ու խորապէս ճշմարիտ պատկերացումը իր ենթակայական աշխարհին, իր իսկ բառով, հարազատ ու ճշգրիտ իր ներաշխարհին:

Կան մարդիկ, որ գրող, նկարիչ, երգիչ կ՚ըլլան. դաստիարակութիւնը, մշակումը, մթնոլորտը, եւ անշուշտ, նաեւ, որոշ աստիճանի ընդունակութիւն մը կը բաւեն, որ անոնք ըլլան, դառնան այդ ամենէն մէկը կամ միւսը:

Բայց կան մարդիկ ալ, որ չեն կրնար չըլլալ գրագէտ, բանաստեղծ, արուեստագէտ, եթէ նոյնիսկ զրկուած ըլլան վերը յիշուած պայմաններէն: Կրնա՞նք կապոյտ աչք չունենալ, թուխ կամ սպիտակ մորթով չըլլալ:

Չրաքեան, միայն իր գործը կարդալով, կը տեսնենք որ ծնածներէն է. հին բառով մը՝ կոչեցեալներէն. ծնած արուեստագէտ,- նկարիչ առաւելապէս,- եւ ապա գրագէտ, բայց միշտ արուեստագէտ, այսինքն՝ ակամայ կոչեցեալներէն:

Կան մարդիկ դարձեալ, որոնք կը ծնին անհանդարտ հոգիով, ալեկոծ սրտով ու մտքով, խռովայոյզ այնքան որքան փոթորիկի բռնուած նաւ մը: Ասոնք կը ծնին հարցումներով եւ կ՚ապրին պատասխաններ որոնելով: Կը վառին շարունակ, ընկերութեան մէջ կամ հեռու անկէ: Ընկերութեան մէջ՝ յեղափոխականներ կը դառնան անոնք, դժգոհ եղածէն եւ յափշտակուած՝ հեռաւոր տեսիլքներէ, անկէ հեռու եւ մեկուսի՝ կը վառին իրենք իրենց. կը գծեն լուսացնցուղ պատկերներ, կը փորձեն կայծկլտող թռիչքներ, որոնք կը լուսաւորեն կեանքի խաւարը, իրենք իրենց եւ, երբեմն ալ, ուրիշներու համար ուղի բանալով:

Չրաքեան չէր կրնար չըլլալ այն արուեստագէը, որ գիտենք, որովհետեւ իր կեանքը յարատեւ տագնապ մըն է, որուն հոգեկան սնունդը կազմած են հարցումը եւ պատասխանին որոնումը:

Շատ չէ իր գործը՝ Ներաշխարհը, քերթուածներու հաւաքածոյ մը՝ Նոճաստան, քանի մը ճամբու նօթեր, մէկ քանի գրախօսական: Ունեցած է նաեւ, կը հաւաս-տըւի, ուրիշ գործ մը, մեծ արուեստով, ներշնչումով ու սէրով լի, որ սակայն այրած է, իբրեւ «սատանայական ներշնչումի» արդիւնք, իր հոգեկան ու իմացական փլուզումի օրերուն…:

Իր գրկան գործունէութիւնը ուրեմն, տեւած է մօտ տասը տարի. երկու տարի Ներաշխարհին նուիրուած եւ մնացեալը՝ քերթուածներուն ու յօդուածներուն, 25-էն մինչեւ 35 տարեկան, որմէ ետք ա՛լ ողբերգութիւն…:

Ներաշխարհը, իր գլխաւոր եւ ինքնաբաւ գործը, վէպ մը չէ, թէեւ վիպական մասեր ունի. քերթուած մը չէ, թէեւ քերթողի շունչը լայնօրէն փռուած էջեր ունի. գիտական-իմաստասիրական ձեռնարկ մը չէ, թէեւ խորուն ակօսներ կան այդ մարզերէն ալ:

Հոգեկան յուշագրութիւն մըն է ան խռովայոյզ երիտասարդէ մը գրուած, որ մեզի կը պատմէ ա) իր առանձնութեան պահերէն, իր շրջապատէն, հովոտ գիշերներէն, ճամբորդութիւններէն, Սեւ ծովէն, բնութենէն, ծաղիկներէն ու ծառերէն: Եգիպտոսէն, բուրգերէն, սփինքսէն, հաշիշէն:

բ) Կը յուզէ ընկերային խնդիրներ,- ընկերութեան եւ անհատի յարաբերութիւն, ժառանգականութիւն, կեանք ու երկինք:

գ) Կու տայ սիրային կարճ պահեր. հանդիպում եւ յուշեր Իռէնայէն:

Եւ միշտ պատկերներ, խորհրդածութիւն եւ խօսակցութիւն իր հոգիին ու տիեզերական ոգիին հետ:

[Ինտրա] ունի իր իմաստասիրութիւնը, առանց սակայն իմաստասէր մը ըլլալու: Իրեն համար ամէն բան անաշխարհային է. բովանդակ տիեզերքը լեցուած՝ ոգեղինութեամբ: Համաստուածեան մըն է: Յաւիտենականութեան ու անմահութեան գաղափարներն ունի, որոնք տեսութիւն ըլլալէ դադրած են եւ դարձած՝ համոզում ու հաւատք: Լի է անեզրութեան մտածումովը. սկիզբը՝ Եսն է, վախճանը՝ Աստուած. այսինքն՝ մարդէն դէպի Արարիչը.- այս է գոյութեան եւ զգացողութեան իր բովանդակ դաշտը, իր աշխարհը: Երբեք առանձին, անջատ կեանք չունի, չկայ. ինքզինք եղբայր կը նկատէ, կը զգա՜յ բնութեան բոլոր երեւոյթներուն ու տարրերուն հետ. եւ լեցուած՝ յաւիտենականութեան տեսիլքներով, կը ձանձրանայ հասարակ, առօրեայ կենցաղէն: 

Կ՚ապրի ընկերութեան մէջ, քանի որ մարդ է, բայց իբրեւ մասնի՛կը տիեզերքին: Եւ իբրեւ անդամ ընկերութեան, դէմ է անոր, որ կը կաշկանդէ անհատին ազատութիւնը, մինչ ան յաւիտենականութեան է սահմանուած. ընկերութեան մէջ մարդը, որ լի է անհուն կարելիութիւններով, զիջումներու կ՚երթայ: Ընկերութիւնը, պարտադիր կենսապայքարը կը մեկուսացնեն զայն, կը հեռացնեն տիեզերականի զգացումէն, ահա թէ ինչո՛ւ Ինտրա կ՚առաջարկէ ժամանակաւոր աշխատանք մարդուն համար, քանի մը տարի յետոյ ազատ ձգելու համար զայն, որ ուժ ու հնար ունենայ տիեզերական իրերու մասին խոկալու, անոնց հետ ձուլուելու:

Հակառակ իր դժգոհութեան ընկերութենէն, լաւատես է սակայն Ինտրա, որովհետեւ յոռետեսութիւնը ժխտումն է կեանքին: Լաւատեսութեան այս զգացումն է՝ որ իրեն փնտռել կու տայ նախնական կեանքը. բնազդականը, որ եղծուած է ընկերութեան ու անոր ստեղծած քաղաքակրթութեան կողմէ:

Այս փիլիսոփայական շրջանակին մէջ կ՚իյնան կեանքի բոլոր երեւոյթները. մեծագոյնները մանաւանդ: Սէրը՝ իբրեւ հոգեկան տարր, նկատի կ՚առնէ ան իբրեւ յաւերժութեան ձգտում. կոյսը՝ կարելի բոլոր զգայութեանց կեդրոն: Սիրոյ մէջ չկայ ես, այլ կայ անհունութիւն, բարութիւն եւ կարելիութիւն. այսինքն՝ յաւիտենականութեան «բնազդացում»:

Մահը՝ նմանապէս բաղձալի է, հեռու՝ սարսափելի ըլլալէ, քանի որ ան առիթը կ՚ընծայէ յաւերժութեան մօտենալու. Նախախնամութեան, Տիեզերքին, Անեզրութեան հետ ձուլուելու: Չէ՞ որ «Նոճաստան»ի մէջ ալ կ՚ըսէ. («Մահէն ներշնչում»)

Ձեր արմատներուն ներքեւ, այնպէս չէ՞,
Կ՚նեխին ամէն իղձք աշխարհանըւէր
Եւ դուք միայն գիտէք վախճանն այս թշուառ:

Եւ ան է անշուշտ որ ձեզ կ՚ ներշնչէ
Սեւեռիլ Անդրին բերկրութիւնն ի վեր,
Որ միայն ձե՜ր կայքէն կը նշմարուի, վառ:

եւ «Ներաշխարհ»ի յառաջաբանին մէջ «ամէն բանէ աւելի կը բաղձայ» զայն, փրկարար մահը:

Բայց զգո՛յշ:

Ինտրա փիլիսոփայութիւն չէ որ կ՚ընէ, ոչ ալ փիլիսոփայ է:

Կը գտնուինք արուեստագէտի մը առջեւ, որ կ՚երազէ, կ՚արտասուէ, կ՚աղօթէ, կը մտածէ, կը տառապի ու կը հրճուի իսկ, յաւերժութեան լոյսերուն տակ դիտելով, զգալո՜վ ինքզինք շարունակ:

Արուեստագէ՞տը՝ մեծագո՛յնը իր մէջ: Ըսինք՝ որ անհանգիստ է իր հոգին եւ լեցուած՝ յաւերժական գեղեցկութեան եւ ճշմարտութեան տեսիլքովը, զայն ընդգրկելու, անոր հասնելու անհո՜ւն կարօտովը: Եւ ամէն գեղեցիկ բան որ կը յուզէ զինք, յաւերժական ոգիէն բխած նշոյլ մը կը թուի իրեն. գեղեցիկին երգիչն է՝ իր բոլոր ձեւերուն մէջ.- հովը, գիշերը, ծովը, մարդը, կոյսը, եկեղեցին, բոյսը. ամէն բան գեղեցկութեան, ճշմարտութեան մէկ կամ միւս երեսը կը բերէ. այսինքն՝ յաւիտենութենէն փրթած լուսասփիւռ բեկոր մը:

Աշխարհը կը տեսնէ իր զգացումներու ընդմէջէն: Կը տեսնէ ծովն ու փրփուրը, կը լսէ մրմունջը եւ կը հմայուի անոնց պատկերով. կը տեսնէ անտառուտ լեռները, մթագեղ նոճիները եւ անոնց խորհուրդը կ՚ապրի, կը լեցուի անոնց տուած սարսուռովը: Կը հանդիպի կնոջ, Իռէնային, եւ կը լեցուի նոյն տարօրինակ սարսուռով, անբացատրելի եւ հիացական, զոր ունեցած էր ծովուն առջեւ կամ նոճիի ստուերին տակ:

Իրեն, ինչպէս ամէն մէկ սիրողի, կը թուի թէ իր կարօտին առարկան շատոնց կը ճանչնար. անիկա, ճակատագրական էր իրեն համար. Ինտրայի համար հաւասար է այս կարօտը Իռէնային հանդէպ եւ ծովուն հանդէպ, որոնց կ՚երազէր մանկութենէ ի վեր, եւ զորս «կը նախազգար»… միշտ մանկութեան տարիներէն:

Հրաշքի մը տպաւորութիւնը կը թողուն իր վրայ աշխարհն ու կեանքը եւ ինք շարունակ յափշտակուած, մինչեւ իսկ շմլորուն անոնց լոյսովն ու խորհուրդովը, կը քալէ կեանքի մէջէն, հարցումներ կ՚ընէ եւ կ՚աշխատի պատասխաններ տալ: 

Կը սխալին բոլոր անոնք, որ կը կարծեն, թէ Ինտրա գիտութիւն կամ փիլիսոփայութիւն կ՚ընէ. պատրանք՝ որ կը ստացուի բանգին (գիտութիւն), բուրգերուն կամ ընկերութեան (պատմութիւն, ընկերաբանութիւն, փիլիսոփ.) եւ այլ հարցերու յատկացուած էջերէն: Պատրա՛նք. որովհետեւ ոչ լուծում կ՚առաջարկէ, ոչ ալ բան մը կը սորվեցնէ, այլ ինչպէս մէկը՝ անծանօթ տեսարանէ մը, նկարէ մը կամ արձանէ մը հմայուած՝ կը ջանայ թափանցել անոնց էութեան, այնպէս ալ՝ Չրաքեան կը փորձէ թափանցել եւ հասնիլ իրերու իսկութեան: Կախարդուած է եւ ինքզինք մէկ մասնիկը կը նկատէ, եղբայրը մարդոց, բոյսերու, բովանդակ տիեզերքին, իր տեսածները, շօշափած առարկաները յաւերժութեան ցոլքերը նկատելով:

Անհուն զգայնութիւն մը ունի. աչքի ու ականջի եւ հզօր յայտնատեսութիւն մը՝ որ շօշափելիէն, մարմինէն անդին կ՚անցնի, մարմինէն՝ որ իրեն համար բեռ մը կը թուի, աշխարհային բաներու կը մղէ զինք, մինչ ինք տիեզերազգածութեամբ լեցուած, կը ձգտի աստուածութեան:

Ստեղծողը՝ ստեղծողին առջեւ, արուեստագէտը՝ մեծագոյն արուեստագէտին՝ Նախախնամութեան առջեւ, որուն գործին կ՚ուզէ թափանցել, ստեղծագործութեան հրաշքին դիմացը կեցած:

Կրօնաւորի մը հաւատքը չէ իրը, այլ գեղեցկագէտի մը հոգեկան մղումը. ի՛նչպէս արձանի մը խորհուրդը պիտի ուզէինք բռնել մենք՝ Ինտրա կ՚ուզէ բռնել տիեզերքի արձանագործին խորհուրդը: Ասիկա մարդկային է, միսթիք, այո՛, բայց ոչ կրօնական: Ասիկա կեանքէն է, ոչ վանքէն: Արուսետը չի՞ ձգտիր արդէն կեանքին ու անոր փոփոխուն երեւոյթներու մէջէն հասնելու անյեղլիին. բռնելու յաւիտենականը այնպիսի կաղապարներու մէջ, որոնք դիմանան դարերուն: Ինտրա արուեստի այս հասկացողութիւնը, աւելի՛ն, բնա՜զդը ունի:

Ինտրա շնորհիւ իր զգայնութեան, իր աչքին, թափանցողութեան եւ նրբազգածութեան, կը հասնի իրերու վերացումին. կը հեռանայ աշխարհէն՝ տիեզերքը ընդգրկելու համար, նիւթէն՝ նիւթեղէնը ճանչնալու, մասնաւորէն՝ ընդհանուրը բռնելու, զանազանութենէն՝ միութեան հասնելու. իսկ այս բոլորին հասնելու համար՝ անիկա կը լարէ իր զգայնութեան, մտքին եւ արուեստի ճկուն աղեղը:

Իր ժամանակին՝ միայն Մեծարենցը կայ, որ իր գոյնն ու զգայնութիւնն ունի, իր ոճին հարստութիւնը, առանց սակայն հասնելու իր նկարչական պերճութեան եւ խոհրդակոծ յուզումին: Մեծարենց երգ մըն է, սրտառուչ ու անմոռանալի: Չրաքեան համանուագ մըն է, սէնֆոնի մը, որ մարդկայնական փոթորիկներու դուռները կը տանի մեզ: Մեծարենց քաղցրահունչ ու հազուագիւտ՝ նրբազգած նուագ մըն է, Ինտրա ձայնասփիւռ մը, հաղորդակից տիեզերական համերգներու:

Չրաքեան չունի հետեւորդ եւ չ՚ունենար շուտով. փոխուած է դարը, ժամանակի ոգին ու սերունդներու տրամադրութիւնը: Բայց, կասկած չկայ, սիրելին կը մնայ բոլոր անոնց, որ գիտեն ոսկի փնտռելու համար մինչեւ Ալասքա երթալ, յաճախ միս մինակ: Մեծարենցը հալածուեցաւ ու մնաց անծանօթ. նոյնն է իր պարագան աւելի մեծ չափով, քանի որ առաջինը գոնէ բեմերէն կ՚արտասանուի պատահօրէն: Որովհետեւ վերջինին մօտ, անանձնական, ընդհանրական բանաստեղծին քով կայ եւ նկարիչը, որ խորհուրդի մթին սահմաններուն վրայ կը շրջի եւ մտածել կը փորձէ. մինչ մարդիկ կը սիրեն չմտածել, այս օրերո՜ւն մանաւանդ…:

Նարեկացիի նմանցուցած են զայն իր խառնուածքովը, իր ոճովն ու գրելու կերպովը: Ինչո՛ւ չէ, նաեւ իր ձգտումներովը. եւ եթէ Նարեկացիին գրականութիւնը «Խօսք ընդ Աստուծոյ»ով կը սկսի ու կը վերջանայ, Ինտրայինը կը սկսի ու կը վերջանայ «Խօսք ընդ Արարչագործութեան» վերտառութեամբ: Նոյն զարտուղութիւնը, հեռու շարժումներէն, մեկուսի, աներեւոյթ եւ յանձնուած՝ հոգեղէն հեղեղներու:    

Չրաքեան երբեք պիտի չըլլայ բազմութիւններու գրագէտը, բայց գրագէտներու բազմութենէն միշտ վեր պիտի մնայ. պիտի տեւէ իբրեւ մէկը հայ հանճարի ցոլքերէն, թէ իսկ փշրուած հանճարներու դասէն նկատուի ինքը:

Իր կեանքը հոգեկան հրկիզումի մը պատմութիւնն եղաւ, առաջին բոցը՝ իր Ներաշխարը: Մէկ անգամէն ըսաւ աշխարհի ինչ որ պիտի ըսէր եւ վերջացուց իր գործը. նման նուագարանի մը, որ հրեղէն երաժշտութիւն մը կու տայ մէկ անգամ եւ կը փշրուի, արկածով…:

Հիմա, եղերական ճակատագրէ մը ետք,- որուն չուզեցի անդրադառնալ,- տիեզերքի փոշիին մաս կը կազմէ ան, ինչպէս իր բաղձանքն էր. բայց եթէ ինք մեռած է, իր տեղը՝ ողջ պիտի մնայ հայ գրականութեան մէջ՝ իր գործը, լոյսով ու մշուշով լի. բայց անվիճելիօրէն մարդկային իր գործը, որ ծնունդն եղաւ մեծ այլ դժբախտ արուեստագէտի մը ծանր երկունքին («Համզգային տարեգիք. Ա.», Գահիրէ, 1936, էջ 177-195):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2025